ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՄԱՏՆԱՆՇԷ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանէ ներս օդի պէս պէտք պիտի ունենայ ուժեղ ընդդիմութեան մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային միջազգային ճնշումներու դիմակայելու համար։ tert.am-ի հաղորդումներով, Վիգէն Սարգսեանի կանխատեսումներով՝ այդ ճնշումները պիտի դառնան անխուսափելի։ «Խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը, նաեւ արտաքին քաղաքականութիւնը հզօր գործիք է։ Իսկ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու մէջ պարզապէս անհրաժեշտ է որոնել վերկուսակցական, քոնսենսիւսային որոշումներ եւ լուծումներ։ Սա հնարաւոր է միայն շինիչ ու փորձառու խումբի մը հետ բանավէճի եւ համագործակցութեան միջոցաւ», նշեց նախկին նախարարը։

Հարկ է նշել, որ 9 դեկտեմբերին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Վիգէն Սարգսեան պիտի գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխանական թեկնածուներու ցուցակը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018