ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Թող գայ արքայութիւնդ»:

Նախորդ գրութիւնով անդրադարձանք մեր Տիրոջ սորվեցուցած աղօթքի երրորդ նախադասութեան Աստուածաշնչական հասկացողութեան մասին: Այս գրութեամբ, պիտի տեսնենք, թէ Ընդհանրական եւ մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը ինչպէս մեկնած են այս խնդրանքը:

Այսպէս.

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կ՚ըսէ. «Արդար միտքի տէր որդիին լեզուն է, որ երեւելիներուն ուշադրութիւն չի՛ դարձներ, եւ եղած բաները հրաշալի բաներ չի՛ սեպեր, այլ՝ կը շտապէ դէպի մեր Հայրը՝ փափաքելով մնայուն բաները (յաւիտենական Արքայութիւնը): Այս մէկը ծնունդ է առողջ խիղճի եւ աշխարհայիններէն ձերբազատուած հոգիի մը: Ա՛յս է, որուն ամէն օր կը փափաքէր Պօղոս առաքեալ, երբ կ՚ըսէր. «...Այլ մենք եւս, որ Սուրբ Հոգին ստացած ենք իբրեւ Աստուծոյ պարգեւներուն երախայրիքը, մենք եւս ներքնապէս կը հեծենք՝ ակնդէտ սպասելով որդեգրութեան, այսինքն՝ մեր մարմինին փրկութեան» (Հռ 8.23): Արդարեւ, ով որ այս փափաքը ունի, ներկայի բարիքներով չի՛ հպարտանար, ո՛չ ալ իրար կ՚անցնի այս կեանքի ցաւերով, այլ՝ կը ձերբազատուի բոլոր կախուածութիւններէն, այնպէս՝ ինչպէս երկնայիններէ»։

Սուրբ Կիպրիանոս կ՚ըսէ. «Ամէն պարագայի, Քրիստոս Ի՛նք, սիրելի՛ եղբայրներ, Ի՛նքն է Արքայութիւնը՝ որ ամէն օր կը փափաքին, որպէսզի գայ, կը խնդրենք Անոր շուտափոյթ գալուստը: Այնքան ատեն որ Քրիստոս Յարութիւնն է, ապա՝ Իրեն հետ յարութիւն կ՚առնենք, այսպէս է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Իրմով կը թագաւորենք...

«Լաւ կ՚ընենք Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրելով, այսինքն՝ Երկինքի Արքայութիւնը, որովհետեւ երկրային թագաւորութիւն ալ կայ: Ան որ աշխարհի մէջ կը ճգնի, անոր պատիւն ու արքայութիւնը աւելի հրաշալի կ՚ըլլայ: Ան որ ինքզինք Աստուծոյ ու Քրիստոսին կը նուիրէ, երկրային թագաւորութիւնը չի՛ խնդրեր, այլ՝ երկնային:

«Յարատեւ աղօթքի եւ խնդրանքի կարիք կայ, որպէսզի արքայութենէն դուրս չմնանք, Տիրոջ խօսքին համաձայն. «Գիտցէք նաեւ, թէ շատեր Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն պիտի գան եւ Երկինքի Արքայութեան մէջ սեղան պիտի բազմին Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ, իսկ անոնք որոնք Երկինքի Արքայութեան ժառանգորդները պէտք էր ըլլային՝ դուրսը խաւարին մէջ պիտի նետուին, ուր պիտի լան եւ ակռաները կրճտեն» (Մտ 8.11-12): Հրեաները, Արքայութեան որդիներն էին, որով Աստուծոյ որդիներն էին, սակայն, երբ դադրեցան Աստուծոյ անունը ճանչնալէ, դադրեցաւ անոնցմէ Արքայութիւնը: Այդպէս ալ մենք՝ քրիստոնեաներս, երբ մեր աղօթքին կը սկսինք զԱստուած մեր Հայրը կոչելով, միաժամանակ կ՚աղօթենք նաեւ, որպէսզի Իր Արքայութիւնը գայ մեզի համար»:

