ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Համբերութեան պակասը շատ բան կորսնցնելու պատճառ կ՚ըլլայ մարդուս, այն ամէն ինչ՝ որ պիտի կարենար շահիլ համբերատարութեամբ։
Յայտնի առածը, որ կ՚ըսէ.- Տասը անգամ չափէ, մէ՛կ անգամ կտրէ։ Արդարեւ, պատուէր մըն է այս առածը այն բոլոր մարդոց, որոնք անհամբեր՝ աճապարանքով, առանց խորհելու կը շարժին եւ շատ բան կը կորսնցնեն՝ փոխանակ շահելու։
Ամէն մարդու տրուած չէ անշուշտ համբերատար ըլլալու շնորհը, բայց վարժութեամբ կարելի է ստանալ հետզհետէ այդ շնորհը՝ որ կենսական դեր մը կը խաղայ մարդկային կեանքին մէջ։ Կեանքի փորձառութիւնը արդէն ինքնին կու տայ այդ ընդունակութիւնը, անշուշտ եթէ անդրադառնայ մարդ իր սխալներուն եւ անոնց գլխաւոր պատճառին՝ համբերութեան պակա՛սին։
Համբերատար ըլլալու վարժութիւնը կը սկսի միշտ փոքր տարիքէն։ Ինչ որ կը նշանակէ՝ չափ եւ կշիռ ունենալ հակազդեցութիւններու եւ արտայայտութիւններու մէջ։
Այս իմաստով համբերատարութիւնը, որքան «շնորհ» մըն է, նո՛յնքան ալ՝ «առաքինութի՛ւն»։
Կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցին կան բարոյական ազդակներ, որոնք կարեւոր են եւ անհրաժեշտ, քանի որ անոնց կապուած են կեանքի բազմաթիւ իրադարձութիւններ եւ մանաւանդ փոխյարաբերութիւններ։
Արդարեւ, ուսման չափ կարեւոր է «բարոյական նկարագիր»ը մարդոց համար։ Ի՜նչ պիտի արժէր դաստիարակութիւնը, ուսումը՝ ուր կը պակսին բարոյական արժէքները, առաքինութիւնները եւ շնորհքը։ Այս պատճառով է որ պէտք է զանազանել կրթութիւնը եւ ուսումը իրարմէ, որոնք թէեւ զատ զատ արժէքներ են, բայց պէտք է համընթաց ըլլան մարդուս կեանքին մէջ, քանի որ անոնք միասին պիտի հասցնեն մարդս կատարելութեան։
Եւ ահաւասիկ, համբերատարութեան վարժութիւնն ալ այս բարոյական արժէքներու, կրթութեան կարեւոր տարրերէն մէկն է եւ առաջնակա՛րգը, քանի որ ան չափը եւ կշիռը պիտի ապահովէ ուսման։ Ուստի մարդ կրնայ շատ ուսեալ ըլլալ, բայց երբ կը պակսի իրմէ կարգ մը բարոյական արժէքներ՝ շնորհներ եւ առաքինութիւններ, ան միշտ դատապարտուած կը մնայ անկատարութեան։ Համբերատարութեամբ գործադրուած ուսումը, գիտութիւնը շատ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէ, վստահութիւն կը ներշնչէ քան աճապարանքով, անխոհեմ օգտագործուածը։ Այս իմաստով համբերատար մէկը շատ աւելի վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջիններուն, քան աճապարանքով շարժող մը։
Ուսեալ, բարձր գիտութեան տէր բայց անհամբեր՝ դիւրագրգիռ մէկը, ջղային նոպայի մը մէջ մերթ կը գործէ արարք մը՝ որ կրնայ խորտակել, վնասել անոր ամբողջ ապագան։
