ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՆՄՈՅՇԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ գեղարուեստական հաւաքածոն ունեցող Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանը, երեք շաբաթէ ի վեր «Հայաստան» խորագրով ցուցադրութիւնը բացած է իր այցելուներուն առջեւ: Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցած է Հայաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ: Նման հռչակաւոր վայրերու մէջ, մեծ ցուցահանդէսներու բացումին, սովորաբար այցելուները հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ բուն ցուցանմոյշները դիտելու, ուսումնասիրելու առիթ չեն ունենար, մանաւանդ, երբ ներկայ է բարձրաստիճան պատուիրակութիւն եւ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բաժնին աւարտէն որոշ ժամանակ ետք միայն ցուցահանդէսը կը սկսի ընդունիլ այցելուներ, որոնք ժամեր շարունակ կ՚ուսումնասիրեն նմոյշները:

Ինչպէս կը տեղեկանանք թանգարանի կայքէջէն՝ «Հայաստան» ցուցահանդէսը այցելուներուն մօտ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է: Ամէն օր հարիւրաւոր մարդիկ կ՚այցելեն այն սրահը, ուր ցուցադրուած են Հայաստանէն եւ այլ վայրերէ բերուած բացառիկ գործեր: Թերեւս առաջին անգամն է, որ Հայաստանը այսպէս լայնօրէն ներկայացուած է «Մեթրոփոլիթըն»ի մէջ՝ աշխարհի հինգ լաւագոյն թանգարաններէն մէկը համարուող այս մեծ կեդրոնէն ներս, որ տարեկան շուրջ եօթ միլիոն այցելու կ՚ունենայ՝ աշխարհի չորս կողմերէն: Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած այս ցուցադրութիւնը ամբողջական պատկերացում կու տայ 4-17-րդ դարերու հայկական արուեստի ժառանգութեան մասին, կը ցուցադրուին 150 նմոյշներ, որոնք Մատենադարանէն, Էջմիածնէն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն եւ Վենետիկէն ժամանակաւորապէս Միացեալ Նահանգներ բերուած են: Այս աշխատանքին նախորդած են Հայաստանէն պետական մակարդակով եւ թանգարանի աշխատակիցներու տքնաջան կազմակերպչական աշխատանքներ: Ի դէպ, նախորդ իշխանութիւններուն օրով ձեռք բերուած այս պայմանաւորուածութիւնը ի կատար ածուած է նոր իշխանութիւններուն ժամանակ: «Հայաստան» ցուցադրութիւնը ամերիկեան կողմէն կազմակերպած եւ համակարգած է «Մեթրոփոլիթըն»ի Բիւզանդական արուեստի բաժնի աշխատակից Էլէն Իվընս, որ ըսած է. «Ցուցահանդէսին նպատակն է այցելուներուն յիշեցնել, որ հայկական արուեստն ու մշակոյթը համաշխարհային արուեստին կարեւոր մասերն են»:

Էլէն Իվընսի խօսքով՝ «Մեթրոփոլիթըն»ը պիտի փորձէ պատմել, թէ ինչպէս հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ պահպանել իր ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը: Նմոյշները պատկերացում կու տան Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման, հայոց այբուբենի ստեղծման եւ ազդեցութեան, հայ տպագիր ժառանգութեան, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան եւ այլ կարեւոր դէպքերու եւ իրադարձութիւններու մասին:

«1700-ականներէն ի վեր հայեր կային Վիրճինիա նահանգի Ճէյմսթաուն բնակավայրին մէջ: Հայերը հասած են ամէնուր՝ Ռուսաստանի հեռաւոր հիւսիսային շրջաններ, վերահսկած են կերպասեղէնի վաճառքը Հնդկաստանի մէջ: Իսկ այս ցուցադրութիւնը կը ներկայացուի որպէս առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին տեսողական ձայնը», ըսած է ան:

Ինք՝ Տքթ. Իվընս, նոր չէ, որ հետաքրքրուած է հայկական հնագոյն արուեստով: Իր ատենախօսութիւնը գրած է Կիլիկիոյ հայկական ձեռագրերուն մասին։ Այս մէկը նիւթ մըն է, որ իր միջազգային նշանակութեամբ կարգ մը այլ օտար գիտնականներն ալ հետաքրքրած է: Էլէն Իվընս այդ ժամանակէն, նաեւ թանգարանին մէջ աշխատանքի սկսած օրէն ի վեր, միշտ իր ուշադրութեան տակ պահած է հայկական արուեստն ու մշակոյթը եւ միշտ ծրագրած է մեծադիր ցուցադրութիւն մը կազմակերպել: Մինչ «Հայաստան» ցուցահանդէսը, ան իր կազմակերպած քանի մը այլ ցուցահանդէսներու ժամանակ հայկական նմոյշներ ներառելու առիթները չէ փախցուցած եւ այդ մէկը ըրած է սիրով, քանի որ համոզուած է, որ արեւելեան քրիստոնեայ աշխարհը ամբողջական պիտի չըլլայ առանց հայկական նմոյշներու ցուցադրութեան: Հետեւեալ խորագիրներով իր համադրած ցուցահանդէսներուն մէջ Իվընս անպայման ներառած է հայկական նիւթեր եւ ցուցանմոյշներ.

«Բիւզանդիոյ փառքը (843-1261)» 1997 թուին եւ 2004 թուականին «Բիւզանդիա. հաւատք եւ զօրութիւն (1261-1557)»: Այցելուները այդ ցուցահանդէսներուն միջոցաւ տեղեկացած են, որ Հայաստանը Բիւզանդական կայսրութեան շրջանին քրիստոնէական արեւելեան համայնքին անքակտելի մասը կազմած է: Իվընս մասնակցած է նաեւ Նիւ Եորքի Մորկըն գրադարան-թանգարանի «Դրախտի գանձեր. հայկական նկարազարդ ձեռագրեր» ցուցադրութեան համակարգման՝ 1994 թուականին, իսկ Քոլոմպիա համալսարանին մէջ վարած է հայկական արուեստի դասընթացքներ եւ աշխատութիւններ հրապարակած է նոյն նիւթով: Իվընս Հայաստան այցելած է քանի մը առիթներով: Նախ 2008 թուականին եկած էր, որպէսզի կազմակերպէ եւ ղեկավարէ «Լոռի-Բերդ» անունով խաչքարին Հայաստանէն տեղափոխումը եւ տեղադրումը «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի Բիւզանդական արուեստի բաժնի «Մերի եւ Մայքըլ Ճահարիս» սրահին մէջ: Այդ խաչքարը նշանաւոր թանգարանին միւս հայկական ցուցանմոյշներուն՝ Կուտինայի արուեստին, հայկական մետաղադրամներուն, ձեռագիրներուն հետ անցնող տարիներուն կը ներկայացնէր հայկական միջնադարեան արուեստի կարեւոր մէկ հատուածը ու դարձաւ առաջին խաչքարը, որ երբեւէ յայտնուած է ամերիկեան թանգարաններուն մէջ: Տասը տարի առաջ «Մեթրոփոլիթըն» տարուած հայկական խաչքարը նոյնպէս մաս կազմած է այս վերջին՝ «Հայաստան» ցուցահանդէսին: Իսկ 2015 թուականին Էլէն Իվընս «Հայաստան» ցուցահանդէսի համար նմոյշներ ընտրելու միտումով այցելած է Հայաստան եւ երեք տարուան ընթացքին գլուխ հանած է զայն:

«Հայաստան» ցուցահանդէսը մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ այն առումով, որ այս տարի կը նշուի ամերիկեան հողին վրայ հայկական ներկայութեան 400-ամեակը։ Ըստ պատմական տեղեկութիւններու, 1618 թուականին առաջին հայը՝ Մարթին անունով, հասած է Վիրճինիոյ ափերը եւ բնակութիւն հաստատած Ճէյմսթաունի մէջ: Այս տարի հայկական մշակոյթը՝ սովորոյթներն ու աւանդոյթները, ցուցադրուած են Ուաշինկթընի մէջ, Սմիթսընեան ժողովրդական կեանքի փառատօնի ծիրէն ներս, նաեւ «Հայաստան» ցուցահանդէսը երկրորդ նման մեծածաւալ ձեռնարկն է Ամերիկայի ուրիշ մեծ կեդրոնէ մը ներս:

«Հայաստան» ցուցահանդէսը բացուեցաւ այն օրերուն, երբ ՄԱԿ-ի գագաթաժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք ժամանած էին տասնեակ պետութիւններու ղեկավարներ: Հայաստանէն ալ հոգեւոր եւ աշխարհիկ բարձրաստիճան ղեկավարութիւն մը ներկայ էր:

Ցուցահանդէսի բացումին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր կազմակերպիչներուն՝ Տքթ. Իվընսին, թանգարանի նախագահ Տանիէլ Վայսին, թանգարանի տնօրէն Մաքս Հոլիին, ձեռնարկի համակարգողներուն, բոլոր անհատ նուիրատուներուն, հիմնադրամներուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարաններուն:         

Միայն Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն Նիւ Եորք տարուած է 34 ցուցանմոյշ, որոնց կարգին՝ քանդակագործութեան բարձրարժէք նմոյշներ, կրօնական, կենցաղային առարկաներ եւ այլն:

Երեւանի Մատենադարանի տրամադրած 28 ձեռագրերու հիմնական մասը Աւետարաններ են, Աստուածաշունչ գիրքեր, նաեւ պատմական անձեր ներկայացնող ձեռագիր նմոյշներ:

Մատենադարանը Նիւ Եորքի ցուցահանդէսին կը ներկայանայ նաեւ հարուստ մանրանկարներով: Ներկայացուած են հայ գրչութեան բոլոր մեծ կեդրոնները: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայացուցած է ընդհանուր առմամբ քսան ցուցանմոյշ, որոնց շարքին՝ խաչքարեր, Մայր Տաճարի քարակերտ մանրակերտը, արծաթեայ եկեղեցական մասունքարաններ, բանուած իրեր, վարագոյրեր: Ցուցանմոյշները կը պատկանին վաղ միջնադարէն մինչեւ 18-րդ դարու ժամանակաշրջանին: Ցուցադրութեան մաս կը կազմեն նաեւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն, Մխիթարեան միաբանութենէն հայ միջնադարեան մշակոյթի գանձեր, ինչպէս նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի մէջ պահուող նմոյշներ:

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ցուցադրուեցան նաեւ սփիւռքահայ լուսանկարիչ Հրայր Խաչերեանի (Բազէ) հայկական խաչքարերու նշանաւոր լուսանկարները եւ Հրայր Բազէի լուսանկարներու ալպոմ-գիրքը:

Ի նշան երախտագիտութեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցուցահանդէսի համադրող Իվընսը պարգեւատրած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ շքանշանով:

Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսի բոլոր նիւթական ծախսերը հիւրընկալող կողմը իր վրայ վերցուցած է, ինչպէս նաեւ հոգացած է թեքնիկ կողմը՝ նմոյշներու փոխադրումը եւ այլն, ցուցահանդէսին մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած են բարերարներ ու հիմնադրամներ, իսկ իբրեւ գլխաւոր հովանաւոր կը նշուի Միացեալ Նահանգներէն «Յակոբ Գէորգեան» հիմնադրամը։ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի ցուցահանդէսին համար նախատեսուած է նաեւ պատկերագիրքի մը հրատարակութիւն, ուր գունազարդ լուսանկարներով եւ մեկնաբանութիւններով կը ներառուին բոլոր այն նմոյշները, որոնք տեղ գտած են ցուցահանդէսին: Բացի այդ, այս ցուցահանդէսին լայնօրէն անդրադարձած է ամերիկեան մամուլը, նաեւ արուեստի յօդուածներ նախատեսուած են հրատարակուիլ թանգարանի «The Metropolitan Museum of Art Bulletin»ի եւ «Calender of Events»ի մէջ։

Ցուցահանդէսը թանգարանէն ներս բաց կը մնայ մինչեւ 2019 թուականի յունուարի 13-ը:

ՄՇՈՅ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ՎԱՆՔԻ ԴՐԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

«Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած է նաեւ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի 13-րդ դար թուագրումով փայտեայ դուռը, որ, ըստ պատմաբաններու եւ արուեստաբաններու, փաստօրէն 1915 թուականէն ի վեր առաջին անգամն է, որ լայն հանրութեան հասանելի կը դառնայ իբրեւ ցուցանմոյշ:

Մշոյ հռչակաւոր Ս. Կարապետ վանքը դարեր շարունակ հայ գրչութեան, կրթութեան եւ մշակութային կեդրոն եղած է եւ փաստօրէն հանդիսացած է Էջմիածնէն ետք Հայաստանի երկրորդ հոգեւոր կեդրոնը: 1915-ի դէպքերէն ետք վանքէն հրաշքով փրկուած է միայն անոր դուռը, որ 1212 թուականին հայ վարպետները ստեղծած են եւ երկփեղկանի փայտեայ այդ դուռը կը նկատուի հայ միջնադարեան կիրառական արուեստի գլուխ գործոցը: Յայտնի է, որ ներկայիս կը պահուի Գանատա՝ մասնաւոր փակ հաւաքածոյի մը մէջ: Թէ ինչպէ՞ս փրկուած է այս դուռը եւ ինչպէ՞ս հասած է մեր օրերը, այս մասին իր յուշերուն մէջ մանրամասնօրէն նկարագրած է ճարտարապետութեան տոքթոր, հանգուցեալ Արմէն Հախնազարեան: Այդ յուշապատումը տպագրուած է «Գարուն» ամսագրին մէջ՝ 1997 թուականին: Ըստ Տքթ. Հախնազարեանի, Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին դուռը 1976 թուականին 5000 գերմանական մարքով ձեռք բերած եւ իր տան մէջ գաղտնի կերպով պահած է Արմէն Հախնազարեանի՝ Իսթանպուլի մէջ բնակող մտերիմ ծանօթը՝ գերմանացի արուեստագէտ, հնագէտ Ռիխտէր: Այդ գործին մէջ Ռիխտէրին օգնած է անոր թուրք դրացին՝ պաշտօնաթող բարձրաստիճան զինուորական մը: Այդ զինուորականն ալ, իր կարգին, ատկէ ամիսներ առաջ հանգամանքներու բերումով գտնուելով Մուշ նահանգի քիւրտերով բնակեցուած հեռաւոր գիւղերէն մէկուն մէջ, զիրենք հիւրընկալած գիւղապետին տան մառանին մէջ անըս-պասելիօրէն կը յայտնաբերէ այդ հին դուռը եւ յետոյ կը կարողանայ զայն տեղափոխել Իսթանպուլ: Ռիխտէրին հրաւէրով Արմէն Հախնազարեան կու գայ Իսթանպուլ եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութենէ ետք կը հաստատէ, որ ձեռք բերուած դուռը, իսկապէս գանձ մըն է՝ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին դուռը: Ապա, սակայն, անլուծելի հարց մը կը յառաջանայ, թէ ինչպէ՞ս հանել դուռը Թուրքիայէն։

Այդ հարցով Արմէն Հախնազարեան կը դիմէ ուրիշ ծանօթի մը՝ Անգարայի Գերմանիոյ դեսպանատան մշակութային կցորդ Տքթ. Ցինզէրին: Ռիխտէր այս միջնորդութիւններուն շնորհիւ կը յաջողի դուռը հասցնել Անգարա, ուրկէ Ցինզէր, որպէս դեսպանատան բարձրաստիճան պաշտօնեայ, իր անձնական ապրանքներուն մէջ զայն փոխադրել կու տայ Գերմանիա: Դուռը կը հանգրուանէ Ֆրանքֆուրթ քաղաքը՝ արհեստանոցի մը մէջ: Սակայն անոր հետ կապուած կրկին անյաղթահարելի խնդիրներ կը ծագին՝ տեղի կ՚ունենայ անսպասելին: Իսթանպուլի իրենց տան մէջ ծառայող սպասուհին պատճառ կը դառնայ, որ Ռիխտէր բանտարկուի: Սպասուհին տունէն հնաոճ իրեր կը գողնայ. ոստիկանութիւնը կը տեղեկանայ, որ Ռիխտէրները տան մէջ արժէքաւոր իրեր կը հաւաքեն: Կեղծ մեղադրանքով բանտ կը նետեն Ռիխտէր զոյգը: Կինը շուտով կ՚ազատի, իսկ Պրն. Ռիխտէր սիրտի տագնապով կը մահանայ բանտին մէջ: Անոր կինը Գերմանիա կը փոխադրուի: Ռիխտէրի մահէն ետք Արմէն Հախնազարեան Գերմանիոյ մէջ կը հանդիպի անոր այրիին եւ կը տեղեկանայ, որ Տիկին Ռիխտէր կը պատրաստուի վաճառել դուռը, քանի որ դրամական լուրջ հարցեր ունի...

Իր յուշերուն մէջ Արմէն Հախնազարեան կը գրէ հետեւեալը.

