«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՐԴՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Արդարութենէն ետք երկրորդ ընդհանուր պարտաւորութիւնը Սէրն է: Սուրբ Գիրքին մէջ Սէր բառը շատ անգամ կը նշանակէ, սէր՝ Աստուծոյ հանդէպ եւ սէր՝ ընկերոջ հանդէպ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենամ պղինձէ շեփորէն, որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն, որ կը ղօղանջեն» (Ա.Կր 13.1): Որովհետեւ, այս երկու զգացողութիւնները անբաժան կերպով իրարու կապ-ւած են: Իսկ Տասնաբանեայ պատգամներուն մէջ կը նշանակէ, միայն ընկերոջ նկատմամբ սէր, որ է՝ ջերմեռանդութեամբ ընկերոջ երջանկութիւնը կամենալը ու բարիք գործելը:

Այս սիրոյ կանոնն է, որ մեր մարդասէր Փրկիչը կու տայ մեզի. «Սիրէ՛ ընդկերդ քու անձիդ պէս» (Մտ 19.19): Ընկերոջ հանդէպ սէրը պէտք է այնքան ջերմեռանդ եւ գործնական ըլլայ, ինչքանով որ կը փափաքինք, որ մեր ընկերները մեզի նկատմամբ ունենան: Անոնց համար պէտք է փափաքինք ու կատարենք ամէն բան, ինչ որ կը ցանկանք ուղիղ դատողութեամբ, որ անոնք մեզի համար կատարեն: Ընկեր ըսելով, պէտք է հասկնանք բոլոր մարդիկը՝ առանց խտրութեան, առանց նայելու ո՛չ հարստութեան, ո՛չ աստիճանին, ո՛չ կրօնքին, ո՛չ տաղանդին եւ ո՛չ ալ երկրին, ուր որ անոնք կը բնակին, որովհետեւ անոնք բոլորն ալ միեւնոյն ծագումը ունին, միեւնոյն բնութիւնը, միեւնոյն ընդունակութիւնը եւ միեւնոյն կոչումը: Հեթանոսները, նոյնիսկ նաեւ հրեաները, կատարելապէս չէին ճանչնար ընկեր բառին իմաստը, ուստի ընկեր կը համարէին միայն իրենց ազգականները, ծնողները, դրացիները եւ իրենց քաղաքացիները: Քրիստոս, Աւետարանական գեղեցիկ առակի մը միջոցով կ՚ուսուցանէ մեզի ընկերասիրութեան կանոնը: Սամարացին, եբրայեցիի մը կ՚օգնէ եւ անոր կարօտը կը լիացնէ, հակառակ անոր, որ ան ուրիշ ազգէ էր, եբրայեցիներուն թշնամի էր եւ միաժամանակ կրօնքով կը զանազանուէր անոնց կրօնքէն: Քրիստոս այս առակը կ՚աւարտէ, հետեւեալը պատուիրելով. «Գնա՛ եւ դուն ալ նոյն բանը ըրէ» (տե՛ս Ղկ 10.29-37):

Այս սէրն է միաբանութեան ճշմարիտ կապը, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է» (Կղ 3.14): Սէրը հեզութիւն կը ծնի, անտանելի նեղութիւնները կը բժշկէ եւ կը թեթեւցնէ: Սէրը կ՚օգնէ եւ կը բանայ մեր ընդունակութիւնները՝ հասարակութեան օգուտին մեր պարտաւորութիւները կատարելու համար, ինչպէս կ՚ըսէ [նոյն Առաքեալը]. «Ան է [սէրը] օրէնքներուն լրումը» (հմմտ. Հռ 13.9-10):

