ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ԴԱՍՈՒՆ
«Իւրաքանչիւր հոգեւորական իր կեանքը ի սպաս կը դնէ Եկեղեցւոյ ծառայութեան, երբ ներքին ձայն մը զինք կը կանչէ։ Այդ ձայնը կոչումն է։ Հաւատքի այդ զգացողութեան գերագոյն պահը, երբ քրիստոնեայ մարդը իր մէջ այնքան զօրեղ կը զգայ ծառայելու զգացումը եւ կը հետեւի Քրիստոսի հրաւէրին, երբ Ան կը պատգամէ. «Վերցուր խաչդ եւ ինծի հետեւէ»։ Ծառայութեան ճանապարհին քալող հոգեւորականը իր ողջ կեանքի ընթացքին ընկրկելու եւ տկարանալու իրաւունք չունի, քանզի Քրիստոս է մեր կեանքի առաջնորդը»։
Նոյեմբերի 14-ին, երեկոյեան տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ գնահատանքի յատուկ ձեռնարկ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներու ծննդեան եւ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման տարեդարձներու առթիւ։ Հետեւեալ հոգեւորականներու ծննդեան տարեդարձներն էին. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան (80 տարեկան), Տ. Սիփան Ա. Քհնյ. Մխսեան (70 տարեկան), Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տեմիրճեան (60 տարեկան), Տ. Զաքարիա Քհնյ. Սարիբէկեան (50 տարեկան) եւ Տ. Յովէլ Քհնյ. Օհանեան (40 տարեկան)։ Իսկ հետեւեալ հոգեւորականներու ձեռնադրութեան եւ օծման տարեդարձներն էին. Տ. Սիփան Ա. Քհնյ. Մխսեան (50 տարի), Տ. Մանուկ Ա. Քհնյ. Մարգարեան (40 տարի), Տ. Զենոբ Ա. Քհնյ. Նալպանտեան (40 տարի), Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Հայրապետեան (30 տարի), Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան (20 տարի), Տ. Զաւէն Քհնյ. Մարկոսեան (20 տարի), Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան (10 տարի), Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան (10 տարի) եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Հայրապետեան (10 տարի)։
Հանդիսութեան ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նախկին առաջնորդ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Թաշճեան, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ։
Օրուայ հանդիսավարներն էին Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեան։ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ շարականներու երգեցողութիւն եւ խորհրդածութիւններ։ Երգուեցան «Երանելի սուրբ առաքեալք» եւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականները, ընթերցուեցան Սաղմոսներ, Աւետարան եւ ընթերցուածներ։ Ալենոյշ Եղնազար Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւններէն երկու գեղեցիկ երգեր երգեց, իսկ Մայր տաճարի երգչախումբը շարականներու փունջ մը ներկայացուց։
Տէր Յարութիւնը խօսեցաւ քահանայութեան կոչումին եւ ծառայութեան կարեւորութեան մասին։ Ապա Տէր Արշակը շնորհաւորեց քահանայ հայրերը եւ մաղթեց, որ քահանայից դասը երիտասարդ քահանաներով աւելի եւս ամրանայ։
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ քահանայից ծննդեան տարեդարձներու եւ յատկապէս ձեռնադրութեան եւ օծման ամեակներուն նուիրուած այս հանդիսութեան նպատակն է քահանայական կոչման եւ առաքելութեան կարեւորութիւնը ընդգծել, որ գործնապէս կ՚արտայայտուի հոգեւոր սպասաւորութեան կամ ծառայութեան կեանքով։ «Ճշմարիտ է, որ քահանան իր կեանքի ասպարէզը կ՚ընտրէ, երբ ներքին ձայն մը զինք կը կանչէ։ Այս հոգեւոր իրավիճակին համար ճշդած ժամ կամ օր չկայ։ Այդ կոչումը կը ծնի մեր մէջ ապագայի մը մէջ եւ այդ պահուն եւէթ կը զգանք, որ աներեւոյթ ձեռք մը մեզ կը բարձրացնէ վեր, որպէսզի հետեւինք ի վերուստ եկած ձայնին եւ խոնարհինք Աստուծոյ եւ մարդկանց առջեւ…։ Քահանաները մեր թեմի հարստութիւնն են իրենց ծառայութեամբ։ Իրենց աղօթքի կեանքն ու նուիրումը համայնքի կեանքը կը միաւորէ։ Անոնք հոգեւոր հովիւներ են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը մատակարարեն եւ կ՚ուզեն մարդու կեանքը Քրիստոսի սիրով եւ իմաստութեամբ մշակել», ըսաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Ապա, Սրբազան հայրը իւրաքանչիւր յոբելեար քահանայի լանջախաչ նուիրեց եւ ապա «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Փոլ եղբայրներ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024