ՅԻՍՈՒՍԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Խաչվերացի յաջորդող 4-րդ կիրակի օր Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝ որպէս Ճաշու Աւետարան կը կարդացուի Մարկոսի Աւետարանի ԺԱ գլխուն 27-33 համարները։ Խաչվերացի յաջորդող 4-րդ կիրակին, այս տարի կը հանդիպի 7 հոկտեմբերի։

Վերոյիշեալ Մարկոսի Աւետարանին (ԺԱ 27-33) հատուածը կը վերաբերի Յիսուսի իշխանութեան հարցին, քանի որ Իրեն հարցում մը կ՚ուղղեն աւագ քահանաներ, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ երէցներ Իր իշխանութեան մասին, թէ ո՞վ իրեն տուած է այդ իշխանութիւնը քարոզելու, բժշկելու եւ հրաշքներ գործելու։

Անշուշտ, յայտնի է, որ այդ հարցումը հարցնողներ բոլորովին յետին նպատակով կը շարժին՝ ո՛չ թէ հետաքրքրութեամբ, ո՛չ թէ իրապէս սորվելու համար իրականութիւնը, այլ փորձելու համար Յիսուսը, եւ կերպով մը դաւադրելու համար, որպէսզի Ան կորսնցնէ ժողովուրդին ընծայած վստահութիւնը եւ համակրանքը։

Ուստի, Յիսուս, անոնց հարցումին կը փոխադարձէ հարցումով մը, քանի որ Ան անմիջապէս կը հասկնայ անոնց բո՛ւն նպատակը։

«Լա՛ւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք։ Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն թէ մարդոցմէ։ Պատասխանեցէ՛ք տեսնեմ», (ՄԱՐԿ. ԺԱ 29-30)։

Արդարեւ, հարցում մը հարցնողին հարցումով փոխադարձել՝ այդ հարցումը հարցնողին իսկական նպատակը հասկնալու լաւագոյն կերպն է։ Քանի որ մարդիկ, ընդհանրապէս անկեղծ չեն վարուիր իրարու հետ եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ մեծ մասամբ կը գտնուին քօղարկուած, ծածուկ նպատակներ, որոնք կը ծառայեն դժուար դիրքի մատնելու այն՝ որուն ուղղուած է հարցումը։

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ աւելի տիրական է կեղծիքը քան անկեղծութիւնը, ինչ որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ։ Ուստի Յիսուսի ուղղուած հարցումն ալ այդ «կեղծ» եւ «դաւադրութեան» նպատակ ունեցող հարցումներէն մին էր։

Եւ Յիսուս անմիջապէս անդրադարձաւ եւ չփորձուեցաւ Օրէնքի ուսուցիչներու եւ երէցներու մեքենայութենէն, եւ նախընտրեց հարցումով պատասխանել անոնց հարցումին, քան թէ ուղղակի պատասխանը տալ…։

Արդէն հարցումը ուղղողները պատրա՛ստ էին հակադրելու եւ մերժելու Յիսուսի պատասխանը, քանի որ ճշմարտութիւնը տեսնել եւ ընդունիլ վնաս պիտի պատճառէր իրենց ժողովուրդին մէջ գրաւած դիրքին եւ վստահութեան։

Յայտնի էր, որ անոնք երբեք պիտի չընդունէին Յիսուսի ճշմարիտ պատասխանը՝ բո՛ւն իսկ ճշմարտութիւնը, եւ անհիմն փաստարկումներով եւ պատճառաբանութիւններով ապարդիւն վէճի մը պիտի սկսէին Անոր հետ։

Այսպիսի պարագաներու մէջ, արդարեւ, խոհեմութիւն եւ հմտութիւն է հարցումին փոխադարձ հարցումով մը պատասխանել, ի՛նչ որ Յիսուս ըրաւ։ Եւ սա անվիճելի է, որ Օրէնքի ուսուցիչներ եւ երէցներ, որքան ալ որ բացայայտ կերպով չէին խօսեր այդ մասին եւ չէին ընդուներ ճշմարտութիւնը, լռելեայն գիտէին Յիսուսի իշխանութեան մասին։ Եւ այդ իսկ պատճառով է, որ կերպով մը վարկաբեկել Յիսուսը եւ խախտել այն վստահութիւնը, որ ունէր ժողովուրդին մեծ մասը։ Արդարեւ, եթէ այդպիսի վախ մը չունենային, ինչո՞ւ փորձել ուզէին Յիսուսը, ինչո՞ւ զբաղէին մէկու մը հետ՝ որմէ որեւէ «վնաս» պիտի չհասնէր իրենց։

Եւ Օրէնքի ուսուցիչներ, երէցներ չկարողացան պատասխանել Յիսուսի փոխադարձ հարցումին եւ ըսին. «Չենք գիտեր», (ՄԱՐԿ. ԺԱ 33)։

Յիսուսի պատասխանը յստակ էր. «Այն ատեն՝ ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այս բաները», (ՄԱՐԿ. ԺԱ 33)։

Այս հատուածին մասին տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Համապատում»ին մէջ, (Կ. Պոլիս, 1911), ուր հանգամանօրէն կը պարզաբանէ դէպքը։

«Յիսուսի բռնած ճամբան, առաջին երեւոյթով մը կրնայ այնպէս կարծուիլ թէ Յիսուս պատասխանէ խուսափելու ճարպիկ ձեւ մը գործածած ըլլայ. մինչ եթէ լաւ զննենք բոլոորվին հակառակը կը ճշմարտուի, եւ Յիսուս ուզած բացատրութիւնը տուած կ՚ըլլայ, առանց հակառակորդներուն զինքն նախատելու առիթ ընծայելու։

«Յովհաննէսի իշխանութիւնը երկինքէն էր, այսինքն Աստուծմէ էր, ինչ որ հակառակորդներն ալ լռելեայն կ՚ընդունէին, միայն այդ մասին ցուցած հակառակութիւննին չկրնալ արդարացնելնուն համար կը լռէին։

«Յիսուս այս հարցումով իրենց իմացուց, թէ իւր իշխանութիւնն ալ Աստուծմէ էր, ինչպէս էր Յովհաննէսի իշխանութիւնն ալ, եւ իւր փոխադարձ հարցումով անոնց ըսել ուզեց, թէ ինչ որ գիտէք Յովհաննէսի համար, նոյնը իմացէք ինծի համար, եւ այս կերպով ուզուած բացատրութիւնը կատարելապէս տուած եղաւ, եւ ոչ թէ բացատրութիւն տալէ խուսափեց։

«Հրեաներն ալ վերջէն վերջ լաւ հասկցան թէ իրենց պատրաստած դարանին մէջ իրենք ինկած եղան, եւ անոր համար առանց ձայն հանելու եւ առանց Յիսուսի դէմ նախատական կամ հեգնական ակնարկ մը կարենալ ընելու, լռեցին, եւ խնդիրը փակուած լինելով հեռացան, ուրիշ միջոց մը պատրաստելու կամ պատրաստածնին գործածելու նպատակով»։

(ՀԱՄԱՊԱՏՈՒՄ. 217. Փոխադարձ Հարցումներ. ՄԱՏԹ. ԻԱ 23-27, ՄԱՐԿ. ԺԱ 27-33, ՂՈՒԿ. Ի 1-8, էջ՝ 609-612)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 27, 2018, Իսթանպուլ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018