ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԲԱՆԱԿԻ ԶՈՒԱՐՃԱՆՔԸ
Անբացատրելի խանդաղատանք կը տիրէր սեբաստացի Սեբաստեաններուն գերդաստանէն ներս։
Կիրակի օր մը՝ յետմիջօրէին բոլոր ընտանիքը՝ մեծ ու պզտիկ, ահել ջահել ժամադրուեցան նոյն հասցէի երդիքին տակ։ Բազմանդամ ընտանիքի մեծ հօր՝ Հայրապետ Սեբաստեանի թոռներէն՝ Սիփանը, վաղը՝ 21 օրով, կարճատեւ զինուորութեան պիտի կոչուի։ Յարմարաւէտ յարկաբաժնի մը մէջ շուրջ երեսուն հոգի հաւաքուեցան։
Զինուորի մայրը՝ Նազենին, հպարտ ու քիչ մըն ալ յուզուած՝ չէ որ կրտսեր որդին համրուած ժամերէ ետք, բարիով երկրի պաշտպաններու շարքերը պիտի համալրէ, նախընթրիքի համեղ ու ախորժելի, առատ սեղան մը շտկեց։ Այսօրուայ ճաշացանկը իւրայատուկ էր։ Հեզահամբոյր մայրը մեծ սիրով պատրաստած էր զինուոր որդիի ամենէն սիրելի ուտեստները։ Ինչեր ասես, որ կար սեղանին. տեսակ-տեսակ աղցաններ, պէօրէքներ, քաղցր ու աղի խմորեղէններ, փիցցաներ եւ այլն։
Տիկին Նազենին, որ թէ՛ էութեամբ, թէ արտաքին կեցուածքով լիովին համահունչ է իր անունին, երկու օրուան մէջ վերապրեցաւ կեանքի երկար ու ձիգ 25 տարիները։
Ազնիւ բնաւորութեամբ, խնդումերես տիկինը ուտելիքներուն մէջ, բաղադրատոմսերէն զատ, ներդրեց իր մաքրամաքուր մայրական սէրն ու քառորդ դարուն մէջ ապրած զգացումներն ու յոյզերը։ Ամէն ուտեստի արարման հետ ան կը տեղափոխուէր անցեալի՝ վայրկեանի մը պէս անցած տասնամեակներու խորքը։
Կարծես, տակաւին երէկ էր, որ ծնաւ իր փոքրիկ հրեշտակը։
Կարօտով կը յիշէ մանկան բարեբաստիկ ծնունդը։ Առաջին ճիչը, յուզախառն գրկախառնութիւնը։
Ժապաւէնի մը պէս հին ու բարի օրերը մէկիկ-մէկիկ եկան ու անցան։ Ահաւասիկ փոքրիկ Սիփանիկի մկրտութիւնը, առաջին ատամիկը, քայլերը, բառերը…։
Անցեալի տաքուկ յուշերը զինուորի մայրը տեղափոխեցին զաւկի չարաճճի, արկածներով ու արկածախնդրութիւններով լի մանկութիւնը, ինչու չէ նաեւ՝ պատանեկութիւնը։
Այսպէս քաղցր ու բարի օրերը վերապրելով գեղանի տիկինը չնկատեց անգամ, թէ ինչպէս բոլոր ուտելիքները կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին պատրաստեց։ Սեղանն ալ գրեթէ շտկուած է։ Քանի մը վայրկեան ետք հիւրերը պիտի գան։
Տան զանգակը սկսաւ ետեւ ետեւի հնչել։
