ԽԱՉԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ

Խաչը՝ մահու պատիժը գործադրելու պարզ գործիք մըն էր, սակայն Փրկչին Խաչը՝ խորհրդանիշը եղաւ Արդարութեան եւ Փրկութեան։ Այս ըմբռնումով է, որ քրիստոնէական հին եկեղեցիներ Խաչը փառաւորեցին, եւ խաչի յատուկ տօներ՝ թանկագի՜ն եղան երկիւղած հոգիներու համար։

Խաչը խորհրդանշանը եղաւ կեանքին՝ ուժը՝ տանելու կեանքին ծանրութիւնը։ Այո՛, Արդարութեան Խաչը թեթեւ չէ, եւ փըկ-ութեան շղթան անտանելի՜։

Խաչը ծանր է մարդուս ուսերուն համար։

Բայց Խաչին բաժինը յուսահատութիւն չէ՛, ապա ուրեմն մարդ առանց ընկճելու՝ համբերութեամբ պէտք է տանի իր խաչը՝ քա՛ջ ըլլայ ամէն նեղութեան, եւ նոյնիսկ անտանելի խաչի ծանրութիւններու հանդէպ, քանի որ մարդ պէտք է ապրի կեանքը՝ պէտք է տանի իր խաչը… մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ո՞ւր՝ Աստուած գիտէ, բայց պէ՛տք է տանի, որովհետեւ կեանքը պայքա՛ր մըն է եւ այդ պայքարին մէջ դասալիք ըլլալ՝ անհաւատարիմ ըլլալ կը նշանակէ իր կոչումին, իր «մա՛րդ» հանգամանքին եւ իր հաւատքին։

Ուրեմն իւրաքանչիւր անձ խաչին տառապանքներուն մէջ պէտք չէ՛ մոռնայ Խաչին քաջալերիչ խորհուրդը եւ յիշատակը, քանի որ Խաչը ո՛ւժ է եւ վեհութիւն…։

Եւ երբ կ՚ըսենք՝ թէ խաչը ուժ եւ վեհութիւն է, կը վերյիշենք Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի շահեկան յօդուածներէն մին՝ «Խաչին ուժն ու վեհութիւնը»։

«Խաչի Տօնը, Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու պատմութեան գլխա՛ւոր էջերէն մէկը կը կազմէ», կ՚ըսէ Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահեր, եւ կը շարունակէ. «Խաչը՝ մարդոց սպանութեան համար շինուած այդ գործիքը, Նոր Ուխտի, Նոր Մեսիայի վէմին վրայ կառուցուած տաճարին փառաբանութեան, յաղթութեան եւ զօրութեան նշանակը, նուիրական ու սրբազան անօթը կը դառնայ, մկրտուելով Յիսուսի արեան հեղեղին մէջ։ Խաչը, Գողգոթայի ողջակիզման բլուրին վրայ կը մաքրագործուի, կը սրբուի։

«Ա՛ն, իբրեւ բիրտ ուժի եւ վայրագ բնազդի արդիւնք գործիք՝ կը փոխուի Մեսիայով ու կ՚ըլլայ Նոր Հաւատքի, Նոր Սիրոյ եւ Նոր Յուսոյ Եկեղեցւոյն քառաթեւ սեղանը, սրբութիւնը, խորանն ու վեհութիւնը, խորհրդանշելով իր մէջ այն բոլո՛ր վսեմ ու իտէալ սկզբունքները, զորս Յիսուս, Իր մարդեղութենէն՝ մինչեւ խաչափայտի վրայ յաղթապանծօրէն բարձրանալը, քարոզած էր, զանոնք տարրացնելու եւ ընդհանրացնելու համար մարդկութեան մէջ։ Անոր նպատակն էր մարդոց խաւարային բնութիւնը վերցնել եւ Իր լուսաւոր վարդապետութեան գաղափարական բարձր ու ոսկեղնիկ կանոնները հաստատել՝ մարդկային ազգի յոռի ու վատ ըմբռնումներով խմորուած նկարագրին մէջ։