Մեր հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ, որ սէրն է մեր ամենէն սուրբ պարտաւորութիւնը: Պէտք է մեր միտքին մէջ ունենաք, որ Աստուած բոլոր մարդիկը միակ մարդէ ստեղծած է. «Ան է, որ միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ, որպէսզի աշխարհի բոլոր կողմերը բնակին» (Գրծ 17.26-27): Սիրոյ այս պատուիրանին համար է, որ կ՚ըսէ՝ զԱստուած սիրողը կը սիրէ նաեւ իր եղբայրը. «Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.- ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա.Յհ 4.21): Մեր հաւատքը մեզմէ ընկերասիրութիւն կը պահանջէ, որպէս ապացոյց շնորհակալութեան ապացոյց այն ողորմութիւններուն համար՝ որ Աստուած ցոյց տուած է մեզի. «Հետեւաբար, իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ու սրբուած եւ Իր սէրը վայելող մարդիկ՝ գթասիրտ եղէք. եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար։ Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք, եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է։ Ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ, որովհետեւ Աստուած այդ խաղաղութեան կանչեց ձեզ՝ մէկ մարմինի մէջ, որ Քրիստոսի եկեղեցին է։ Ուստի շնորհակալ եղէք Աստուծոյ» (Կղ 3.12-15):

Սուրբ Գիրքը մեզի կը յայտնէ, որ սէրը՝

ա) Այն կապն է, որ Քրիստոսի բոլոր անդամները իրարու հետ պէտք է ունենան. «Արդ, դուք թէպէտ առանձին-առանձին անդամներ էք, բայց միասնաբար կը կազմէք Քրիստոսի մարմինը» (Ա.Կր 12.27). «Ես անոնց մէջ ըլլամ եւ Դուն՝ Իմ մէջս, այնպէս որ անոնք կատարեալ կերպով մէկ ըլլան» (Յհ 17.23):

բ) Աւետարանին նպատակն է. «Գերագոյն պատուիրանը սէրն է. անարատ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէն բխած սէրը» (Ա.Տմ 1.5):

գ) Քրիստոնեաներուն յայտնի նշանն է. «Ձեր իրար սիրելով է, որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք Իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13.25):

դ) Այն նշանն է, որով կրնանք ճանչնալ, թէ մենք փրկութեան ճանապարհին վրա՞յ ենք. «Մենք գիտենք՝ թէ մահէն կեանքի անցած ենք. ապացոյց՝ որ մեր եղբայրները կը սիրենք։ Ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան ենթակայ կը մնայ» (Ա.Յհ 3.14):

Ի վերջոյ, Քրիստոս հաւատքը որպէս մարդասիրութեան օրինակ կու տայ մեզի, որ անհուն սիրով շարժելով, անդադար կը շրջէր, որպէսզի ամէն տեսակի օգնութիւն մատուցէ մարդկութեան. «Կ՚ակնարկեմ Յիսուսի, որ Նազարէթէն էր. Աստուած զայն Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ օծեց, եւ անիկա շրջեցաւ՝ բարիք գործելով եւ սատանային կողմէ տանջուածները բժշկելով, որովհետեւ Աստուած Իր հետն էր» (Գրծ 10.38): «Արդարեւ, դուք գիտէք թէ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս ի՜նչ շնորհք ըրաւ մեզի. Ինք որ հարուստն էր՝ աղքատացաւ ձեզի համար, որպէսզի Իր աղքատանալովը դուք հարստանաք» (Բ.Կր 8.9): «Ով որ Քրիստոսի միացած կը մնայ՝ չի մեղանչեր. իսկ ով որ կը մեղանչէ՝ զայն երբեք տեսած ու ճանչցած չէ» (Ա.Յհ 3.6): «Եւ սիրով շարժեցէք, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ» (Եփ 5.2): «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. սիրեցէ՛ք զիրար։ Ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ զիրար սիրեցէք» (Յհ 13.34):

Ասկէ կը տեսնենք, որ միայն իր անձին եւ իր անձին օգուտին մասին մտածող մարդը, սիրոյ պատուիրանէն հեռու է եւ ինքնասէր կ՚անուանուի: Ան նմանապէս հեռու է առաքինութենէն, հեռու է կեանքէն եւ քրիստոնէական յոյսերէն, ինչպէս հեռու են եղբայրը ատողը եւ չարագործը:

Թէեւ սիրոյ սերմը ի բնէ կար մարդոց սիրտին մէջ եւ Հին Կտակարանին մէջ որպէս պատուիրան հաստատուած էր, բայց Յիսուս Քրիստոս առաւել եւս լուսաւորեց սիրոյ պատուիրանը եւ զայն նոր անուանեց.

