«ԱՄԷՆ ՉԱՐԻՔԻ ՄԷՋ ԲԱՐԻ՛Ք ՄԸ ԿԱՅ»
«Ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ, միայն պէտք է իմաստութիւն ունենալ այդ բարիքը գտնելու»։ Շէյքսփիրի այս խօսքը կեանքիդ մէջ երբեք գործադրա՞ծ ես։ Դժուարութեան հանդիպելու ընթացքին, մէկ անգամէն յուսախաբա՞ծ ես, եւ կա՞մ փորձած ես այդ դժուարութիւններէն դաս քաղել եւ դէպի լուսաշող ապագայ նայիլ։ Չարիքը չարիքո՞վ փոխադարձած ես, եւ կա՞մ՝ բարիքով։ Ոգորելու հոգիդ խամրա՞ծ է, թէ՞ ոչ անկոտրում կամքով դարձեալ փորձած ես եւ ստեղծած։
Որպէս մարդ արարած արդեօք պիտի չուզէի՞ր ուրիշի մը կողմէ օժանդակութիւն ստանալ, ընկերոջդ եւ կամ անմիջական բարեկամիդ բարիքը վայելել։ Պիտի չուզէի՞ր թակած իւրաքանչիւր դուռիդ բացուիլն ու ծրագիրներուդ իրագործումը տեսնել։ Պիտի չուզէի՞ր ողջ կեանքդ առանց դժուարութեան ու տուայտանքի անցընել՝ ամէն ինչ «հեզասահ» տեսնելու բաղձանքով յուսադրուած։ Պիտի չուզէի՞ր առանց չարիքի կեանք մը ապրիլ։ Պիտի մերժէի՞ր քու շահիդ եւ բարիքիդ սիրոյն կատարուած բարիքները։ Անպայմանօրէն առիթը պիտի չփախցնէիր եւ վայրկեան մը առաջ պիտի փափաքէիր վայելել քեզի ընձեռուած բարիքները։
Աշխարհը միայն բարիքով չէ՛ ողողուած եւ ոչ ալ բարիին հետամուտ եղող մարդոցմով լեցուն է։ Չարը իր «զինակից»ներով ու փորձութիւններով զրահապատուած կը սպասէ որ տկարանաս՝ քեզ իր թակարդին մէջ ձգելու եւ ձախորդութեան մատնելու համար։ Ձախորդութիւնները երբեմն չարիք կը համարես, որովհետեւ քու իսկ ըմբռնումովդ եւ նախապաշարումովդ բազմաթիւ մարդիկ «աչք տնկած» են քու գործիդ վրայ եւ ձախողութեանդ գլխաւորագոյն պատճառը իրենք են կամ իրենց «ծանր շունչ»ը։ Երբ կեդրոնացած ես գործիդ կամ նպատակիդ վրայ, այդ «չարիք»ներէն չես վարակուիր, չես խպնիր եւ չես ազդուիր։ Եթէ նոյնիսկ վհատիս, միշտ վերյիշէ՛, որ «ամէն չարիքի մէջ բարիք մը կայ»։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի է համոզուիլ, որ մարդ նախ իր մտայնութի՛ւնն է, որ պէտք է փոխէ, կեանքը դիտարկելու եղանակը վերատեսութեան ենթարկէ եւ կեանքը ըստ այդմ ապրի։
Միտքդ լաւատեսութեան սնունդով մատակարարելը, դրական լիցքով դրսեւորելը, դրական հայեացքով կեանքի ամէն երեւոյթին մօտենալը դժուարութիւնները յաղթահարելու նախադրեալներէն կը հանդիսանան։ Երբ լաւատես ես եւ միտքդ ու հոգիդ դրական ուղղուածութեամբ խարսխուած են, ահա այդ ժամանակ մակերեսային երեւոյթներէն վեր կը մնաս, ձախող դէպքերու վրայ չես կեդրոնանար, այլ ուրախութիւն առթող երեւոյթները միայն կը նշմարես։ Եթէ նոյնիսկ որեւէ ձախողութեան, խոչընդոտի եւ դժուարութեան հանդիպիս, այդ բոլորը ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կրնան թողուլ քու վրադ։ Կրնայ ըլլալ ձախորդութիւն մը դժուար տանիս, յուսալքուիս, կոտրուած զգաս, բայց անդին ընկերդ այդ դժուարութեան կամ «չարիք»ին դիմաց ելքեր կը փնտռէ՝ բարիք մը փնտռելու եւ այդ բարիքը հիմք ընդունելով՝ նոր թափով ու նոր շունչով նոր կեանքի մը սկսելու։
