ՄԱՐԻԱՄԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխումէն ետք Բ. կիրակի օր Սուրբ Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը (ՂՈՒԿ. Ա 39-56) կը վկայէ Մարիամի այցելութեան՝ Եղիսաբեթի՝ որ ինքն ալ յղի էր։ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման յաջորդող Բ. կիրակին, այս տարի կը հանդիպի 19 օգոստոսի։

Մարիամի այցելութիւնը, Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Համապատում»ին մէջ կը պարզաբանէ հետեւեալ կերպով։

«Գաբրէիլ հրեշտակապետին տուած լուրը՝ թէ Եղիսաբեթ ալ յղի է, Մարիամը յորդորեց, անձամբ երթալ եւ անոր շնորհաւորութեան այցելութիւն մը տալ։

«Մարիամ, Նազարէթէ Քեբրոն եկաւ եւ իր մօրաքեռորդին ողջունեց։

«Եղիսաբեթ երկնային ազդեցութեամբ իմացած էր Մարիամի եղած մեծ շնորհը, օրհնեց զայն եւ օրհնեց անոր որովայնին պտուղը։ Հրաշալի երեւոյթ մըն ալ եղաւ, որ մայրերու փոփոխ խնդակցութեան մասնակից եղան եւս իրենց զաւակները, դեռ լոյս չտեսած, զոր Եկեղեցին կը բացատրէ՝ -Յորովայնէ յորովայն երկրպագող- կոչելով Յովհաննէս Կարապետը։

«Մարիամ այդ պատեհութեամբ խօսեցաւ -Մեծացուսցէ- օրհնաբանութիւնը, յորում երախտապարտ եւ խոնարհամիտ ըղձիւք կը բարձրացնէ աստուածային ողորմութիւնը եւ կը հռչակէ անոր սքանչելի կարողութիւնը։

«Մեծացուսցէ օրհնաբանութիւնը շատ նմանութիւն ունի Սամուէլի մօր Աննայի Հաստատեցաւ օրհնաբանութեան հետ. (Ա. ԹԱԳ. Բ 1-10), ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Մարիամ, որ Տաճարի հովանւոյն ներքեւ կրթուած էր, հմուտ էր Սուրբ Գրոց։

«Երեք ամիսի չափ հիւր մնաց Մարիամ Քեբրոն, Զաքարիայի տունը, եւ անկից Նազարէթ դարձաւ եւ իր ծնողաց տունը եկաւ»։

Սկսեալ Աւետումին օրը Մարիամի հաւատքով տուած հաւանութենէն, որ անվարան պահպանուեցաւ մինչեւ Խաչին ոտքը, Մարիամի մայրութիւնը այնուհետեւ կը տարածուի Յիսուսի եղբայրներուն եւ քոյրերուն վրայ. (համեմատել՝ ՄԱՏԹ. ԺԲ 46-50, ՄԱՐԿ. Գ 31-35 եւ ՂՈՒԿ. Ը 19-21)։ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան հետ Մարիամի ունեցած այս իւրայատուկ գործակցութենէն սկսեալ է, որ Եկեղեցին զարգացուց Սուրբ Աստուածամօր հանդէպ աղօթքը, կեդրոնացնելով զայն Քրիստոսի անձին վրայ, յայտնուած Իր խորհուրդներուն մէջ։

Արդարեւ, այս օրհնաբանութիւնը արտայայտող անհամար տողերուն եւ կցուրդներուն մէջ, սովորաբար երկու շարժումներ զիրար մէջ ընդ մէջ կը փոխանակեն. մին «կը մեծացուցանէ» Տէրը մեծամեծ գործերուն համար, զորս Ան ըրաւ Իր խոնարհ աղախինին, եւ անով՝ բոլոր մարդոց. իսկ միւսը՝ Աստուծոյ զաւակներուն պաղատանքները եւ գովաբանութիւնները Յիսուսի Մօր կը յանձնէ, քանի որ Մարիամ այժմ գիտակից է այն մարդկայնութեան, որ իր մէջ հարսնացեալ է Աստուծոյ Որդիին հետ։

Հրեշտակին ողջոյնէն ետք, մենք կ՚իւրացնենք Եղիսաբեթի ողջոյնը։ «Լեցուած … Սուրբ Հոգիով». (ՂՈՒԿ. Ա 41)՝ Եղիսաբեթ Մարիամը «երանելի՜» հռչակող սերունդներուն երկար շարքին առաջի՛նն է։ «Երանի՜ անոր որ հաւատաց…». (ՂՈՒԿ. Ա 45)։ «Մարիամ օրհնեալ է կիներուն մէջ», քանի որ հաւատա՛ց Տիրոջ խօսքին կատարումին։