Սուրբ Եղիշէ Վարդապետ կ՚ըսէ. ««Թող գայ Արքայութիւնդ»: Ինք՝ Արքայութիւնը, կը սորվեցնէ Իր մաին խօսիլ. «Աշխարհի մէջ էր Անիկա, աշխարհը Իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զԻնք չճանչցաւ» (Յհ 1.10): Կը սորվեցնէ Հայր ըսել, որպէսզի միայն զԻնք իմանաս աշխարհի Արարիչ. իբրեւ Արարիչ՝ բոլորին [Հայրն է], բայց [Անոր] որդեգիրը միայն մա՛րդն է: Ով որ արարեց, Նոյնը Արքայ է, Ով եկաւ, Նոյնինքն է Արքայութիւնը, Ով բնութեամբ մեր Աստուածն է, Նոյնը մեր Հայրն է Իր Աստուածութեան շնորհներով: Երբ Աստուած բոլորին Հայրն է, ուստի Քրիստոս ալ բոլորին Եղբայրն է, որոնք Իր կամքը կը կատարեն: Արքայ էր եւ քու Եղբայրդ եղաւ: Այս պարգեւները առաջին արարչութեան [պարգեւներէն] մեծ են. այն ատեն ըսուեցաւ, թէ մարդը Աստուծոյ պատկերով ստեղծուեցաւ՝ Օրինակի նման. [իսկ հիմա] Հոգեղէնը կամեցաւ մեր հողեղէն պատկերը առնել, որպէսզի ասիկա՝ [մարդը] Իրմով սորվի առաքինի դառնալ: Որովհետեւ [ասիկա] չկրցաւ միաբանիլ Իրեն, Ինք առաւ անոր կերպարանքը, ինչպէս Ինք գիտէ, Ինքը՝ անքակտելի եւ անխախտելի, անհասանելի եւ անպատմելի, միայն հաւատալի եւ յուսալի որպիսութիւնը կերպարանեց եւ միայն անոր սիրելու արժանացուց: Մերինով մեր հետ կը խօսի եւ կը սորվեցնէ մեզի. կը խօսի նմանով եւ երեւացողներուս կ՚ուսուցանէ աներեւոյթ Աստուածութիւնը, որպէսզի երեւցողներու միջոցով ճանչնանք աներեւոյթ Արքայութիւնը: Ով որ եկաւ, Նոյնինքն երկրորդ անգամ պիտի գայ: Այժմ, վարդապետութիւնը աշակերտներուն որդիներ կ՚ըսէ, ծառաները տէրեր կը դարձնէ եւ մահկանացուներս անմահութեան կը հրաւիրէ, ըսելով. «Թող գայ Արքայութիւնդ», որպէսզի զգուշութեամբ պատրաստուինք, ապա՝ [Իր] իշխանութեամբ հատուցէ [մեզ]: Ինչքան կրնաս, քեզ ժառանգակից դարձուր, Արքայութեան մասերուն բարձրացուր: Ըղձալի է աղօթքը եւ մեր բնութենէն բարձր պարգեւներ կը խոստանայ»:

Որոգինէս կը գրէ. «Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին պէտք է հետեւեալը եւս նշել. կարելի չէ արդարութիւնը անիրաւութեան հետ հաշտեցնել, լոյսը՝ ստուերին հետ, Քրիստոսը՝ Բելիարին հետ: Նոյնպէս մեղքի թագաւորութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ անհաշտելի է: Եթէ կ՚ուզենք, որ Աստուած մեր վրայ թագաւորէ, ապա թող որ մեղքը մեր մահկանացու մարմիններուն վրայ երբեք չթագաւորէ: Չհետեւինք մեղքի կոչերուն, որոնք մեր հոգիները կը մղեն մարմնաւոր գործերու եւ այնպիսի արարքներու, որոնք օտա՛ր են Աստուծոյ: Խստամբերութեամբ ճնշենք մեր մարմինին բոլոր անդամները, որպէսզի միտքի՛, հոգիի՛ պտուղներ տանք: Տէրը մեր մէջ կը պտըտի, ինչպէս՝ հոգեւոր դրախտին մէջ. Ան առանձինն կը թագաւորէ մեր մէջ Իր Քրիստոսին հետ՝ հոգեւոր զօրութեան աջ կողմին վրայ, մինչեւ որ Անոր թշնամիները մեր մէջ Իր ոտքի պատուանդանը դառնան, եւ մեզմէ հեռացուին երկրային իւրաքանչիւր իշխանութիւն եւ զօրութիւն: Այս բոլորը կարելի՛ է իրականութիւն դառնալ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, մահը կրնայ պարտուիլ, որպէսզի Քրիստոս մեր մէջ կարողանայ ըսել. «Մահ, ո՞ւր է յաղթութիւնդ» (Ա.Կր 15.55):

