ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐԴՈՑ
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդոց միջեւ որքան հաւասարութիւն, նոյնքան եւ աւելի, տարբերութիւններ կը գտնուին։ Իսկութեան մէջ հաւասարութեան կարեւորութիւնը եւ արժէքը կը յայտնուի այդ տարբերութիւններու շնորհիւ։ Արդարեւ, եթէ չըլլային արտաքին տարբերութիւններ, այլապէս պիտի չխօսուէր հաւասարութեան մասին։ Եւ բնական եւ սովորական պիտի ըլլար հաւասարութիւնը եւ թերեւս հաւասարութեան գոյութիւնը պիտի չզգացուէր. չէ՞ որ բանի մը արժէքը կը հասկցուի երբ ան կորսուի եւ կամ խափանուի։ Ուրեմն, մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններն են որ հաւասարութեան արժէքը եւ կարեւորութիւնը ի յայտ կը բերեն։
Մարդոց հաւասարութիւնը հիմնուած է մարդուն արարչութեան պայմաններուն, նպատակին եւ իմաստին վրայ։ Արդարեւ, Մարդ ստեղծուած է ըստ պատկերին Աստուծոյ, օժտուած բանական միեւնոյն հոգիով՝ նոյն նպատակին ծառայելու համար։ Ուստի արարչութեամբ, բոլոր մարդիկը ունին նոյն բնութիւնը եւ նոյն ծագումը։ Մարդիկ հաւասար պայմաններու ներքեւ կը սկսին ապրիլ կեանքը՝ թէեւ անոնք ունենան արտաքին տարբերութիւններ։
Եւ Քրիստոսի զոհովը գնուած՝ բոլորը կոչուած են մասնակցելու աստուածային միեւնո՛յն երանութեան, բոլորն ալ ուրեմն հաւասար արժանապատուութեան տէր են։ Եւ հաւասար արժանապատուութեան տէր ըլլալ, կը նշանակէ ներքին հաւասարութիւն ունենալ, ներքնապէս հաւասարութիւն վայելել։
Հաւասարութիւնը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ այդ հաւասարութենէն բխող իրաւունքներու վրայ։ Ամէն տեսակ տարբերութիւն, ամէն տեսակ խտրականութիւն, որ կը հայի անձին հիմնական-էական իրաւունքներուն, եւ կամ հաստատուած, հիմնուած է սեռի, ցեղի, մորթի գոյնին, ընկերային դիրք եւ կացութեան, լեզուի կամ կրօնի վրայ, պէտք է զանց առնուի իբրեւ ներհակ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ծրագրին։
Ուստի Աստուած մարդը ստեղծեց տարբերութիւններով, բայց նաեւ հաւասա՛ր՝ այդ տարբերութիւններուն մէջ։ Արդէն, ինչպէս աւելի առաջ յիշեցինք, եթէ տարբերութիւններ չըլլային, ի՛նչ արժէք եւ կարեւորութիւն պիտի ունենար հաւասարութիւնը։
Մարդ, աշխարհ գալով, իր տրամադրութեան տակ չունի ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր կեանքին բարգաւաճումին համար։ Արդարեւ, մարդ իր թերութիւններով եւ տկարութիւններով այդ կարողութիւնը եւ տարողութիւնն ալ չունի. միշտ կը կարօտի իր Արարչին հոգատարութեան եւ խնամքին։
Մարդ երբեմն կրնայ ունենալ այն յաւակնութիւնը՝ թէ ինքնաբաւ է ինք, բայց շուտ կ՚անդրադառնայ երբ անկարելիին հանդիպի եւ կամ անել վիճակի մը մատնուի՝ թէ կը սխալի իր վրայ ունեցած հաւանութեան։ Եւ ահաւասիկ կը զգայ, թէ ինք ամենակարող չէ եւ պահանջքը ունի միշտ Աստուծոյ՝ իր Արարչին եւ Նախախնամին։
Մա՛րդ ինքնաբաւ չէ, եւ այդ իսկ պատճառով ալ մարդիկ հաւասար են՝ որքան ալ տարբեր կարողութիւններ, կարելիութիւններ ունենան, քանի որ անոնք միշտ սահմանաւոր են եւ ժամանակաւոր։ Ուժով, զօրաւոր, կարող երիտասարդ մը երբ տարիներ անցնին հետզհետէ կը կորսնցնէ իր ուժն ալ, զօրութիւնն ալ, կարողութիւնն ալ, եւ այլեւս ան նոյն երիտասարդը չէ, թէեւ ուրիշ մէկը չէ, բայց այն երիտասարդն ալ չէ՛…։