Զինուորին հրաժեշտ տալու եւ բարի ծառայութիւն մաղթելու համար բոլորը եկան։ Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, հօրեղբայրներն ու քեռկինները, զարմիկ-զարմուհիները, մտերիմ ընկերները եւ այլք։ Սակայն հիւրերուն մէջ կար իւրայատուկ մէկը, որուն նորակոչիկ զինուորը անհամբեր ու սրտատրոփ կը սպասէր։ Այդ խորհրդաւոր անհատը սիրելին էր՝ Սաթենիկը, որուն Սիփանը սիրահարուած է պատանեկութեան տարիներէ ի վեր։ Սաթենիկը՝ հայկական նուրբ գեղեցկութեամբ ընդգծուած արտաքինով, սլացիկ կազմուածքով, խնդումերես, նրբաոճ ու նրբանկատ փխրուն օրիորդ մըն է։ Շուրջ 15 տարի առաջ սկսաւ սա դեռատի պատանիներու գեղեցիկ ու մաքուր սիրոյ պատմութիւնը։ Գրեթէ տարի մը առաջ սիրահար զոյգը խօսկապուեցաւ։ Այլեւս կը խորհին ամուսնութեան մասին։ Ամենէն սպասուած հիւրը՝ Սաթենիկը, ընտանեօք հանդերձ՝ հօր, մօր ու քրոջ հետ միասին ժամանեց։
Դուրսը օդը պաղ էր ու անձրեւոտ։ Հիւրերը տան շեմին, արեւելեան սովորութեան մը համաձայն, կօշիկները հանելով յառաջացան։
Սեբաստեաններու ընտանիքը բոլոր սիրելիներով շրջապատուած սկսաւ լիաթոք ուրախանալ։
Հիւրերը ողջագուրուելէ ետք, թէյի սեղանի շուրջ համտեսեցին Տիկին Նազենիի պատրաստած այնքան համեղ ուտեստները։ Ամէն մարդ շատ ուրախ էր։ Սեղանի շուրջ բոլորուած երիտասարդները կը զրուցէին, կը խնդային, կատակներ կ՚ընէին։ Տարեցներն ալ կը յիշէին իրենց բանակային կեանքէն հետաքրքրական ու զուարճալի դէպքեր։ Նորակոչ զինուորին խրատներ կու տային։ Հասաւ օրուան խորհուրդը ընդգծող՝ զինուորական ոճով պատրաստուած կարկանդակի կտրման պահը։ Կարկանդակով խմբանկար մը քաշուելէ ետք Սիփանը իր կեանքի երկու կարեւոր կանանց՝ մօր ու սիրելիի հետ կտրեց խորհրդանշական կարկանդակը։
Կարծես, թէ ամէն ինչ բնականոն հունով կ՚ընթանար, մինչեւ որ…։
Ժամերը աննկատ անցան. մօտեցաւ հրաժեշտի ոչ այդքան հաճելի պահը։ Տանտէրերը մէկիկ-մէկիկ ժպտադէմ հիւրերը կը ճամբէին, կրկին տեսնուելու յոյսով։ Յանկարծ հիւրերէն մէկը շփոթահար ու ամօթխած ձայնեց. «Ներողութիւն, կօշիկներս չկան»։
Պահ մը քար լռութիւն տիրեց։ Այնուհետեւ ամէն մարդ շեղելով հաւաքի բուն նպատա-ըըըիպմակ մթնոլորտի մը ամրապնդման։ անախագահ երկիրներէն մին՝ ւմ մը եւս նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարկէն, իրար անցաւ։ Սկսաւ անպատասխան հարցումներու տեղատարափ յորդիլ. «Ինչպէ՞ս չկայ», «Ամէն տեղ նայեցա՞ք», «Ո՞վ կրնայ առնել», «Արդեօք մէկը սխալմամբ հագա՞ւ»…։
Երբ այլեւս հաւանական ու անհաւանական ամէն տեղ քանի մը անգամ նայեցան ու չկրցան գտնել՝ դիմեցին տրամաբանութեան։
