ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Որովհետեւ Քուկդ են միշտ արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը: Ամէն»:

Տէրունական աղօթքի վերջին նախադասութիւնը, որով մեր Տէրը կը սորվեցնէ մեզի վկայել այն ճշմարտութեան մասին, որով կը յայտարարենք, թէ Արքայութիւնը, զօրութիւնն ու փառքը Աստուծոյ կը պատկանին: Արքայութիւնը՝ որպէս Արքայի ու Թագաւորի: Զօրութիւնը՝ որպէս զօրքերու եւ բանակներու Տէր: Փառքը՝ որպէս Ճարտարապետի, որ հրաշալիքներով լեցուցած է մեզ ու մեզ շրջապատող ամբողջ միջավայրը, այլ խօսքով՝ ամբողջ տիեզերքը:

Արարիչն Աստուած Իր ամբողջ ստեղծագործութեան մէջ միայն մարդուն է, որ տուաւ Ի՛ր նմանութիւնն ու պատկերը, որով մարդուն սահմանեց յաւիտեան ապրելու, այսինքն՝ մարդուն մէջ Ի՛ր շունչը փչելով, մարդուն շնորհեց անմահ հոգի: Այլ խօսքով, մարդը այս նիւթական աշխարհին մէջ որոշ հանգրուանի մը համար է, եւ երբ այս աշխարհի վրայ ֆիզիքապէս մահանայ, իր մէջ եղող հոգին բաժնուելով մարմինէն պիտի շարունակէ յաւիտեան ապրիլ: Յաւիտեան ապրելու համար ալ մարդը այս աշխարհի մէջ կանգնած է երկու ընտրութիւններու դիմաց, կա՛մ յաւիտեանական երջանկութիւն՝ որ պիտի իրականանայ Աստուծոյ Արքայութեան կամ Թագաւորութեան մէջ, եւ կա՛մ ալ յաւիտեանական տանջանք՝ որ պիտի իրականանայ դժոխքի կրակներուն մէջ: Ընտրութիւնը մարդուն ձգուած է, մարդ արարածի ազատ կամեցողութեան: Արդարեւ, Տէրունական աղօթքի աւարտին բարձրացայնելով այն ճշմարտութիւնը, որ Արքայութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի, ատով բարձրաձայնած կ՚ըլլանք նաեւ մեր փափաքն ու ցանկութիւնը այդ Արքայութեան մասնակիցը դառնալուն:

Մեր Տիրոջ Նախակարապետն ու Մկրտիչը՝ Ս. Յովհաննէսը, երբ Յորդանան գետի եզերքին կը քարոզէր ու ջուրով հրեաները կը մկրտէր, այսպէս կ՚ըսէր. «Ապաշախարեցէ՛ք, որովհետեւ Երկինքի Արքայութիւնը մօտեցած է» (Մտ 3.2). այս խօսքէն կը հասկնանք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգելու համար, մարդ կարիք ունի ապաշխարելու, զղջալու իր մեղքերը խոտովանելու, այլ՝ խօսքով մարդ առանց սրբուելու չի՛ կրնար Աստուծոյ Արքայութեան ժառանգորդ դառնալ: Այս ուղղութեամբ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Դուք ձեզ չխաբէք։ Անոնք որ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ, գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսին չէի՞ն։ Բայց ձեր մեղքերէն լուացուեցաք, սրբուեցաք, արդարացաք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ մեր Աստուծոյ Հոգիին միջոցաւ» (Ա.Կր 6.9-11). Առաքեալը յստակ կերպով կ՚ըսէ, թէ որոնք պիտի չժառանգեն Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ կը յստակեցնէ, թէ մարդ ինչպէ՛ս կրնայ ժառանգակիցը դառնալ այդ Արքայութեան: Իսկ գաղատացիներուն ուղղած նամակին մէջ, նոյն Առաքեալը կ՚ըսէ. «Մարդկային գործերը յայտնի են, ինչպէս՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, անբարոյութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, կռիւ, նախանձ, բարկութիւն, հակառակութիւն, երկպառակութիւն, բաժանումներ, չար կամեցողութիւն, սպանութիւն, արբեցութիւն, անառակութիւն եւ ասոնց նման բաներ։ Եւ կը նախազգուշացնեմ ձեզ, ինչպէս նախապէս ալ ըրած եմ, թէ այսպիսի բաներ ընողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Գղ 5.19-21). դարձեալ Առաքեալը կը նախազգուշացնէ մեզ, թուարկելով այն մարդկային արարքները, որոնց պատճառով մենք զրկուած կը մնանք Աստուծոյ Արքայութենէն: Հետեւաբար, քրիստոնեայ անհատը առանց ապաշխարելու, մաքրուելու չի՛ կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգել, իսկ ապաշխարելու ու մաքրուելու կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը մկրտուիլն է Ս. Երրորդութեան անունով՝ մանուկ կամ չափահաս տարիքին: Ուրեմն, վկայելով, թէ Արքայութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի, ատով վկայած կ՚ըլլանք նաեւ, որ մենք՝ որպէս մարդիկ, կարիքը ունինք ապաշխարելու, մաքրուելու, որպէսզի կարողանանք ժառանագել այդ Արքայութիւնը:

Երկրորդ ճշմարտութիւնը այս վերջին նախադասութեան մէջ այն է, որ զօրութիւնը եւս Տիրոջն է: Արդարեւ, երբ ուշադրութեամբ ուսումնասիրենք մենք մեզ, այսինքն՝ մարդ արարածին կազմուածքը, ինչպէս նաեւ մեզ շրջապատող տիեզերքը, կը հասկ-նանք, որ այս բոլորին Հեղինակը գերբնական զօրութեան տէր Էակն է, որ յաջողած է այսքան կատարեալ ու այսքան բծախնդիր կերպով կարգաւորել այս ամբողջը: Աստուծոյ զօրութեան մէկ այլ երեսը այն է, որ մարդկութեան սկիզբէն, այսինքն՝ Ադամի ստեղծումէն մինչեւ այսօր, մնայուն կերպով մարդ արարածին կողքին մնացած է եւ մարդկային պատմութեան ողջ ընթացքին կատարած է այնպիսի հրաշագործութիւններ եւ գործեր, որոնցմով յստակ կերպով Իր զօրութիւնը երեւցած է: Այսպէս, երբ Եգիպտոսը կը հարուածէր՝ փարաւոնի խստասրտութեան պատճառով՝ այսպէս կ՚ըսէր անոր. «Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ Իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի» (Ելք 9.16): Սամփսոնի պատմութեան մէջ կը տեսնենք, թէ փղշտացիները զարմացած էին ու չէին հասկնար, թէ ուրկէ՞ Սամփսոնին այդքան ուժ եւ համոզելով Տալիլան՝ կ՚ըսէին. «Զանիկա խաբէ ու անկէ հասկցիր, թէ անոր մեծ զօրութիւնը ինչէ՞ն է եւ թէ ինչո՞վ կրնանք անոր յաղթել...» (Դտ 16.5). եւ գիտենք, թէ Աստուած ի՛նչ սխրալի գործեր կատարած է Սամփսոնի միջոցաւ, այնքան ատեն, որ ան մնացած էր Աստուծոյ օրհնութեան մէջ: Ա. Մնացորդացին մէջ կը կարդանք. «Տէրը ու Անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք, ամէն ժամանակ Անոր երեսը փնտռեցէ՛ք» (Ա.Մն 16.11): Սաղմոսասաց Դաւիթը այսպէս կ՚ըսէ. «Զօրութի՛ւնս է ան եւ իմ պաշտպանս. եւ ես իրեն կը վստահիմ. իրմէ՛ կու գայ օգնութիւնս, եւ իմ սիրտս կը ցնծայ. հետեւաբար իմ երգովս անոր գոհութիւն պիտի յայտնեմ» (Սղ 28.7):

