Շաբաթ 11, Յունուար 2025
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՓՈՂՈՑ ՄԸ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՌԱՖԱՅԷԼ ԼԵՄՔԻՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ
Երեւանի կեդրոնէն ներս փողոց մը կոչուեցաւ Ռաֆայէլ Լեմքինի անունով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտայի առաջին փակուղին կոչուեցաւ հրեայ արմատներով իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի անունով։
Փողոցի անուանակոչութեան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Սերկէյ Յարութիւնեան, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ցեղասպանութիւններու հարցերով յատուկ խորհրդական Ատամա Տիենքի եւ ՄԱԿ-ի Հայաստանի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփ, որոնք հանդէս եկան ելոյթներով։
Ինչպէս ծանօթ է, Ռաֆայէլ Լեմքին եղած է «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի հեղինակը։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018