ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ
Հարուած մը քարին՝ անշունչին, բայց այնպիսին, որ կարծես շնչաւորի մը ուղղուած ըլլայ: Աչքերէն կրակ կը հոսի, ներսի հուրը այրած է կարծես դէմքին մաշկն իսկ, որ կարմրած, ճառագայթներուն հուրէն այրածի մը կը նմանի. խանձում մըն է ինքնին, ներքին այրում մըն է, որ կը թափի դուրս հարուածներով հաւասար, անհաւասար ու մոլորուն:
Հարուածներ քարին, որոնք մերթ կը խորանան, մերթ սպիներ կը գծեն կարծր քարին վրայ մեղմ գիծեր շարելով:
Խորութիւնը պոռթկում մըն է կեանքէն կուտակ-կուտակ լեցուած. կեանքը, որ հաճելի էր ատենին, երբ սէրը զգաց ու ապրեցաւ հեռաւոր ափերու վրայ: Աշխատանքին կողքին տեսաւ սիրուններ քաղաքներու, սլացիկ հասակով թափառող գեղեցիկ մարմիններ իգական, որոնց նմաններուն հանդիպա՞ծ էր արդեօք հայրենի իր գիւղին որեւէ մէկ անկիւնը, կամ փակ աչքերով տեսա՞ծ էր էգ մը գեղադէմ...:
Բայց տեսաւ ան, զմայլեցաւ ու ներհոս փափաք մը պարուրեց զինք, փափաք ունենալու զայն ի՛ր անկողնին մէջ, ի՛ր գիրկը բարի, սիրոյ կարօտ, երիտասարդութեան ժայթքումները յագեցնող, կրակը հանդարտեցնող էութիւն մը ունենալու փափաքը:
Ունեցաւ ու աչքերուն իսկ չհաւատաց: Ի՞րն էր միթէ ան, ի՞րը, որ գիւղի մը միամտութիւնը ամբողջ իր շալակը առած գնաց քաղաք գործ որոնելու, ապրուստ ճարելու, ապագայ շտկելու, ու ահա ապագան ի՛ր գիրկն է, շա՜տ գեղեցիկ, մարմնաւոր հրեշտակ մը ըլլայ կարծես, որմէ իրեն նման հրեշտակներ ալ կարելի է աշխարհ բերել ու գեղեցկացնել թխամորթ սերունդը պապենական:
Հարուածը խոր է նորէն, սրտին խոր ցաւին նման, ցաւ մը, որ անխօս մարմնին հոգիի ախտն է հիմա, բայց տեղէ մը դուրս կու գայ, հարուածներով մարդկային ձեռքի, զղջումներով ալ երբեմն: Զղջում, այո՛, որ ձախող ընտանեկան կեանքէն է, որ գոյացած է, զղջացած է ան ի՛ր միջավայրէն գեղանի գեղջկուհիի մը հետ իր կեանքը կապած չըլլալուն, բայց արդէն ուշ է...
Հարուածելու պահուն ինչե՜ր կը կրկնուին մտքին մէջ, հարցումներ անպատասխան, որ երբեմն անլուծելի թնճուկներու կը նմանին: Իւրաքանչիւր հարուածով հարցում մըն է, որ կը պարզուի՝ ինչո՞ւ չմնաց իր գիւղին մէջ, բայց կարելի՞ էր հոն, տակաւին նախնական տեսք ունեցող գիւղին մէջ ապրուստ ճարել, մինչեւ հիմա ասֆալթին բոյրը չշնչող այդ թաղերուն մէջ, նախնական այո՛, ու դեռ այնպէս է, մինչեւ ե՞րբ...
Կը խոկայ ան իւրաքանչիւր հարցումէ ետք: Խոկումը կ՚արտայայտէ խորութիւն մը յղկելով, ձեւաւորելով իր միտքը կարծես, փայլեցնելով զայն: Քանի մը հարցումէ ետք փոսեր ու բարձրութիւններ կը գոյանան, ալիքներ քարեղէն, ժայթքումներ ցաւատանջ հոգիի մը խորերէն:
Դէմքին բարութիւնը կը սկսի փայլիլ իսկոյն ու կը մեղմանան հարուածները, կը գծեն շա՜տ գեղեցիկ պատանուհի մը, ալեկոծ ու երկար մազերով, վառվռուն աչքերով հրեշտակ մը բարի: Ու կը հոսի կարօտը հարուածներուն միանալով, երբեմն ալ զանոնք թրջելով: Ահա այդ պահուն է, որ հարուածները կրկին կը խորանան, ըմբոստ ընդվզումներու տեսքով արագ-արագ իրերայաջորդ հարուածներ տեղի կ՚ունենան:
Իր պատանի դստրիկն է ու որքա՜ն օտար մօրը կը նմանի. ո՞ւր են անոնք, ինչո՞ւ լքեցին զինք, ինչո՞ւ չապրեցան իրեն հետ, բայց ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար քաղաքի շռայլութեան, ազատութեան ու համարձակութեան վարժ մէկու մը կեանքը առընչել նահապետական բարքեր կրող գիւղացիի մը հետ:
Այսպէս... հարուած հարուածի ետեւէն, առանց նոյնիսկ անդրադառնալու, կը պարպէ իր պոռթկումը կտոր մը քարի վրայ: Հանգիստ շունչ մը քաշած պահուն, կը տեսնէ քրտինքի ու արցունքի կաթիլները, լաթի մը կտորով կը սրբէ զանոնք: Քարին վրայ փորագրուածը պատանուհիի մը մազին ալիքներով խաչ մըն է, որուն կատարին թռչուն մը կը սաւառնի:
Շնորհքն է, որ դուրս կը սողոսկի, ու կը փորէ կրողին ներաշխարհը կտոր մը քարի վրայ: Ու կը գծուի ժպիտ մը պոռթկումը պարպող անհատին դէմքին: Ան կը տեսնէ գեղեցկութիւն մը եւ իր մէջ կ՚արթննայ ձգտում մը բարի շնորհքը տաղանդի վերածելու:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