Սադուկեցիները, որոնք մեռելներու յարութեան չէին հաւատար, առիթով մը երբ կը փորձէին մեր Տէրը, Տէր Յիսուս անոնց կը պատասխանէր ըսելով. «Մոլորածներ էք, որովհետեւ չէք հասկնար ո՛չ Սուրբ գիրքերը եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը» (Մտ 22.29), որով յստակ կերպով կ՚ըսէր, թէ Աստուծոյ զօրութեան համար ամէն ինչ կարելի է, նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն տալը: Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք այն հրաշքին մասին, երբ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները կաղ մը կը բժշկէին: Պետրոս առաքեալ տեսնելով ներկաներուն զարմանքը՝ այսպէս կ՚արտայայուէր. «Ո՜վ Իսրայէլացիներ, ինչո՞ւ եղածին վրայ զարմացեր էք, կամ ինչո՞ւ այդպէս ապշած կը նայիք մեզի։ Կը կարծէք, թէ մենք մեր սեփական զօրութեամբ կամ բարեպաշտութեա՞մբ քալել տուինք այս մարդուն։ Ո՛չ։ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի Աստուածն էր, մեր հայրերուն Աստուածը, որ այս հրաշքը կատարելով՝ իր Որդին Յիսուսը փառաւորեց» (Գրծ 3.12-13), որով յստակ կերպով կը յայտարարէր, թէ մարդ իր սեփական զօրութեամբ ոչի՛նչ կրնայ ընել, եթէ զօրութիւններու Տէրը իրեն զօրութիւն շնորհած չըլլայ: Պօղոս առաքեալ խօսելով չարին դէմ պայքարելու զէնքերու մասին, որպէս առաջին խրատ, հետեւեալը կու տայ. «...զօրացէք Տիրոջմով եւ Իր ամենակարող զօրութեամբ» (Եփ 6.10), իսկ այլ տեղ մը կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31). այսինքն՝ եթէ մարդ Աստուծոյ ու Անոր զօրութեան կառչած մնայ, ո՛չ մէկ դժուարութիւն, նեղութիւն, հիւնադութիւն, թշնամութիւն կամ չարութիւն կրնան յաղթահարել զինք: Միւս կողմէ, մարդ միշտ պէտք է զգոյշ ըլլայ, որպէսզի իր կատարած գործերուն համար չհպարտանայ, կարծելով, թէ իր սեփական զօրութեամբ է, որ այդ բոլորը կը կատարէ, այլ՝ միշտ խոնարհ սիրտով եւ հեզ հոգիով շնորհակալութիւն յայտնէ Աստուծոյ, որ իրեն կարողութիւնն ու զօրութիւնը կու տայ գործելու, յաջողելու եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու:

Գալով յաջորդ ճշմարտութեան, որ փառքը եւս Տիրոջ կը պատկանի: Աստուծոյ համար գործածուած փառք բառը ի՞նչ կը նշանակէ: Աստուծոյ փառք կը նշանակէ Անոր մեծութիւնը, պատիւը, շքեղութիւնը, հեղինակութիւնը: Այստեղ երբ կը վկայենք Անոր փառքին մասին, ատով վկայած կ՚ըլլանք Անոր մեծութեան մասին, որով ընդունած կ՚ըլլանք Իր աստուածային փառքը, մեծութիւնն ու հեղինակութիւնը մեր վրայ: Եւ երբ նախորդ խնդրանքին հետ փորձենք կապել այս արտայայտութիւնը, կը տեսնենք, որ յստակ առընչութիւն կայ, որովհետեւ նախորդ խնդրանքով Աստուծմէ խնդրեցինք, որպէսզի մեզ հեռու պահէ եւ ազատ չարէն ու անոր կողմէ եկած փորձութիւններէն եւ երբ այստեղ կը խօսինք Իր փառքին, մեծութեան եւ հեղինակութեան մասին, ատով ընդունած կ՚ըլլանք Անոր հայրութիւնը եւ ինչպէս մեր երկրաւոր հայրերը ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի մեզ զերծ պահէն նեղութիւններէ ու դժուարութիւններէ, մեր երկնաւոր Հայրը եւս առաւել կերպով մեզ կը պահպանէ ու կ՚ազատէ ամէն տեսակի դժուարութիւններէ, նեղութիւններէ ու փորձութիւններէ, մանաւանդ երբ մենք մեր շրթներով կը դաւանինք Անոր փառքը, մեծութիւնը, հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ Իր Արքայութիւնն ու զօրութիւնը:

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ պարտաւոր է փառք տալ Աստուծոյ: Փառք տալուն մէջ եւս մէկ բացատրութիւն կ՚աւելնայ վերը յիշուած բացատրութիւններու կողքին, որ է երախտագիտութիւնը: Քրիստոնեայ անհատը պարտաւոր է մի՛շտ երախտագիտութիւն յայտնել Աստուծոյ, Անոր պարգեւած բոլոր բարիքներուն եւ բարերարութիւններուն համար, մանաւանդ երբ գիտակցինք, թէ մեզ շրջապատող բոլոր բարիքները, մեր տրամաբանութիւնն ու բարի կամեցողուեան ունակութիւնը, եւ ասոնցմէ վեր եւ աւելին, մեր Փրկիչին Քրիստոսի զոհագործումը մեզի շնորհուած է ձրիաբար, որու համար նուազագոյն բանը, որ կրնանք ընել, այդ՝ երախտագիտութիւն յայտնելն է Աստուծոյ, Իր պարգեւներուն եւ շնորհներուն համար, փառք տալն է Անոր Սուրբ անուան եւ զօրութեան, որով մեզ կը պահէ ու կը պահպանէ: Մարդ պարտաւոր է փառք տալ Աստուծոյ, որովհետեւ անձայն բնութիւնն անգամ իր անձայնութեամբ կը փառաբանէ զԱստուած, ինչպէս Դաւիթ մարգարէն կ՚ըսէ. «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ, երկնակամարը անոր արարչութեան կը վկայէ։ Իւրաքանչիւր օր նոյն վկայութիւնը կու տայ, ամէն մէկ գիշեր նոյն գիտութիւնը կը յայտնէ։ Չկայ որեւէ խօսք, չկայ որեւէ բառ, եւ որեւէ ձայն չի լսուիր անոնցմէ. բայց ամբողջ աշխարհ կը սփռուի անոնց պատգամը, մինչեւ աշխարհի ծայրը կը հասնի անոնց վկայութիւնը» (Սղ 19.1-4). իսկ եթէ, որ զուրկ է բանականութենէ կը փառաբանէ զԱստուած, հապա ինչքա՜ն աւելի բանականութիւն ունեցող մարդը, որ կը գիտակցի իւրաքանչիւր երեւոյթի, որ զինք կը շրջապատէ: Հրեաները, երբ Մովսէսի առաջնորդութեամբ Կարմիր ծովէն ապահովութեամբ անցան, Մովսէս գոհաբանական երգ մը երգեց Աստուծոյ, որու առաջին տողերուն մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Պիտի երգեմ Տիրոջ, քանզի փառքով փառաւորեալ է. ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց: Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնս եւ իմ փրկութիւնս եղաւ. անիկա է իմ Աստուածս ու պիտի փառաւորեմ զԱնիկա. իմ հօրս Աստուածն է՝ ու պիտի բարձրցնեմ զանիկա» (Ելք 15.1-2): Իսկ Ա. Մնացորդացին մէջ կը կարդանք. «Գոհացէ՛ք Տիրոջմէն, Անոր անունը կանչեցէ՛ք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք: Երգեցէ՛ք Անոր, սաղմոս ըսէ՛ք Անոր, պատմեցէ՛ք Անոր բոլոր հրաշքները» (Ա.Մն 16.8-9), եւ «Երգեցէ՛ք Տրիոջ, ո՛վ բոլոր երկիր, օրէ օր Անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք: Անոր փառքը ազգերու մէջ պատմեցէ՛ք, ու Անոր հրաշքները՝ ամէն ժողովուրդներու մէջ: Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի, Անիկա ամէն աստուածներու վրայ ահաւոր է: Վասնզի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են, բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց: Փառք ու վայելչութիւն կայ Անոր առջեւ, զօրութիւն եւ ուրախութիւն՝ Անոր բնակութեանը մէջ. Տիրոջ տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր, Տիրոջ տուէ՛ք փառք ու զօրութիւն: Տիրոջ տուէ՛ք Իր անուանը փառքը...» (Ա.