ՈՂՋՈ՛ՅՆ ԲԱՐԵԿԱՄ

Ողջոյն իմ հին օրերու ոչ անկեղծ, սակայն շատ սիրելի նախկին ընկեր-բարեկամ։ Սա պահուն մեծ ուրախութեամբ, հիասթափութեամբ, ինչո՞ւ չէ նաեւ քիչ մըն ալ ափսոսանքով կը յիշեմ մեր անցած-գացած լաւ ու բարի օրերը։

Յիշողութեանս մէջ տակաւին թարմ է մեր ծանօթութիւնը։ Համալսարանական կեանքի առաջին օրերն էին, երբ ուշադրութիւնս գրաւեց խորաթափանց հայեացքով, գեղադէմ, ուշիմ, ծանրակշիռ, միշտ լուռ շուրջը զննող ու հետեւութիւններ ընող երիտասարդ մը, որը՝ դուն էիր։ Իրարու հետ ծանօթանալէ ետք, սկսայ հիանալ մարդկային տեսակովդ։ Խելացի, բարի ու վեհ զգացումներու տէր երիտասարդ մը, որու տեսակին 21-րդ դարաշրջանին մէջ դիւրին չէ հանդիպիլ։ Ժամանակի ընթացքին ինծի համար դարձար շատ մտերիմ ընկեր-բարեկամ, յամենայնդէպս ես անանկ կը խորհէի։ Երբեմն կը խոստովանէիր, թէ քեզի համար քրոջ պէս եմ, ես ալ անկեղծօրէն քեզ կրտսեր եղբօր պէս կը սիրէի։ Յաճախ կը բարկանայի շուրջդ կատարուող անիրաւութիւններու պատճառաւ ու կարծես ամէն կերպ կը ջանայի քեզ պաշտպանել։ Բոլոր յաջողութիւններովդ շատ կ՚ուրախանայի, կը հպարտանայի քեզմով։

Այսօրուան պէս կը յիշեմ մեր երեկոյեան հանդիպումները զանազան միջոցառումներու ընթացքին։ Անոնցմէ ամենէն յիշարժանը պարի դասընթացքներն էին։

Ամէն ամսուան վերջին ուրբաթ օրը կը մասնակցէինք հայկական ազգային պարերու «Մեր պարերը եւ մենք» սիրողական դասընթացքին, որ կը կազմակերպուէր «Նարեկացի» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Այդ օրերուն «Նարեկացի» մշակոյթի կեդրոնը սովորականէն աւելի մարդաշատ կ՚ըլլար։ Կեանքը կ՚եռար, մեծ խանդաղատանք կար՝ շաղախուած երջանկութեան ու անհոգութեան պատառիկներով։ Հաւաքուածները կարծես քանի մը ժամով կը մոռնային իրենց բոլոր առօրեայ հոգերն ու մտածումները։ Երեկոյեան ժամերուն այնտեղ կը հաւաքուէին քանի մը տասնեակ ազգասէր ու մշակութապաշտ երիտասարդ ուսանողներ ու Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաշատ գործիչ՝ մշակութաբան, պարագէտ ու պարահաւաք Գագիկ Գինոսեանի եւ իրեն կողմէ ստեղծուած «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի պարողներուն օգնութեամբ կը սորվէինք հայկական պարեր։ Բաւականին հետաքրքիր ծանօթութիւններ կ՚ունենայինք։ Այդ պարերը հասարակ պարեր չէին, անոնք օժտուած էին ազնուագոյն՝ վեհ ու նուիրական զգացումներով՝ հայրենասիրութեամբ, աւանդապաշտութեամբ ու ընկերասիրութեամբ, որոնք օդակաթիլային ճանապարհով անմիջապէս կը վարակէին ներկաները։

Տպաւորութիւնները այնքան զօրաւոր կ՚ըլլային, որ դասընթացքէն ետք, ի դէպ՝ շատ ուշ կը լմննար, տուն փութալու փոխարէն՝ հայրենասիրութեան ոգիով գինովցած, խումբ մը երիտասարդներ կը թափառէինք երեւանեան փողոցներով։ Բարձրաձայն կ՚երգէինք զանազան ազգային երգեր, երբեմն ալ տեղ մը կենալով կը պարէինք՝ մեր իսկ երգեցողութեան տակ։ Քանի որ ժամը ուշ կ՚ըլլար, երբեմն ոստիկանները կը մօտենային մեզի ու կը խնդրէին դադրեցնել երգեցողութիւնը, որպէսզի չխանգարենք մարդոց գիշերային անդորրը, սակայն մենք՝ խենթ ու խելառ երիտասարդներս ի զօրու չէինք ըլլար հետեւիլ յարգարժան պարոն ոստիկանի յորդորներուն եւ քանի մը քայլ ետք կը շարունակէինք նոյն կերպով յառաջանալ։ Ասոր պէս շա՜տ զուարճալի ու արկածներով լի օրեր ունեցանք։

