ՓԱՌՔ ՓՆՏՌԵԼ ԴԻՐՔԻ ՄԷՋ

Տկարութեան ապացոյց եւ լռելեայն խոստովանութիւն է փառք փնտռել «դիրք»ի մէջ։ Պարզ օրինակ մը՝ մեծ շէնքի մը մէջ ապրող մէկը մե՞ծ կրնայ անուանուիլ այն պատճառով, որ ան մեծ շէնքի մէջ կը բնակի։ Եւ կամ ո՞ր հոգեւոր հովիւը «մեծ» կը համարուի պարզապէս անոր համար, որ «մեծ եկեղեցի»ի մը մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէ։

«Մեծ»ը մե՛ծ է, եթէ նոյնիսկ փոքր տեղ կը բնակի եւ կամ համեստ շրջանակի մը մէջ կը ծառայէ։ Արդարեւ, մեծը «մեծ» է անկախ իր միջավայրէն եւ շրջանակէն։ Իսկական մեծը մե՛ծ է, երբ նկարագրով մեծ է, ի՛նք մեծ է եւ ո՛չ թէ իր շրջապատը, իր ապրած տեղը եւ իր դիրքը։

Տարիներ առաջ բարեկամ մը, «մեծ մարդ է», ըսաւ մէկու մը համար, որ իրականին «մեծ» ըլլալու որեւէ հանգամանք կամ առաւելութիւն չունէր. հասարակ պարզ մէկն էր։ Եւ երբ կը հարցնէին իրեն, թէ ինչո՞ւ «մեծ» կը կոչէ այդ մարդը, կը պատասխանէր. «Մեծ եւ համբաւաւոր ճաշարաններու մէջ կը ճաշէ. միշտ հանրածանօթ մարդոց հետ կը տեսնեմ զինք…»։

Ուրիշին շուքին տակ մե՛ծ երեւիլ դիւրին է, ուրիշին շուքը կրնայ մէկը «մեծ» ցոյց տալ, բայց կարեւորը լոյսի մէջ՝ ի՛ր մեծ ըլլալն է։ Շուքի մէջ «մեծ» երեւցողներ լոյսի մէջ կրնան շատ փոքր ըլլալ։ Եւ ինչպէս ֆրանսացիներ կ՚ըսեն՝ սքեմը չէ՛ որ մարդս կը մեծցնէ, այլ մարդն է, որ սքեմին փայլը կ՚աւելցնէ եւ պատիւը վեր կը բռնէ։

Սովորական բացատրութեամբ՝ մարդ «մեծ» է, երբ ներքնապէս մեծ է, վեհանձն եւ զօրաւոր նկարագրի տէր։ Իսկ այն, որ միայն արտաքնապէս մեծ է եւ մեծ կ՚երեւի, կարծեցեալ եւ ինքնակոչ «մեծ» մէկն է, եթէ ներքնապէս ալ մեծ չէ…։

Ընդհանրապէս խօսելով, մարդիկ «մեծ» երեւիլ կ՚ուզեն «արտաքին», պարագայական մեծութեան մը շուքին տակ մտնելով։ Բայց շուքի մէջ յայտնուած իրականութիւնը, «պղատոնական» իրականութիւն մըն է. խաբէակա՛ն եւ անստոյգ։

«Ծովուն վրայ ինքզինք ովկիանոսի մէջ զգալ» կը նշանակէ շուքի մէջ «մեծ» երեւիլը։ Մինչդեռ ովկիանոսին քով բոլոր ծովերը մանուկ են՝ փոքր եւ աննշա՛ն։ Եւ իրապէս մե՛ծ է ան՝ որ ծովուն վրայ ալ մեծ է, ովկիանոսին մէջ ալ ցոյց կու տայ իր մեծութիւնը։ Եւ այն, որ կարծեցեալ «մեծ» է, թէեւ ծովուն վրայ մեծ կ՚երեւի, բայց ովկիանոսին մէջ կը կորսուի, անտեսանելի, աննշան կը դառնայ։

Այս ուղղութեամբ, եթէ մէկը իրապէս մեծ չէ, չի կրնար մեծ ըլլալ մեծութիւններու մէջ. մեծութեան մէջ մե՛ծ մնացողն է իսկական մեծը։ Եւ մեծ է ան, որուն մեծութիւնը կախում չունի արտաքին ազդակէ մը, միջավայրէ, դիրքէ, հագուստէ, զգեստէ, աստիճանէ կամ տիտղոսէ։

Ուրեմն, իսկական մեծը այն է, որ կրնայ մեծցնել իր շուրջինները, բարձրացնել դիրքեր եւ աստիճաններ։ Մեծ միջավայրը եւ կամ որեւէ մեծութիւն դիրքի կամ աստիճանի յաւէտ կը նշանակեն «պզտիկութիւն»ը անհատին, եթէ ան «ինքն իր մէջ»՝ որեւէ չափանիշով «մեծ» չէ։

