«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ
«Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.16)
Բամբասողը եթէ Աստուծոյ տեսութենէն կ՚ուզէ չզրկուիլ, պարտաւոր է ջերմեռանդ զղջումով Աստուծոյ ողորմածութեան դիմել Յիսուսի անունով, ճշմարիտը խոստովանիլ այն մարդոց առջեւ, որոնք խաբուելով՝ անոր ստախօսութիւններուն եւ բամբասանքներուն հաւատք ընծայած են, մերժել անմիտ հպարտութիւնը եւ խոնարհիլ ստուգութիւնը վկայելու, որ երբեք անպատուութիւն չէ մարդուն համար, այլ՝ մեծ ամօթը ստախօսութիւնն ու բամբասանքն է, որ այլ կերպով հնարաւոր չէ, որ բնաջինջ ըլլայ, եթէ ոչ ստութեան փոխարէն՝ ճշմարտութիւնը հրապարակաւ խոստովանելով, ինչպէս քրիստոնէութեան առաջին դարերուն մէջ ապաշխարողը կը կանգնէր եկեղեցւոյ մէջ եւ ժողովուրդին առջեւ բարձր ձայնով իր մեղքը կը զղջար. այս հնաւանդ սովորութիւնը կամ հրապարակական զղջումը պահպանուած է մեր Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ, որ է՝ մեղայն:
Երբ կը բամբասեն մեզ, պարտաւոր ենք ջանալ մենք մեզ արդարացնել, սակայն խաղաղ հոգիով եւ առանց նեղանալու, առանց փոխադարձաբար մեզ բամբասողը բամբասելու եւ դատապարտելու. որովհետեւ, եթէ բամբասենք, աւելի տեղ կու տանք մեր մեղաւորութիւնը հաստատելու: Պարտաւոր ենք մենք մեզ արդարացնել առանց սիրոյ եւ արդարութեան դէմ մեղանչելու. պարտաւոր ենք մեզ բամբասողը չնկատել, այլ՝ մեր հոգին առ Աստուած բարձրացնել, որ երբեմն մեզ խոնարհեցնելու եւ սրբելու համար կը թոյլատրէ, որ մեզի չարիքներ հանդիպին, ինչպէս օրինակ՝ Դաւիթը Սէմէէն կը բամբասուէր. «Դաւիթ Աբեսսային ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա իմ երանքէս ելլող որդիս իմ հոգիս կը փնտռէ, ո՞ւր մնաց այս Բենիամինեանը: Թողուեցէ՛ք զանիկա, որ անիծէ, քանզի Տէ՛րը ըսաւ անոր»» (Բ.Թգ 16.11):
Մեր անձը արդարացնելու համար պարտաւոր ենք մեր անմեղութեան գաղափարով մխիթարել մեզ եւ միայն Աստուծոյ հաճելի ըլլալը մեզի համար մեծ սփոփանք համարենք, յուսալով, որ վաղ թէ ուշ ճշմարտութիւնը անշուշտ կը յայտնուի. «Ուստի ինծի համար բնաւ նշանակութիւն չունի թէ դուք ի՛նչպէս կը դատէք զիս, կամ մարդիկ ի՛նչպէս կը դատեն։ Ես ինքզինքս ալ չեմ դատեր։ Խիղճս հանդարտ է, բայց ատով չեմ արդարանար հարկաւ, որովհետեւ Տէրն է որ զիս կը դատէ» (Ա.Կր 4.3-4). «Հիմա ալ՝ ահա իմ Վկաս երկինքի մէջ է ու Փաստաբանս բարձր տեղերն է» (Յոբ 16.19): Երբ մեր արդարանալուն կը սպասենք՝ պարտաւոր ենք աւելի խոհեմ եւ արթուն ըլլալ մեր գործերուն մէջ եւ մեր անձը քննել, թերեւս անպատուութեան կամ բամբասանքներու առիթ տուած ըլլանք: Մեզի երբեք արտօնուած չէ մեր ընկերոջ մասին չար բան խօսիլ, եթէ մեր խօսածը նոյնիսկ ճշմարիտ ըլլայ: Սակայն, եթէ անհրաժեշտութիւն կայ եւ դատաւորը կը պահանջէ, այն ատեն պարտաւոր ենք ճշմարտութիւնը յայտնել, որով կարելի է մեր ընկերոջ զգուշացնել կամ արգիլել չարութենէ: Պարտաւոր ենք նաեւ մեծաւորին յայտնել իր ստորադասին