ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՄՈՒՐԱՏ ԷԶԷՐԻ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէրի «Իսթանպուլահայերը» գիրքին շնորհանդէսը։ Սոյն ալպոմին մէջ տեղ գտած են Մուրատ Էզէրի ոսպնեակին որսացած աւելի քան հարիւր դրուագները, որոնք կը ցոլացնեն իսթանպուլահայ կեանքի զանազան երեսակները։ «Եայ» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած է այս գիրքին, որ եռալեզու է՝ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն։ Մուրատ Էզէր եւ «Նոսթալժի»ի տէր Սիւհա Համամճը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթի մասնակիցները։

Ձեռնարկի ընթացքին Իլիաս Պաղա պաստառի վրայ ցոյց տուաւ Մուրատ Էզէրի գիրքի դրուագները, մինչ հեղինակը զանոնք մակագրեց այցելուներուն համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018