Մն 16.23-29): Սաղմոսասացը բազմաթիւ հրաշալի տողեր ունի, ուր Տիրոջ փառքը կը հիւսէ. այսպէս՝ «Տէ՛ր, կը սիրե՛մ վայելչութիւնը տանդ, այս յարկին՝ ուր քու փառքդ կը բնակի» (Սղ 26.8). «Հռչակեցէ՛ք, ո՜վ երկնային էակներ, Տիրոջ փառքն ու զօրութի՛ւնը հռչակեցէք։ Հռչակեցէ՛ք Տիրոջ փառաւոր անունը, երկրպագեցէ՛ք անոր՝ իր շքեղ սրբարանին մէջ» (Սղ 29.1-2). «Երկինքներէն գերիվեր ես դուն, ո՜վ Աստուած, թող քու փառքդ ամբողջ երկրի վրայ հաստատուի» (Սղ 57.5). «Փառք եւ մեծավայելչութիւն կը ճառագայթեն անկէ, իր զօրութիւնն ու գեղեցկութիւնը կը լեցնեն իր սրբարանը» (Սղ 96.6). «Ո՛չ թէ մեզի, Տէ՜ր, ո՛չ թէ մեզի, այլ՝ միայն քեզի՛ վայել է փառքը, քու սիրոյդ եւ հաւատարմութեանդ համար» (Սղ 115.1): Մեր Փրկիչը աղօթելով Եկեղեցիին համար, անդրադարձ կը կատարէ նաեւ Իր ունեցած փառքի մասին, երբ կ՚ըսէ. «Եւ այժմ, ո՜վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս այն փառքով որ ունէի Քու հետդ՝ աշխարհի գոյութենէն առաջ» (Յհ 17.5): Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ մեզի՝ մեր Տիրոջ նմանելով, զիրար ընդունիլ՝ Աստուծոյ փառքին համար, երբ կ՚ըսէ. «Հետեւաբար ընդունեցէ՛ք զիրար, ինչպէս որ Քրիստոս ալ ձեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար» (Հռ 15.7): Կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը թելադրէ, որ ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար կատարենք. «Հետեւաբար, թէ՛ կերածխմած ատեն եւ թէ՛ որեւէ ուրիշ պարագայի՝ կը բաւէ, որ ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար ընէք» (Ա.Կր 10.31): Իսկ Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը յայտնէ մեզի, որ Աստուած մեզ հրաւիրած է Իր Արքայութեան եւ փառքին (տե՛ս Ա.Թս 2.12), որով Տէրունական աղօթքին այս վերջին նախադասութիւնը երբ կ՚ըսենք, ատով մեր հրաւիրեալ ըլլալու փաստն է, որ կը յայտարարենք, իսկ որպէսզի արժանապատիւ հրաւիրեալ ըլլանք, մենք է մենք մեզ պատրաստենք՝ ապաշխարելով ու սրբուելով, այնպէս՝ ինչպէս վայել է հրաւիրեալին, որպէսզի մեր Տէրը ընդունի մեզ, եւ ո՛չ թէ ըսէ՝ «Բարեկա՛մ, ինչպէ՞ս հոս մտար առանց հարսանիքի հագուստ ունենալու» (Մտ 22.12):

Արդարեւ, երբ կը համարձակինք յայտարարելու, թէ Արքայութիւնը, զօրութիւնն ու փառքը Աստուծոյ կը պատկանին, պէտք է այդ յայտարարութիւնը ընենք գիտակցութեամբ, որպէսզի կարողանանք ժառանգել Աստուծոյ Արքայութիւնը, արժանանանք Անոր զօրութեան, որպէսզի այս աշխարհին մէջ կարողանանք յաղթահարել ամէն տեսակի նեղութիւն, դժուարութիւն, հիւանդութիւն ու փորձութիւն, եւ ի վերջոյ պատիւ ունենաք մասնակիցը դառնալու Աստուծոյ փառքին:

Մեր Ուսուցիչը՝ Քրիստոս, Իր սորվեցուցած աղօթքը կ՚աւարտէ, ըսելով՝ «ամէն», որով մինչեւ հիմա ըսուածներուն վաւերութիւնն է, որ կու տայ, որովհետեւ ամէն կը նշանակէ՝ թող ըլլայ, թող կատարուի, թող իրականանայ, ինչպէս նաեւ ճշմարիտ է, ստոյգ է, հաստատ է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 19

Վաղարշապատ, 18 նոյեմբեր 2018

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018