ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Այսօր 7.6 միլիառ բնակիչ հաշուող երկրագունդը կը դիմագրաւէ մարդոց քաղաքներու մէջ բնակեցման ծանրագոյն մարտահրաւէրը։

Յուլիս 11-ին քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կը նշէ «Աշխարհի բնակչութեան օր»ը:

Արդէն կ՚ապրինք աւելի քան 7.6 միլիառ մարդ ապրեցնող երկրագունդի մը վրայ, որ կը դիմագրաւէ միաժամանակ՝

- Մարդկութեան թուական աճը հակակշռելու եւ համահաւասար զարգացում ու բարեկեցութիւն ապահովելու հրամայականը,

- Երկրագունդը մարդ էակի գործած աւերներուն, ապականումներուն եւ մսխումներուն դէմ պաշտպանելու կենաց-մահու խնդիրը,

- Գիւղերէն դէպի քաղաք մարդոց անկասելի հոսքը հունաւորելու եւ մեծ քաղաքներու սրընթաց աճը քաղաքաշինական լուծումներով դիւրացնելու ծանրագոյն մարտահրաւէրը:

Առ այդ, երկրագունդը գալիքի բնակչագրական պայթումի ահաւոր աղէտին դէմ պաշտպանելու եւ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը զգօն պահելու նախանձախնդրութեամբ՝ յուլիս 11-ը, ՄԱԿ-ի որոշումով, 29 տարիէ ի վեր կը նշուի իբրեւ «Աշխարհի բնակչութեան օր»ը:

11 յուլիս 1987-ին, երբ երկրագունդի բնակչութեան թիւը անցաւ 5 միլիառը աւելի լաւ ու բարօր աշխարհի մը պահանջով թափ առած միջազգային շարժումները սկսան ճնշում բանեցնել ՄԱԿ-ի վրայ, որպէսզի կայացնէ աշխարհի բնակչութեան միջազգային օր մը հաստատելու որոշումը՝ զայն նուիրելով մարդկութեան ժողովրդագրական ապագան բարելաւելու առաջադրանքին:

Երկբեւեռ աշխարհակարգի փլուզման ժամանակաշրջանն էր: Երկու տարուան ճամբայ կտրած էր Խորհրդային Միութեան «կորպաչեւեան վերակառուցման» յուսահատական փորձը: Ամբողջ մարդկութիւնը կը տեսնէր ու կը գիտակցէր, որ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը լրիւ սնանկացած էր՝ թէ՛ քաղաքական-գաղափարական, թէ՛ տնտեսական-ընկերային առումներով: Այսուհանդերձ, 1987-ին դեռ ոչ ոք վստահ էր, որ մէկ ձեռքի մատներուն վրայ համրուող տարիներ միայն մնացած էին «Չարիքի կայսրութեան» վերջնական փլուզումին համար:

Նախ՝ 1989-ին փուլ պիտի գար Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհը երկփեղկող Պերլինի պատը, որուն պիտի հետեւէր, 1991-ի դեկտեմբերին, Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումը:

1987-ին նոյնպէս տեսանելի էին նախանշանները «ամերիկեան կայսերապաշտութեան» ելեւմտական ճգնաժամին, բայց դարձեալ ոչ ոք ստուգապէս կը նախատեսէր, որ տնտեսական-ելեւմտական ինչպիսի՛ ահաւոր անկումի մը նախօրէին կանգնած էր ողջ մարդկութիւնը:

Ահա այդ պայմաններուն մէջ, ի տես արագօրէն աճող աշխարհի բնակչութեան թուաքանակին, յատկապէս անդրադառնալով աշխարհի բնակչութեան մեծ մասին սպառնացող ամէն կարգի առողջապահական եւ տնտեսական մահացու վտանգներուն, համաշխարհային տարողութեամբ թափ առած ընկերային շարժումները արդէն ի վիճակի դարձած էին իրենց օրակարգը պարտադրելու երկրագունդի ճակատագիրը ղեկավարող ուժերուն, որպէսզի այս վերջինները արմատական վերանայման ենթարկեն իրենց եսասիրութիւնը եւ անմարդկային անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը մարդկութեան լքեալ, անսնունդ, վատառողջ եւ մեծաքանակ մահացող մեծամասնութեան նկատմամբ:

Այդ ճնշումները արդիւնաւորուեցան 1989-ին, երբ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծը-րագրի ղեկավար խորհուրդը իր թիւ 89/46 որոշումով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին յանձնարարեց յուլիս 11-ը հռչակել «Աշխարհի բնակչութեան օր»:

Այդպէս ալ եղաւ՝ 11 յուլիս 1990-էն սկսեալ:

Այդ որոշումին արդիւնքը անմիջապէս զգալի դարձաւ նախ ժողովրդագրական հարցերուն ստացած առաջնահերթ նշանակութեամբ՝ ամբողջ միջազգային ընտանիքը տագնապեցնող ընկերային ու տնտեսական խնդիրներու օրակարգին վրայ: Նորածիններու մահացութեան արագընթաց յաղթահարումէն մինչեւ սովահարներու փրկութեան ուղղուած միջազգային օգնութեանց կազմակերպումը՝ անցնելով կենսոլորտի պաշտպանութենէն եւ յետամնացութեան մատնուած լքեալներուն համար զարգացման հնարաւորութիւններու ապահովումէն եւ հասնելով մեծաքաղաքներու բնակչագրական հարցերու բարւոք լուծման քաղաքաշինական լուծումներուն՝ միջազգային հանրութիւնը արագօրէն լծուեցաւ երկրագունդը ամբողջ մարդկութեան համար աւելի բարօր եւ արդար աշխարհի մը վերածելու հաւաքական ճիգին:

Նոյն այդ որոշումին արգասիքը եղաւ Հազարամեակի ծրագրին որդեգրումը, որ ահա շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր հետեւողականօրէն կ՚աշխատի ի սպաս ոչ միայն երկրագունդի բարիքներուն աւելի արդար վերաբաշխումին, այլեւ՝ մարդկային քաղաքակրթութեան ձեռքբերումները հաւասարապէս բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակին:

Կասկածէ վեր է, որ միայն ճամբուն սկզբնաւորութեան կը գտնուի մարդկութիւնը: Գաղթատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան դարաշրջաններուն պատճառած չարիքները՝ իրաւազրկումները, կեղեքումները, անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները այնքան խոր արմատներ նետած են երկրագունդի ողջ տարածքին, որ նոյնիսկ բարեացակամութեան լիարժէք առկայութեան պայմաններուն մէջ միջազգային ընտանիքը երկար ժամանակի եւ արմատական բարեկարգումներու կարիքը ունի, որպէսզի կարենայ շօշափելի նուաճումներ արձանագրել «Աշխարհի բնակչութեան օր»-ի առաջադրանքները իրականացնելու ճամբուն վրայ:

Այդ առումով, պերճախօս է եօթը տարի առաջ հրապարակուած՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին 11 յուլիս 2011-ի ուղերձը, որ կը խտացնէ ոչ միայն օրուան խորհուրդը, այլեւ՝ միջազգային ընտանիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Պան Քի Մունը ատենին պատգամած էր.

«… «Աշխարհի բնակչութեան օր»ը առիթ մըն է տօնելու մեր հասարակաց մարդկայնութիւնը եւ բազմազանութիւնը: Նաեւ յիշեցում մըն է մեր ընդհանուր պատասխանատուութեան՝ իրարու հանդէպ եւ մեր մոլորակին նկատմամբ հոգատար ըլլալու:

«®Մեր ուշադրութիւնը միշտ պէտք է կեդրոնանայ մարդոց վրայ: Աւելի քան երբեք, անհատ մարդիկ այսօր ի վիճակի են տարբերութիւն իրագործելու՝ համացանցի ճամբով իրարու հետ միանալով եւ բարեփոխման համար գործելով: Այս տարի մենք ականատես եղանք բազում օրինակներու, որոնց ընդմէջէն ի յայտ եկաւ ահագին ուժը ժողովուրդներու, որոնք յուսալքութեան փոխարէն՝ ընդգրկեցին յոյսը եւ հետամուտ եղան արդար վերաբերումի արժանանալու իրենց իրաւունքը նուաճելու հոն, ուր խտրականութեան պատճառով կը տառապէին, պահանջելով արդարութիւնը՝ ընդդէմ բռնակալութեան:

«Այսօր ժողովուրդներ ոգեւորուած են՝ հասնելու եւ անխոնջ աշխատանքով նուաճելու տիեզերական այն իրաւունքները, որոնցմով կը հպարտանայ ՄԱԿ-ը:

«Երբ կը գործենք ի խնդիր մեր ընդհանուր արժէքներուն, սատարած կ՚ըլլանք մեր հաւաքական ապագայի կերտումին: Աղքատութեան եւ անարդարութեան յաղթահարումը կ՚օգնէ մարդկային անսպառ ներուժի շղթայազերծումին: Հազարամեակի զարգացման նպատակներուն յառաջ մղումը կը նպաստէ բարեկեցութեան եւ խաղաղութեան ծաղկումին: Եւ մեր մոլորակի բնապաշտպանութիւնը կ՚ապահովէ այն բնական պաշարները, որոնք կը պահեն մեզ բոլորս:

«Այս տարուան (2011) վերջերուն եօթը միլիառերորդ մանուկը պիտի ծնի բարդութեան եւ հակասութեան մեր աշխարհին մէջ: Մենք բաւարար սննդանիւթ ունինք ամէնուն համար, այսուհանդերձ, մօտաւորապէս մէկ միլիառ հոգի անօթի կը մնան: Մենք միջոցները ունինք ջնջելու շատ մը հիւանդութիւններ, այսուհանդերձ, անոնք կը շարունակեն տարածում գտնել: Մենք ունինք պարգեւը՝ հարուստ բնական միջավայրի մը, այսուհանդերձ, անիկա ենթակայ կը մնայ ամէնօրեայ յարձակման եւ չարաշահումի: Խղճի տէր բոլոր մարդիկ կ՚երազեն խաղաղութիւն, այսուհանդերձ, աշխարհի շատ մեծ մասը բախումի մէջ է եւ շատ խոր մխրճուած՝ զինարշաւի մէջ:

«Նման տարողութեամբ մարտահրաւէրներու նուաճումը պիտի պահանջէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ գտնուող լաւագոյնը: Եկէք՝ օգտագործենք այս «Աշխարհի բնակչութեան օր»ը՝ վճռական քայլեր նետելու, որպէսզի աւելի լաւ ապագայ մը կերտենք մեր աշխարհի եօթը միլիառերորդ բնակիչին եւ գալիք սերունդներուն համար:

«Մերօրեայ աշխարհին մէջ կ՚ապրի երիտասարդներու ամենամեծ սերունդը ողջ պատմութեան ընթացքին՝ 1.8 միլիառ երիտասարդներ, որոնց մեծ մասը զարգացող երկիրներու մէջ է եւ կը տիրապետէ մարդկութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու դէմ պայքարին նպաստելու ահռելի ներուժի, բայց չափազանց մեծաթիւ երիտասարդներ զրկուած են որակեալ կրթութիւն ստանալու, արժանապատիւ աշխատանք գտնելու եւ իրենց հասարակութեանց մէջ քաղաքական կեանքին մասնակցելու իրաւաչափ հնարաւորութիւններէ:

«Բնակչութեան միջազգային օր»ը հնարաւորութիւն է, որպէսզի վերստանձնենք հասարակութեան մէջ յառաջընթացը խթանելու առումով երիտասարդներուն օգնելու մեր յանձնառութիւնը:

«Գործելու հրամայական կայ: Չափազանց մեծաթիւ երիտասարդներ չունին աղքատութիւնը յաղթահարելու անհրաժեշտ միջոցներ: Յատկապէս անհանգստացած եմ անչափահաս աղջիկներու հաշուոյն, որոնք կը բախին խտրականութեան, սեռային բռնութեան, վաղահաս ամուսնութեան եւ անցանկալի յղութեան խնդիրներուն»:

«Աշխարհի բնակչութեան օր»ը 2018-ին կը նշուի «Մեծաքաղաքներու (megacities) խելայեղ ընդարձակումը հակակշռելու եւ կարգաւորելու» բնաբանով՝ շեշտելու համար, որ երկրագունդի յետամնաց, աղէտահար ու պատերազմական գօտիներէն տեղահաններու եւ տարագրեալներու, գաղթականներու եւ փախստականներու աննախատեսելի տարողութեամբ հոսքը դէպի մեծաքաղաքներ պէտք է հակակշռուի միացեալ ուժերով:

«Աշխարհի բնակչութեան օրուան գլխաւոր խնդիրներու ցուցակին վրայ առաջնահերթ իր տեղը կը շարունակէ զբաղեցնել «ապահով եւ կամաւոր ընտանիքի ծրագրում» ունենալը: Ատիկա նաեւ առանցքային նշանակութիւն ունի սեռերու իրաւահաւասարութեան եւ կիներու ուժեղացման համար: Անիկա նաեւ բանալի գործօն է աղքատութեան նուազեցման մէջ:

Արդարեւ, օրակարգի վրայ կը շարունակէ մնալ «Ընտանիքի ծրագրում 2020» միջազգային առաջադրանքին միացեալ ուժերով դիմագրաւումը: Ծրագիր, որ կ՚առաջադրէ յաւելեալ 120 միլիոն կիներու հաշուոյն միջոցներ հայթայթել, որպէսզի կամաւոր կերպով տիրանան «Ընտանիքի ծրագրում»ով ընծայուող տնտեսական եւ ընկերային զարգացման հնարաւորութիւններու:

Ի դէպ, մինչ մեր երկրագունդը արդէն հատած է եօթը միլիառ վեց հարիւր միլիոներորդ բնակիչ մարդ էակ ունենալու սահմանագիծը, աշխարհի տարածքին աւելի քան 214 միլիոն կիներ ի վիճակի չեն ապահով եւ ազդու ընտանեկան ծրագրումով խուսափելու յղութենէ… կրելով առողջապահական ծանրագոյն հետեւանքները:

Առաւելաբար ամենէն աղքատ երկիրներու մէջ բնակող այդ կիները ո՛չ անհրաժեշտ չափով իրազեկուած են յղութեան կանխարգիլման անվնաս միջոցառումներուն մասին, ո՛չ ալ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը ստանան իրենց ամուսիններէն կամ ընդհանրապէս իրենց պատկանած հաւաքականութենէն:

Այդ բոլորին լոյսին տակ այսօր եւս այժմէական կը հնչէ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամին կողմէ ատենին հրապարակուած «Աշխարհի բնակչութիւնը 2011-ին» զեկոյցին այն հարցադրումը, թէ՝ «Մեր այժմեան քայլերէն է կախուած, թէ արդեօք մենք ապագային կ՚ապրի՞նք առողջ, կայուն կենսոլորտով եւ բարգաւաճ կեանքով, թէ՞ դատապարտուած կ՚ըլլանք քաղելու անհաւասարութեան եւ տնտեսական անկումի պտուղները»:

«Ճիշդ ծրագրումի եւ մարդոց նպատակաուղղուած ողջմիտ ներդրումներու իրագործման պարագային, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ ոչ միայն վերջիններուս, այլեւ աշխարհի տեսանկիւնէն ճիշդ որոշումներ կայացնելու անոնց ունակութեան զարգացումը, 7 միլիառանոց աշխարհի բնորոշ գիծերը կրնան դառնալ բարգաւաճ, կենսոլորտով կայուն քաղաքները, արդիւնաւէտ աշխատուժը, որ կ՚ապահովէ տնտեսութեան աճը, եւ՝ երիտասարդութիւնը, որ իր նպաստը կը բերէ հասարակութեան բարեկեցութեան», կ՚ընդգծէր օրին ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տքթ. Փափատունտէ Օսոտիմեհինին՝ «Մարդիկ եւ հնարաւորութիւնները 7 միլիառանոց աշխարհին մէջ» ենթավերնագրով իր զեկոյցի նախաբանով:

Իրողութիւն է, որ այսօր մարդիկ աւելի երկար եւ առողջ կ՚ապրին ու ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի ու աւելի շատ երեխաներու կեանքը կը յաջողուի փրկել: Բայց բոլորը չեն, որ կը կարենան օգտուիլ այս ձեռքբերումներէն կամ կեանքի աւելի բարձր որակէն:

Տակաւին շատ մեծ են ու խոր անհաւասարութիւնները երկրագունդի բնակչութիւնը կազմող տարբեր երկիրներուն եւ ցամաքամասերուն միջեւ:

Ամբողջ երկրագունդին իբրեւ մեր մեծ տունը նայելու եւ անոր հոգերուն ու հեռանկարներուն ըստ արժանւոյն ընդառաջելու հրամայականը շեշտող օրն է յուլիս 11-ը՝ Աշխարհի բնակչութեան միջազգային օրը:

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018