ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ՝ «Է»
«Ես եմ որ Եմ» (ԵԼՔ. Գ 13-15)։ «Ես եմ որ Եմ», եւ կամ «Ես եմ որ Է», եւ կամ «Ես եմ ի՛նչ որ Եմ» խօսքերով Աստուած կը յայտնէ իր անունը։
«Եւ Մովսէս կ՚ըսէ Աստուծոյ.- Ահաւասիկ ես պիտի երթամ Իսրայէլացիներուն եւ պիտի ըսեմ անոնց. Աստուածը ձեր հայրերուն ձեզի առաքեց զիս։ Բայց եթէ ըսեն ինծի՝ ի՞նչ է անոր անունը, ես ի՞նչ պիտի պատասխանեմ անոնց։ Աստուած ըսաւ Մովսէսի.- Ես Եմ Ան որ Եմ։ Եւ ըսաւ.- Ահաւասիկ ի՛նչ որ պիտի ըսես Իսրայէլացիներուն.- Ես Եմ-ը զիս ղրկեց ձեզի. ա՛յս է Իմ անունս յաւիտեան եւ ա՛յսպէս պիտի յիշեն Զիս սերունդէ՜ սերունդ» (ԵԼՔ. Գ 13-15)։
Աստուած, յայտնելով Իր խորհրդաւոր անունը՝ ԵԱՀՎԷ, «Ես Եմ որ Է», Ան կ՚ըսէ թէ Ինք ո՛վ է եւ ի՛նչ անունով պէտք է կոչեն զԻնք։ Արդարեւ, խորհրդաւոր է աստուածային այս անունը, ինչպէս Աստուած Ի՛նք խորհուրդ է։ Ան միանգամայն «յայտնուած» եւ «մերժուած» անուն մըն է, որ ասով իսկ լաւագոյն կերպով կ՚արտայայտէ Աստուած այնպէս ինչպէս որ Ինք է, անհունօրէն գերիվեր քան ի՛նչ որ մարդ կրնայ ըմբռնել եւ արտայայտել. Ի՛նքն է «Ասստուածն թաքնուած» (ԵՍ. ԽԵ 15). Իր անունը անճառելի, անհասանելի եւ անըմբռնելի է. «Տէրը Իր հրեշտակին միջոցով անոր ըսաւ.- Իմ անունս ինչո՞ւ կը հարցնես, քանի որ անիկա սքանչելի՜ է» (ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ, ԺԳ 18), եւ Ինք Աստուա՛ծն է՝ որ Ինքզինք մերձենալի եւ հասկնալի կ՚ընէ մարդոց։
Ուստի, Աստուած յայտնելով Իր անունը՝ «Է», միանգամայն կը յայտնէ Իր հաւատարմութիւնը, որ միշտ կա՛յ եւ զմիշտ է՛, ի զօրու է նաեւ անցեալի համար, անժամանակ է ան, եւ անոր էութիւնը կախում չունի ժամանակէն։
«Ես եմ Աստուածը քու հայրերուդ» (ԵԼՔ. Գ 6), ցոյց կու տայ անցեալը, եւ ինչպէս նաեւ գալիքը՝ ապագայ ժամանակը երբ կ՚ըսէ. «Ես քեզի հետ պիտի ըլլամ» (ԵԼՔ. Գ 12)։ Աստուած որ կը յայտնէ Իր անունը որպէս «Ես Եմ», կը յայտնէ Ինքզինք իբրեւ այն Աստուածը՝ որ մի՛շտ հոն կայ, ներկայ՝ Իր ժողովուրդին մօտ, անոր հետ, փրկելու համար զինք։
Արդարեւ, Աստուծոյ խորհրդաւոր ներկայութեան դիմաց, մարդ կը տեսնէ, կ՚անդրադառնայ իր փոքրութեան։ Անոր առջեւ է, որ մարդ պիտի խաղաղեցնէ իր սիրտը, քանի որ «Աստուած աւելի մե՛ծ է քան մարդուն սիրտը եւ Ինք գիտէ ամէն ինչ» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 19-20)։
Որպէս յարգանք Աստուծոյ սրբութեան, Իսրայէլի ժողովուրդը չ՚արտասաներ Անոր անունը։ Սուրբ Գիրքին ընթերցումին մէջ՝ յայտնեալ անունը փոխարինուած է աստուածային տիտղոսով՝ «Տէր», որ է Ադոնայ, յունարէն «Կիրիոս», «Dominus», «Էլ», «Էլօհ», «ատօնա՛յի = Տէր իմ». (Նոր Բառգիրք Հայկազեան լեզուի. Հայր Գաբրիէլ Աւետիքեան, Հայր Խաչատուր Սիւրմէլեան, Հայր Մկրտիչ Աւգերեան - 1836)։ Ինչպէս նաեւ՝ «Քուրիոս = Տէր», (ԵԱՀՎԷ), Աստուած բառին տեղ գործածուած է։ Եւ այս տիտղոսով է որ պիտի հռչակուի Յիսուսի Աստուածութիւնը. «Յիսուս Տէ՛րն է»։
