ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Իսթանպուլահայ սանուց միութիւններուն եւ այլ ակումբներուն համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ աւանդական դարձած Ոսկի աշնան խրախճանքը երէկ տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ Այս տարուան Ոսկի աշնան խրախճանքի տանտէրն էր Արամեան սանուց միութիւնը։ Խրախճանքի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան եւ Միջմիութենական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութիւնը։
Հաւաքոյթի ընթացքին ընթերցուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի կողմէ ուղարկուած գրաւոր պատգամը։ Այգուն Տէօքմէճեան, Սիպել Ասատուր եւ Արի Պարութօղլու գործադրեցին երաժշտական յայտագիր եւ անոնց յանձնուեցան ծաղկեփունջեր։
Ոսկի աշնան հաւաքոյթներու բնորոշ համադամներով սարքուած սեղանին շուրջ խրախճանքին մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց, զիրար վայելեցին, զրուցեցին անմիջական մթնոլորտի մը մէջ եւ ներկայ ձմեռնամուտի շրջանին ջերմօրէն ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։
Խրախճանքի աւարտին տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ բոլորը խոստացան զիրար վերագտնել յաջորդ տարի։