Մանկավարժներ կը կարեւորեն մօր դաստիարակութիւնը եւ հոգատարութիւնը։ Յաճախ ըսուած է. «Մայրը սխալելու իրաւունք չունի»։ Այսօրուայ բարոյաքանդ աշխարհին մէջ մայրը իրաւունք չունի իր զաւակը իր անհոգութեան պատճառով երեսի վրայ ձգելու, անտարբերութեամբ վերաբերուելու, անոր սխալ կէտերը չյղկելու եւ ճիշդ ուղին ցոյց չտալու։ Երբ ժամանցը եւ ընկերային կեանքդ աւելի կարեւոր կը համարես, այդ ժամանակ պիտի տեսնես, որ զաւկիդ նկարագրային լուսապաստառին վրայ յոռի երեւոյթներ սկսած են դրոշմուիլ։ Երբ ուզես զանոնք ուղղել, պիտի նկատես որ այդ բոլորը ջլապինդ կերպով արմատաւոր-ւած են իր մէջ եւ «անկարելի» է զանոնք հեշտութեամբ արմատախլել։ Զաւկիդ մէջ լաւ կէտեր դրոշմէ, անոր նկարագրային լուսապաստառը թափանցիկ պահէ, մուգ գոյներէ խոյս տուր եւ վառ երանգներով գունազարդէ զայն։ Բնաւորութեան այդ կտաւը որքան սպիտակ ըլլայ, այնքան իր կեանքը հեզասահ ու յաջողակ կ՚ընթանայ։ Անոր ինքնակործանման եւ ինքնաքայքայման պատճառը մի՛ դառնար, ընդհակառակը, բնաւորութեան դրական գիծերը աւելի եւս ընդգծէ, որպէսզի դժուարութեանց դիմաց չյուսահատի, չարիքի մէջ բարիք փնտռէ եւ դասեր քաղէ։
Մանկավարժ-հոգեբան Կոլտըն Օլփըրթ (Golden Allport) իր «Նախապաշարման բնոյթը» (»The Nature of Prejudice) խորագրեալ գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Եթէ մանուկ մը կ՚ապրի խաղաղ պայմաններու եւ սիրով զեղուն ընտանիքի մը մէջ՝ ապագային կը դառնայ համբերատար, խոհեմ եւ չյուսահատող երիտասարդ մը, որովհետեւ իր երեխայութեան ժամանակ իր ընտանիքին մէջ տեսած է սիրալիր յարաբերութիւն, յարգալիր վերաբերմունք եւ առողջ դաստիարակութիւն։ Իսկ այն փոքրերը, որոնք քայքայուած եւ հարցերով լեցուն ընտանիքի մը մէջ կ՚ապրին, հոգեբաններ փաստած են, որ նման երեխաներ երիտասարդութեան ժամանակ բազմադիմի հոգեկան բարդոյթներ ու հիւանդութիւններ կ՚ունենան, շուտ կը յուսալքուին, յոռետես կ՚ըլլան եւ երերուն նկարագիր մը կ՚ունենան»։ Շատեր «բանգէտ»ներու նման անկարեւոր կը նկատեն իրենց զաւկի դաստիարակութիւնը եւ կը պատճառաբանեն ըսելով, որ մանուկ մը իր ծնունդի օրէն սկսեալ իրեն հետ աշխարհ կը բերէ նկարագրային գիծեր եւ ո՛րքան ալ փորձես դաստիարակել զայն՝ անօգուտ է, ապարդիւն եւ ժամանակատար փորձ է։ Այն ծնողքը, որ կրնայ իր երեխային յոռի կէտերը արմատախլել, իր