Դուն միշտ բիւր յարգանքով կը վերաբերէիր տարեցներուն եւ ի վերջոյ օր մը որոշում տուիր գիրք գրել նոր սերունդի կողմէ գրեթէ մոռացութեան մատնուած մեծանուն հայ արուեստագէտներուն մասին։ Սկսար դասերէ ետք դռնէ դուռ շրջիլ եւ տեղեկութիւններ հաւաքել՝ անոնց կեանքի մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ։ Արդարեւ, քու բռնած ճամբան թէեւ խրթին էր, սակայն ան քեզ աստիճանաբար բարձունքներու հասցուց։

Իւրաքանչիւր արուեստագէտի հետ հանդիպումէ ետք աչքերդ կը փայլէին, դէմքիդ արեւ կը ծագէր, առանց խմիչք գործածելու կ՚արբենայիր անոնց ներկայութենէն։ Ես ալ միշտ կը խնդրէի, որ պատմես թէ ինչպէ՛ս անցան հանդիպումներդ, ի՛նչ տպաւորութիւններ ստացար։ Բազմաթիւ յամառ խնդրանքներէս ետք քանի մը անգամ թոյլ տուիր, որպէսզի քեզի հետ գամ հերթական արուեստագէտի մը հետ հանդիպման։ Անմոռանալի հանդիպումներէն ես նոյնպէս անսահման տպաւորուեցայ, այդ մեծանուն մարդոցմէ այնքան շատ բան ունինք սորվելիք, որ երեւի թէ մի ամբողջ կեանք չի բաւեր։ Մէկ-երկու հանդիպումներու թողած ազդեցութիւններու հետեւանքով, սկսայ վերանայիլ իմ ապրած կեանքը. անոր հաղորդելով նոր իմաստ ու երանգներ։

 Ինծի համար միշտ հաճելի էր քեզի հետ ընկերութիւն ընել, զրուցել, մեծաւ մասամբ կիսել կարծիքներդ, երբեմն ալ առարկել։ Սակայն ժամանակի ընթացքին մեր ջերմ ու բարի ընկերութիւնը աստիճանաբար սկսաւ պաղիլ։ Ամիսներ, տարիներ անցան…

Համալսարանը աւարտեցինք։ Մեր ընկերային կապն ալ սկսաւ փրթիլ։

Սիրեցի… Սիրոյ թեւերը զիս Պոլիս բերին։ Որոշ ժամանակ ետք ամուսնացայ, զաւակ ունեցայ։ Այդ միջոցին ալ դուն յաջողեցար երկու արժէքաւոր գիրք գրել ու հրատարակել։ Քրտնաջան աշխատանքիդ շնորհիւ ձեռք բերած աւանդիդ համար արժանացար երիտասարդ մտաւորականի, արուեստագէտ-վերլուծաբանի կոչման։

Քանի մը շաբաթ առաջ՝ առաջին անգամ այցելեցիր Պոլիս՝ այժմու բնակած քաղաքս։ Ընկերային ցանցերէն ու հայկական թերթի մը մէջ պատահաբար տեսայ բաւական խիտ այցելութիւններդ ու պտոյտներդ Պոլսոյ գեղատեսիլ վայրերուն ու հայկական թաղերուն մէջ։ Զանազան հանդիպումներ ունեցար հին ու նոր բարեկամներուդ, ընկերներուդ հետ։ Իսկ ինծի նոյնիսկ չի հեռաձայնեցիր, չի հարցուցիր որպիսութիւնս։ Մինչեւ դուռս հասար, սակայն անտարբեր անցար…

 Իսկ ես գիտէի, թէ մեր ընկերութիւնը իրական է՝ յաւէտ. ո՛չ մէկը եւ ոչ մէկ պատճառ կրնայ խանգարել զայն, քանզի իրական ընկերութիւնը երբեք չի՛ հնանար, ժամ ու տարածութիւն չի՛ ճանչնար։ Աւա՜ղ ես չարաչար սխալեցայ…

Կը պարզուի թէ՝

Դու բնաւ էլ ա՛յն չես եղել,

Ա՛յն չես եղել, ինչ որ ես եմ կարծել երկար… (Պարոյր Սեւակ)

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018