պակասութիւնը, որպէսզի անկարգութենէ զգուշացնէ. պարտաւոր ենք դատապարտուած անմեղը պաշտպանել եւ ամէն կասկած եւ տարակուսանք փարատել, յայտնելով մէկուն կամ միւսին ընդունակութիւնը: Ի վերջոյ, եթէ մէկը հարցնէ մեզի ոեւէ մարդու բնաւորութեան մասին, եթէ կը ճանչնանք, պարտաւոր ենք ճշմարտութիւնը յայտնել, որպէսզի մեր յայտարարութիւնը բարիքի համար գործածուի: Եթէ մենք առանց ստիպողական պատճառի, առանց ընկերական օգուտի պահանջին, սիրոյ եւ արդարութեան հակառակ, մեր ընկերոջ պակասութիւնը կը յայտնենք, առաւելաբար չարամտութեամբ քան թէ բարեմտութեամբ, այն ատեն մենք չարախօս կ՚ըլլանք: Ուստի, այսպիսի պարագաներէ խուսափելու համար, պարտաւոր ենք լաւ քննել՝ թէ արդեօք գովելի խոհեմութիւնն ու սիրոյ հոգի՞ն է, որ մեզ կը խօսեցնէ, թէ՞ չարութեան հոգին: Երբ մեր խօսելու շարժառիթը խոհեմութիւնն ու սէրն են, այն ատեն մենք մեր ընկերոջ պակասութիւնը կը յայտնենք՝ խղճալով եւ զգուշութեամբ ըսելով ինչ որ կարեւոր է: Իսկ եթէ շարժառիթը չարախօսութիւնն է, այն ատեն մենք չափազանց կիրքերով եւ ներքին ուրախութեամբ կը խօսինք մեր ընկերոջ թերութիւններուն վրայ:
Սուրբ Գիրքը չարախօսութիւնը կը դատապարտէ՝
ա) Որ մարդասիրութեան եւ ներողամտութեան ոգիին հակառակ է, որով պարտաւոր էինք ներել եւ ծածկել յանցաւորին թեթեւ պակասութիւները:
բ) Արդարութեան օրէնքը կը քանդէ, որովհետեւ չարախօսութիւնը սովորաբար աւելորդաբանութեան եւ ստութեան հետ միացած է:
գ) Չարախօսութիւնը ատելութեան, շփոթութեան եւ խռովութեան պատճառ է, թէ՛ գերդաստանին մէջ եւ թէ ալ ընկերութեան: Չարախօսութիւնը պատիւը կ՚արատաւորէ՝ առաւել քան բամբասանքը, եւ կը դժուարացնէ յանցաւորին ուղղութեան ճանապարհը: Որովհետեւ, յանցանքը ծածկուած ժամանակ աւելի դիւրութեամբ կ՚ուղղուի, քան թէ հրատարակուած:
դ) Չարախօսութիւնը ատելութեան եւ թշնամութեան ծնունդ է, որով ցած մարդիկ չկարենալով բարձր մարդոց մեծութեանն ու լաւութեանը հաւասարիլ, վատահամբաւութիւնը որպէս մի՛ակ զէնք կ՚ընտրեն: Չարախօսութիւնը բծախնդրութեան ծնունդ է, որով վատ մարդիկ կ՚ընտելանան ուրիշներուն մէջ միշտ պակասութիւն փնտռել եւ կ՚ուրախանան ուրիշներուն անձնաւորութիւնը վիրաւորելով ու կրծելով: Չարախօսութիւնը երբեմն ալ թեթեւամտութեան ծնունդ է, որով տկարամիտները, առանց մտածելու իրենց խօսածներուն վրայ, առանց վնասակար հետեւանքները գուշակելու, մերթ իրենց հանճարը եւ մերթ իրենց սրամտութիւնը ցոյց տալու համար, կը չարախօսեն, չարը զանազան գոյներով նկարագրելով:
ե) Ս. Գիրքը չարախօսը կը դատապարտէ. «Զիրար մի՛ բամբասէք, եղբայրներ: Ով որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ կը դատէ զայն՝ Օրէնքը բամբասած կամ Օրէնքը դատած կ՚ըլլայ: Իսկ եթէ Օրէնքը կը դատես՝ կը նշանակէ թէ Օրէնքը գործադրողը չես, այլ՝ անոր դատաւորը» (Յկ 4.11): Դաւիթ մարգարէն բարի մարդուն բնաւորութիւնը, գործերն ու Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած յոյսը նկարագրելով՝ այսպէս կը խօսի. «...