ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Ամենօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր»:

Այս յօդուածով տեսնենք, թէ Ընդհանրական եւ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը ինչպէս մեկնած են այս խնդրանքը:

Ս. Կիպրիանոս այսպէս կը բացատրէ. «Յիսուս մեզի համար կեանքի հացն է, սակայն բոլոր մարդոց չի՛ պատկանիր: Եւ, ինչպէս որ կ՚ըսենք «Հայր մեր», որով Ան Հայր է անոր, որ կը հասկնայ ու կը հաւատայ, այսպէսով ալ Յիսուսը մեր հացը կը կոչենք, որովհետեւ Ան հացն է բոլոր անոնց՝ որոնք Իր մարմինին կը միանան: Եւ մենք կը խնդրենք, որպէսզի այդ հացը ամէն օր մեզի տայ, որովհետեւ մենք՝ որ Յիսուսի մէջ ենք եւ ամէն օր Ս. Հաղորդութեամբ կը հաղորդուինք՝ որպէս մեր փրկութեան կերակուր, բնաւ չենք ուզեր այդ միութենէն արգիլուիլ՝ սովորական դժուարութեան մը համար, որ մեզ երկինքի հացէն կը զրկէ եւ մեզի Յիսուսի մարմինէն կը բաժնէ: Արդարեւ, Ան նախապէս ըսաւ եւ զգուշացուց. «Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է, եթէ ոեւէ մէկը այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան կ՚ապրի, եւ հացը, որ Ես կու տամ, Իմ մարմինս է, որ զայն կու տամ, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ» (Յհ 6.51-52)..., այդ պատճառով կը խնդրենք, որ մեր Հացը ամէն օր տրուի մեզի, որպէսզի մենք՝ որ Յիսուսի մէջ կը բնակինք եւ Անով կ՚ապրինք, չզրկուինք Իրմէ»:

Ս. Եղիշէ Վարդապետ կը գրէ. ««Անապատին մէջ ձեր հայրերը մանանան կերան, սակայն մեռան: Այս է երկինքէն իջած հացը: Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան կ՚ապրի» (Յհ 6.49,52). այս խօսքերը կը լսէին Անկէ եւ անմիջապէս չէին կրնար հասկնալ: Կը կրկնէ, նոյն խօսքը երեք անգամ կ՚ըսէ, որպէսզի դիւրութեամբ լսեն եւ խօսքի զօրութիւնը հաւատքով ընկալեն. «Ես եմ -կ՚ըսէ- կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, մահ պիտի չճաշակէ» (տե՛ս Յհ 6.51): Աղօթքին մէջ կը սորվեցնէ Աստուծմէ ա՛յս հանապազօրեայ հացը խնդրել: Եթէ լաւ մտածես, ով որ այս Հացը սրբութեամբ կ՚ուտէ եւ արժանի կերպով ինքն իր անձը կը պատրաստէ Անոր, այդպիսին երկրաւոր արքայութեան կարիք չ՚ունենար. անմահ Հացը մահկանացու ձեռքի մէջ կը դրուի, ձեռքը անմիջապէս կ՚անմահանայ, եւ զայն ուտելով, մարդը ամբողջութեամբ՝ շունչով, մարմինով եւ հոգիով կը հոգիանայ եւ Քրիստոսին բաժնեկից կը դառնայ. միայն [թէ] սկիզբի զօրութիւնը անարատ պահէ մինչեւ վերջ: Երկրաւոր չարչարանք չկայ, որ անոր յաղթէ, անոր առջեւ արծաթը արհամարհելի է եւ ոսկին ատելի է անոր աչքին, աշխարհի մեծութիւնը ցաւ կը համարէ, որովհետեւ անոր խորհուրդները սրբուած են երկնաւոր ազատութեան մէջ՝ աբողջովին անմահ Հացով լեցուելով...: ...Մեր Տէրը աղօթքի մէջ ա՛յս կ՚ուսուցանէ մեզի, Իրեն աղաչել՝ մեր ամենօրեայ հացը այսօ՛ր եւս մեզի տուր, ո՛չ թէ երկրէն [հացը], այլ՝ Տիրոջմէ, պարզ է, որ ո՛չ թէ երկինքէն, այլ՝ բոլորին Տիրոջմէն: Կ՚ըսէ. «Ա՛յս է մարմինս եւ ա՛յս է արիւնս» (տե՛ս Մտ 26.26: Մր 14.22: Ղկ 22.19): Թէեւ անփշրելի էր, բայց քու սիրոյդ համար փշրուեցաւ, եւ դուն՝ որ քու կամքովդ փշրուեցար, անփշրելի Աստուածութեամբ իրեն միացուց. «Որովհետեւ գիտեմ թէ զիս մեռելներու աշխարհին մէջ պիտի չձգես, եւ պիտի չթողուս որ քու հաւատարիմ ծառայիդ մարմինը փտութիւն տեսնէ» (Սղ 16.10)»:

Ս. Օգոստինոս կը գրէ. «Յաւիտենական բաները պարգեւէ՛ մեզի (նախորդող խընդ-րանքները), տո՛ւր մեզի նաեւ ժամանակաւոր բաները: Խոստացար մեզի Արքայութիւնը, արդարեւ մի՛ խափաներ մեզմէ կեանքի միջոցը: Մեզի յաւիտենական փառք մը պիտի տաս, որով ետքէն Դուն Քեզ պիտի շնորհես մեզի, արդարեւ երկրի վրայ ժամանակաւոր սնունդը տուր մեզի...: Կասկած չկայ, որ այս խնդրանքը՝ ամենօրեայ հացի, երկու կերպով կը հասկցուի՝ մարմինին անհրաժեշտ մթերքը եւ հոգեւոր անհրաժեշտ սնունդը: Սնունդ կայ, որ հարկաւոր է միայն մարմինին՝ մեր ամենօրեայ կեանքը պահպանելու համար, առանց ատոր չենք կրնար ապրիլ, որ է կերակուրն ու հագուստեղէնը, սակայն մէկ մասնիկը (հացը) յիշելով, բոլորը նկատի կ՚ունենանք»:

Դարձեալ Ս. Օգոստինոս, մկրտուիլ փափաքողներուն հետ խօսած ժամանակ, այսպէս ըսած է. «Եթէ այս հացով կը հասկնաք այն՝ ինչ որ հաւատացեալները կը ստանան եւ ինչ որ դուք կը ստանաք մկրտութենէն ետք, ապա անհրաժեշտ է, որ խնդրենք ու պաղատինք՝ «ամենօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր», որպէսզի որոշակի կեանքով մը ընթանանք, որով չզրկուինք Սուրբ Տաճարէն... Տո՛ւր մեզի մարմինդ՝ մեր ամենօրեայ սնունդը...: Թոյլ տուր, որպէսզի արդարութեամբ ապրինք, որպէսզի Քու զոհասեղանէդ չզրկուինք»:

Ս. Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ. «Մեր հանապազօրեայ հացը այսօր եւս մեզի տուր. քանի դեռ մարմինի մէջ ենք՝ կարիք ունինք կերակուրի, ինչ որ մարմինին կենդանութիւնը կը պահէ, որով կը հասկցուի հարկաւոր պէտքերը՝ կերակուր, ըմպելիք, հագուստ: Մեր՝ այսինքն անհրաժեշտ եւ ոչ աւելին, մեր արդար վաստակը եւ ո՛չ օտարինը, ո՛չ անիրաւութեամբ ձեռք բերուածը: Այսօրուանը կը խնդրենք, իսկ վաղը՝ իրենը կը հոգայ»:

Որոգինէս կը գրէ. ««Այսօր եւս մեր հոգեւոր հացը տուր մեզի» կամ, ըստ Ղուկասի «ամէն օր տո՛ւր մեզի մեր հոգեւոր հացը»: Որոշ մեկնիչներ կ՚ենթադրեն, որ պէտք է նիւթական հացի համար աղօթենք: Այստեղ տեղին է հերքել անոնց սխալը: Ան, որ մեզի կը պատուիրէ մեծագոյն եւ երկնային բարիքները խնդրել (մինչ՝ մարմնաւոր հացը ո՛չ երկնային բարիք է եւ ո՛չ ալ մեծագոյն խնդրանքի առարկայ), ինչպէ՞ս կրնար Իր ուսուցումը մոռնալ եւ պատուիրել մեզի, որ Իր Հօր աղօթենք չնչին եւ երկրային բարիքի մը համար»:

Դարձեալ նոյնը՝ «...Ճշմարիտ հացը Ան է, որ ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած ճշմարիտ մարդը կը սնուցէ, կը բարձրացնէ զինք, ով որ այս հացով կը սնուի, մինչեւ որ ան նման ըլլայ Իր Արարիչին: Ի՞նչ կայ աւելի արժէքաւոր մտածող մարդուն համար, որ կը հաւնի Աստուծոյ իմաստութիւնը, կը հասկնայ, որ ճշմարտութիւնը կը համապատասխանէ մարդկային խելամիտ բնութեան»:

Նոյնը. «Ուրեմն, մեր Հօրմէն խնդրենք կենաց հացը, որ հոգեւոր հաց է, որպէսզի մեր հոգիները քաղցէն չհիւծուին եւ չմահանան՝ Տիրոջ խօսքէն զրկուած ըլալու համար»:

Նոյնը. «Խօսքը ինչպիսի կերակուրներու մասին ալ ըլլայ, գերգոյացական հացը միա՛կ սնունդն է. մենք պիտի խնդրենք, որ ատոր արժանի ըլլաք եւ ատով աստուածանանք՝ կիրառելով Աստուծոյ Բանը (Խօսքը), որ ի սկզբանէ Աստուծոյ մօտ էր»:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան այսպէս կը բացատրէ. «Մատթէոսի գրաբար թարգամնութիւնը կ՚ըսէ. «Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր». Իսկ Ղուկասի գրաբար թարգմանութիւնը՝ «զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ զօրըստօրէն» (Ղկ 11.3): Այս «զօրըստօրէն»ը՝ օրէ օր կը նշանակէ: Թէ՛ «այսօր»ը եւ թէ՝ «զօրըստօրէն»ը սովորական հասկացողութեամբ պէտք չէ առնել: «Այսօր»ը կը փոխաբերէ այս կեանքի ամբողջ տեւողութիւնը: Նոյնպէս՝ «զօրըստօրէն»ը կեանքի ամբողջ ընթացքին կը նշանակէ:

«Յիսուսի վարդապետութենէն գիտենք, որ հաւատացեալները մնայուն հացը պէտք է փնտռեն եւ ոչ թէ կորստական հացին ետեւէն ըլլան (Յհ 6.27): Եթէ Յիսուս այս խնդրանքը նիւթական հասկացողութեամբ սորվեցուցած ըլլար՝ միւս խնդրանքները իրենց իմաստէն պիտի զրկուէին, կամ՝ անոնց յարաբերաբար՝ այս մէկը հակասութիւն մը պիտի ըլլար: Ճիշդ է, որ նիւթական ամենօրեայ հացը մեր մարմնաւոր գոյութեան համար կարեւոր է: Յիսուս երբեք նիւթական հացին կարեւորութիւնը չի ժխտեր, բնականօրէն: Սակայն «Հայր մեր»ի հացը նիւթականը չէ: Ուրեմն, ի՞նչ հասկցած է Յիսուս «ամենօրեայ մեր հացը» ըսելով:

«Առաջին.

«Իր մարմինն իսկ է, որ բաշխուեցաւ խաչելութեամբ եւ կը բաշխուի ամէն Ս. Պատարագի մատուցմամբ:

«Յիսուս Ինքզինք կոչած է «կեանքի հացը» եւ աւելցուցած՝ «Ան, որ Ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ» (Յհ 6.35):

«Յիսուս-Հացը Աստուծոյ հետ հաղորդութեան կամ յաւիտեան ապրելու միջոցն է. մենք Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութեան կամ յաւիտենական կեանքին մէջ կը մտնենք Յիսուս-Հացը ուտելով: Իսկ Յիսուս-Հացը ուտել՝ կը նշանակէ Անոր երթալ: Յիսուս-Հացը մեր ամենօրեայ հացը կ՚ըլլայ, երբ մենք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կենդանի կը պահենք ամէն օր Յիսուսի դիմելով:

«Երկրորդ.

Աստուծոյ կամքին կատարումը:

«Յիսուս-«ճշմարիտ Հացը» երկինքէն Իր իջնելը մեկնաբանած է որպէս ո՛չ թէ Իր կամքին կատարումը, այլ կամքը Անոր՝ որ զինք ղրկեց (Յհ 6.32,38): Ան այլ տեղ մըն ալ ըսած է, թէ Իր «կերակուր»ը զԻնք ղրկողին կամքը կատարելն էր եւ Անոր գործը «լրում»ին հասցնելը (Յհ 4.34):

«Հետեւաբար, ոչ թէ միայն Յիսուս Հօր կամքը կատարեց, այլ՝ նաեւ անոնք որոնք ամենօրեայ հացը կը խնդրեն Աստուծմէ՝ իրենք զիրենք յանձնառութեան մէջ կը դնեն Անոր կամքը կատարելու եւ աշխատելու՝ որպէսզի Երկինքի Արքայութիւնը հաստատուի»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 13

Վաղարշապատ, 9 հոկտեմբեր 2018

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2018