Օրինակով մը բացատրել ջանանք։

Եթէ մարդ գիտուն չէ, գիտունի զգեստ հագուելով կրնա՞յ գիտուն ըլլալ։ Եւ կամ եթէ աշխարհական է, կարելի՞ է, որ հոգեւորականի յատուկ զգեստ հագուի եւ միայն այդ պատճառով «հոգեւորական» կոչուի։ Այս պարզ օրինակները կարելի է բազմացնել. զոր օրինակ՝ դասախօսի ամպիոն բարձրացող ոեւէ մէկը, որ իրապէս դասախօս չէ, կրնա՞յ դասախօսի հանգամաք ստանալ։ Համազգեստով ներկայացուող որեւէ ծառայութիւն եւ հանգամանք, կարելի՞ է պարզապէս այդ համազգեստը վրան կրելով ստացուի եւ կատարուի, եթէ իրապէս մէկը այդ հանգամանքը չունի եւ այդ հանգամանքով ծառայութիւն մատուցանելու ձե-ռընհասութիւնը եւ իրաւասութիւնը չունի։ Եւ ուրեմն, կը տեսնուի, որ ո՛չ թէ արտաքին երեւոյթը, այլ եւ մանաւա՛նդ իսկական ներքին էութիւնն է, որ մարդուս հանգամանքը կ՚որոշէ։ Մարդ եթէ չունի յատկութիւնը, ո՛չ զգեստով, ո՛չ տիտղոսով, ո՛չ աստիճանով եւ ոչ ալ միջավայրով կրնայ ստանալ։

Արդարեւ, դիրքեր, աստիճաններ, տիտղոսներ կը տրուին անոնց՝ որոնք արժանի են անոնց, արդէն ներքնապէս ունին այդ դիրքը, աստիճանը կամ տիտղոսը իրենց մէջ եւ դիրքեր, աստիճաններ եւ տիտղոսներ միջոցներ են ներքինը արտաքինի փոխադրելու՝ արդէն գոյութիւն ունեցածը յայտնելու, յայտարարելու։ Ուստի, դիրքեր, աստիճաններ եւ տիտղոսներ արդէն եղածը վաւերացնող նշաններ են միայն։ Այս պատճառով ալ դիրք, աստիճան կամ տիտղոս տրուելու համար արժանաւորութիւնը նախապայման է։

Եւ «մեծ» ըլլալու պարագան, «մեծութիւն»ն ալ, «մեծ» ըլլալու հանգամանքին եւ «մեծութեան» արտայայտութիւնը եւ վաւերացումը պէտք է ըլլայ, ապա թէ ոչ որեւէ արժէք չի ներկայացներ ո՛չ «մեծ»ը եւ ոչ ալ «մեծութիւն»ը։

Իրապէս «մեծ»ը, մեծութիւն ունեցողը կրնայ իր մեծութեան շուքովը մեծցնել եւ փառաւորել ամէն ինչ, որ ըստ էութեան «փոքր» է։ Այս իմաստով «դիրքերու ովկիանոս»ին մէջ որքա՜ն մեծ թիւով աննշան եւ անարժան մարդիկ կը տատանին փոքրիկ լճակի մը մէջ, որ «ծով» իսկ չէ՛։

Որքա՜ն տգէտներ գիտնականի հովեր կ՚առնեն եւ որքա՜ն անհաւատներ հաւատացեալ կը ձեւացնեն իրենք զիրենք։ Եւ այս իմաստով, որքա՜ն տգէտ գիտնականներ եւ գիտուն տգէտներ, հաւատացեալ թերահաւատներ եւ անհաւատ հաւատացեալներ կրնայ գտնուիլ, ինչպէս՝ «մեծ» փոքրեր եւ «փոքր» մեծեր…։ Այս իրողութիւն մըն է, կեանքի մէջ յաճախ պատահած երեւոյթ մը։ Բայց բացարձակ եւ իրական մեծութիւնը՝ անձնական մեծութիւնն է, որ լիճը կրնայ ովկիանոսի վերածել եւ ասիկա ընողներն են, որ անձնական արժանիքը ունին մեծութեան…։

Եզերքէն դիտուած ծովը եւ նոյնիսկ լիճը կրնայ ովկիանոս մը երեւիլ մարդուս, բայց ուղղակի ովկիանոսին վրայ դիտուածն է, որ դրական հանգամանքը ցոյց կու տայ։

Երանի՜ անոնց, որ եզերքէն դիտելով կրնան տեսնել իրական մեծութիւններ, անծիր եւ անծայր տարածութիւններ՝ մօտիկ զգալ Աստուծոյ՝ որ Արարիչը եւ Նախախնա՛մն է ամէն մեծութիւններու՝ երկրի եւ երկնի անհունութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 13, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 25, 2018