«Այդ օրուընէ տարիներ անցան, բայց ես միշտ զանազան առիթներով կը փնտռէի մէկը, որ դուռը գնէ եւ փոխադրէ այնտեղ, ուր անոր միակ արդար տունն է՝ Հայաստան: Ինծի մտերիմ եւ բարեկամ անձնաւորութիւն մը ժամանակին հետաքրքրուեցաւ, սակայն խորհրդատուի մը սխալ միջնորդութիւնը խանգարեց, ուղիղ նպատակէն շեղեցաւ եւ տարիներ շարունակ հետեւողական կերպով տարուած գործը մնաց ապարդիւն՝ ձախողեցաւ: Անցեալ տարի՝ 1996-ի աշնան, Լոնտոնի մէջ աճուրդի դրուեցաւ բուռ մը հայոց պատմութիւն, եւ մուրճի հարուածով մը Մշոյ սուլթան Ս. Կարապետ վանքին դուռը վաճառուեցաւ անյայտ օտարի մը: Հեռաձայնով կը լսեմ Մեսրոպ Արք. Աշճեանի յուսախաբ ձայնը՝ «Շատ նեղուած եմ, Արմէն, մերոնց զգուշացուցի, անոնք հոն էին եւ ոչինչ ըրին: Դուռը ոչ-հայ մէկը գնեց, չենք գիտեր թէ ո՛վ…»»:

Այս ձեւով, 1996 թուականին, ատկէ քսան տարի առաջ հրաշքով յայտնաբերուած դուռը Լոնտոնի մէջ աճուրդով ընդամէնը 50 հազար տոլարի կը գնէ անյայտ անձ մը, որուն մասին միակ յայտնի բանը այն էր, որ հայ չէր…

Արմէն Հախնազարեան, դուռին մասին իր յուշապատումը կ՚աւարտէ հետեւեալ տողերով.

«Դժուար է հոգւոյն աչքերը փակել եւ չտեսնել, չլսել եւ չյիշել, երբ յիշողութիւնը ամէն ազգի այն հոգեւոր թելն է, որով կը կարուի անոր բարոյական զգեստը: Դուռը, որ կը բացուէր դէպի մեր հոգեւոր մշակութային ակունքները, մեզի համար գոց մնաց եւ աճուրդի ճամբով գնաց օտարութիւն՝ իրեն հետ տանելով Մշոյ սուլթան Ս. Կարապետին կապուած մեր մշակոյթին եւ պատմութեան արժէքաւոր շերտը: Գրած, աւարտած եմ դրան մասին իմ պատմութիւնս: Կը նայիմ պատուհանէն դուրս, անձրեւէն յետոյ պայծառ արեւ է, պարզ կապոյտ երկինք, բայց ես կ՚ամչնամ երկնքին նայելու…»։

Յուզիչ է 2009 թուականին կեանքէն հեռացած Տքթ. Արմէն Հախնազարեանի յուշերը կարդալէ ետք տեղեկանալ եւ լուսանկարներով տեսնել, թէ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին դուռը Նիւ Եորքի «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսի զարդերէն մին դարձած է:

Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները կարողացած են կապ հաստատել պատմական վանքի պատմական դրան սեփականատիրոջ հետ եւ հայոց պատմութեան այդ բացառիկ մասունքը ներկայացնել լայն հանրութեան: Դրան աջ կողմի փեղկին վրայ կան չորս առաքեալները՝ Պետրոսը, Մարկոսը, Մատթէոսը եւ Պօղոսը: Ձախ կողմին վրայ պատկերուած է Քրիստոսի մկրտութիւնը, Քրիստոսը կիսով սուզուած է ջուրին մէջ, քովը՝ երկու կերպարանք, հաւանաբար, Գաբրիէլ հրեշտակապետը եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը: Քրիստոսին ետին կայ Աստուծոյ ձեռքը: Մեծ ձուկ մը կայ, որ կը լողայ վարի ջուրերուն մէջ: Դրան վրայ արձանագրութիւնները տեսնելուն պէս սղագրած է Տքթ. Հախնազարեան: Այդ արձանագրութիւնները նոյնպէս տեղ գտած են իր յուշապատումին մէջ:

Իբրեւ փայտեայ փորագրութեան բացառիկ նմոյշ՝ այս երկփեղկանի դրան անցած ճանապարհը, իսկապէս արկածային է եւ խորհրդաւոր, թէ ո՛վ է անոր այսօրուան սեփականատէրը, որուն պիտի վերադարձուի դուռը՝ «Հայաստան» ցուցահանդէսէն ետք...

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018