Թէեւ նորակառոյց բնակելի շինութիւնը ունի արդի անվտանգութեան համակարգեր, բաց աստի շէնքը դուրսէն ու ներսէն կը վերահսկուի շուրջօրեայ տեսախցիկներով, սակայն…։ Խելք խելքի տուին ու հասկցան, թէ վստահաբար կօշիկները գողցուած են։ Բայց, ո՞վ կրնար գողնալ եւ ինչո՞ւ բազմաթիւ կօշիկներուն մէջ նորը, տակաւին անգամ մը հագնուածը ընտրեց։
Այո՛, անշուշտ, գողցուա՛ծ են։ Սակայն ո՞վ։ Ինչպէ՞ս գտնել գողը։
Գողութիւնը բացայայտելը դիւրին եղաւ։
Վերելակը մինչեւ չորրորդ յարկ կը բարձրանայ, այսինքն մինչեւ Սեբաստեաններու յարկաբաժինը։ Անոնց վրայ յարկաբաժին մը եւս կայ։ Վստահաբար անծանօթ մը վերի դրացիին եկաւ ու քանզի վերելակը մինչեւ վերջին յարկ չի բարձրանար, խորհրդաւոր անձը չորրորդ յարկ իջած ատեն տեսաւ կօշիկներու կոյտը եւ պահ մը գայթակղութեան տարուելով՝ չկրցաւ անտարբեր անցնիլ։ Ո՞վ գիտէ, գողնալու ժամանակ միտքէն ինչե՜ր անցան։ Թերեւս կարճամիտ գողը խորհեցաւ, թէ այսքան կօշիկէն եթէ զոյգ մը առնեմ, ոչ մէկը պիտի անդրադառնայ։ Խեղճը ինչ գիտնար, թէ գործ պիտի ունենայ խումբ մը «հետաքննիչներու» հետ։ Եթէ գլուխին գալիքը նախապէս գիտնար, վստահաբար նման արարք մը պիտի չգործէր։ Ինչեւէ, քայլ առ քայլ յառաջանանք։
Առանց վարանելու տանտէրերը վերի դրացիէն ճշդեցին եղելութիւնը։ Հարեւանը հաստատեց տատամսումները։ Պատմեց, թէ ժամ մը առաջ դուրսէն ճաշ պատուիրած էր. զայն բերաւ առաքիչ մը։ Ահաւասիկ հանգոյցը կամաց-կամաց սկսաւ քակուիլ։ Հիւրերէն խուրբ մը անմիջապէս փութաց ճաշարան, գողը տեղւոյն վրայ ձերբակալելու համար։ Հնարամիտ երիտասարդներն ալ վստահ ըլալու, ինչպէս նաեւ փաստացի ապացոյց մը ունենալու համար դիմեցին տեսախցիկներու օգնութեան։ Այլեւս գողութիւնը բացայայտուեցաւ։ Յայտնի կը դառնայ, թէ գողը շէնք մտնելու ժամանակ միայն փողոցի տեսախցիկը նշմարեց. միամիտը ուրկէ՞ գիտնար, թէ քանի մը հատ կայ։ Վստահ ըլլալով, թէ իր յանցանքը անկարելի պիտի ըլլայ բացայայտել, կօշիկները կռնակը խոթելով՝ վերարկուին տակ թաքցուց ու սապատաւոր ուղտի մը պէս անմիջապէս հեռացաւ։ Փաստերով զինուած մեր խիզախ զինուորն ու ոչ-պակաս խիզախ սիրելին՝ Սաթենիկը զարմիկներուն հետ միասին փութացին ճաշարան։ Արտասովորութեամբ յայտնի, միշտ եռանդուն ու համարձակ՝ Աւետիս հօրեղբօր անմիջական միջամտութեամբ ալ կրցան գողութիւնը ապացուցել։
«Հետաքննիչներու» խումբը Աւետիս հօրեղբօր գլխաւորութեամբ, կօշիկները ձեռքին, յաղթական տուն վերադարձաւ։ Իսկ անպիտան գողը աղուոր մը ծեծուելէ ետք կորսնցուց աշխատանքը։ Անոր միակ մրցանակը եղաւ «գող»ի պիտակ ստանալը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