ԿԱՂԱՆԴԷՆ ԱՌԱՋ…

Կաղանդի եռուզեռ կայ Հայաստանի մէջ: Հանրախանութները սովորականէն աւելի ծանրաբեռնուած են ուտելիքներով, Կաղանդին առընչուող իրերով: Խանութներուն մէջ շարժելու տեղ չկայ՝ ամէն տեղ դրուած են զովացուցիչներու, ալքոլի, չիր ու չամիչի, տուրմերու արկղեր: Մարդիկ կան, որոնք պարզապէս արկղերով կը գնեն այդ ամէնը եւ տուն կը տանին: Խանութներուն մէջ նկատելի է նաեւ թուղթէ երկար ցուցակներով շրջիլը մարդոց, որոնք իրենց սայլեակները կը լեցնեն Կաղանդի սեղանին համար անհրաժեշտ ամէն ինչով… Տօնին տակաւին շաբաթներ կան, բայց պատրաստութիւնը սկսած է. մանաւանդ Կաղանդի այս անկուշտ առեւտուրը մտածումներու կը մղէ, թէ արդեօք կա՞յ աշխարհի վրայ ուրիշ երկիր մը, ուր այսքան անյագօրէն կը գնեն ուտելիք եւ կը լեցնեն տօնական սեղանները: Թերեւս Խորհրդային Միութեան նախկին երկիրներուն մէջ այս մէկը աւանդոյթ եղած է՝ չափէ աւելի ծանրաբեռնել սեղանները, հետեւաբար նաեւ ստամոքսները, ցոյց տալով, որ երկիրը, ուր կը բնակին, առատ է եւ բարեբեր:

Անցեալ կաղանդներէն մէկուն ընթացքին տեսակապով Գերմանիա բնակող ծանօթի մը հետ կը խօսէինք: Նախանձելի էր քիչ մըն ալ Կաղանդ դիմաւորելու անոնց կենսակերպը՝ սեղանին քանի մը ողկոյզ խաղող դրուած էր, փրփրուն գինի եւ կարծեմ՝ նաեւ քիչ մը անուշեղէն: Թերեւս շատերուն չափազանց քիչ կը թուի այս ամէնը, բայց դեկտեմբերի սկիզբէն տեսնելով հայ տանտիկիններու տանջալից օրերը, կ՚երազես, որ մեր կիներն ալ օր մը վայելեն թեթեւ սեղան դնելու հաճոյքը եւ իրապէս զգան տօնին խորհուրդը:

Նոր տարին աւանդաբար եղած է ընտանեկան տօն եւ շատ տարիներ առաջ հայերը դժուարութեամբ կը պատկերացնէին, թէ ինչպէս կարելի է տունէն դուրս տեղ մը դիմաւորել մտերմիկ ու սպասուած այս տօնը: Բայց ժամանակները կը փոխուին եւ որքան փութաջանօրէն շատեր կը պատրաստուին տուներուն մէջ դիմաւորել տօնը, քիչ չէ նաեւ թիւը անոնց, որոնք կը նախընտրեն ոչ միայն տունէն դուրս, այլ նաեւ՝ երկիրէն դուրս երթալ: Թերեւս նաեւ շատակերութեան, անվերջ հիւրասիրութիւններու, յոգնութիւններու շքերթէն խուսափելու ձեւ մըն է այս մէկը, որ վերջին տարիներուն աւելի շատ տարածում կը ստանայ:

Տօնական օրերու ձանձրոյթը կը յառաջանայ մանաւանդ ճոխ սեղաններու եւ անվերջ կերուխումերու պատճառաւ, եւ թերեւս ողջունելի են այն ընտանիքները, որոնք հնարաւորինս խոյս կու տան այդ ամէն ինչէն:

Կան ընտանիքներ, որոնք ճաշարաններու մէջ կը նշեն, բազմաթիւ են նաեւ Հայաստանի հանգստեան վայրերուն մէջ Կաղանդը դիմաւորողները, իսկ վերջին տարիներուն մեծ հակում կայ նաեւ Հայաստանէն դուրս գալու եւ օտար երկիրներու մէջ դիմաւորելու Ամանորը:

Առաջին երկիրը, ուր հայերը կը նախընտրեն երթալ Կաղանդին՝ դրացի Վրաստանն է: Հոս ոչ միայն Կաղանդին, այլեւ ամառնային արձակուրդին, Զատիկին կը սիրեն հանգստանալ հայաստանցիները: Նախ այն պատճառով, որ Վրաստանը մօտ է, հայաստանցիները կրնան մուտք գործել առանց անցագրի եւ որ ամենակարեւորն է՝ Վրաստանի մէջ գիները աւելի մատչելի են: Ուստի, անկախ տարուան եղանակէն, Վրաստանի հանդէպ հայաստանցիներուն մօտ մշտական հետաքրքրութիւն մը կայ։ Այդ երկիրը այցելողները կը նախընտրեն սեփական ինքնաշարժներով երթալ եւ վերադարձին ալ անպայման գնումներով ծանրաբեռնուած կ՚ըլլան: Վրաստանէն կը բերեն ամէն ինչ՝ ուտելիք, տնտեսական ապրանքներ, հագուստ, ինքնաշարժ, ինքնաշարժի մասեր:

Տօնական օրերուն առթիւ զբօսաշրջային ընկերութիւնները կ՚առաջարկեն ընտանեկան ամբողջական ծրարներ, որոնց եօթ օրուան արժէքը պզտիկ ընտանիքի մը համար մօտաւորապէս 500-600 ամերիկեան տոլար է: Այս մէկը, բնականաբար, շատ քիչ է այն գումարէն, որ ընտանիք մը Հայաստանի մէջ կը ծախսէ տօնական օրերուն, ուստի Վրաստան գացողներուն թիւը օրէ օր կը բազմանայ:

Վրաստանի եղանակային պայմաննները մօտ են Հայաստանի եղանակային պայմաններուն, եւ այն մարդիկը, որոնք քիչ մը տարբեր, աւելի տաք եղանակ կը նախընտրեն ձմրան ցուրտ օրերուն, կ՚ընտրեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, մանաւանդ Տուպայիի մէջ Ամանորը դիմաւորելու մեծ ձգտում կայ: Այս երկրին անցագիրը ստանալը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար շատ դիւրին է եւ վերջին տարիներուն բազմաթիւ ընտանիքներ ալ կ՚ուղեւորուին դէպի Տուպայի՝ տաք արեւուն տակ Կաղանդը դիմաւորելու։

Ժամանակակից ճարտարապետութիւնը, ժամանցի բազում վայրերը, տարաշխարհիկ սնունդը, գնումներուն բազմազանութիւնը կը գրաւեն շատ-շատերը: Ոչ միայն հայաստանցիներով, Արաբական Միացեալ Էմիութիւնները Նոր տարուան օրերուն լեցուն է զբօսաշրջիկներով: Յունուարին արեւայրուք ստանալու համար մարդիկ հազարաւոր քիօմեթրեր կը կտրեն, տաք ծովուն մէջ լողալու, աւազները վայելելու հաճոյքը մանաւանդ Կաղանդի օրերուն աննախադէպ բան մը կը թուի անոնց, որոնք յունուարին վարժուած են մշուշոտ եղանակներու, ձիւն ու սառնամանիքի:

Աշխարհի ամենաարագ զարգացող երկիրներէն մէկը՝ Էմիրութիւնները, հակասութիւններու տրամադրութիւն կը ստեղծէ զբօսաշրջիկներուն համար: Տաք ծովէն ետք զբօսաշրջիկները կրնան նաեւ արհեստական ձիւնի վրայ դահուկներ քշել կամ ձմեռնային այլ վայելքներ ունենալ SKI DUBAI-ի մէջ: Տանիքին տակ գտնուող աշխարհի ամենամեծ դահուկամարզական համալիրը ամբողջ տարին պատուած է ձիւն ու սառոյցով: Ուրիշ տպաւորիչ երեւոյթ մըն է Տուպայիի ամանորեայ հրավառութիւնը, որ քանի մը տարի առաջ արձանագրուեցաւ «Կինէս»ի ցուցանիշներու գիրքին մէջ, որպէս աշխարհի ամենածաւալուն ու երկարատեւ հրավառութիւն: Այսօր տակաւին այդ ցուցանիշը գերազանցուած չէ, եւ այդ կրակային շքերթը դիտելու համար մարդոց թիւը տարուէ տարի կ՚աւելնայ: Զանազան կէտերէ արձակուող հրավառութիւնը հէքեաթային տրամադրութիւն կը ստեղծէ դիտողներուն համար:

Եօթնօրեայ հանգիստը Տուպայիի մէջ Կաղանդի օրերուն երկու մեծահասակի եւ երկու պզտիկի համար կ՚արժէ շուրջ 1500 ամերիկեան տոլար, որ հայաստանեան զբօսաշրջային ընկերութիւններուն առաջարկած միջին գինն է։ Բայց մեկնողներ կան նաեւ Վրաստանի վրայով Տուպայի, ուրկէ աւելի նպաստաւոր է, նաեւ Թիֆլիզը քանի մը ժամով վայելելու հնարաւորութիւն կայ: Տուպային եւ Թիֆլիզը հայաստանցիներու քննարկումներու նիւթն են Կաղանդէն շաբաթներ առաջ: Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին դանդաղօրէն ձեւաւորուող միջին խաւը մանաւանդ, երկրին մէջ չի մնար տօնական օրերուն՝ Թիֆլիզ, Տուպայի եւ այլ քաղաքներ կը սկսին հոլովուիլ Կաղանդէն ամիսներ առաջ…

Յաջորդ վայրը, ուր հայաստանցիները կը նախընտրեն անցընել Կաղանդը՝ Սրիլանքան է. ասիկա նախընտրելի երկիր մըն է գործարարներու, նորապսակներու եւ զանազան խաւերու համար: Կաղանդէն առաջ Սրիլանքայի մէջ տօնը դիմաւորելու յայտարարութիւնները ամէն տեղ կը տարածուին, յայտարարութեան կցուած՝ գայթակղեցուցիչ նկարներ, տարաշխարհիկ կենդանիներու եւ խիստ կանաչ բնութեան հետ: Սրիլանքայի մէջ նոյնպէս մարդիկը կը քաշէ տաք եղանակը, ովկիանոսը, եւ ի տարբերութիւն Տուպայիի, ուր տեղացիները Ամանորին հանդէպ առանձնապէս մեծ խանդավառութիւն չունին իրենց ընտանեկան սովորոյթներուն մէջ, իսկ Սրիլանքայէ ներս կան Նոր տարուան հետ առընչուող հինաւուրց աւանդոյթներ, զորս տեղացիները պահպանած են եւ կը ցուցադրեն օտարներուն:

Առհասարակ, արեւադարձային Սրիլանքայի մէջ Ամանորը երկու անգամ կը տօնեն: Եւրոպական աւանդոյթներուն հետեւելով՝ կը տօնեն նախ դեկտեմբերի 31-ի գիշերը: Տօնակատարութեան կ՚ուղեկցին լողափնեայ երեկոյթներ, հրավառութիւններ ու պարեր: Տօնին գլխաւոր ճաշատեսակը ծովախեցգետինն է եւ թարմ խեցգետին ճաշակելու համար ծովամթերքի սիրահարները կ՚ուղեւորուին Սրիլանքա, ուր Կաղանդին առատօրէն կը մատուցուի:

Ասկէ զատ, տեղաբնակներուն համար Նոր տարին կու գայ գարնան՝ ապրիլին, որպէս կանոն այդ ամսուան 13-ին կամ 14-ին: Ապրիլը կը համընկնի բրինձի բերքահաւաքին, թարմ պտուղներուն, մանաւանդ՝ մանկոյին: Սրիլանքացիներուն համար այս տօնը ծաղկունք եւ լիութիւն կը խորհրդանշէ եւ նոր կեանքի սկիզբ: Սովորաբար իրենց Կաղանդին ալ զբօսաշրջիկներով լեցուն կ՚ըլլայ երկիրը:

Թէ՛ եւրոպական Նոր տարուան, թէ՛ տեղական տօներուն միշտ արշաւներ կան դէպի այդ երկրի բիւրեղեայ ջրվէժները, սէյլանական թէյի տնկարանները, ապշեցուցիչ բնութեան վայրերը: Ըլլալով ասիական երկիր, Սրիլանքայի մէջ ժամանակակից եւրոպական քաղաքակրթութեան բոլոր պայմանները ստեղծուած են, իսկ ատիկա զբօսաշրջիկներ գրաւելու պայմաններէն է: Հայաստանէն այս երկիր այցելութիւնը Կաղանդի օրերուն, գրեթէ նոյն արժէքը ունին, ինչ որ է Տուպայի այցելութիւնները:

Կաղանդի օրերուն տաք երկիրներ այցելելու նմանատիպ ծրարներ կան նաեւ դէպի Եգիպտոս: Այս երկիրը գրաւիչ է իր հին եւ հարուստ մշակոյթով։ Եգիպտական բուրգերուն հմայքը տեսնելու եւ Կաղանդը տաք ծովափներուն անցընելու համար մարդիկ պատրաստ են հատել երկար ճանապարհ եւ ծախսել բաւական գումար։ Եգիպտոսն ալ հայաստանցիներուն արձակուրդի համար ամենապահանջուած ուղղութիւններէն մին է, եւ ձմրան ու ամրան բազմաթիւ ուղեւորութիւններ կ՚ըլլան դէպի Եգիպտոս: Ըլլալով մահմետական երկիր, Եգիպտոսը մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ քրիստոնէական տօներուն համար, քանի որ երկրին զարգացման հիմնական ուղղութիւններէն մին զբօսաշրջութիւնն է եւ պետական մակարդակով մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի այս հանգամանքին:

Տաք երկիրներէն հայաստանցիները Ամանորին կը նախընտրեն նաեւ Յունաստանը, քիչ չէ նաեւ եւրոպական երկիրներ ուղեւորուողներուն թիւը: Եւրոպական երկիրներուն մէջ Ամանորը նշող մարդիկ կարեւորութիւն կու տան այս տօնին շունչը ուրիշ մշակոյթներու մէջ զգալու հնարաւորութեան եւ եւրոպական քաղաքները միշտ գայթակղեցուցիչ կը թուին: Այստեղ է, որ Նոր տարին լիակատար կը թուի իր ողջ աւանդոյթներով, Սուրբ Ծննդեան շուկաներով, Սանթա քլաուզներով, իսկական զեղչերով, ինչ որ կը պատէ ողջ Եւրոպան:

Հակառակ վերջին տարիներու տօնական օրերու ահաբեկչութիւններուն պատճառած վախին, զբօսաշրջիկներուն հոսքը դէպի Եւրոպա երբեք չի դադրիր: Հայաստանէն այս օրերուն կը նախընտրեն Հռոմը, Փրակը, Լոնտոնը, Փարիզը, Պարսելոնան… Այս քաղաքներուն մէջ Նոր տարին անցընելու համար հայաստանեան զբօսաշրջային ընկերութիւնները նոյնպէս ամբողջական ծրարներ կ՚առաջարկեն՝ ներառեալ նաեւ Կաղանդի կալա-ընթիքը, որեւէ նշանաւոր պանդոկի մէջ:

Հակառակ որ Հայաստանի հանգստեան տուներուն մէջ Կաղանդ դիմաւորելը բաւական սուղ կ՚արժէ եւ պայմանները նոյնքան գրաւիչ չեն, որքան արտասահմանի մէջ, բայց տեղական զբօսաշրջային ընկերութիւնները արդէն յայտարարած են, որ հայաստանեան հանգստեան տուները ամբողջութեամբ լեցուած են տօնական օրերուն: Այս մէկը թերեւս ունի տան մօտ ըլլալու, օտար երկիրներու հնարաւոր վտանգներէն զերծ մնալու տրամաբանութիւնը: Այս ձեւով հայերը կը խուսափին տօնական օրերու անցուդարձէն եւ Հայաստանի որեւէ հեռաւոր անկիւնի մէջ ընտանիքին հետ ժամանակ կ՚անցընեն:

Տեսնելով այս օրերուն Երեւանի խանութներու եւ շուկաներու մէջ տիրող իրարանցումը, նախանձելի կը թուին բոլոր այն մարդիկը, որոնք տունէն դուրս գալու որոշում առած են: Ճիշդ է, որ հայերը աւանդաբար ընտանեկան յարկին տակ նշած են Նոր տարին, տան աւագներուն օրհնութեամբ, բայց տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած է տօնական սեղանի անընդունելի մշակոյթ մը, որմէ ազատիլը տակաւին երկար ժամանակ կը պահանջէ:

Ուր որ ալ նշեն տօնը, հայերը կը ջանան թէկուզ տունէն հեռու վայրի մը մէջ պզտիկ աւանդոյթ մը անպայման կրկնել այնպէս, ինչպէս իրենց յարկին տակ տօնը նշած ժամանակ: Բարեմաղթանքները, նուէրները, ուր որ ալ ըլլան՝ տան մէջ կամ տունէն դուրս, երբեք չեն պակսիր: Հայը շռայլ է թէ՛ նուէրներ ընծայելու, թէ՛ ալ բարի խօսքեր մաղթելու մէջ:

Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ առհասարակ, Նոր տարուան առիթով մաղթանքներ կատարելը շատ հին սովորութիւն մըն է: Հնագէտներ գտած են պրտաթուղթ պապիրոսի վրայ գրուած մաղթանքներ՝ Եգիպտոսի փարաւոններու օրերէն: Չինաստանի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ղրկել բրինձի թուղթէ պատրաստուած շնորհաւորութեան քարտեր, որոնց վրայ գունաւոր մելաններով եւ գեղեցիկ ձեռագիրներով գրուած կ՚ըլլային ղրկող անձին անունը եւ պաշտօնը:

Հայերը աւանդաբար ունեցած են մաղթանքի գիրեր, նկարազարդած են բացիկներ, թուղթեր, որոնց վրայ սիրտի խօսքեր գրած եւ բաժնած են: Այդ գիրերը կը զարդարէին կրօնական պատկերներով, թըռչ-նագրերով, կենաց ծառի ճիւղերով, աւանդական զարդանախշերով: Նոր ժամանակներուն արդէն Կաղանդի բացիկներու վրայ աւելի աշխարհիկ նկարներ կ՚ըլլային՝ Կաղանդ պապուկ, նուէրի տուփ, կենդանիներ, ժպիտը դէմքին մանուկներ, որոնք կը սպասեն իրենց նուէրներուն:

Ո՛ւր որ ալ նշուի Կաղանդը, ո՛ր երկրի մէջ ալ զայն դիմաւորեն, կան պարտադիր պայմաններ, որոնք պէտք է նկատի առնել մինչեւ Նոր տարուայ գալը: Ատոնցմէ առաջինը, անշուշտ, վատ ու արատաւոր երեւոյթները հին տարուայ մէջ ձգելու պարտադիր պայմանն է: Ներելու, գժտուածութիւնը մէկ կողմ դնելու, պարտքերը վերադարձնելու, հին ու անպէտք իրերը տունէն հեռացնելու խորհուրդներ կը տրուին սովորաբար եւ մարդիկ կը ջանան հետեւելու այդ խորհուրդներուն՝ հաւատալով, որ լաւ ու բարի արարքները լուսաւոր օրեր կը բերեն Նոր տարուն: Հաւատն է, որ երբեք չի լքեր մարդը։ Ատիկա իր էութեան մէջ է, անբաժան մասը մարդ էակին: Այսօր ալ, Կաղանդի գունաւոր օրերէն առաջ հաւատով զինուած, նոր ու յուսաբեր օրերուն կը սպասենք: 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018