որ չի զրպարտեր բնաւ, իր ընկերոջ չարիք չ՚ըներ եւ դրացին չի նախատեր» (Սղ 15.3): Պօղոս առաքեալ չարախօսութիւնը կը դասէ կարգը այն մեղքերուն, որոնք մարդը Աստուծոյ Արքայութենէն կը զրկեն (Ա.Կր 6.10): Պետրոս առաքեալ նոյնիսկ մեր ներկայ կեանքի օգուտին եւ հանգստութեան համար կը պատուիրէ չարախօսութենէն հեռանալ. «Ով որ կ՚ուզէ կեանքը սիրել եւ բարի օրեր տեսնել, թող իր լեզուն պահէ եւ չարութիւն չխօսի, թող իր շրթները փակէ եւ նենգութիւն չխորհի» (Ա.Պտ 3.10):
Չարախօսութիւնը մանաւանդ աւելի դատապարտելի է այն ժամանակ, երբ կ՚արատաւորէ պատիւը այնպիսի անձերու, որոնք իրենց իշխանութեան մէջ աւելի յարգանքի արժանի էին, ինչպէս են դատաւորները, եկեղեցականները, գերդաստաններու հայրերը եւ տանուտէրները. «Դատաւորներուն մի՛ հայհոյեր եւ քու ժողովուրդիդ իշխանը մի՛ անիծեր» (Ելք 22.28): Տակաւին, դատապարտելի է չարախօսել այնպիսի մարդոց առջեւ, որոնց բարերարութիւնն ու պաշտպանութիւնը կարեւոր է չարախօսուած մարդուն համար: Դատապարտելի է չարախօսել՝ շատախօս եւ թեթեւամիտ մարդոց առջեւ, որոնք ընդունակ են չարութիւնը ընդունելու եւ անմիջապէս տարածելու: Եթէ չարախօսութենէ զգուշանալ կը փափաքինք, պարտաւոր ենք պարապորդութենէ, վայրապար եւ անզգոյշ խօսակցութենէ հեռանալ եւ խօսելէ առաջ՝ միշտ լաւ մտածել, փախչիլ չարագրգիռ եւ ստախօս մարդոցմէ, որոնցմէ կրնանք վարակուիլ: Պարտաւոր ենք մտածել մեր սեփական պակասութիւններուն եւ ներողամտութեան ու մեծհոգութեան վրայ, որուն կարօտ ենք, միշտ Փրկիչին խօսքը յիշելով, թէ՝ ինչ չափով չափենք, նոյն չափով կը ստանանք. «Ինչ սկզբունքով, որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար» (Մտ 7.2): Դաւիթ մարգարէն կը զգուշանայ եւ կը խոստանայ իր կեանքին մէջ լեզուով չմեղանչել. «Ես ինծի խորհեցայ. ինքզինքիս հսկեմ, որ խօսքով չմեղանչեմ» (Սղ 39.1): Պարտաւոր ենք անմիտ դատողութենէն եւ կասկածաւոր ու չարամիտ զգացողութենէ զգուշանալ, եւ ի վերջոյ, մեզի համար պարտաւորութիւն համարել՝ ներողութիւն խնդրել այն մարդոցմէ, որոնց դէմ չարախօսած ենք:
Չարախօսութենէ զերծ մնալու համար, պարտաւոր ենք ունենալ՝
1) Սուրբ կեանք, աստուածային օրէնքներու համաձայն:
2) Ազատասիրտ եւ պարզասիրտ ըլլալ ու ո՛չ թէ նենգաւոր, չարախոհ եւ երկմիտ, ըլլալ հեզ ու պատուաւոր, եւ մեր պարտաւորութիւնը կատարած ժամանակ՝ միշտ հեռանալ հպարտ եւ արհամարհոտ հոգիէ, որովհետեւ աններելի յանցանքներ են նմանօրինակ պակասութիւնները: Իսկ մեր վրայ չարախօսողներուն հետ երբեք պէտք չէ, որ թշնամանանք եւ սրտաբեկ ըլլանք, այլ՝ պարտաւոր ենք ուրիշներու չարախօսութենէն օգուտ քաղել, մեր անձը ուղղելով, հաստատ իմանալով, որ միշտ կարելի է ուղղուիլ, եթէ ջերմեռանդութեամբ, հեզութեամբ եւ հաստատամտութեամբ որոշենք մեր պարտաւորութիւնը կատարել, որով մեր անցեալի թերութիւնները կը մոռցուին, եւ եթէ մարդիկ մեզի չներեն, Աստուած անշուշտ կը ներէ:
Իններորդ պատուիրանը կ՚արգիլէ նաեւ հետեւեալ մեղքերը.