Աբրահամ իր հաւատքին պատճառով «երկրի բոլոր ազգերուն» համար օրհնութիւն եղաւ (ԾՆՆԴ. ԺԲ 3)։ Իսկ իր հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ՝ Մարիամ եղաւ Մայրը հաւատացեալներուն։ Մարիամի շնորհիւ երկրի բոլոր ազգերը կ՚ընդունին Ան, որ նոյն ինքն օրհնութիւն է Աստուծոյ. «Յիսուս. օրհնեալ պտուղը քու արգանդիդ»։

Կոյս Մարիամ հաւատքին հնազանդութիւնը կը գործադրէ ամենակատարեալ կերպով։

Գաբրիէլ հրեշտակին բերած աւետումը եւ խոստումը Մարիամ ընդունեց՝ նախ հաւատալով՝ որ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (ՂՈՒԿ. Ա 37), ապա անոր իր հաւանութիւնը տալով։ Եւ ահաւասիկ, այս հաւատքին պատճառով՝ բոլոր սերունդները զինք «երանելի՜» պիտի հռչակեն։ Մարիամի հաւատքը չսասանեցաւ անոր ամբողջ կեանքին ընթացքին մինչեւ վերջ՝ իր Որդիին Յիսուսի Խաչին վրայ Հոգին աւանդելը Իր երկնային Հօր ձեռքերուն մէջ։ Մարիամ չդադրեցա՛ւ հաւատալէ Աստուծոյ խօսքին «կատարում»ին եւ ան մնաց միշտ հաւատարիմ։

Իրաւամբ ուրեմն, Եկեղեցին Մարիամի մէջ կը մեծարէ հաւատքին ամենավճիտ իրականացումը։ Մարիամ, Փրկչին Մայրը ըլլալուն համար այդ վսեմ գործին համապատասխան պարգեւներով ճոխացաւ Աստուծոյ կողմէ. Գաբրիէլ հրեշտակ, Աւետումին պահուն զինք կ՚ողջունէ իբր «շնորհքով լիացած»։ Արդարեւ, Մարիամ իր աւետուած կոչումին հանդէպ իր հաւատքին եւ հաւատարմութեան ազատակամ հաւանութիւնը կարենալ տալու համար, հա՛րկ էր որ պարուրուէր Աստուծոյ շնորհքով։

Դարերու ընթացքին Եկեղեցին հետզհետէ գիտակցեցաւ, թէ Աստուծոյ կողմէ «շնորհքով լիացած» Մարիամը իր յղութեան վայրկեանէն իսկ՝ մեղքէն փրկուած էր։ Ասիկա է, որ բանաձեւուած է «Անարատ Յղութիւն» վարդապետութեամբ։ Այս մեծապայծառ եւ բացարձակապէս եզակի սրբութիւնը՝ որով ճոխացած եւ օժտուած է Մարիամ իր յղութեան առաջին վայրկեանին իսկ, ամբողջովին կու գայ իրեն Քրիստոսէն։

Արդարեւ, Արեւելեան Հայրեր, Աստուածամայրը կը կոչեն «Ամենասրբուհի» եւ կը բարեբանեն զինք իբր «զերծ՝ մեղքի ամէն արատէ, քանի որ ան շաղուած է Սուրբ Հոգիէն եւ կազմուած է իբր նոր արարած»։ Աստուծոյ շնորհքով, Մարիամ մնաց միշտ մաքուր՝ անձնական ամէն մեղքէ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան։

Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս Լիոնցի. «Իր հնազանդութեամբ, Մարիամ եղաւ իր եւ համայն մարդկային ցեղին համար պատճառ փրկութեան»։ Ուստի բազմաթիւ Հայրեր կ՚ըսեն. «Եւայի անհնազանդութեան հանգոյցը լուծուեցաւ Մարիամի հնազանդութեամբ։ Ի՛նչ որ Եւա կոյսը կապած էր իր թերահաւատութեամբ, Մարիամ Կոյսը քակեց իր հաւատքով»։ Եւ նաեւ կ՚ըսուի. «Եւայով՝ մահը, Մարիամով՝ կեա՛նքը…»։

Աստուածամայրը, Որդիին ծնունդէն իսկ առաջ՝ մղումով Սուրբ Հոգիին ողջունած էր. «Մայրն եմ Տիրոջս…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 10, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 18, 2018