Ուստի, համբերութիւնը մարդուս նկարագիրը կազմող առաքինութիւններէն եւ շնորհներէն կարեւորագոյնն է։ Անհամբեր, աճապարանքով շարժող մէկը, տեղի անտեղի, դրական կամ ժխտական արտայայտութիւններով դժգոհութիւն եւ հակակրանք կը ստեղծէ իր շուրջը։ Անվստահելի, անապահով մէկու մը երեւոյթը ցոյց կու տայ անհամբեր մէկը՝ որքան ալ ուսեալ, գիտուն ըլլայ ան…։
Համբերատար ըլլալու համար ընդհանրապէս կը յանձնարարուի. «մինչեւ տասը համրել»՝ որեւէ հակազդեցութիւն մը ցոյց տալէ առաջ ոեւէ անձի կամ որեւէ արարքի։
Արդարեւ, Յիսուս կը պատուիրէ համբերատար ըլլալ՝ աճապարանքով չշարժիլ, երբ կ՚ըսէ. «Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր», (ՄԱՏԹ. Ե 39) եւ (ՂՈՒԿ. Զ 27-36)։ Ա՛յս է իմաստը ահաւասիկ, այն պատուէրին, թէ՝ գործելէ առաջ պէտք է նախ խորհիլ, դատել, կշռել, չափել եւ յետոյ շարժման անցնիլ։ Եւ երբ կը յանձնարարուի «մինչեւ տասը համրել» գործելէ կամ հակազդեցութիւն տալէ առաջ, թէեւ շատ օգտակար է այս յանձնարարութիւնը, բայց անկեղծութեամբ պէտք է խոստովանիլ, թէ կեանքի մէջ կրնան պատահիլ այնպիսի դէպքեր եւ պատահարներ, որոնց անմիջապէս չհակազդելու համար երբեմն «մինչեւ հարիւր իսկ համրել»ը անբաւարար կ՚ըլլայ։ Եւ ահաւասիկ, այդ պարագային է որ կարեւորութիւն կը ստանայ համբերատարութեան վարժութիւնը։
Լաւագոյնին հասնելու, կատարեալ, անթերի եւ զօրաւոր ըլլալու տենչը բնական զգացում մըն է եւ գնահատելի՛. բայց ան կ՚ենթադրէ յամառ եւ յարատեւ, անվհատ աշխատանք, որ կարելի է ձեռք ձգել միա՛յն համբերութեամբ։
Գրելու, խօսելու ատեն ալ պարագան նոյնն է, գրել, խօսիլ, բայց եւ աւելորդ, անօգուտ եւ յատկապէս վնասակար եւ վիրաւորիչ խօսքերը եւ պարբերութիւնները պէտք է յապաւել եւ սրբել։ Եւ այս ալ գրելէ եւ խօսելէ առաջ խորհելու կը պարտաւորէ մարդս, դատելով, չափելով եւ կշռելով գրել եւ խօսիլ, ինչ որ համբերատար ըլլալու կամ անհամբեր շարժելու հարց մըն է։ Ուստի ան որ ապահով ապագայ մը ունենալ կ՚ուզէ, համբերատարութեամբ պէտք է շարժի եւ վարէ իր գործերը։
Աճապարանքը, հապճեպը կ՚ենթադրէ «փորձառութեան պակաս», որ կը նշանակէ՝ անկատարութիւն՝ թերութիւն եւ տկարութի՛ւն։ Իսկ անկատարութիւնը կը վնասէ կեանքին բնականոն ընթացքը եւ արգելք կը հանդիսանայ հասնելու մտադրուած նպատակին։
Անհամբերութեամբ գործող, շարժող մարդը կը կորսնցնէ շա՜տ բան, ինչ որ պիտի շահէր համբերատարութեամբ։ Զոր օրինակ, կան ջղայնութեան պահուն գործուած ոճիրներ, որոնց վրայ աւելի վերջ զղջումը անօգուտ կը մնայ եւ ենթական ծանր պատիժներու կ՚ենթարկուի տուեալ օրինական տրամադրութիւններուն համաձայն։ Ուստի նման պատիժներ պիտի խնայուէին մարդոց, եթէ անոնք համբերող ըլլային եւ գործէին հանդարտօրէ՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 13, 2018, Իսթանպուլ