ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՁԵՌՆԱՄՈՒԽ Կ՚ԸԼԼԱՅ «ՆՈՐԱԾԱԳՈՒՄ»Ի

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած է կեան­քի կո­չե­լու հա­մար «Նո­րա­ծա­գում» խո­րագ­րեալ ծրագ­րի մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի կազ­մա­կեր­պել սի­րոյ սե­ղան մը եւ ստեղ­ծել զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լորտ։ 1946 թուա­կա­նին հիմ­նուած այս մար­զա­կում­բը յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի թե­ւա­կո­խէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը, ո­րուն ըն­դա­ռաջ կը ձգտի ամ­րապն­դել իր գոր­ծած են­թա­գե­տի­նը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս վո­լէյ­պո­լի, պաս­քէթ­պո­լի եւ ճատ­րա­կի մէջ կա­յուն թա­փով գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած Շիշ­լի մար­զա­կում­բը միշտ իր նպաս­տը բե­րած է նաեւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ըն­կե­րա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ ան­հա­տա­կան զար­գաց­ման։

Մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թէք­պը­չաք եւ իր ըն­կեր­նե­րը վեր­ջին շրջան­նե­րուն բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք կը տա­նին, որ­պէս­զի մէկ կող­մէ չկա­ղան ա­կում­բի ըն­թա­ցիկ գոր­ծե­րը, իսկ միւս կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուի ընդ­հա­նուր վե­րա­կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք մը։

Այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ այն­պի­սի հանգրուան մը ե­կած է, որ յա­ջորդ փու­լե­րու խա­ղաղ տե­ւա­կա­նա­ցու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու տե­սա­կէ­տէ նոր նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ ճա­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը դար­ձած է զգա­լի։ Շիշ­լի­ցի­նե­րը կը ձգտին այդ մի­ջոց­նե­րը ա­պա­հո­վել շնոր­հիւ հա­մայն­քին զօ­րակ­ցու­թեան եւ այս նպա­տա­կով ստեղ­ծուած է նաեւ կար­գա­դիր յանձ­նա­խումբ մը։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Շիշ­լի մար­զա­կում­բին մէջ այս կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­պէս։ Ա­լէն Թէք­պը­չա­քի ներ­կա­յու­թեամբ կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ի­րենց մտադ­րու­թիւն­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ շեշ­տե­ցին, թէ բազ­մա­կող­մա­նի ջան­քեր ի գործ պի­տի դնեն, որ­պէս­զի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէ ներս զօ­րա­կոչ մը ստեղ­ծուի՝ Շիշ­լի մար­զա­կում­բին տե­սա­կէ­տէ այս ե­զա­կի հանգ­րուա­նին։

Շիշ­լի մարզակումբի «Նո­րա­ծա­գում»ի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը կը գլխա­ւո­րէ Նաժ­տա Շա­տեան։ Կազ­մին մէջ կը գտնուին Տիգ­րան Տիւլ­կէ­րեան, Ժիլ­պէռ Ճին­ճիօղ­լու, Մե­լո­տի Էօ­զէր, Ժպիտ Տար­չըն, Հեր­ման Ան­թիլ, Տիա­նա Ալ­թուն, Սե­ւան Գը­լը­ճեան, Շահ­նուր Գա­զան­ճը, Նո­րայր Իշ­լէր, Ե­րուանդ Սէ­մէր­ճեան, Ռու­տի Պէր­պէ­րօղ­լու եւ Նուր­հան Չէ­թին­գա­յա։ Ի պաշ­տօ­նէ կազ­մին միա­ցած է նաեւ Ա­լէն Թէք­պը­չաք։

Ըստ ե­րէկ հրա­պա­րա­կուած ծրագ­րին, շիշ­լի­ցի­նե­րուն սի­րոյ սե­ղա­նը Մա­յի­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Գում­գա­բուի մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015