ԻԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱՔՏԱՐԵԱՆԻ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳԸ՝ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԷՆ ՆԵՐՍ

Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին, հանդիսապետութեամբ թեմի բարեխնամ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Իզապէլ Պայրաքտարեանի մենահամերգը։ Ելոյթին ներկայ էին հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը։

Իզապէլ Պայրաքտարեան ծնած է Լիբանանի մէջ եւ մանուկ հասակին գաղթած է Գանատա: 1997-ին գերազանցութեամբ աւարտած է Թորոնթոյի համալսարանը` կենսաբժշկական ճարտարագիտութիւն մասնագիտութեամբ եւ նոյն տարին իսկ յաջողած է Մեթրոփոլիթէն օփերայի ազգային խորհուրդի լսումներուն: Երգչուհին «Կրեմմի»ի մրցանակաբաշխութիւնը ստացած «Մատանիներու տիրակալը, Երկու աշտարակ» ժապաւէնի սաունտթրէքի երգիչն է. իսկ 2004-2007 թուականներուն չորս տարի անընդմէջ պարգեւատրուած է գանատական «Ճունօ» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին:

«Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տքթ. Սիմոն Սիմոնեան իր բացման խօսքին մէջ վեր առաւ մենահամերգի նուիրուած զոյգ միջոցները՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակն ու Երեւան մայրաքաղաքի 2800-ամեակը։ Սիմոնեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայ Եկեղեցին վեց դարեր շարունակ ստանձնեց թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ազգային զոյգ պարտականութիւններ, տէր կանգնեցաւ որբերուն, պահպանեց հայ մշակոյթը եւ զանոնք փոխանցեց սերունդէ սերունդ։ Սարդարապատի եւ Արցախի մարտերուն մէջ Հայ Եկեղեցին ունեցաւ իր ուրոյն դերակատարութիւնը՝ ոգի եւ խիզախութիւն ներշնչելով իր զաւակներուն»։

Ապա հանդէս եկաւ Իզապէլ Պայրաքտարեան՝ ընկերակցութեամբ Ճոզեֆինա Վերկարայի, Ճեսսիքա Կիտերի, Ճանըթըն Մորշելի եւ Ճենիֆըր Քլոցելի։ Համերգի ընթացքին Պայրաքտարեան իր դիւթիչ ձայնով հմայեց հանդիսատեսներու հոգին։ Յաջորդաբար հնչեցին հայկական շարականներ, ժողովրդական երգեր, Կոմիտասի եւ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններ…։ Սայաթ Նովայէն հրամցուեցան «Նազանի», «Պլպուլի հիտ», «Աշխարհումս իմն տուն իս», Արամ Խաչատուրեանէն՝ «Խնջոյքի երգ», «Դաշտերի աղջիկ», «Երեւան», Կոմիտասէն՝ «Ախ Մարալ ճան», «Ծիրանի ծառ», «Քուն եղիր բալաս»…։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Յովնան Սրբազանին եզրափակիչ խօսքով։ Ան ըսաւ. «Այսօր պիտի չկրնայինք նշել Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակն ու Երեւանի 2800-ամեակը, եթէ Իզապէլ Պայրաքտարեանը ինք մեզի հետ ներկայ չըլլար։ Իզապէլը հայ երաժշտութեան անկրկնելի վարպետներէն է։ Երբ կը ծառայէի Գանատայի մէջ, ինք այն ատեն պատանի էր։ Հոն երբ կը լսէինք զինք, իսկոյն կ՚ըսէինք, որ նոր աստղ մը ծնած է հայ ժողովուրդի եւ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Եւ երբեք չենք սխալած»։ Խօսելով Իզապէլ Պայրաքտարեանի արժանիքներուն մասին, Սրբազան հայրը ընդգծեց. «Իզապէլան ինքզինք կատարելագործած է եւ Աստուծմէ տրուած իրեն շնորհքները աւելի գեղեցկացնելով՝ զանոնք կը վերառաքէ դարձեալ առ Աստուած։ Իզապէլային յաջողակ գնացք եւ յարաճուն վերելք կը մաղթենք իր գործունէութեան եւ առաքելութեան մէջ»։

Համերգը վերջ գտաւ Առաջնորդ սըր-բազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018