1) Որոհետեւ աւելի զօրեղ պատճառներու վրայ հաստատեց:

2) Որովհետեւ իր կեանքով նոր օրինակ եւ նոր կատարելութիւն ցոյց տուաւ:

3) Որովհետեւ մեր սիրտին մէջ արծարծեց բնական սիրոյ զգացումները, որոնք մոլար կիրքերով թմրած էին:

4) Որովհետեւ Ան հեռացուց այն մոլորութիւնները, որոնք փաթթած էին սիրոյ պատուիրանը. այս ամէնը բացատրուած կը տեսնենք Մատթէոսի աւետարանին մէջ. «Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ»։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի. սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն։ Այսպէսով, դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ Ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն վրայ։ Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել։ Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք։ Անոնք ալ նոնը չե՞ն ըներ։ Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.43-48):

Ընկերոջ նկատմամբ սէրը իր կատարեալ սկզբունքով, պէտք է որ ըլլայ՝

ա) Ձրի, առանց ակնկալութեան, առանց շահասիրութեան: Պարտաւոր ենք մեր ընկերը սիրել ու ծառայել անոր, մղուած ըլլալով սուրբ սիրով. «Ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք՝ եթէ սիրէք միայն ձեզ սիրողները. մեղաւորներն ալ կը սիրեն իրենց սիրելիները։ 33Ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք՝ եթէ բարիք գործէք միայն անոնց, որոնք ձեզի բարիք կ՚ընեն. մեղաւորներն ալ նոյնը կ՚ընեն։ 34Դարձեալ, ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք՝ եթէ փոխ տաք միայն անոնց, որոնցմէ կ՚ակնկալէք ձեր տուածը ետ առնել, չէ՞ որ մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան եւ իրենց տուածը ամբողջութեամբ ետ կ՚առնեն։

«Ընդհակառակը, սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները եւ բարիք ըրէք անոնց. փոխ տուէք անոնց՝ որոնցմէ յոյս չունիք ձեր տուածը ետ առնելու։ Եւ այն ատեն առատ վարձատրութիւն պիտի ունենաք. այն ատեն՝ բարձրեալ Աստուծոյ որդիները պիտի ըլլաք, որովհետեւ անիկա գթասիրտ է չարերուն եւ ապերախտներուն հանդէպ» (Ղկ 6.32-35). «Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ» (Հռ 12.9):

բ) Սիրոյ առարկան իր մէջ պէտք է բոլոր մարդիկը ներառնէ, ինչ աստիճանի ալ որ ըլլան մեր թշնամիները: Լսենք, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կը յանդիմանէ ու կը նախատէ եբրայեցիներուն վարդապետները, որոնք սիրէ ընկերդ պատուիրանին ոգիին հակառակ, չամչցան նաեւ աւելցնել՝ ատէ՛ թշնամիդ հակապատուիրանը: Պօղոս առաքեալը կը պատուիրեն բարիք գործել բոլորին. «Հետեւաբար, որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին, մանաւանդ հաւատքի ճամբով մեր հարազատներուն» (Գղ 6.10):