Աստուածային «Ես Եմ» կամ «Որ Էն» անունը կ՚արտայայտէ հաւատարմութի՛ւնը Աստուծոյ, եւ Ան՝ հակառակ մարդոց մեղքին պատճառած անհաւատարմութեան եւ հակառակ պատիժին, որուն արժանի՛ է մարդս, «կը պահէ Իր շնորհքը հազարաւորներու համար» (ԵԼՔ. ԼԴ 7)։
Յիսուս ալ կը յայտնէ, թէ Ի՛նքն եւս կը կրէ աստուածային նո՛յն անունը. «Երբ բարձրացնէք Մարդու Որդին, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ.- Ես Եմ» (ՅՈՎՀ. Ը 28)։ Եւ ա՛յս է պատճառը որ կ՚ըսենք. «Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս»։
Արդարեւ, Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Անոնք պիտի անհետանան, դուն կը մնաս, ամէնքը իբրեւ ձորձ կը մաշին … բայց դուն նո՛յն ես, քու տարիներդ վախճան չունին» (ՍԱՂՄ. ՃԱ 27-28)։ Անոր մէջ չկա՛յ փոփոխում եւ ո՛չ իսկ ստուերը փոփոխութեան (ՅԱԿ. Ա 17)։ Ի՛նքն է «Ան որ Է» յաւիտեանս յաւիտենից եւ այսպէս Ինք կը մնայ նո՛յն եւ հաւատարիմ Ինքն իր հանդէպ եւ Իր խոստումներուն։ Այս իմաստով «Է» կ՚ենթադրէ անփոփոխութիւն, մշտնջենականութիւն, եւ նաեւ՝ հաստատամտութիւն, հաստատակամութիւն եւ ճշդապահութիւն, որ է հաւատարմութի՛ւն։
Եւ «Է»ն իր այս հանգամանքով ճշմարտութիւն է եւ Սէր, քանի որ Աստուած, «Որ Էն» ճշմարտութիւն է եւ սէ՛ր։ Ուստի Աստուած Ինքզինք յայտնեց իբրեւ Ան՝ որ «հարո՛ւստ է շնորհքով եւ հաւատարմութեամբ» (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Այս երկու եզրերը կ՚արտայայտեն խտացուած ձեւով ճոխութիւնները աստուածային անունին։ Աստուած Իր բոլոր գործերուն մէջ ցոյց կու տայ Իր վստահելիութիւնը, Իր հաստատամտութիւնը, Իր հաւատարմութիւնը, Իր ճշմարտախօսութիւնը եւ նաեւ Իր ճշմարտութիւնը։ «Ես գոհութիւն կը մատուցանեմ Քու անունիդ, Քու սիրոյդ եւ Քու ճշմարտութեանդ համար» (ՍԱՂՄ. ՃԼԷ 2)։ «Ինք ճշմարտութի՛ւնն է, քանի որ. Աստուած լոյս է, Անոր մէջ չկա՛յ երբեք խաւար» (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Ինք՝ Աստուած «Սէ՛ր» է, ինչպէս որ Յովհաննէս Առաքեալ կ՚ըսէ. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։ Եւ քանի որ Աստուած սէր է, ապա ուրեմն այս իսկ պատճառով սէրը անվախճա՛ն է՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր։ Աստուծոյ սէրը «յաւիտենակա՛ն» է. (ԵՍ. ԾԴ 8)։
«Է»ն կը խորհրդանշէ նաեւ կատարելութիւնը, եւ այս իսկ պատճառով է, որ հայերէնի մէջ «է» գիրը այբուբենի 7-րդ նշանագիրն է նշանակած Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց։ Արդարեւ, Աստուծոյ՝ «Որ Էն» բնութիւնն է կատարելութիւն, ինչպէս յաւիտենականութիւն, ճշմարտութիւն, հաւատարմութիւն, որոնք բացարձակ արժէքով կը ներկայացուին Իր կողմէ։ Արդարեւ, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Անոր իմաստութի՛ւնն է, որ կ՚իշխէ արարչութեան կարգ եւ կանոնին եւ աշխարհի կառավարումին վրայ։ Աստուծոյ էութիւնը ինքնին մշտնջենականութիւն է, Ան մշտատեւ է եւ մշտակեա՛ց եւ մէկ տառով՝ Ան՝ Է՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 24, 2018, Իսթանպուլ