ՄԱՐԴ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԿԵՐՊ ՄԸ

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ կարեւոր է եւ նո՛յնքան դժուար՝ մարդ ճանչնալը։ Եւ երբ «մարդ ճանչնալ» կ՚ըսենք, այս կը նշանակէ մարդուն ներաշխարհին մասին յստակ տեղեկութիւններ ունենալ եւ ո՛չ թէ պարզապէս ծանօթանալ անոր հետ։

Ընկերային կեանքին մէջ, անհատներու միջեւ լաւ եւ արդիւնաւոր յարաբերութիւններ մշակել՝ առողջ ընկերային կազմուածքի մը գոյութեանը եւ մանաւանդ անոր գոյատեւմանը համար անհրաժե՛շտ է։ Եւ ասիկա կարելի է իրականացնել զիրար ճանչնալով, զիրար հասկնալով, իրարու անկեղծ եւ ճշմարիտ նկարագիրներու, այսինքն իրարու ներաշխարհին թափանցելով։

Մարդիկ, ընդհանրապէս կը քօղարկեն իրենց «ներքին մարդ»ը, եւ երեւիլ կ՚ուզեն յաճախ այդ «ներքին մարդ»էն բոլորովին տարբեր մարդու մը կերպարանքով։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ մարդիկ, ընդհանրապէս անկեղծ չեն իրենց փոխյարաբերութիւններուն եւ արտայայտութիւններուն մէջ։ Մարդոց խորհուրդը, խօսքը եւ գործը, շատ անգամ չեն համապատասխաներ իրարու եւ իրերամերժ հանգամանք մը կը ներկայացնեն։

Ըսինք, որ մարդ ճանչնալը կարեւոր եւ սակայն նոյնքան դժուար բան մըն է, քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս իրարու կը մօտենան «դիմակաւոր», այսինքն ծածկուած անձնաւորութեամբ։

Անշուշտ բազմաթիւ կերպեր կան մարդ ճանչնալու, ինչ որ հմտութիւն եւ մանաւանդ մասնագիտութիւն կը պահանջէ։ Այս իմաստով, շատ աւելի մտահոգիչ հետեւանքներու առիթ կու տայ այն յարաբերութիւնը, ուր կողմերէն մէկը իրապէս անկեղծ, սրտաբաց եւ աննենգ է, իսկ միւսը՝ բոլորովին հակառակ՝ կեղծաւոր, նենգամիտ եւ հնարամիտ։ Դժուար է առողջ փոխյարաբերութիւն մը մշակել, երբ կողմերէն մին անկեղծ է, եւ միւսը՝ նենգամիտ եւ խորամանկ։

Այս իմասոտվ, կարելի է ըսել, որ աշխարհի վրայ կը գտնուին խաբողներ եւ խաբուողներ, որ կը նշանակէ անիրաւութեամբ շահողներ եւ անարդարութեան պատճառով կորսնցնողներ, վնասուողներ։ Եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անուրանալի իրողութիւն մըն է այս վիճակը եւ անդարմանելի ընկերային ցաւ մը։ Բայց ահաւասիկ, ա՛յս է կեանքի ճշմարտութիւնը՝ անայլայլելի եւ մշտնջենական։

Այս մասին մարդոց նկարագիրը չէ փոխ-ւած դարերու ընթացքին։ Ա՛յս է կեանքը, ա՛յս է մարդը։ Ուրեմն, պէտք է փնտռել ճամբաներ, կերպեր «ճանչնալու» համար մարդը, անշուշտ փոխադարձաբար, քանի որ այն որ ճանչնալ կ՚ուզէ, պէտք է նաեւ «ճանչցուի» ուրիշներու կողմէ։

Այս իմաստով, մարդիկը ճանչնալու եւ արժեւորելու միակ միջոցը իրենց արտայայտութեան արտաքին մասը, տեսնուած գործը չէ միշտ։ Ուստի մարդը կարելի է ճանչնալ՝ հասկնալ իր հարցումներէն։ Մարդու մը կատարած հարցումը կը բացայայտէ, կը ցոլացնէ իր ներաշխարհը՝ մտային եւ հոգեկան ինքնութիւնը։