գ) Սէրը պէտք է կարգով ըլլայ: Մենք պարտաւոր ենք անոնց վրայ աւելի հոգ եւ խնամք ունենալ, որոնց հետ արիւնով, բնութեամբ եւ այլ պայմանով միացած ենք: Այս հիմամբ, մենք կապուած ենք մեր ծնողներուն, մեր բարեկամներուն եւ ազգականներուն, մեր ազգակիցներուն եւ դրացիներուն հետ, որոնք մեզի հետ մէկ հաւատք ունին. հետեւաբար, եթէ ասոնք ուրիշներուն պէս օգնութեան կարօտ են, նախ պէտք է իրենցմէ սկսինք. «Բարիք ընենք բոլորին, մանաւանդ հաւատքի ճամբով մեր հարազատներուն» (Գղ 6.10): Հարազատներու կապէն բացի, պարտաւոր ենք սէր ունենալ ընդհանուրին օգուտին համար. հետեւաբար, մեր ազգայիններուն հետ կազմած մեր միաբանութիւնը աւելի նախապատիւ պէտք է համարենք, քան թէ այն փոքրիկ միաբանութիւնը, որով միայն կապուած ենք քանի մը անձերու հետ: Մենք պարտաւոր ենք՝ հարկը պահանաջած ժամանակ, մասնաւորը զոհել ընդհանուրին, փոքրը՝ մեծին, եւ այլն: Այսինքն՝ մենք պարտաւոր ենք Ազգին օգուտը նախապատիւ համարել մեր գերդաստանի եւ բարեկամներու օգուտէն եւ ընդհանուր մարդկութեան շահը՝ Ազգի շահէն: Որովհետեւ, ընդհանուրին վնասելով՝ ճշմարտապէս չենք կրնար մեր ընկերոջ ծառայել: Այս իմաստով, շատ գեղեցիկ կերպով ըսած է նշանաւոր սուրբ մարդոցմէ մէկը, որուն կարող ենք ձայնակցիլ. «Ես կը սիրեմ գերդաստանս իմ անձէս աւելի, հայրենիքս՝ գերդաստանէս աւելի, բայց մարդկութիւնը ա՛լ աւելի կը սիրեմ քան իմ հայրենիքս»:

դ) Սէրը պէտք է գործունեայ, մեծահոգի եւ հաստատ ըլլայ. «Որդեակնե՛ր, մեր սէրը միայն խօսքով ու լեզուով թող չըլլայ, այլ՝ գործով արտայայտուած ճշմարիտ սէր» (Ա.Յհ 3.18). «Չձանձրանանք բարիք գործելէ» (Գղ 6.9):

ե) Սիրոյ սկիզբը պէտք է աստուածային ըլլայ, որովհետեւ մարդոց սէրը ամբողջութեամբ հիմնուած է անոնց համակրութեան եւ իրենց օգուտին վրայ, իսկ քրիստոնէական ընկերասիրութիւնը պէտք է իր ծագումը աստուածասիրութենէն ունենայ, այսինքն՝ մեր երախտագիտութենէն, Աստուծոյ ցուցաբերած ողորմութիւններուն համար: Պէտք է ըմբռնենք այն մեծ գաղափարը, որ Աստուած ընտրած է մեր նման մարդիկը՝ զԻնք աշխարհի վրայ ներկայացնելու համար եւ մեզմէ ընդունելու սիրոյ ա՛յն վկայութիւնը, որ պարտաւոր ենք ցուցաբերել, մեր եղբայրը սիրելով. «Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած այսպէս սիրեց մեզ, ապա ուրեմն մե՛նք եւս պէտք է զիրար սիրենք» (Ա.Յհ 4.11):

Այսպիսի պայմաններով ընկերասիրութիւնը սուրբ զգացողութիւն եւ սուրբ կապ կը դառնայ, որ երբեք չի՛ լուծուիր եւ ո՛չ ալ կը քակուի: Սէրը ո՛չ թէ մեզ մեր ներքին հոգեւոր կապակցութենէն կը հեռացնէ, որ բարեկամութիւն կ՚անուանենք, այլ ընդհակառակը՝ մեր սիրտը աւելիով կը բանայ բարեկամութեան համար, մեր վրայ բարութեամբ կ՚ազդէ դէպի բարեկամութիւն, մեր մէջ հեզութիւն, ուրախութիւն եւ ցնծութիւն կը ծնի: Քրիստոս Ի՛նք յատուկ սիրով սիրեց Ղազարոսը եւ Յովհաննէսը: Ան Ղազարոսին վրայ լացաւ եւ հրեաները ըսին. «Տեսէ՛ք, ինչքա՜ն կը սիրէր զինք» (Յհ 11.35-36): Յովհաննէս աւետարանիչը Յիսուսի սիրելի աշակերտ կ՚անուանուի. «Պետրոս ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ որ իրեն կը հետեւէր այն աշակերտը, զոր Յիսուս կը սիրէր» (Յհ 21.20): Յովնաթանը Դաւիթը իր հոգիին պէս կը սիրէր. «Երբ Սաւուղին հետ խօսիլը լմնցուց, Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սիրտին հետ կապուեցաւ եւ Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա» (Ա.Թգ 18.1):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 9

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018