մանուկը փրկած կ՚ըլլայ մօտալուտ վտանգներէ եւ իր նորատունկ ծառը պատուաստած բաղձալի ինքնութեամբ ու ինքուրոյն դիմագիծով՝ անոր ապահովելով յաջողութիւն, արժանապատիւ դիրք ներկայ թէ ապագայ կեանքին մէջ։ Իսկ այն ծնողքը, որուն անհոգութեան պատճառաւ իր սրտահատորեակը խառնիճաղանճ աշխարհի մը՝ «քաոս»ի մը մէջ հասակ կ՚առնէ, ձեւով մը իր զաւակը մխրճած կ՚ըլլայ ցեխաթաթաւ մթնոլորտի մէջ եւ որուն պատճառաւ դերակատար անձնաւորութիւնը կեղծաւորութեան հակելու, յուսադրիչ ամէն երեւոյթ ստուերելու եւ ոտնահարելու քանդիչ վարքագծի տէր անձ մը կը դառնայ։
Ականատես վկան դարձած եմ անարդար երեւոյթի մը եւ մինչ օրս չեմ կրնար զայն մոռնալ։ Փայլուն, յառաջդիմած որբ պատանի մը իր ընտանիքը՝ մայրը, քոյրն ու եղբայրը թողած կ՚ընտրէ ազգին ու Եկեղեցիին ծառայելու նուիրական կոչումը։ Ինն տարիներ շարունակ այդ հաստատութեան մէջ կը թրծուի, կ՚ուռճանայ, գիտութիւն ձեռք կը բերէ եւ ոգի ի բռին կը փորձէ իրեն տրուած պատասխանատուութիւնները լիարժէք դրսեւորել։ Այս ուսումնատենչ երիտասարդը ոչ ոքի վնաս հասցուցած էր, ընդհակառակը, տարիներ շարունակ այդ ուսումնարանին առաջնութիւնը խլած էր եւ շատերու կողմէ գնահատուած։ Երբ իր նպատակը կեանքի կոչելու եւ աւարտելու օրը կը հասնի, «մութ ձեռք»եր, մթաստեղծ եւ խաւարածին մարդիկ փորձեցին անոր յաջողակ գնացքը խոչընդոտել, իր անունը մրոտել, իր հասցէին ցեխարձակումներ կատարել եւ զրպարտել։ Այդպիսի կեղծաւորներ եւ սնամիտներ իրենց նպատակին հասան։ Այս երիտասարդը շրջանաւարտ ըլլալէն վերջ փորձեց բազմաթիւ դռներ թակել, բայց այս նոյն փերեզակ-փարիսեցիները շարունակեցին բազում դռներու բացման արգելք հանդիսանալ։ Այսօր այդ երիտասարդը համաշխարհային բարձրագոյն եւ առաջատար համալսարանը աւարտած է։ Ունի հրաշազան տիկին եւ զաւակ մը։ Մինչդեռ այդ դատարկապորտները պարտաւորուած են միայնակ կեանք մը ապրելու եւ ուրիշներու կեանքին նայելով՝ այրուելու։ Այդպիսիք իրենց չարածին արարքներուն պատասխանը Աստուծոյ ահեղ դատաստանին դիմաց ուշ կամ կանուխ պիտի տան։ Ականջ ունեցողը թող լսէ…
Իրօ՛ք, «Ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ»։ Նմանատիպ դատարկաբաններ փորձեցին այս երիտասարդին դողդոջուն քայլերը արմատապէս կտրել, իր կեանքի ընթացքը փոխել, ձախողութեան մատնել, բայց եւ այնպէս երբեք չյաջողեցան ու պիտի չյաջողին։ Այս փորձառութենէն սորվէ՛ եւ դասե՛ր քաղէ։ Զրահուէ՛, յուսադրուէ՛, լաւատե՛ս եղիր, քու մասիդ խօսուող քննադատութիւններուն եւ նախանձալի խօսքերուն ականջ մի՛ տար։ Այս սահմանաւոր աշխարհին մէջ պատասխանատու մարդիկ կրնան միայն իրենց ղեկավար դիրքով քեզ «ընկճել» եւ նեղութիւններ պատճառել։ Կրնայ ըլլալ տուն երթաս, գլուխդ բարձին դնես, սակայն չկարենաս քնանալ՝ անոնց թունալի արտայայտութեանց եւ պարտուածի հոգեբանութեանդ պատճառաւ։ Թող ուրախանան, բայց իրենց ուրախութիւնը շատ կարճ է եւ ժամանակաւոր։ Միշտ յիշէ՛, որ կեանքը միայն յաղթանակներով չէ՛ պայմանաւորուած, այլ կայ նաեւ պարտութիւն։ Պարտութիւնն է, որ քեզ աւելի եւս կը կռանէ, կը զսպանակէ եւ կ՚ամրապնդէ։ Երբեմն երբ պարտուիս, երբեք յուսալքութեան թակարդին մէջ մի՛ իյնար, այլ վերանորոգուելով՝ պայքարէ եւ ճակտի քրտինքովդ նպատակիդ հասիր։ Պարտութիւնը քեզ խոնարհ կը դարձնէ, կամքդ կը զօրացնէ, կը յղկէ, յաջորդ հանգրուանին անպարտելի կը դարձնէ եւ կը սորվեցնէ, որ առանց ամենակարող Աստուծոյ՝ ոչի՛նչ մըն ես։
Երբ ամէն չարիքի մէջ բարիք փնտռես, հետեւեալ խօսքն ալ մտքի մէկ անկիւնին վրայ դաջէ. «Լաւութեան լաւութիւն՝ ամէ՛ն մարդու գործ։ Չարիքի դէմ լաւութիւն՝ իրա՛ւ մարդու գործ»։ Համեմատաբար «լաւութեան դիմաց լաւութեամբ» փոխադարձողներուն հետ, դժբախտաբար «չարութեան դիմաց լաւութիւն» գործողներ հազուագիւտ եւ դժուար գտանելի են։ Ազնիւ մարդը չարութեան չի՛ դիմադարձեր, այլ իր օրինակելի վարքագիծով օրինակ կը դառնայ տկար ընկերոջ։ Չի՛ հակառակիր, այլ յարատեւ բարիք կը գործէ՝ նշաւակ ունենալով զՔրիստոս։ Չ՚ընդդիմախօսեր եւ ոսոխալից խօսքեր չ՚արտասաներ, այլ լռելեայն ու ներողամիտ ոգիով կը վերաբերի իր նմանակիցին հետ։ Ահա հո՛ս կը կայանան ճշմարիտ քրիստոնեային պարտաւորութիւնն ու դերակատարութիւնը։ Եթէ չարիքի դէմ չարիք հասցնես, ի՞նչ է քու տարբերութիւնդ սովորական մահկանացուներէ՞ն։ Վրէ՞ժդ լուծած կամ «սի՞րտդ պաղեցուցած» կ՚ըլլաս, աւելի հանգի՞ստ կը քնանաս եւ կամ խնջոյքի սեղան մը սարքելով՝ չարիք հասցուցած նմանակիցիդ դժբախտութի՞ւնը կը նշես։ Չարիք մի՛ գործեր, որովհետեւ այդ միայն խաւարորդիներու վայել արարք է։ Չարիքի մէջ բարիք փնտռելու ժամանակ, դուն ալ բարիք մը գործէ, որպէսզի բարի՛ք գտնես եւ կեանքդ բարութեամբ ապրիս։
Իսկատիպ քրիստոնեան ամէն բանի մէջ իր փառքը չի փնտռեր, այլ Աստուծոյ փառքը կ՚որոնէ։ Չի՛ նախանձիր եւ իր շահը չի՛ հետապնդեր, այլ կ՚երջանկանայ Աստուծմով եւ իր եղբօր բարձրացումով, նուաճումներով եւ ձեռքբերումներով։ Ճոռոմաբան մարդոց նման ամէն բարիք իր անձին չի՛ վերագրեր, փարիսեցիանման արարքներ չի՛ գործեր, հրապարակներու վրայ բարձրաղաղակ իր բարիքները չի՛ յայտարարեր, այլ Աստուածորդիին խօսքին անսալով` կը մոռնայ իր լաւութիւնները, որովհետեւ համոզուած է, որ աշխարհապատկան ու աշխարհէն եկող բոլոր ստորաքարշ հաճոյքները ունայն եւ կորստաբեր են։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին: Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր: Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր: Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա: Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տո՛ւր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ, երես մի՛ դարձներ» (Մտ 5.39-42)։
