ՄԵԽԸ՝ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է

Հայաստան կը պատրաստուի արտահերթ ընտրութիւններու: Անցնող օրերուն եւ մէկէ աւելի հարթակներու վրայ երկրի քաղաքական գլխաւոր ուժերը դրսեւորումներ ունեցան, կապուած ոչ միայն ներքին քաղաքական օրակարգի, տնտեսական մօտեցումներու կամ ընկերային ոլորտին մէջ իրենց ունեցած տեսակէտներուն, այլեւ՝ յատկապէս երկրի արտաքին քաղաքական մօտեցումներուն վերաբերեալ:

Անշուշտ այս բոլորը տեղի կ՚ունենան այն պահուն, երբ Հայաստան, բայց յատկապէս երկրի թիւ մէկ մարդը համարուող՝ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, կը դիմագրաւէ զանազան մակարդակի տարակարծութիւններ՝ Ռուսաստանի ռազմական-ապահովական «աւազան»ը համարուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հետ: Այդ տարակարծութիւնները ի յայտ կու գային այն պահուն, երբ պաշտօնական Երեւան «տուն կը կանչէր» մինչ այդ այդ մարմնի գլխաւոր քարտուղար հանդիսացող Եուրի Խաչատուրովը: Ի դէպ, Խաչատուրովի «տուն կանչուիլ»ը կապ ունէր մարտի 1-ի գործին հետ ու այդ պատճառով էր, որ Խաչատուրով որոշ շրջան մը մնացած էր կալանքի տակ: Խաչատուրովի խնդիրը, որ ցայսօր ալ կը շահարկուի Հայաստանի հանդէպ ոչ-այնքան բարեկամական մօտեցումներ ունեցող Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Ղազախիստանի ղեկավարներուն կողմէ, յայտնի էր, որ այդքան հեշտ հայեացքով պիտի չընկալուի նաեւ Մոսկուայի կողմէ:

Այս բոլորով հանդերձ յստակ կը դառնար, որ այս խնդրին առումով Մոսկուա որդեգրած է բաւականին «անհասկնալի» մօտեցում մը: Մէկ կողմէ Փաշինեանին առիթ տալով՝ որ «կրակ բանայ» Լուքաշենքոյի եւ Նազարպայեւի հանդէպ եւ միւս կողմէ՝ «օրհնելով» Լուքաշենքոյի կատարած յայտարարութիւնները, որոնք կապ ունէին նոյն այդ մարմնին նոր առաջին քարտուղար մը նշանակելու ընթացք առած «պազար»ին հետ:

Այս դէպքերուն զուգահեռ յստակ կը դառնար արդէն, որ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն, բայց մանաւանդ Հանրապետական կուսակցութեան համար արտաքին քաղաքական գետինը Փաշինեանն ու անոր համախոհները հարուածելու հիմնական «մեխ»ն են: Այն իմաստով, որ Խաչատուրովը տուն կանչելէն ետք պաշտօնական Երեւան դէմ յանդիման պիտի ըլլար նոր բարդութիւններու, որոնք եթէ նոյնիսկ վնասակար չեն, այլ իմաստով ալ անհանգստութիւն պատճառող դրոյթներ են:

Ամէն պարագայի յայտնի է, որ այս հարցադրումներուն պատասխանը ընթեռնելի պիտի դառնայ յառաջիկայ 6 դեկտեմբերին, երբ ՀԱՊԿ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի գումարէ իր յաջորդ նիստը ու վճռէ նոր գլխաւոր քարտուղարի անունը:

ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐԸ

«Իմ քայլը» դաշինքի մօտեցումները ներկայացնելու ժամանակ ուժի ցուցակի մէջ 12-րդ հորիզոնականը զբաղեցնող եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռուբէն Ռուբինեան ընդգծած է, որ ինչպէս իրենք շուրջ վեց ամիս առաջ ըսած են. արտաքին քաղաքականութեան մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ, շրջադարձներ պիտի չըլլան: «Սակայն այդ չի նշանակեր, որ չկան կէտեր, որոնց մէջ պէտք է աշխուժանանք, կամ չկան կէտեր, ուր պէտք է բացասական դիրք որդեգրենք», ըսած է ան:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակի 5-րդ տեղը զբաղեցնող, կուսակցութեան նախընտրական շտապի քարոզչութեան ղեկավար Արմէն Աշոտեանի խօսքով՝ իրենց պատկերացումները արտաքին քաղաքականութեան մասին խարսխուած են Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ անվտանգութեան միջավայրը ամրապնդելու գերխնդրի վրայ: «Արտաքին քաղաքականութիւնը մեր երկրի պարագային պէտք է նպաստէ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ամրապնդման: Այս տեսակէտէն այն արտաքին քաղաքականութիւնը, որ կը վարէր նախկին իշխանութիւնը, ի դէմս մեզի, լաւագոյնն ու բարենպաստն էր Հայաստանի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու եւ դիրքի պարագային: Այդ կ՚ենթադրէ նաեւ, որ Հայաստանը պէտք չէ դառնայ աշխարհաքաղաքական բախումներու թատերաբեմ: Հայաստանը պէտք է առաջնորդուի բացառապէս հայ ժողովուրդի շահերով, արտաքին քաղաքական ոլորտի մէջ չսպասարկէ այլոց քաղաքական շահը, տանի բազմաշերտ արտաքին քաղաքականութիւն՝ համադրելով աշխարհաքաղաքական միջաշառաւիղներ եւ ոչ թէ հակադրելով այդ Հայաստանին», ըսած է ան:

Արմէն Աշոտեանին հարց տուած են, թէ իր կարծիքով՝ որոնք են իրենց եւ յեղափոխութեան արդիւնքով իշխանութեան եկած ուժի՝ ընտրած արտաքին քաղաքականութեան տարբերութիւնները՝ ան ըսաւ. «Այսօրուան իշխանութիւններու ամենամեծ երեք խնդիրները արտաքին քաղաքականութեան ոլորտի մէջ հետեւեալն են՝ արկածախնդրութիւնը, ոչ-արհեստավարժութիւնը, արտաքին քաղաքական յեղափոխութեան շնորհիւ սեփական իշխանութիւնը ամրապնդելու մոլուցքը: Աւելի մանրամասն այս խնդիրներու մասին կը խօսինք քարոզարշաւի ընթացքին»:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակի 4-րդ տեղը զբաղեցնող Նայիրա Զօհրապեանն ալ ներկայացնելով իրենց ուժի տեսլականը արտաքին քաղաքականութեան մասին՝ նշեց, որ այդ մէկը առանձնապէս չէ փոխուած նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, առաջնահերթութիւններն ու գերակայութիւնները նոյնն են, ինչ որ եղած են իրենց նախորդ ընտրութիւններու նախընտրական ծրագրի մէջ։ «Մեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահի գերակայութիւնն է: Եւ այս առումով մենք կարեւորած ենք Ռուսաստանի հետ մեր ռազմավարական յարաբերութիւնները եւ շատ կը կարեւորենք մէկ տարի առաջ ստորագրուած Հայաստան-Եւրոմիութիւն համաձայնագիրը, որ որակական նոր փուլ կը տեղափոխէ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները», ըսած է ան:

Վերջինս նկատեց, որ յատկապէս յեղափոխութենէն ետք շատ աշխուժացած են Հայաստան-ԵՄ, նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները: «Մեր գերակայութիւններէն են նաեւ Չինաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները՝ որպէս աշխարհի խոշորագոյն բեւեռներէն մէկը: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած է Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան հետ», ըսած է ան:

Նայիրա Զօհրապեանի խօսքով՝ իրենց ուժի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտի մէջ առանցքային դրոյթներէն մէկն է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը խաղաղ բանակցային ճանապարհով լուծելը, որու հիմքին դրուած է երեք սկզբունք՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ուժի չկիրառման սկզբունքը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ցուցակի մէջ 2-րդ տեղը զբաղեցնող Արսէն Համբարձումեանի խօսքով ալ՝ իրենք, հաշուի առնելով Հայաստանի սպառնացող վտանգները, անկարելի կը համարեն որեւէ կտրուկ շրջադարձը արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ։ «Հայաստանը միանշանակ պէտք է բացառէ «կամ-կամ»ի քաղաքականութիւնը եւ շարունակէ իր քաղաքականութիւնը: Եւ այս առումով կարեւոր է, որ Հայաստանը կայունացնէ յարաբերութիւնները թէ՛ Ուաշինկթընի, թէ՛ Պրիւքսելի, թէ Մոսկուայի հետ: Պարտադիր չէ, որ այդ պետութիւնները կիսեն մեր մօտեցումները, պէտք է զանազան ուժային կեդրոններու մէջ խօսիլ տարբեր ձեւերով, բայց մշտապէս մեր ըսելիքը պէտք է բխի մեր կենսական շահերէն եւ պէտք չէ ուղղուի ուժային կեդրոններէն որեւէ մէկուն դէմ», ըսած է ան:

Ան անդրադարձած է նաեւ արցախեան հիմնախնդիրի լուծման։ Ըստ Արսէն Համբարձումեանի՝ իրենց քաղաքական ուժը կը շարունակէ մնալ այն համոզման վրայ, թէ օր առաջ պէտք է ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր կնքել Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ:

«Մենք» դաշինքի ցուցակի 3-րդ համարի թեկնածու Անժելա Խաչատրեանի խօսքով՝ ոեւէ մէկու համար գաղտնիք չէ, թէ «Մենք» դաշինքի մէջ համախմբած «Ազատ դեմոկրատներ» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները միշտ յառաջ քաշած են Հայաստանը եւրոպական ձեւի երկիր դարձնելու մօտեցումը: Ըստ իրեն՝ այդ յստակ է։ «Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի զարգացման էապէս կը նպաստէ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու ա՛լ աւելի ընդլայնումը, ամբողջացումը, առաւել բարձր մակարդակի սահմանումը եւ ի վերջոյ եւրոպական ընտանիքի լիիրաւ անդամակցութիւնը», ըսած է ան:

Խաչատրեան աւելցուցած է, որ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ բազմիցս նշած են, թէ այդ մէկը Հայաստանի արտաքին քաղաքական ամենամեծ վրիպումն էր: «Անդամակցութեան այս ընթացքն ալ ապացուցած է, որ ԵԱՏՄ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ միւս անդամ պետութիւններու համար արդիւնաւէտ կառոյց մը չէ, քանզի հնարաւորութիւններ ստեղծելու փոխարէն խոչընդոտներ եւ սահմանափակումներ կ'առաջացնէ», ըսած է ան: Անժելա Խաչատրեանի խօսքով՝ իրենք կը կարծեն, որ Հայաստանը պէտք է հարեւաններու, մասնաւորապէս Իրանի եւ Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի բարձր եւ փոխվստահելի մակարդակի հասցնէ։ «Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման առումով բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու», ըսած է ան:

Արցախի խնդրի հետ կապուած ալ, ըստ «Մենք»ի թեկնածուին՝ իրենց դիրքորոշումը հետեւեալն է. Արցախի խնդրի միջազգային երեւոյթը քննարկման ենթակայ է բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներու մէջ, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան եզրափակիչ գործի հիմնարար սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ՝ 1994-95 թուականներու հրադադարի դրութեան եռակողմ համաձայնագրերու համաժամանակեայ յարգման եւ պահպանման պայմաններու մէջ: «Արցախեան հակամարտութեան հետեւանքները հնարաւոր է վերացնել՝ բացառապէս անոր պատճառներու աներկբայ ճանաչմամբ, ծրարային սկզբունքներով լիակատար ճանապարհով: Արցախի ու անոր ժողովուրդի անվտանգութեան կատարեալ միջազգային երաշխիք, անոր ճանաչութեան ու լիարժէք ամբողջացումն է միջազգային ու տարածքաշրջանային կազմակերպութիւններուն», ըսած է ան:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող «Սասնայ ծռեր» կուսակցութեան ցուցակի 3-րդ հորիզոնականը զբաղեցնող պատգամաւորական թեկնածու Ստեփան Գրիգորեանի խօսքով՝ իրենց քաղաքական ուժի համար արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ հայակեդրոն: «Իսկ այդ կը նշանակէ, որ պէտք է տարբեր կեդրոններու հետ աշխատիլ՝ Արեւմուտքի եւ արեւմտեան հիմնարկներու հետ՝ Եւրոմիութիւն եւ ՆԱԹՕ: Անպայման պէտք է աշխոյժ աշխատիլ Իրանի, Չինաստանի հետ», ըսած է ան: Ըստ Գրիգորեանի՝ ակնյայտ է, որ Հայաստանը պէտք է աշխատի նաեւ Ռուսաստանի հետ, բայց այդ պարագային իրենք ունին վերապահութիւն: «Դժբախտաբար, ԱՊՀ-ի շրջանակներէ ներս եղած հիմնարկները միշտ չեն արտայայտեր հայ ժողովուրդի շահերը: Այստեղ է, որ պէտք է փորձ ըլլայ Ռուսաստանի հետ աւելի հաւասար յարաբերութիւններ հաստատել եւ հեռանալ վասալային յարաբերութիւններէն: Վտանգաւոր է միայն մէկ կեդրոնի հետ կապել անվտանգութեան համակարգը», ըսած է ան: Արցախի հիմնախնդրի լուծման մասով, ըստ Ստեփան Գրիգորեանի, իրենք ունին հեռանկարային մօտեցում, որ Հայաստանի եւ Արցախի միացումն է: «Բոլորը անոր կողմ են, բայց կը կարծեմ, որ այդ շատ կոշտ դիրքորոշում մըն է: Ո՛չ: Պէտք է ըլլայ միացումը մօտաւոր ապագային, բայց այդ պէտք է ըլլայ փուլ առ փուլ։ Ոչ ոք կ՚ըսէ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը պէտք է փակուի. ոչ ոք կ՚ըսէ, թէ բանակցութիւնները պէտք է թեթեւ ըլլան: Մենք պէտք է մեր առջեւ դնենք խնդիր Հայաստանի միացման եւ ըստ այդմ առնենք մեր քայլերը», ըսած է ան՝ նշելով, որ այդ քայլերէն մէկը կրնայ ըլլալ, օրինակ, երկու կողմերու միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան աշխուժացումը:

«Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութեան ցուցակը առաջնորդող Լեւոն Շիրինեանի խօսքով՝ իր ներկայացուցած քաղաքական ուժը հայամէտ է, իսկ այդ կը նշանակէ, որ իր ընտրած արտաքին քաղաքականութիւնն ալ պէտք է ըլլայ «Հայաստանակեդրոն»: «Այդ կը նշանակէ, որ մենք կողմնորոշումներու քաղաքականութիւնը կը դատապարտենք, չենք ընդունիր: Այդ նաեւ կը նշանակէ, որ մեր կուսակցութեան կողմէ արտաքին քաղաքականութիւնը կը կառուցուի արտաքին ուժերու հաշուեկշիռներու համադրման միջոցով․ կը փոխուի հաշուեկշիռը, կը փոխուի նաեւ կուսակցութեան հետաքրքրութիւնը որեւէ երկրի հանդէպ», ըսած է ան՝ նշելով, որ իրենց մօտեցումները ծայրայեղացուած չեն եւ կը նշանակէ, թէ պէտք է փորձել բոլորին հետ կապերը պահել եւ իմանալ առաջնահերթութիւնները:

«Օրինաց երկիր» կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Վահէ Թորոսեանի ներկայացմամբ ալ՝ իրենք կողմ են հաւասարակշռուած քաղաքականութեան. Հայաստանը պէտք է զարգացնէ իր յարաբերութիւնները թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ Ռուսաստանի հետ: «Այդ կը բխի Հայաստանի շահերէն», ըսած է ան ու շեշտած է, թէ իրենք կողմնակից են, որ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու մէջ Հայաստանը վարէ հայակեդրոն քաղաքականութիւն:

ՔՈ ՍԴԿ-ի («Քաղաքացիի որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան) մամլոյ խօսնակ Միքայէլ Նահապետեանի ներկայացմամբ՝ իրենց ուժի արտաքին քաղաքական տեսլականը յենած է երկու կարեւոր սիւներու վրայ՝ պետական շահու հարիւր տոկոսով սպասարկման եւ միջազգային իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու իրականացման։ «Սա գործնականին կը նշանակէ, որ մենք յանձն պիտի առնենք մեր բոլոր արտաքին գործընկերներու հետ նոր հանգամանքներու մէջ քննարկել հին պայմանաւորուածութիւնները, ի շահ մեզի եւ ի շահ մեր գործընկերներու՝ անոնց նոր շունչ հաղորդելով։ Կրնան ըլլալ բաներ, որոնք, կը պարզուին, թէ փոխելու կարիք չկայ եւ կրնան ըլլալ բաներ, որոնք արդէն մեր ու մեր գործընկերներու համար արդիական չեն։ Պէտք է յստակեցուի մեր իրաւունքներու ու պատասխանատուութեան շրջանակը», ըսած է ան:

«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութեան ֆէյսպուքի էջին վրայ իրենց մօտեցումները ներկայացնող գրառման մէջ նշուած է, որ ըստ անոնց՝ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ ազգային շահերու գերակայութեան գաղափարի վրայ եւ ուղղուած՝ հարեւան երկիրներու, յատկապէս Վրաստանի ու Իրանի հետ, բարեկամական, փոխշահաւէտ եւ կայուն յարաբերութիւններու հաստատման ու պահպանման։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018