ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԱԼԵՔՍ ԹԱԹԱՐԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ
Երէկ երեկոյեան, յայտնի երգիչ Ալեքս Թաթարեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր ունկնդրելու համար Ալեքս Թաթարեանին։ Մասնակիցներու շարքին էին Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։ Կայանի տղաքը մեծ խանդավառութեամբ ունկնդրեցին Ալեքս Թաթարեանին, մինչ իրենց միացան նաեւ երաժշտասէրները։
Ալեքս Թաթարեան մօտաւորապէս մէկուկէս ժամուան յայտագիր մը գործադրեց՝ խանդավառելով բոլորը։ Իրեն դաշնակով նուագակցեցաւ Հրանդ Ճիզմեճեան։ Յայտնի երգիչին հետ հանդէս եկաւ նաեւ Երազ Չաղլայեան։
Համերգէն առաջ Ալեքս Թաթարեան արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Ան յայտնեց, որ իր մանկութեան շրջանը անցած էր Գնալը կղզիի մէջ եւ համերգն ալ առիթ հանդիսացած էր այդ բոլոր յիշողութիւններու թարմացման։
Մէկուկէս ժամ տեւած համերգի աւարտին Ալեքս Թաթարեանին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Ազնիւ Մեծատուրեանի ձեռամբ։ Երազ Չաղլայեանին եւ Հրանդ Ճիզմեճեանին ալ յանձնուեցան շնորհակալութեան գիրեր։
Ներկայ երաժշտասէրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Ալեքս Թաթարեանը։