ԼՈՒԾՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Դէպի Գերմանիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան այցելեցին Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասը։ Այսպէս, Մակտեպուրկի մէջ անոնք հիւրընկալուեցան այդ երկրամասի կառավարութեան վարչապետ Ռայնէր Հազելոֆի կողմէ։ Շրջանային կառավարութենէն ներս Արմէն Սարգսեան հիւրընկալուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեանի եւ Ռայնէր Հազելոֆի ներկայութեամբ, Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի եւ Օթթօ ֆան Կերիկէի համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը։

Օրուան տեւողութեան շրջանային կառավարութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց նաեւ Օթթօ ֆան Կերիկէի համալսարանը, ուր հադիպում մը ունեցաւ դասախօսներու եւ ուսանողներու հետ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ան պատասխանեց նաեւ մասնակիցներու հարցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ Արմէն Սարգսեանին հաւաքոյթի ատրպէյճանցի մասնակիցներէն մէկուն կողմէ հարցում մըն ալ ուղղուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Արմէն Սարգսեան այս առթիւ ըսաւ.

«Մարդկութեան տեսակէտէ ողբերգութիւն է այն ինչ, որ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Չեմ փափաքիր ետ երթալ դէպի պատմութիւն։ Հայաստան ունի նոր կառավարութիւն եւ նոր սահմանադրութիւն։ Ես պետութեան գլուխն եմ, սակայն կառավարութեան ղեկավարը չեմ։ Հիմա Հայաստան կը նմանի Գերմանիային։ Սահմանադրութեամբ կառավարութեան ղեկավարը պէտք է բանակցի Իլհամ Ալիեւի հետ։ Իմ դերակատարումը կրնայ ըլլալ խորհուրդներ տալը։ Կ՚ուզեմ քանի մը կարեւոր բան շեշտել. մարդիկ մահացած են ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ։ Կը կարծեմ՝ պէտք է ընենք հնարաւոր ամէն բան՝ ստեղծելու արդար եւ խաղաղ միջավայր խնդրին լուծում տալու համար։ Արդեօք սա դիւրի՞ն է։ Ո՛չ։ Սակայն մենք պէտք է փորձենք սա ընել այսօր, այլեւս ձեր եւ մեր երեխաները տարիներ անց ստիպուած պիտի ըլլան նոյն հարցը տալ։ Ուստի ժամանակն է լուծել խնդիրը»։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018