ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՓՈՐՁ՝ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՀԱՆԴԷՊ

Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ. «Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մեջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք, հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:

Յակոբ Պարոնեան

Եթէ դադրէինք ամէն գրուած էջ տպագրելէ, ինչպէս ամէն ըսուած խօսք ձայնասփիւռէ, հեռատեսիլէ եւ համացանցէ ասոր եւ անոր սեփականութիւնը դարձնելու ախտէ, հանրային կարծիքը աւելի իմաստուն կ՚ըլլար, մարդիկ նուազ շուարումի կը մատնուէին եւ սխալը ճիշդէն զանազանել աւելի դիւրին կ՚ըլլար:

Եթէ Յակոբ Պարոնեանի միտքը գործի վերածել գիտնայինք: Մամուլի մասին խորհրդածելէ եւ դատումներ առաջարկելէ առաջ, նախ պէտք է լսել Յակոբ Պարոնեանի համարձակ քննադատական միտքը, գրուածի եւ խօսուածի պարագային առաջնորդուիլ մէջբերուած ողջախոհութեամբ. «… քանի մը բարեկամներէ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ…», մեր օրերուն պիտի ըսէինք «քանի մը գիրք» կամ «քանի մը կարգախօս»…, որոնք ընդարմացման կ՚առաջնորդեն ե՛ւ ըսողը ե՛ւ լսողը:

Մամուլը, իր բոլոր ձեւերով, կը հետաքրքրէ նաեւ տնտեսութեան մարզի դերակատարները, նախ որպէս հաւանական ներդրումի եւ շահու աղբիւր, ապա որպէս ծանուցումներու միջոց: Ի հարկէ նաեւ՝ քաղաքական գործիչները հետաքրքրուած են մամուլով, իրենք զիրենք, իրենց գաղափարները եւ քննադատութիւնները հրապարակելու համար, աւելի պարզ ձեւով ըսուած՝ իրենց ընտրական փառասիրութիւններուն համար: Այսպէս է կացութիւնը մեծ եւ փոքր երկիրներու մէջ: Մեր պարագային՝ նաեւ համայնքներու մէջ: Միշտ պէտք է ի մտի ունենալ, որ մամուլն ալ առեւտրական հիմնարկ է:

Այս բազմաթել կացութեան մէջ, կը ծագին մտահոգիչ հարցումներ. մամուլը ազա՞տ է, ինչպէ՞ս կ՚իրականանայ խօսքի ազատութիւնը, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը հակակշռէ ուղղութիւնները, ըսուածի, գրուածի ուղղուածութիւնները ի՞նչ նպատակի կը ծառայեն: Գրաքննութեան դէմ եղած քննադատութիւնները ե՞րբ կը զիջին, ինչպէ՞ս, եւ անզօր կը դառնան մամուլի եւ խօսքի ազատութիւնը պաշտպանելու: Մամուլը չի չարաշահուի՞ր որպէս տեղեկատուական միջոց, դառնալով ապատեղեկատուական միջոց:

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ. մամուլը ենթակայ է տնտեսական, քաղաքական, կառավարական եւ կուսակցական ուժերու ուղղակի-անուղղակի առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ ճնշման, ընդհանրապէս բոլոր երկիրներու մէջ: Հայկական կացութիւնը բացառութիւն չէ: Մամուլի աշխատաւորը, լրագրող եւ հրապարակագիր, իր կողմնորոշումները ունի: Այս բոլոր դերակատարները, իրենց շահախնդրութիւններով, ցանկութիւններով եւ փառասիրութիւններով, կը կազմեն լրատուական-հաղորդակցական ցանցը եւ անոր կու տան իր նկարագիրը:

Ընթերցողը, ձայնասփիւռը լսողը, հեռատեսիլը դիտողը, որքանով կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց հրամցուածը առարկայական է, որ ան իրենց մտածումներուն, դատումներուն եւ կողմնորոշումներուն վրայ չ՚ուզեր ազդել, զիրենք առաջնորդել այլ տեղ որոշուած եւ նախագծուած ուղիով, ծանուցումներով եւ քաղաքական քարոզչութեամբ: Այսինքն անոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը հետեւին այլ տեղ կայացուած ընտրանքներու: Այսինքն մամուլը կարելի՞ է սահմանափակել սոսկ լրատուութեամբ, ան այդքանով կը սահմանափակուի՞ երբեւիցէ: Լուրի ընտրութիւնն անգամ չէզոք չէ, կը հպատակի նախասիրութիւններու:

Հայ հանրային կարծիքը գիտէ, որ հայկական մամուլը, թերթ, ձայնասփիւռ-հեռատեսիլ, այս կամ այն պիտակը ունին, կը պատկանին կողմի մը, որքան որ ալ լրագրողը կամ հրապարակագիրը ուզէ առարկայական ըլլալ, կամ ընդունուած եզրով՝ ըլլալ չէզոք: Անհատական հրատարակութիւններ կան, որոնք անկախ ըլլալով, հրատարակողին «չէզոք» եւ ինքնաշնորհուած «իրաւարար»ի դեր կու տան: Այս բոլորը գիտնալով, գիտակիցներ երբեմն կը յաջողին սրբագրել կամ լրացնել ըսուածը եւ գրուածը, երբեմն ալ կը շեշտեն՝ ըստ իրենց համոզումներուն կամ կողմնապաշտութեան:

Հետեւաբար լրատուամիջոցը կարեւոր է հանրային կարծիքը առաջնորդելու, քաղաքական ընտրանքները պարտադրելու, կամ ղեկավարական դիրքեր նուաճելու համար: Անոնք այսպէս թէ այնպէս, իրենց ձեւով, տեղեկատուութիւն տարածող-վաճառող հաստատութիւններ են, հասցէն ընթերցողն է, բայց ան նաեւ թիրախ է առեւտրական եւ այլ ծանուցումներու համար: Ըստ թերթը հրատարակողներուն կը ձեւաւորուի բովանդակութիւնը, որ մասամբ նաեւ կ՚ազդէ վճարովի յայտարարութիւն կամ ծանուցում տուողներու ընտրութեան վրայ: Իսկ այս վերջինները կ՚ազդե՞ն, կրնա՞ն ազդել թերթի ուղղութեան վրայ: Կ՚ազդեն մեծ երկիրներու լրատուամիջոցներուն վրայ, որոնց երբեմն նոյնիսկ տէրերն են:

Մամուլի աշխատաւորը տեւաբար դէմ առ դէմ կը գտնուի իր կոչման պահանջած պարկեշտութեան առաքինութիւնը պահելու, այս կամ ձեւով վարձկան չըլլալու, խօսափող չըլլալու:

Մեր պարագային թերթերը կը պատկանէին, կը պատկանին կառավարութեան, կուսակցութիւններու, խմբակցութիւններու: Հազուադէպօրէն անոնք զուտ առեւտրական, անհատական եւ անկախ հրատարակութիւններ են: Հետեւաբար, հայկական լրատուամիջոցները ներազգային տարբերութիւններու, հակասութիւններու, մրցակցութիւններու եւ պայքարներու բեմ են: Պատմութիւնը մեր պարագային ներկայ է միշտ լրատուական դաշտի մէջ ոչ միայն որպէս անցեալի յիշեցում, այլ նաեւ ներկայի տարբերութիւններու եւ պայքարներու արդարացում, բառերը, դրուագները, անունները, անցեալի իրադարձութիւնները ըստ այնմ կ՚ընտրուին, մանաւանդ երբ անցեալի մէջ կը փնտռենք ներկային կարեւորութիւն տալու հիմնաւորումները:

Հայկական մամուլը յառաջդիմելու դժուարութիւն ունի: Հայկական թերթերը ունին իրենց ընթերցողներու շերտերը եւ անոնց կը մատուցեն ինչ որ անոնք կ՚ակնկալեն: Եւ այս ձեւով հայ հանրային կարծիքին մէջ տարբերութիւնները եւ հակադրութիւնները կը տեւեն, չի զարգանար բանավէճ-քննադատութիւնը, որ բիւրեղացումներու կ՚առաջնորդէ, որ այլամերժութիւն եւ կռիւ չէ: Հայկական թերթերու «հովանաւորներ»ը հայութեան եւ համայնքին վերաբերող նիւթերու ընտրութեան եւ հրապարակման վրայ անուղղակիօրէն կ՚ազդեն, զանոնք յաճախ վերածելով «կողմ»ի տեսակէտներու բեմի կամ գովերգութեան: Ի հարկէ, երբեք չենք հանդիպիր «սեփական կողմ»ի քննադատութեան, ինչ որ, կրկին, գաղափարներու եւ վերաբերումներու յստակացման, հետեւաբար նաեւ ճիշդ կողմնորոշումներու պիտի առաջնորդէր: Կարծէք թերացումներ չկան, կամ «մեր կողմ»ը չկան անոնք:

Եթէ հայկական թերթերը, իւրաքանչիւր համարի վերջին էջին վրայ գրէին, թէ ան քանի օրինակով լոյս տեսած է, եւ քանի օրինակ սպառած է, մենք մեզ կը գտնէինք իրականութեան դիմաց, իրատես կը դառնայինք, ընթերցող հասարակութիւնը եւ թերթ հրատարակողները:

Եթէ քիչ մը աւելի իրապէս հետաքրքրուող ընթերցող հասարակութիւն ունենայինք, թերթին նամակներ կը ղրկուէին, քննադատութեան, գնահատանքի, դժգոհութեան, պահանջներու: Հայկական թերթերը քանի նամակ կը ստանան տարին:

Միշտ հիացած եմ ֆրանսական թերթերուն լայնամտութեան, որոնք իրենց կողնորոշումները ունենալով հանդերձ, մրցակից կամ հակառակորդ կողմերու պատկանող անձերու, անոնք ըլլան երեսփոխան թէ կուսակցական պատասխանատուներ, գրութիւններուն, կարծիքներուն եւ քննադատութիւններուն բեմ կու տան:

Մամուլը հանրային ծառայութիւն է, հայկական մամուլը նաեւ, ան պէտք է ունենայ ոչ սիրողական իսկական ազգային, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային որակ: Այս ձեւով ան կը դառնայ յառաջդիմութեան ազդակ:

Խմբագիրը եւ գիտակից ընթերցողը պէտք է կարենան Յակոբ Պարոնեանի պէս ըսել…«… Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մեջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք…»

Այս կ՚ըլլայ մարդորսական ախտի բուժման մեկնակէտ:

Միաժամանակ՝ մամուլի եւ քաղաքական նպատակասլաց մակարդակի բարձրացման քայլ:

Ուրեմն ԻԱ դարուն սորվելիք ունինք ԺԹ դարու երգիծաբանէն, որ կը կոչուէր Յակոբ Պարոնեան:

Բայց կարտախօսային աղմկարարութիւններու մէջ, ո՞վ ժամանակ ունի Պարոնեանը հանելու փոշիներու տակէն եւ երբեմն խօսափողը անոր տալու:

Խօսափող՝ հայաստանեան եւ սփիւռքեան մակնիշով:

Եւ յաճախ կը շարունակենք խօսիլ եւ գրելով մեր ցանկութիւնները իրականութիւն համարելով:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2018