«Հետեւաբար, ինչ որ մեր մէջ ապականացու է, պէտք է սրբութիւնն ու անապականութիւնը յայտնաբերէ պարկեշտութեան ու մաքրութեան մէջ, եւ ինչ որ մահկանացու է, թօթափելով մահը, պէտք է Հօր անմահութիւնը յայտնաբերէ: Այս կերպով Աստուած մեր մէջ կը թագաւորէ, եւ մենք արդէն իսկ տիրացած կ՚ըլլանք նոր ծնունդի եւ յարութեան բարիքներուն»:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կ՚ըսէ. ««Թող գայ Արքայութիւնդ»: Դարձեալ կ՚ըսենք՝ մեղքերը թող չթագաւորե՛ն մեր մահականացու մարմիններուն, եւ «ոչ մէկ մեղք թող տիրէ» ըստ Դաւիթին (Սղ 118.133): Որովհետեւ, ան որ մեղք կը գործէ, ծառայ է մեղքերուն, այլ՝ Դո՛ւն, Տէ՛ր, մեր Թագաւո՛ր, Աստուա՛ծ, Քու կենսաբեր քաղցր լուծդ եւ փոքրոգի բեռդ դի՛ր, եւ բանսարկուն չհամարձակի՛ իշխել մեր վրայ, որ կ՚ըսէ. «Բարձրունքներուն վրայ պիտի դնեմ աթոռս եւ Բարձրեալին նման պիտի ըլլամ», այլ՝ նուաստ ու ոտքի կոխան ըլլայ օձերու եւ կարիճներուն նման, առաքելական ոտքերուն առջեւ անոնց՝ որոնց Քեզմէ զօրութիւն եւ իշխանութիւն տրուած է»:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կ՚ըսէ. «Աստուծոյ Արքայութիւնը կը խնդրենք, որպէսզի մեզ խաւարի իշխանութենէն փրկէ եւ Ի՛նք թագաւորէ մեր սիրտին մէջ եւ ո՛չ թէ մեղքը»:

Լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան կը գրէ. «Գիտենք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը չորս հասկացողութիւններ ունի.

1.- Անիկա կը նոյնանայ Քրիստոսի անձին հետ: Քրիստոսի անձը այդ Արքայութեան գալուստն էր: Ան է Արքան այդ Տէրութեան, եւ Անոր մէջն է այդ Արքայութիւնը:

2.- Անոր հպատակներն են բոլոր անոնք՝ որ Աստուծոյ կամքին համար կ՚ապրին եւ կը գործեն: Որքան որ Աստուծոյ կամքը կ՚ապրուի եւ կը գործադրուի՝ այնքան կը հաստատուի Աստուծոյ Արքայութիւնը այս երկրի վրայ եւ այս երկինքին ներքեւ:

3.- Աստուծոյ Արքայութիւնը նաեւ հաւատացեալներու ամբողջութիւնն է, այլ խօսքով՝ Եկեղեցին է անիկա: Բայց որպէսզի Եկեղեցին եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը իրարու հետ չշփոթենք՝ յաճախ կը գործածուի սա բացատրութիւնը, թէ Եկեղեցին Աստուծոյ վախճանական Արքայութեան ներկայ պատկերն է կամ ներկայ հանգրուանն է, եւ կամ՝ նախապատկերը:

4.- Եւ վերջապէս՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը, ինչպէս ըսի, վախճանական իրականութիւն մըն ալ է. այսինքն՝ ապագայ այն «հանգրուան»ն է, երբ Աստուծոյ կամքը վերջնականապէս պիտի տիրապետէ»:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

•շար. 8

Վաղարշապատ, 20 օգոստոս 2018

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018