Կեանքը այն ուսումնարանն է, ուր ինքնազոհ ու անձնդիր «դասատու»ներ իրենց գտած բոլոր գեղեցկութիւնները կը ջամբեն ու կը բաժնեկցին հազարաւոր աշակերտներու հետ: Եւ այն ատեն ապշահար կը տեսնես, թէ գեղեցիկ որքա՜ն շատ բան կայ այս երկնակամարին վրայ։ Բաւ է, որ մէկը խօսի այդ գեղեցկութիւններուն մասին: Ո՛չ մէկ դասատու կրնայ աշակերտի մը սորվեցնել բան մը, զոր ինք չի գիտեր: Եթէ կ՚ուզես սորվեցնել, նախ դուն պէտք է սորվիս: Նախ դուն պէտք է խանդավառուիս, ապա ուրիշը խանդավառես։ Նախ դուն բարեգործութիւն պէտք է գործես եւ ապա բարիք գտնելու մասին մտածես։ Երբ չարիքի հանդիպիս, Աստուծոյ դիմէ եւ Անոր վստահէ։ Աստուած Ինք անհնարը հնարաւոր կը դարձնէ, քու դիմացդ փակուած բոլոր դռները կը բանայ։ Եւ այնպէ՛ս լայն կը բանայ կարելիութիւններու դուռը, որ ճղճիմ ու մենաւոր ձայնդ կը վերածուի հսկայ ու զօրեղ համանուագի, եւ այդ համանուագը կը նուաճէ բոլոր ունկնդիր սրտերը, մանաւանդ եթէ այդ սիրտը Նարեկացիի բացատրութեամբ ըլլայ կամքի բուրվառ մը, որուն մէջ Աստուծոյ խունկը կու գայ ճենճերելու Աստուծոյ կարօտի կրակին վրայ։
Հաուըրտ (Howard) աղքատ ընտանիքի մը զաւակն էր։ Իր ընտանիքին ապրուստը վաստկելու եւ դպրոցի կրթաթոշակի վճարումները ապահովելու համար, դուռ-դուռ պտըտելով իրեր կը վաճառէր։ Այդ օր ոչինչ ծախած էր եւ շատ քաղցած էր։ Ուստի, կ՚որոշէ յաջորդ դռնէն ուտելիք խնդրել։ Երբ դուռը կը զարնէ, գեղադէմ օրիորդ մը դուռը կը բանայ, բայց ան իսկոյն կ՚ամչնայ։ Ուտելիքի տեղ «Կը ներէք, գաւաթ մը ջուր կրնա՞ք տալ» միայն կը կարողանայ ըսել։ Երիտասարդուհին նշմարելով պատանեակին ամօթխածութիւնը, մեծ գաւաթով կաթ կը հրամցնէ անոր։ Տղեկը կաթը կամաց-կամաց հաճոյք առնելով կը խմէ, որմէ ետք կը հարցնէ. «Շատ շնորհակալ եմ։ Որքա՞ն է պարտքս»։ Աղջիկը դէմքին վրայ քաղցր ժպիտ մը ուրուագծելով՝ կը պատասխանէ. «Պարտք չունիք։ Մայրս մեզի սորվեցուցած է, որ մեր ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ քաղաքավարութեան դիմաց՝ փոխարէնը երբեք չսպասենք ու չակնկալենք»։ Տղան կ՚ըսէ. «Ուրեմն շնորհակալութիւն, ամբողջ սրտով շնորհակալ եմ»։