«Սրբազան երգիչը, իր Խաչի ներբողին մէջ՝ Խաչը կը նկատէ աշխարհի զօրաւորագոյն զէնքը, սանձահարելու համար թշնամիին չար խորհուրդներն ու գործերը։

«Սա՛ է զէն յաղթութեան հաւատացելոց…։

«Սակայն խաչը՝ զօրաւոր զէնք մըն է միայն անո՛նց համար, որոնք Յիսուսի քարոզած իտէալներով կ՚ապրին…։

«Յիսուսի Խաչը, կը վանէ մարդոց մտքէն՝ ատելութիւնը, քէնը, ոխը, վրիժառական կամ քինախնդրական ամէ՛ն ձգտում։

«Տեղին է յիշել Յիսուսի անսահման խոնարհութեան ոգին, զոր ի յայտ բերաւ Խաչին մօտ, անոր վրայ բարձրանալէ քիչ առաջ.

«Տէր, թո՛ղ դոցա, զի ո՛չ գիտեն զինչ գործեն, աստուածային բարբառով։

«Այս վսեմ գաղափարականը ցոյացուց Նա՝ Իր Խաչին վրայ, տալով աշխարհի՝ համբերութեան օրինակը։

«Խաչը, շնորհելով այս ամէնքը, կը զօրացնէ նաեւ իրեն փարող անհատը, ընտանիքը ու ազգը, դառնալով անոնց՝ -զէն յաղթութեան- ու պարծանքի զրահ։

«Հին եւ նոր ժամանակներու մարդոց շինած ու գործածած ահաւոր զէնքերը, որոնք կը ծառայեն եղբայրասպան գործի, երբե՛ք կարող չեն մարդկային ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող չարիքը ու վատ դրութիւնը զտելու, մաքրելու եւ մշտատեւ խաղաղութիւն մը հաստատելու։ Այս սպանութեան գործիքները՝ ընդհակառակն, կը բթացնեն մարդկային ուղեղը, կը քարացնեն ազնիւ զգացումները ու գազանային բնազդ մը կը ստեղծեն մարդոց մտքին ու էութեան խորը։

«Սակայն Խաչը, որու վրայ Յիսուս Ի՛նք կը պատկերանայ, կը սորվեցնէ մեզի՝ գութի, ողորմութեան, բարեգործութեան եւ սիրոյ բարձր դասերը, որոնց իւրաքանչիւրը անխորտակելի զէնքեր են. անոնց կատարումով՝ մարդս կը զօրանայ ու անդիմադրելի նկատուած չարիքներու դիմաց՝ կրնայ կուրծք տալ։

«Այո՛, Խաչը -ո՛ւժ- մըն է. -վեհութիւն- մը՝ ճշմարիտ եւ մեծափառ, որ զմեզ ճահիճներէ եւ անդունդներէ կը փրկէ ու կ՚առաջնորդէ դէպի -լաւագոյն- ու -առողջարար- հանգրուաններ։

«Ուրեմն՝ Յիսուսի Խաչին մասին, հայրապետին ու առաքեալին զօրաւոր ու զրահուած հաւա՛տքը ունենանք։ Նա՛ միայն կը պարգեւէ մեզի, իրակա՛ն եւ ըղձա՛լի կեանքը»։

Ժողովուրդի Ձայն - Ժամանակ, 30 սեպտ. 1923, Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահեր, «Ս. Գիրքէն ցոլքեր ու ցօղեր», Իսթանպուլ, 1964։

Ահաւասի՛կ, Խաչը կեա՛նքն իսկ է, եւ ան որ քաջութիւնը ունի տանելու զայն՝ քաջութիւնը կ՚ունենայ դիմադրելու կեանքի բոլոր նեղութիւններուն՝ Քրիստոսի օրինա՛կով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018