ա) Չար առաջարկութիւններ, որոնց վրայ հիմնուելով եւ մեր եռանդը առիթ բռնելով՝ այնպիսի վատ բաներ կը յայտնենք, որոնք լսողներուն միտքը կը պղտորեն եւ ատելութիւնը կը վառեն այն անձերուն դէմ, որոնց հետ մինչեւ այն ատեն խաղաղութեամբ կ՚ապրէին. «Առանց փայտի կրակը կը մարի եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի» (Առ 26.20). «Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են, որոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ՚իջնեն» (Առ 26.22):
բ) Անմտութեամբ դատելը, երբ առանց խոր կերպով քննելու, մէկ պար սխալի համար կը վատաբանենք մարդը՝ որպէս կատարեալ չարաբարոյ, կամ սխալ կը մեկնենք մարդուն գործը, որ բարի պատճառներ կ՚ունենայ, ինչպէս եբրայեցիները կը մեկնէին մեր Փրկիչին գործերը, որ մեղաւորներու եւ մաքսաւորներու հետ կ՚ուտէր ու կը խմէր ուղղութեան բերելու համար: Շատ անիրաւ է նմանատիպ դատաստանը: Եթէ դատաւորները այս կերպով վարուէին, շատ կը մեղանչէին արդարութեան եւ մարդասիրութեան դէմ, որովհետեւ սէրը չար գործիք չունի. «Անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան» (Ա.Կր 13.5-6): Այսպիսի վնասակար դատողութիւններ կը գոյանան մարդու սիրտին մէջ անհաւատարմութենէն եւ թշնամութենէն, որոնք կ՚առաջնորդեն չարախօսութեան եւ բամբասանքի. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ» (Մտ 7.1-2). «Որովհետեւ Աստուած Իր դատաստանին մէջ անողորմ պիտի ըլլայ այն մարդուն նկատմամբ՝ որ ուրիշներուն հանդէպ ողորմած չէ եղած: Մինչդեռ ողորմած մարդուն պարագային՝ Աստուծոյ ողորմութիւնը պիտի յաղթանակէ դատաստանի ատեն» (Յկ 2.13):
գ) Նախատական եւ չար խօսքերը, արհամարհելն ու ծաղրելը, որ հակառակ են ընկերական եւ միաբանական նպատակին, ամօթալի շարժառիթներ եւ վնասակար հետեւանքներ ունին:
դ) Ստութիւնը, որով ընկերոջ վնասելու համար կը նենգեն, կը խաբեն եւ այնպէս կը ձեւացնեն, որ ստախօս չեն, ինչպէս եւ շատ անգամ ձեւով կամ նշանով խօսակցութեան մէջ կը փոխեն խօսքի պարզ իմաստը եւ կա՛մ գաղտնի նշաններով կը ծաղրեն ընկերութեան որեւէ մէկ անդամը, այս արարքները խի՛ստ ամօթալի են:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 20
Վաղարշապատ