ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ «ԱՇՆԱՔԼԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Սուրիոյ նախագահին հրամանով հալէպի մէջ վարժարան մը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուորին անուամբ։ Այսպէս, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հրամանով Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անուամբ:

Այսպէս, Սու Պեշար Էսատ եւ Առաջին տիկին Էսմա Էսատ, նահատակներու ծնողներու հետ իրենց կատարած հանդիպումներու ծիրին մէջ, երկու տարբեր առիթներով հանդիպում ունեցած էին Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայած եւ Հալէպի Նիլ թաղամասին մէջ մարտական հերթապահութեան ընթացքին, 16 ապրիլ 2014 թուականին նահատակուած Գրիգոր Աշնաքլեանի ծնողքին հետ: Այդ հանդիպումներուն սուրիահայ նահատակին ծնողքը խնդրած էր, որ կրթական հաստատութիւն մը կամ հիւանդանոց մը անուանակոչուի Գրիգորին անունով՝ անմահացնելու համար անոր յիշատակը:

Ընդառաջելով ծնողքին խնդրանքին, Էսատ յատուկ հրամանագիրով մը Հալէպի հայաշատ Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ գտնուող «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանեց «Նահատակ Գրիգոր Վարուժանի Աշնաքլեան» վարժարան, նկատի առնելով անոր մօր այդ դպրոց յաճախած ըլլալն ու պատերազմի դժնդակ օրերուն, իր զինուորական ծառայութեան ընթացքին Գրիգորի այդ դպրոցի ուսուցչական կազմին հաց մատակարարելը: Անուանակոչման արարողութեան ներկայ գտնուած են Հալէպի կրթական տնօրէնը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու նահատակին ծնողքը:

Բաց աստի, Գրիգոր Աշնաքլեան եղած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018