Ուրեմն, կը տեսնուի, որ մարդիկ ժամանակի մէջ ալ տարբերութիւններ կրնան ունենալ, բայց ի հեճուկս այդ տարբերութիւններուն մարդիկ ներքնապէս հաւասա՛ր են միշտ, ամէն պարագայի մէջ եւ ամէն պայմաններու ներքեւ։ Բայց մարդ, այդ հաւասարութիւնը պահպանելու համար կարիքը ունի ուրիշներուն՝ իր նմաններուն։ Այո՛, բնական է որ յայտնուին տարբերութիւններ, որոնք կապուած են տարիքի, մարմնական-ֆիզիքական կարողութիւններու, իմացական եւ բարոյական ընդունակութիւններու, փոխանակումներով ձեռք ձգուած շահերու, պաշտօնական դիրքերու, հարուստութիւններու ընդհանուր բաշխումի։
Արդարեւ, Աւետարանն ալ կը վկայէ՝ թէ «Քանքար»ները չեն բաժնուած «հաւասար» կերպով. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 14-30), (ՂՈՒԿ. ԺԹ 11-27)։
Այս տարբերութիւնները Աստուծոյ ստեղծագործութեան-արարչութեան ծրագրին մաս կը կազմեն. Աստուած կ՚ուզէ որ իւրաքանչիւրը իր պէտք ունեցածը ստանայ ուրիշէն, իսկ անոնք որ իրենց տրամադրութեան տակ ունին յատուկ «քանքար»ներ, այսինքն ձիրք, տաղանդ, ընդունակութիւններ, զանոնք բաժնեն կարիքաւորներուն հետ։ Իրերօգնութեան սկզբունքն է ասիկա՝ որուն կոչուած է մարդ իր արարչութեան պահէն իսկ։ Սա իրողութիւն մըն է՝ թէ տարբերութիւնները կը քաջալերեն եւ յաճախ կը ստիպեն մարդիկը բարեացակամ, վեհանձն եւ մանաւանդ բաժնեկից ըլլալու, կը խթանեն մշակոյթները զիրար փոխադարձաբար ճոխացնելու։
Արդարեւ, Սուրբ Կատարինէ Սիենացի իր «Աստուածային Երկխօսութիւններ»ուն մէջ կ՚ըսէ.
«Ես բոլոր առաքինութիւնները ամէն մէկուն հաւասար չափով չեմ տար…։ Բազմաթիւ առաքինութիւններ կան զորս այս կերպով կը բաշխեմ, երբեմն ասոր, երբեմն միւսին…։ Մէկուն կու տամ սէրը, միւսին՝ արդարութիւնը, ասոր կու տամ խոնարհութիւնը, անոր՝ բարիի բորբ հաւատքը…։
«Գալով մարդկային կեանքին անհրաժեշտ եղող ժամանակաւոր բարիքներուն, բաժնած եմ զանոնք ամենամեծ անհաւասարութեամբ եւ չեմ ուզած որ ամէն մարդ ունենայ ամէն ինչ որ անհրաժե՛շտ է իրեն համար, որպէսզի այսպէս մարդիկն պահանջքէ մղուած առիթն ունենան գործադրելու եղբայրսիրութիւնը իրարու հանդէպ։ Ուզեցի որ անոնք իրարու կարիքն ունենան եւ ըլլան Իմ պաշտօնեաներս ուրիշին բաշխելու մէջ շնորհք եւ առատաձեռնութիւն՝ զորս Ինձմէ ստացան…»։
Այս խորհրդածութիւններէ կը հետեւի՝ թէ «հաւասարութիւն»ը ո՛չ թէ արտաքին, այլ ներքին արժէք մըն է, եւ ուրեմն բարոյական հաւասարութիւնը որպէս սկզբունք, տեսանելի, արտաքին հաւասարութիւն չէ՛, եւ դարձեալ այս իմաստով բարոյական հաւասարութիւնը՝ ընծայուած առիթներէն կարենալ օգտուելու ազատութի՛ւնն է, ուրիշ խօսքով, «առիթներէ օգտուելու իրաւո՛ւնք»ն է հաւասարութիւնը, որ կը վայելէ անխտիր ամէն մարդ։
Ուրեմն, հաւասարութիւնը ապահովել եւ պահպանել, մարդուս ջանասիրութենէն կախում ունի, այն որ առիթներէն կ՚օգտուի, որ հաւասարապէս ընծայուած է, կը վայելէ հաւասարութեան բարիքը։ Ուրեմն, հաւասարութիւնը գործ եւ աշխատանք կը պահանջէ։
Անշուշտ գոյութիւն ունին նաեւ «անիրաւ հաւասարութիւն»ներ, որոնք կը հարուածեն բազմաթիւ անհատներ։ Արդարեւ, անձերուն վայելած հաւասար արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ մարդիկ հասնին կեանքի աւելի արդար եւ աւելի մարդկային պայմաններու։ Տնտեսական կամ ընկերային չափազանցուած անհաւասարութիւնները մարդկային միեւնոյն անդամներուն մէջ գայթակղութիւն կը պատճառեն, որոնք արգե՛լք են ընկերային արդարութեան, իրաւախոհութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ ընկերային խաղաղութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր, 5, 2018, Իսթանպուլ