ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանին նախաձեռնութեամբ, Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանին մէջ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ։ «Համաշխարհայնացման դիտանկիւնէ Օսմանեան կայսրութիւնն ու հայերը. մշակոյթ եւ տնտեսութիւն» խորագրեալ այս գիտաժողովը կազմակերպուած էր Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի ջանքերով։ Օրթագիւղի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» հետազօտութիւններու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ կատարուեցան աշխատանքները։ Զեքիեան Գերապայծառի ջանքերով կեանքի կոչուած այս բազմակողմանի ծրագիրը արդարացուց ակնկալութիւնները՝ հեղինակաւոր մասնագէտներու համախմբումով։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու պատմական զանազան ծալքերուն վրայ կեդրոնացած էր այս գիտաժողովը, որ զեկուցումներու միջոցաւ հարցաքննութեան դաշտ մը բացաւ հետաքրքիրներուն առջեւ։
Շաբաթ օր Մեհմէտ Կէնչ զեկուցում մը ներկայացուց Օսմանեան ժամանակաշրջանի հայ էսնաֆներուն մասին։ Գերմանացի գիտնական Էտմունտ Հերցիկ արտայայտուեցաւ 17-18-րդ դարերու Հնդկաստանի հայ առեւտրականներուն եւ առեւտրականութեան ու մտաւորականութեան կապերուն շուրջ։
Յետմիջօրէի նիստին խօսք առաւ ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Յարութիւն Ռայմոն Գէորգեան, որ անդրադարձաւ Օսմանեան արդիւնաբերական յեղափոխութեան մէջ հայոց դերակատարութեան։ Իրմէ վերջ զեկուցում մըն ալ ներկայացուց յայտնի պատմաբան Հալիլ Պերքթայ։
Զեկուցումներու աւարտին գիտաժողովը եզրափակուեցաւ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկումով մը, որու ատենախօսներն էին Արուս Եումուլ եւ Էլչին Մաճառ։
Զեքիեան Գերապայծառ իւրաքանչիւր զեկուցումէ վերջ յուշանուէրներ ալ յանձնեց ատենախօսներուն՝ արտայայտելով իր բարձր գնահատանքը։