Պարագայական, ցուցամոլական, խաբեպատիր եւ յետին նպատակներով թելադրուած հարցումները չէ որ կը ցոլացնեն անձին ներաշխարհը, այլ՝ այն անկեղծ հարցումները, որոնք կը բխին իր հոգիի խորէն, իր սրտէն, իր անձնաւորութեան անկեղծ եւ հարազատ վիճակներէն եւ յատկապէ՛ս տրամադրութիւններէն։

Ուստի ի՛ր տեղին ընել հարցումը, ինչ որ ճի՛շդ հարցումը ընել կը նշանակէ։ Հարցում մը՝ անձնական, անկեղծ շահագրգռութեամբ։

Հարցում ուղղելն ալ արուեստ մըն է։

Իսկ հարցում ուղղելու արուեստին գաղտնիքը գրաւականն է իրաւ գիտութեան եւ անկեղծ արտայայտութեան։ Անշուշտ կարեւոր է հարցումին հասցէն՝ անոր որ կ՚ուղղուի հարցումը։ Բայց ոչ այնքան կարեւոր որքան հարցումը՝ ինք։

Ճիշդ հարցում մը, ուղիղ հասցէի մը կատարել՝ անկեղծութեան նշան մըն է։ Զոր օրինակ, հարցում մը ուղղել մէկու մը, որ յայտնի է, թէ պիտի չկարենայ պատասխանել, նենգամտութիւն է, յետին նպատակով, պարզապէս դիմացինը դժուար կացութեան մատնելու համար պատրաստուած «ծուղակ» մըն է։ Այսպիսի հարցում մը ցոյց կու տայ ենթակային նկարագիրը։ Դիմացինը վարկաբեկելու եւ ծաղրելու համար հարցում ուղղել բարեմտութենէ հեռու է եւ չարամտութեան չափանիշ։

Արդարեւ, անկեղծ, ճիշդ հարցում մը պէտք է ուղղել նախ ինք իր անձին, ապա փնտռել անոր պատասխանը զանազան աղբիւրներու մէջ՝ գիրքի մէջ, խօսքի մէջ, խորհրդածութեան մէջ, անձնական փորձառութեան մէջ, մինչեւ իսկ բնութեան մէջ։ Անկեղծ, աննենգ հարցումի մը ամենէն ճիշդ պատասխանը կարելի է գտնել բնութեան ծոցին մէջ, քանի որ ամէն հարցումի աղբիւրը եւ դրդապատճառը բնութիւնը ի՛նքն է։ Ամէն հարց իր սկիզբը կը գտնէ բնութեան մէջ եւ այս պատճառով, բնութիւնն է, որ կրնայ ճիշդ եւ ամենավստահելի պատասխանը տալ։

Բայց կարեւորը ճիշդ հարցումը գտնելն է՝ ճի՛շդ պատասխանը կարենալ գտնելու համար։

Ճի՛շդ հարցումը, այսինքն ա՛յն հարցումը, որուն պատասխանէն կը սպասուի մտքի նոր մղում, հոգեկան երջանկութիւն, մարդուս գիտութեան հարստութեան հետ միասին։

Ուրեմն, ճիշդ հարցումը՝ ճիշդ հասցէի ուղղուած, ցոյց կու տայ ենթակային մտային եւ հոգեկան վիճակը։ Ան ցոյց կու տայ նաեւ անոր անկեղծութիւնը, նկարագրին յատկանշական գիծերը, մտային պաշարը, հմտութիւնը, խորհուրդները, եւ մէկ խօսքով՝ ներաշխա՛րհը։

«Հարցումի արուեստ»ը գիտնալ, իւրացնել եւ ըստ այնմ վարուիլ՝ մտային եւ հոգեկան հասունութեան չափանիշներէն մէկն է՝ ստուգանիշը անոր մտային եւ հոգեւոր ինքնութեան։

Հարցումի արուեստը ամենէն առողջ, ընտիր եւ ապահով կերպն է իրերհասկացողութեան՝ թափանցելու խօսակիցին ներաշխարհին, եւ մանաւանդ մշակելու առողջ, վստահութիւն ներշնչող փոխյարաբերութիւններ։

Եւ եթէ մարդկային փոխյարաբերութիւնները հաստատ հիմերու վրայ հաստատուած են, ընկերային կեանքի ներկան եւ ապագան ապահով է եւ անվտա՛նգ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 6, 2018, Իսթանպուլ​

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018