ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ԿՈՅՐԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ…

Այս դէպքը պատահած է Աւստրալիոյ Քուինսլենտ շրջանին մէջ։ 32 տարեկան Սթեֆընի Էկնիու կ՚ամուսնանայ 49 տարեկան Ռապի Քէմփպելի հետ։ Սթեֆընի տուներու առուծախով կը զբաղի, իսկ Ռապի ոստիկան է։ Սթեֆընի բաց աչքերով (տես նկարը) կոյր մըն է։

Հոս պէտք է նշենք, որ Սթեֆընի իր տեսողութիւնը կորսնցուցած է 27 տարեկան հասակին՝ հազուադէպ հիւանդութեան մը պատճառով։ Անոնք գրեթէ դրացիներ եղած են, սակայն պաշտօնապէս իրար ծանօթացած են 2016 թուականին, խրախճանքի մը ընթացքին։

Մինչեւ հոս տարօրինակ ոչ մէկ երեւոյթ։ Շատ կոյրեր ամուսնացած են տեսողութեամբ օժտուած մարդոց հետ եւ ընտանիք կազմելով ապրած են իրարու հետ, երկար տարիներ։

Սթեֆընիի եւ Ռապիի պսակադրութեան հրաւիրուած են 54 անձեր, որոնցմէ շատեր արարողութեան ընթացքին կամաւոր կերպով փակած են իրենց աչքերը (տես նկարը) յատուկ սեւ կտաւէ ակնոցներով (blindfolds)։ Այս ժեսթ մըն է հարսին կուրութեան գիտակցելու եւ զգացնելու, թէ իրենք ալ կը միանան բաժնելու՝ անոր տեսնելու անկարողութիւնը, չէ՞ք խորհիր:

Այս երեւոյթէն հետեւելով կ՚ուզեմ իմ անձնական կարծիքս յայտնել եւ թողուլ ընթերցողի հայեցողութեան՝ ընդունելու զայն եւ կամ մերժելու։ Ես կը հաւատամ, որ օտարները աւելի ատակ են ընդունելու իրենց տկարութիւնները եւ այդպէս շարունակելու իրենց կեանքը՝ առանց ազդուելու ուրիշներու դրական կամ բացասական կեցուածքներէն, չէ՞ք խորհիր:

Հայկական մեր ընկերային կեանքէն, մարմնական եւ կամ մտային տկարութիւն ունեցող երեխաները միշտ ալ մեկուսացած մնացած են եւ դարձած են գութի առարկայ, գէթ Միջին Արեւելքի մէջ։ Եղբայրս անոնցմէ մին է։ Սակայն Ամերիկայի մէջ նոյն այդ երեխաները ընդունուած են մեր ընկերային կեանքին մէջ եւ դարձած են արդիւնաբեր անդամներ։ Մօրաքրոջս զաւակը անոնցմէ մին է։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի բարոյական ըմբռնումներուն արդիւնքն է սա իմ համեստ կարծիքով:

ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ՄԸ ՁԱԽԱՒԵՐՈՒԹԻՒՆԸ…

Այս դէպքը պատահած է Գալիֆորնիոյ Վայսելիա քաղաքին մէջ։ Արդարեւ, այդ քաղաքի երկրորդական վարժարանի քիմիաբանութեան 52 տարեկան ուսուցչուհին՝ Մարկարէթ Կիսզինկըր անունով (տես նկարը), դասաւանդութեան ընթացքին գործած է տարօրինակ արարք մը, որ պատճառ դարձած է իր ձերբակալութեան։ Հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։

Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսուցիչները, ըստ օրէնքի կանոնագրութեան, չեն կրնար իրենց աշակերտները վարկաբեկել եւ ոչ ալ կրնան անոնց վրայ ձեռք բարձրացնել, ինչ յանցանք ալ գործած ըլլան անոնք։ Ուսուցիչը պէտք է համբերատար ըլլայ եւ հանդուրժող՝ աշակերտներու սխալ արարքներուն։

Վերոյիշեալ մեր ուսուցչուհին, ուրեմն, դասարանին մէջ, մինչ ազգային քայլերգը կը հնչէր, կը խուզէ աղջիկ աշակերտի մը մազերը: Ըստ տուեալներու՝ խնդրոյ առարկայ ուսուցչուհին խիստ վշտացած է, երբ աշակերտներուն քննութեան հարցումներու տրցակէն մին անհետացած է։ Ուստի, իր բարկութիւնը փարատելու համար ան դիմած է վերոյիշեալ խոտոր քայլին։

Սակայն, ըստ քաղաքի ոստիկանութեան, Մարկարէթ Կիսզինկըրի վերոյիշեալ ձախաւերութիւնը առաջինը չէ։ Ան ասկէ առաջ երկու անգամ՝ 2007-ին եւ 2016-ին, նմանօրինակ յանցանք գործելով պատճառ դարձած է, որ ուսուցչութեան իր արտօնագիրը «կախակայուի»։ Իսկ այս անգամ, անոր երաշխաւորագիրը եղած է 100.000 տոլար։

Այսուհանդերձ, իր աշակերտներէն մին պաշտպանած է զինք՝ ըսելով, որ ան ընդհանրապէս ազնիւ եւ սիրալիր նկարագիր մը ունի եւ միշտ ժպտուն է ու խնդումերես։ Այս հարցով, ան մեր գիտցած ու սիրած Տիկին Կիսզինկըրը չէ երբեք։

Իսկ անոր ամուսինը, երբ տեղեակ դարձած է դառն իրողութեան, շատ զարմացած է ու խստիւ շփոթած, թէ իր կողակիցը կրնա՞յ նման արարքի մը մէջ գտնուիլ։ 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2018