ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ

ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ

Վերջին ամիսներուն արեւմտեան աշխարհի երկիրներուն մէջ կարգ մը մտածումներ արտայայտուեցան, նաեւ՝ Հայաստան, որոնք այսօր կրնան նորութիւն եւ յառաջդիմութիւն համարուիլ՝ ազգային ինքնութիւններուն համատեղ ապրելու մասին, միասին ապրիլ, ֆրանսերէնով սովորութիւն է ըսել՝ vivre ensemble: Չի խօսուիր ինքնութիւններու եւ մշակոյթներու արմատական փոփոխութիւններու մասին:

Այս գաղափարական ազատականութիւնը մեծ եւ հզօր մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներուն համար պատմամշակութային ինքնութեան կորուստի վտանգ չի սպառնար: Ռուսաստան, Ֆրանսան, արաբները, գերմանացիները, անգլիացիները, ամերիկացիները, չինացիները կրնան հետեւիլ միասին ապրելու քաղաքական-մշակութային ոճին, քանի որ կը հաւատան, որ միւսները իրենց հետ ապրելով՝ իրենց պէս պիտի ապրին: Տեսանելի փորձը այդ ցոյց չի տար: Պարագան այլապէս մտահոգիչ է փոքր ժողովուրդներուն եւ մանաւանդ անոնց տարտղնուած գաղթականութիւններուն համար, որոնք իրենց ինքնութիւնը պահելու համար անզէն են:

Մեր իւրօրինակ կացութիւնը մեզի կը թելադրէ ազգի մասին յստակ գաղափար կազմել, օրակարգ համարել մեր ինքնութեամբ տոկալու եւ տեւելու խնդիրը, որպէսզի օր մը պատմաբաններու սոսկ հետաքրքրական ուսումնասիրութեան առարկայ չըլլանք՝ որպէս մեռած ժողովուրդ:

Եւ անհրաժեշտ է մտածել, կացութիւնները դատել, ունենալ հեռանկարային պատկերացումներ՝ մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին համար: Այսինքն՝ մտածել եւ գործել ժամանակի եւ հեռու ու մօտ շրջապատի ազդեցութիւնները նկատի ունենալով, երբ գիտենք, որ հեռուն եւ մօտը նոյնը չեն, ինչ որ էին յիսուն տարի առաջ: Այս խորքային ազգային քաղաքականութիւն է՝ աթոռներէն, բեմի լոյսերէն եւ ընչաքաղցութիւններէ անդին: Հաւասարապէս՝ Հայաստան եւ Սփիւռք:

Խորքային քաղաքականութիւնը թաղային երեւելիութենէ եւ հեղինակութենէ տարբեր ըմբռնում եւ պատրաստութիւն կը պահանջէ:

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՏՈՒԳԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍՈՎ

Ազգերը կազմուած են պատմութեան ընթացքին, անոնք յանկարծ չեն յայտնուած տուեալ թուականի մը, կերտուած են ինքնութիւններ եւ միութիւններ: Համաշխարհայնացումը ազգերը ժամանակավրէ՞պ պիտի դարձնէ՝ որպէս ըմբռնում եւ մարդոց կենսաձեւ եւ փոխարէնը հաստատէ նորատեսակ կայսրութիւն՝ բազմազգ ընկերութիւններու (multinationales) կայսրութիւնը, որ արդէն ընթացքի մէջ է՝ մարդկային եւ մարդկութեան բոլոր հարցերը ստորադասելով տնտեսական-դրամական գերիշխանութեան:

Վերջին երկու դարերուն ազգի ըմբռնումը ենթարկուած է մեկնաբանութիւններու, քննադատութիւններու եւ մերժումներու, երբ ծնունդ առին ազգային պետութիւններ՝ Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք: Ազգի ըմբռնումը գերանցելու գաղափարական, կրօնական եւ քաղաքական փորձեր եղած են եւ կը շարունակուին, տիեզերականութիւն հաստատելու փորձեր, բայց ազգերը կը տեւեն, ինքնութիւններ կը պաշտպանուին: Վտանգուած ազգերը, անոնք, որոնք տիրապետուած են, նախայարձակումներու ենթարկուած, աւելի կը խօսին այս մասին, քան՝ հզօրները, որոնք ինքնապաշտպանութեան կարիք չեն զգար:

Բայց դամոկլեան սուրի պէս կախուած է համաշխարհայնացումը՝ ոչ միայն փոքրերուն համար, այլեւ՝ նախկին հզօրներուն: Մոլորակի եւ մարդկութեան հոլովոյթի ընթացքին յառաջացած ազգերը, որոնց այլազանութիւնը հարստութիւնն է մարդկութեան, ինչպէս մարդը ինք այլազան է նոյն խորքի վրայ: Մեծ եւ փոքր ժողովուրդները, առանց խտրութեան, պէտք է խորհին այս մասին, որպէսզի չհարթուին ծնունդ տալու համար անհրապոյր եւ անհոգի նոյնութեան մը, նոյնացման մը:

Հայերէն ազգ բառը, ըստ լեզուաբաններու, փոխ առնուած է պահլաւերէնէ՝ azg, որ կը նշանակէ ճիւղ, որ իր կարգին կու գայ հնդեւրոպական azgho բառէն՝ նոյնպէս ճիւղ իմաստով: Նոյն ձեւով տարածուած է յունարէնի եւ պարսկերէնի մէջ։

Ժամանակակից հասկացողութեամբ, ազգի ըմբռնումը յաճախ կը նոյնանայ ժողովուրդի եւ անկախ կամ ինքնավար պետութեան հետ: Ժողովուրդ մը կրնայ գոյութիւն ունենալ առանց պետական կառոյցի եւ միաժամանակ ազգ համարուիլ, ինքզինք որպէս այդպիսին համարել ու տեւել: Պատմական հոլովոյթի ընթացքին ան կրնայ դառնալ պետութիւն: Երէկուան եւ այսօրուան ազգային պետութիւնները, մարդկային հաւաքականութիւններու զանգուածային տեղափոխութիւններուն եւ տարածուող բազմամշակութային հոլովոյթին մէջ, կ՚ունենան նոր դիմագիծ եւ դէմ յանդիման կը գտնուին քաղաքական բարդութիւններու, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի ազգային ինքնութիւններու պահպանման:

Իմաստութիւն չէ աչքերը խուփ պահել եւ անտեսել կացութիւնները՝ ե՛ւ մեծերու ե՛ւ փոքրերու պարագային:

ԱԶԳ (nation) ըմբռնումը քիչ մը շատ առաձգական իմաստ ունի իր միջազգային գործածութեան մէջ: Միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակին ան կ՚ըմբռնուի որպէս ԳԵՐԻՇԽԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, կամ՝ որպէս ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ: Նոյնիսկ շատ լուրջ Միացեալ ազգերու ուխտագրին մէջ անգամ ժողովուրդ, ազգ եւ պետութիւն միաժամանակ կը ներկայանան, կարծէք՝ հոմանիշ ըլլան: ՄԱԿ-ի ուխտագիրը «կը ճշդէ անդամ պետութիւններու իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները», իսկ ուխտագրի ներածականը կ՚արտայայտէ իտէալները եւ հասարակաց նպատակները բոլոր ժողովուրդներու, որոնց կառավարութիւնները միացած են կազմելու համար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը»: Բառերու ծագումը եւ ստուգաբանութիւնը գաղափարներ լուսաբանելու եւ կացութիւններ հասկնալու լուսաւոր ճանապարհ է: Ընդհանրացած եւ գործածուող nation բառը կու գայ լատիներէն natio բառէն, որ իր կարգին կու գայ լատիներէն nascere բայէն, ֆրանսերէնի naître բայը, այսինքն՝ ծնունդ: Աւելի հետաքրքրական է natio բառը, որ կը նշանակէ մէկ ծնունդի ձագեր, նոյն ատեն նոյն արգանդէն ծնածներ: Նոյն բառը կը գործածուի նաեւ սահմանելու համար ժողովուրդ մը, ժողովուրդի մը մէկ մասը կամ ցեղախումբ մը:

Իսկ բառարանները «ազգ»ը կը բնորոշեն որպէս ամբողջութիւնը անձերուն, որոնք կ՚ապրին հասարակաց հողամասի մը վրայ, կը գիտակցին իրենց պատմական եւ մշակութային միութեան (մէկութեան), յաճախ նաեւ՝ լեզուական, եւ իրենք զիրենք մասնակից կը համարեն ընկերաքաղաքական նոյնութեան: «Ազգ»ը կը սահմանուի նաեւ որպէս քաղաքական միութիւն մը՝ նոյն հողամասին վրայ ապրող եւ կազմակերպուած՝ իր կառոյցներով եւ օրէնքներով:

Գերմանացի իմաստասէր Եոհան Կոթլիպ Ֆիշթի համար (1762-1814), նոյն ազգի անդամները հասարակաց յատկանիշներ ունին, ինչպէս՝ լեզուն, կրօնը, մշակոյթը եւ պատմութիւնը, նաեւ՝ ցեղային ծագում, որ զիրենք տարբեր կը դարձնէ ուրիշ ազգերէ եւ անոնց անդամներէն: Ֆրանսական ըմբռնումը, ձեւաւորուած՝ ԺԸ. դարուն եւ Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան հունով, կ՚ընդունի, որ «Ազգ»ը կը գոյանայ «միասին ապրելու» հասարակաց կամքով, որ պարզապէս կը տանի հաւաքականութեան ինքնասահմանման: Հետեւելով նոյն մտածման ընթացքին՝ ոմանք տարբերութիւն մը կը տեսնեն քաղաքացիական ազգին եւ ցեղային ազգին միջեւ:

Վերջինը միասին ապրելու ընտրանքի ենթակայական ըմբռնումն է ազգին, իսկ նախորդները՝ առարկայական, որոնք կը հիմնուին պատմաքաղաքական, մշակութային եւ շարունակութեան տուեալներու վրայ:

Մեր օրերուն կը խօսուի ազգային ինքնութեան մասին, որ կը կերտուի պետութեան մէջ եւ պետական ընտրանքներով, առաւելաբար՝ հիմնուած տնտեսական որոշիչ ազդակներու վրայ (արտադրութեան, սպառման եւ անոնց հետեւող կենցաղի նոյնացումով):

ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԶԱՆԱԶԱՆԵԱԼ ՊԱՏԿԵՐԸ

ԱԶԳ-ը վերացական գաղափար մը չէ: Ան մարդոց հաւաքականութիւն մըն է՝ խմբուած նոյն ըմբռնումի մը շուրջ, որ կրնայ մեկնաբանուիլ տարբեր ձեւերով: Բայց ան մարդոցմով կ՚ըլլայ: Հետեւաբար նախ պէտք է խօսիլ այդ մարդոց մասին. ո՞ւր կը գտնուին անոնք, ի՞նչ է անոնց համրանքը, ի՞նչ բան կը միացնէ զանոնք, ի՞նչ են անոնց ստորոգելիները, որպէսզի նոյն ազգին մէջ ըլլան: Անհեթեթ է հրամանագրով որոշել, թէ ո՛վ ո՞ր ազգին կը պատկանի:

Մարդիկ նոյնն են եւ տարբեր միաժամանակ: Նախորդ ենթախորագրին տակ յիշեցի զանազան տեսութիւններ, որոնք կը նշեն պատմութեան հետքը, հողամաս մը, համրանք կամ ըմբռնումներէ եկած ընտրանք. ծագում, պատմութիւն, մշակոյթ, լեզու, միասին ապրելու ցանկութիւն, որոնցմով բնորոշուին հաւաքականութիւնները եւ անոնց մաս կազմող մարդիկ:

Մարդոց հաւաքականութիւնները միացնող եւ տարբերակող մեծ կամ պզտիկ ազդակներ կան, որոնք անոնց կու տան տարբեր նկարագիր: Հողամշակ կամ խաշնարած, ձիւներու մտերմութեան մէջ ապրող թիպեթցին եւ ծովագնաց անգլիացին տարբեր են, մարդիկ նոյն ձեւով չեն ապրիր, աշխարհը նոյն ձեւով չեն տեսներ, նոյն ձեւով չեն սնանիր, նոյն ձեւով չեն հագուիր: Սառուցեալ գօտիներու, արեւադարձային երկիրներու եւ հասարակածի ժողովուրդները նոյնատեսակ կենցաղ եւ ճարտարագիտութիւն չունին, իրենց առօրեայէն եւ շրջապատէն կը թելադրուին ընդհանուր բնորոշումով իրենց մշակոյթները: Հիւսիսի էսքիմոն եւ լաբոնը, Միջերկրականի աւազանի յոյնը եւ արաբը, Խաղաղականի կղզիներու բնիկները նոյնն են եւ տարբեր: Ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը իր արտադրական-սպառողական-հաղորդակցական պայմաններու ընդհանրացումով տարբերութիւնները կը ջնջէ, աւելի ճիշդ՝ անհետացնելու ընթացքի մէջ է: Այս պատճառով ալ կան ապագայ մարդկային ընկերութեան մասին տեսութիւններ, որոնցմէ վերջինը, կրօններէ եւ կայսրութիւններէ ետք, Մարքիւզի միատարածք մարդէն (l’homme unidimensionnel) եւ Ճորճ Օրուէլի թուանշան դարձած մարդէն ետք, մեր օրերու համաշխարհայնացումն է: Բայց՝ ոչ վերջինը, որ փակէ պատմութեան օղակը:

Բայց ոչ ոք կը լքէ ժողովուրդ, ազգ, պետութիւն, երկիր եւ հայրենիք բառերը եւ անոնց հետ եկող ըմբռնումները: Նոյնիսկ Խորհրդային Միութիւնը, Բ. Աշխարհամարտին, չվարանեցաւ խօսելու հայրենական պատերազմի մասին:

Որպէս մարդ եւ որպէս հայ, համագումար քաղաքական, մշակութային, տնտեսական, գիտական եւ հաղորդակցական դանդաղ կամ արագ հոլովոյթի իրարանցումին մէջ, ցարդ որպէս ՀԱՅ ԱԶԳ ըմբռնուած հաւաքականութիւնը ի՞նչ պատկեր(ներ) կը ներկայացնէ: Ան անցեալի շարունակութի՞ւն է, պիտի դադրի՞ շարունակութիւն ըլլալէ եւ պիտի ըլլա՞յ նորի սկիզբ:

Այս հարցումին հայերը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կու տան իրենց կացութենէն մեկնած պատասխաններ: Եթէ ընկերաբանական գիտական խոյզեր (enquêtes sociologiques) կատարուէին, եթէ միջոցները ունենայինք այդ ընելու, չբաւարարուէինք գաղափարաբանական եւ ենթակայական դասական դարձած տարազումներով, պիտի տեսնէինք, որ ՀԱՅ ԱԶԳ բնորոշումը կը ներկայացնէ խայտաբղետ հաւաքականութիւններ եւ տեսակէտներ՝ կենցաղի, լեզուի, մշակոյթի, բարքերու, հեռանկարներու:

Առանձնացնենք լեզուի պարագան՝ որպէս օրինակ:

Բենիամին Թաշեան «Դեգերումներ Տիրոջ այգիին մէջ» գիրքի էջերուն վրայ, (գիրք, որ դեռ չէ սպառած եւ կարելի է գտնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գրախանութը), կը խօսի քրտական առածի մը մասին, զոր կարդացած է օրացոյցի թերթիկի մը վրայ, որ կ՚ըսէ, թէ իմ լեզուս խօսող օտարը աւելի մօտ է ինծի, քան՝ ցեղակիցս որ չի խօսիր իմ լեզուս: Եւ տխրութեամբ կ՚աւելցնէ, որ այդ իմաստութիւնը ինք պիտի սորվէր քիւրտերէն... Արդարեւ, լեզուին խորթացած ազգի հատուածները կը կորսնցնեն հարազատութիւնը: Ֆրանսացի իմաստասէր մը կ՚ըսէ՝ «Բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն», այսինքն լեզուի շաղախով կը ստեղծուի տուեալ հաւաքականութեան մը մէկութիւնը: Իսկ զիս ամենէն աւելի տպաւորած է ժԷ. դարու ֆրանսացի ծիրանաւորի մը խօսքը, որ վանդակի մէջ եղող կապիկ մը երկարօրէն դիտելէ ետք կ՚ըսէ. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ»... Լեզուն մարդուն պատկանելիութեան անցագիրն է: Յաճախ կրկնուող «զգացումով հայ ըլլալ»ը, առանց լեզուի դրոշմի, ենթակայական սահմաններէ դուրս չի գար, կը մնայ ընդհանրապէս «տուրիստական» հետաքրքրութիւն՝ միշտ յարգելով յանձնառու բացառութիւնները:

Ճառային «համաշխարհային ազգ» ըլլալու փուչիկը աճպարարութիւն է:

Ազգը գոյացման համար կարիք ունի առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու համատեղ գոյութեան: Կան լեզուն եւ լայն առումով մշակոյթը, որոնք կ՚ըլլան խօսող եւ անոնցմով ապրող ժողովուրդով: Բայց երբ ժողովուրդը կը տարտղնուի, կը նօսրանայ, անոր անդամները եւս կը նօսրանան: Հայկական համրանքը սփիւռք կացութեան պատճառով ենթակայ է մաշումի, քանի որ հեռանալով առարկայական ենթահողէ՝ չի կրնար պահել ենթակայական ազդակները՝ լեզուն եւ մշակոյթը: Հետեւաբար անշրջանցելի է առարկայական ազդակը՝ հող-հայրենիքը, ուր լեզուն եւ մշակոյթը բնական կերպով կրնան աճիլ, ինքնութիւն կը պահեն եւ կը դիմադրեն համաշխարհայնացման յորձանքին: Այս ըմբռնումով, սփիւռք-ազգը միշտ վտանգուած է: Թէ սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութիւն պէտք է պահել՝ պահելու համար համրանքը, վէճի առարկայ չէ, բայց երբեք մէկդի պէտք չէ դնել իրատեսութիւնը: Պարզ պէտք է ըլլայ իմաստութիւնը. սփիւռքը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ: Զայն պէտք է պահել ազգային ինքնուրոյնութեամբ՝ վերադարձի համար: Այս ինչո՞ւն է, իսկ որոշ չէ ինչպէ՞սը:

Ազգի գոյատեւման երաշխաւորը հող-հայրենիքն է՝ իր տնտեսութեամբ, եւ ան է, որ կարելի կը դարձնէ ինքնուրոյնութիւնը՝ համախումբ կեանքով: Այս բնական ընտրանք է:

Այսօր պարզ է, որ սփիւռքեան հատուածները բազմալեզու են հայերէնի տեղատուութեան յառաջացուցած ապակայունացման պատճառով, անոնց միջեւ հաղորդակցութիւնները միշտ քիչ մը աւելի պիտի դժուարանան, եթէ հետզհետէ չշեշտուի համաշխարհայնացումը կրող անգլերէնի տարածումը ամէնուրեք, նաեւ՝ Հայաստանի մէջ, բռնելով ոմանց երազած մէկ պետութիւն, մէկ կառավարում եւ մէկ մարդկութիւն ճամբան: Այսինքն՝ անհետացումը ազգերու: Բնութիւնը որպէս այդպիսին եւ մարդը որպէս բնութեան արարած՝ կրնա՞ն ենթարկուիլ, եւ կ՚ընդունի՞ն ենթարկուիլ այդ միօրինականացման: Բանաստեղծ մը (Boileau) ըսած էր՝ «Արտաքսեցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»:

ՍՓԻՒՌՔԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

Կրկնենք. մօտաւոր ճշգրտութեամբ անգամ պատկերացում չունինք սփիւռք(ներ)ի համրանքի, այդ համրանքի մէջ պահուած ինքնութեան եւ ակնկալելի յանձնառութեան տոկոսի մասին: Միշտ պէտք է ընդգծել, որ մարդոց եւ ազգի մը համար սփիւռքը անբնական կացութիւն մըն է, որ կ՚առաջնորդէ փոփոխութեան, որուն համար կը գործածուին զանազան բառեր. պատշաճեցում, համարկում, մերւում եւ հուսկ՝ ձուլում, անհետացում, օտարում եւ այլասերում:
Սփիւռքի ազգային ինքնուրոյնութեամբ գոյատեւման համար համահայկական ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն չունինք, այդ չունի հայրենի պետութիւնը, չունին սփիւռքները: Ինչ որ կատարուած է եւ կը կատարուի, միշտ մասնակի է, ցաւի դէմ՝ homeopathique դարմաններ, եթէ դեռ placebo չեն: Եթէ չենք յաջողիր, որ սփիւռքածին իւրաքանչիւր հայ տղայ եւ աղջիկ հայկական վարժարան յաճախելու պատեհութիւն ունենայ, եթէ զէնքեր վար կը դնենք եւ դպրոցներ կը փակենք, եթէ մարդորսական պատճառաբանութիւններով լրատուամիջոցները կը դառնան օտարալեզու, մասնակից եւ մեղսակից կ՚ըլլանք սփիւռքի համրանքի աստիճանական այլասերման: Նախորդող սերունդի մարդիկ, պարզ բանաձեւումով կ՚ըսէին՝ ճերմակ ջարդ:

Բարի ցանկութեամբ եղած յայտարարութիւնները սփիւռքը պահելու միտող կազմակերպուածութեան մասին, հանդիսութիւններու բեմերէն վար չեն իջներ, առարկայ չեն համահայկական վերաբերումի: Հայաստանի համար երբ կարելի է տասնեակ միլիոնաւոր տոլար հաւաքել, եւ այդ պէտք է ընել, ինչո՞ւ այդ պէտք չէ ընել ազգի աւելի քան կէս համրանքի ինքնուրոյնութեան պաշտպանութեան համար: Այս ուղղութեամբ, կրկնենք, ո՛չ համահայկական ծրագրում կայ, ո՛չ ալ միջոցներ: Կարծէք՝ կը ծանծաղինք՝ քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս, թաղայինի եւ բարեսիրականի թափառումներուն մէջ: Չկայ նոյնիսկ հայրենադարձութեան ծրագրում: Բայց կան գէթ դեռ ներկայ ամբոխները զուարճացնող հրավառութիւններ:

Բայց բացակայ ամբոխները ո՞ւր գտնել...

ՉԵԶՐԱԿԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հարցերը կան: Անոնց լուծումները ազգը պիտի գտնէ եւ իրականացնէ, որոնք դուրսէն պիտի չգան: Բայց պէտք է հասկնալ նաեւ, որ մեր բարդ եւ մաշեցնող կացութեան մէջ ոգեշնչող ճառերը, սիրողականի մակարդակին էսթեպլիշմընթի ինքնարդարացման ծառայող աղմկարարութիւնը եւ միշտ սպասուող լուծումները ոչինչ կրնան փրկել, ոչ մէկ ապագայ կը պատրաստեն:

Հայաստան եւ Արցախ վաղ թէ ուշ պիտի յաղթահարեն իրենց դժուարութիւնները: Անոնք պետութիւն են:

Ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուին սփիւռքներու հարազատութեամբ գոյատեւման խնդիրները: Խնդիրները՝ ազգի աւելի քան կէսին, որ պատմութեան բեմին վրայ մնալու, չանհետանալու տեսական կարողականութիւն է (potential), որ այսօր կարծէք ինքզինք սահմանած է միայն Հայաստանի նկատմամբ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութեան:

Տեղ մը օրակա՞րգ է սփիւռքը՝ որպէս հայրենահանուած ազգի հատուած 2100-ին, երբ այսօր երթեւեկողները եւ աղմկողները այլեւս պիտի չըլլան: Հարցում էր... Որո՞ւ ուղղուած...

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2018