ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄԱՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԸՆԿԵՐԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը կը կազ­մա­կեր­պեն բազ­մա­կող­մա­նի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րուի ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ։ Ման­կա­պար­տէ­զէն սկսեալ մին­չեւ միջ­նա­կարգ, զա­նա­զան տա­րի­քա­յին դա­սա­ւո­րում­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րեն փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն, մա­նա­ւանդ որ ա­նոնք կեան­քի կը կո­չուին ըն­տա­նե­կան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Նա­խակր­թա­րա­նի տղա­քը այ­ցե­լե­ցին տուր­մի գոր­ծա­րան մը ու թատ­րոն եր­թա­լով դի­տե­ցին «Մոխ­րու­հին»։ Գ­րա­դա­րան­նե­րու շաբ­թուան շրջագ­ծով խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ այ­ցե­լե­ցին Իս­թան­պու­լի Ար­դի ա­րուես­տի թան­գա­րա­նը։ Ու­րիշ խու­մբեր ալ շրջե­ցան Հար­պիէի Զի­նուո­րա­կան թան­գա­րանն ու «Հի­սարթ»ը։

Ս. Զատ­կուան տօ­նին նա­խոր­դող օ­րե­րուն տղա­քը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ զա­նա­զան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նին օ­րը ա­նոնք թա­փօ­րի մաս­նակ­ցե­ցան ձի­թե­նիի ճիւ­ղեր ի ձե­ռին։ Ա­ւագ շաբ­թուան կա­նո­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ալ խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տղա­քը։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս, ա­շա­կերտ­նե­րը նաեւ ներ­կե­ցին զատ­կուան հաւ­կիթ­ներ։ Ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Սում­րու Էք­շիօղ­լու եւ Թա­մար Ման­կա­սա­րեան։ Ճրա­գա­լոյ­ցի օ­րը տղա­քը մար­գա­րէա­կան թուղ­թե­րու ըն­թեր­ցում­ներ ալ կա­տա­րե­ցին Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2015