Տարիներ ետք բարեգործ օրիորդը անբուժելի հիւանդութեան մը կը բռնուի ու կը տառապի։ Շրջանի բժիշկները երբ անճար կը մնան, հիւանդութիւնը մանրազնին քննելու համար՝ զինք քաղաք կ՚ուղարկեն։ Տքթ. Հաուըրտ Քէլին (Howard Kelly) հիւանդը քննելու եւ կարծիք պարզելու ընթացքին, երբ կը տեղեկանայ հիւանդին ո՞ր գիւղաքաղաքէն ըլլալը՝ կը յուզուի։ Այլեւս երիտասարդ չէր։ Տարիներ առաջ իրեն սիրով մօտեցած օրիորդը առաջին տեսած պահէն իսկ կը ճանչնայ։ Հետեւաբար, անոր կեանքը փրկելու եւ ազատելու համար ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ։
Երկար դարմանումէ ու խնամատարութենէ ետք մահամերձ օրիորդը կ՚առողջանայ։ Յաջորդ օր հաշուապահուհին հիւանդ օրիորդին հիւանդանոցի հաշիւները բժիշկին կը ներկայացնէ։ Տքթ. Քէլին իրեն բերուած հաշիւին հպանցիկ կը նայի եւ վրան բաներ մը գրելով, պահարանի մը մէջ կը դնէ ու հիւանդ օրիորդին սենեակը կը ղրկէ։ Աղջիկը դողդոջուն ձեռքերով կ՚առնէ պահարանը։ Հիւանդանոցին հաշիւը երբեք պիտի չկրնար վճարել եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին պիտի աշխատէր, որպէսզի այս պարտքը փակէր։ Ի վերջոյ, պահարանը կը բանայ եւ ուշադրութիւնը կը գրաւէ հաշիւին կցուած թուղթ մը, որուն վրայ հետեւեալը գրուած էր. «Հիւանդանոցի ծախսերդ ամբողջութեամբ մէկ գաւաթ կաթի փոխարէն վճարուած են»։
Սիրելի՛ ընթերցող, կեանքիդ մէջ անպայմանօրէն յուսահատեցուցիչ պահերու հանդիպած ես, բայց իբրեւ քրիստոնեայ պէտք է յուսալից, վստահութեամբ եւ յոյսով լեցուն ըլլաս եւ դուն ինքդ ուրիշներու վստահութիւն ու յոյս ներշնչես։ Եթէ մարդիկ յուսալքուած են, դժուարութեանց դիմաց սպառուած են, դուն իբրեւ աղ իրենց կեանքը համեմէ եւ քաջալերէ զանոնք։ Միշտ մտաբերէ՛, որ Աստուած քեզի վհատութեան, տկարութեան, թուլութեան հոգի չէ՛ տուած, այլ՝ զօրութեան, իմաստութեան եւ քաջութեան հոգի։ Հոգիի այդ քաջութեամբ, տեսիլքով եւ ամբողջական յոյսով պէտք է դիմակալես եւ խորտակես դիմացդ ցցուած բոլոր պատնէշները եւ քու օրինակովդ առաջնորդես ու բարձրացնես նաեւ ուրիշները։
Դուն ծնած ես ապրելու եւ նպատակի մը համար։ Մի՛ ապրիր կեանքդ, որովհետեւ դուն ծնած ես։ Մի՛ քալեր այն ճանապարհէն, որուն ընդմէջէն կեանքը քեզ կ՚ուղղէ դէպի օտարոտի վայրեր՝ քեզ ընկլուզելու եւ երեսի վրայ ձգելու համար։ Ընդհակառակը, դուն տար կեանքը դէպի այն ճամբան, որմէ դուն ու խիղճդ կ՚ուզէք ընթանալ։ Ի՞նչ է ընտրած ուղիդ. յուսահատութեա՞ն, պարտութեա՞ն, երկչոտութեա՞ն, յանձնուելո՞ւ ուղին, թէ՞ ոչ պայքարելու, արարելու, չպարտուելու եւ դարձեալ փորձելու ուղին։ Ի՛նչ ալ ըլլան պարագաներն ու պայմանները, երբեք մի՛ յանձնուիր, այլ նեղութեան պահուդ լոյս մը փնտռէ, որովհետեւ «չկայ չարիք՝ առանց բարիքի»…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