ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ, «Արփի» թատերախումբը շաբաթավերջին ներկայացուց «Չարշըլը Արթին աղա» հայերէն խաղը։ Խումբը, որ զանազան առիթներով բեմ բարձրացած ու հանդիսատեսներու բարձր գնահատանքին արժանացած էր, այս անգամ Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առիթով, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութեամբ, հիւրընկալուեցաւ Գատըգիւղի մէջ։

Հանդիսութեան նարկայ էին Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, Արամեան-Ունճեան վարժարանէն աշակերտներ եւ թաղեցի թատերասէրներ։

Երուանդ Օտեանի հեղինակած «Չարշըլը Արթին աղա» խաղը բեմադրուած էր Շահին Էրկիւնէյի կողմէ։ Թատերախումբը նախապէս հանդէս եկած էր Ֆէրիգիւղի եւ Գնալը կղզիի մէջ։ Զաւեշտական ոճով գրի առնուած այս աշխատութիւնը կը ներկայացնէր արեւելեան եւ արեւմտեան մշակոյթներու մրցակցութիւնը՝ հայ ընտանեկան կեանքէն ներս։ Ներկաներ խանդավառութեամբ հետեւեցան Արթին աղայի եւ իր կնոջ՝ Եւփիմէի անոյշ վիճաբանութեանց, ինչպէս նաեւ իրենց դստեր՝ Վարդուհի-Ռոզի յուզումին ու երջանկութեան։

Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամուայ խաղի աւարտին, դերասաններ ծափեր խլեցին։ Խաղի աւարտին՝ շնորհակալութեան խօսք մը արտասանեց Սարօ Սիրականեան։ Ան յանուն «Արփի» խումբին, յուշանուէրներ յանձնեց Արամեան սանուց միութեան վարչութեան եւ Յարութիւն Աբեղային, իսկ վարչութեան անդամ Սօնա Ճերմակեան յանուն սանուց միութեան ծաղկեփունջ մը յանձնեց։ Հանդիսութիւնը իր վերջին փուլին հասաւ Յարութիւն Աբեղայի հուսկ բանքով։ Հայր սուրբը գնահատեց խումբի անդամները, որոնք հայ մշակոյթին ի նպաստ կը ծառայէին թատրոնի ճամբով։ Ինք արդէն երրորդ անգամ կը դիտէր այս խաղը եւ դարձեալ ոգեւորուած կը բաժնուէր հանդիսասրահէն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց խումբի բոլոր անդամներուն, որոնք ընդառաջած էին հրաւէրին։ Ան հուսկ մի առ մի հրաւիրեց խումբի անդամները եւ իրենց յանձնեց գնահատագրեր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018