ՍԷՐ-ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

«Մեծ մարգարէ մը յայտնուեր է մեր մէջ, Աստուած իր ժողովուրդը փրկելու եկեր է» (Ղկ 7.16)

«Դուն քու գալուստիդ խորհուրդը առաջուց գուշակեցիր Իսրայէլի մարգարէներով զորս ընտրեցիր. անոնք Ս. Հոգիին միջոցաւ բազմաթիւ օրինակներով խօսեցան. ողորմութիւն եւ մեղքերու թողութիւն տուր մեզի, Փրկիչ» (Շարական)։

Մարդու վերականգնումը տեղի ունեցաւ Աստուծոյ Բանին՝ Մեսիային հրաշափառ գալստեամբ, երբ Ան երկնատուր տնօրինութեամբ եւ փրկչագործական գործունէութեամբ եկած էր վերստին բանալու այն դուռը, որմէ ժամանակ մը առաջ մարդս զազիր մեղքին պատճառաւ դատապարտուած էր անկէ դուրս գալու։ Արդարեւ, Սէր-Աստուած սիրոյ Իր բնութեան մղումով խոնարհեցաւ դէպի մարդը, եղա՛ւ մարդ, ապրեցաւ մարդկօրէն՝ մարդը իր հարազատ բնութեան մէջ վերականգնելու եւ անոր կոչումին ուղիղ գացող ճամբան բանալու համար անոր ոտքերուն առջեւ. այլ խօսքով՝ «Քրիստոսի առաջին գալուստը, այսինքն՝ Իր որպէս Աստուած՝ մարդկային կեանքի մէջ գոյութենապէս յայտնութիւնը, աստուածայայտնութիւնը, հանդիպումն է Աստուծոյ եւ մարդուն։ Իր կեանքը աշխարհին վրայ՝ միախառնումն է աստուածայինին ու մարդկայինին, համբոյրը երկնքին ու երկրին» (Գարեգին Բ. Կաթողիկոս)։

Վերոյիշեալ աւետարանական մէջբերումը հիմք ունենալով, կ՚ուզենք մեր խորհրդածութիւնը երկու կէտերու վրայ կեդրոնացնել.

Ա) Տիրոջ երկրորդ գալուստը. Աստուածորդին Իր առաջին գալուստով եկած էր երկնապարգեւ շնորհքները ցաթելու մարդոց մտքին ու հոգւոյն մէջ եւ շնորհքի աթոռը հաստատելու խաւարամած այս աշխարհին վրայ, որպէսզի Իր երկրորդ գալուստի ժամանակ «Համարձակօրէն մօտենանք Աստուծոյ շնորհքի աթոռին, ողորմութիւն գտնելու եւ շնորհք ստանալու համար, որպէսզի անոնք մեզի օգնեն անհրաժեշտութեան պարագային» (Եբր 4.16)։ Տիրոջ երկրորդ գալստեամբ պիտի բացուի երկինքը, որմէ պիտի սասանուին ու հալուին լեռները, ինչպէս մոմը կրակէն (Հմմտ. Ես 64.1)։ «Արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկնքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին» (Մտ 24.29)։ Երկնքի զօրութիւնները եւ անմահներու բիւրաւոր բանակները պիտի շարժին, որովհետեւ Արդար Դատաւորը Ի՛նք կու գայ։ Երկինքը շառաչիւնով պիտի չքանայ, երկնային մարմինները պիտի վառին եւ երկիրը իր ամբողջ բովանդակութեամբ պիտի անհետանայ (Հմմտ. Բ. Պտ 3.10)։ Իսկ մարգարէն կ՚ըսէ. «Երկինքի բոլոր զօրքերը պիտի հալին ու երկինք մագաղաթի պէս պիտի գալարի» (Ես 34.4)։ Ապա պիտի գան հրեղէն կառքերը, որոնց մէջ Տէրը պիտի ըլլայ (Հմմտ. Սղ 67.12), «Անոր առջեւէն կրակը պիտի սպառէ ու ետեւէն բոցը պիտի այրէ» (Յով 2.3)։

«Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք» (Մտ 24.27)։ Ինչպէս փայլակը ահեղակերպ զօրութեամբ կը յայտնուի, այնպէս ալ Քրիստոս պիտի յայտնուի մեծ զօրութեամբ ու փառքով։ Ինչպէս փայլակը ահագնադղորդ որոտումով կը յայտնուի, նոյնպէս ալ Տէրը պիտի գայ փողի ձայնով։ Ինչպէս լուսահեղձ փայլակի լոյսը կը հալածէ խաւարը, այդպէս ալ Տիրոջ լոյսը պիտի հալածէ մեղքի խաւարը։ Ինչպէս նախ փայլակը կը տեսնենք եւ ապա կը լսենք անոր ձայնը, նոյնպէս Տիրոջ գալստեամբ՝ նախ խաչը պիտի երեւի եւ ապա Ճշմարիտը պիտի յայտնուի։

Ինչպէս ամպի սիւնը կը պաշտպանէր Եբրայեցի ժողովուրդը Եգիպտոսի գերեվարութեան ընթացքին եւ որուն պատճառով փարաւոնի բանակը խռովութեան մէջ ձգուեցաւ (Հմմտ. Ել 14.24), նոյնպէս ալ Քրիստոս Յիսուսի գալստեան օրը աջակողմեանները պիտի ըսեն. «Օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Մտ 22.9), իսկ ձախակողմեանները իրենց հայեացքը բլուրներուն սեւեռած՝ պիտի ըսեն. «Մեր վրայ ինկէք. մեզ ծածկեցէք» (Ղկ 23.30), որովհետեւ Տիրոջ բարկութեան օրը հասած է եւ ոչ ոք կրնայ անոր առջեւ կանգնիլ։ Քրիստոսի արդարութեան աթոռը Բաբելոնի հնոցի նման պիտի ըլլայ, որուն երեք պատանիները, այսինքն՝ աջակողմեանները զԱստուած պիտի օրհնեն ու փառաբանեն, իսկ կրակի բոցը գետի նման ծաւալելով պիտի այրէ ձախակողմեանները՝ մեղաւորները (Հմմտ. Դն 3.24)։

Բ) Դժոխքի՞ վախ, թէ՞ արքայութեան սէր. Կան այնպիսի մարդիկ, որոնք մտածելով Տիրոջ երկրորդ գալուստին, ահեղ դատաստանին եւ դժոխք նետուելու մասին, Աստուծոյ կը դառնան, կ՚աղաղակեն եւ արցունք կը թափեն Անոր առջեւ։ Այդպիսիներուն մտահոգութիւնը պարզապէս դժոխքին մէջ չնետուիլն է։ Դժոխքին վա՛խն է, որ այդպիսիները ծունկի կը բերէ Աստուծոյ առջեւ եւ ո՛չ թէ Քրիստոսի սէրը։ Նման վերաբերմունք անձնասէր մարդու վերաբերմունք է եւ ո՛չ թէ աստուածասէր մարդու վերաբերմունք։ Թէպէտ պէտք է ընդունիլ, որ քիչ չէ թիւը այն մարդոց, որոնք դժոխքէն վախնալով՝ փարած են Քրիստոսի ոտքերուն եւ որոնց սրտերէն Քրիստոս դուրս շպրտած է դժոխքին վախը եւ լեցուցած զանոնք Իր կրակէ սիրով։

Աստուծոյ յատուկ մէկ գործելակերպն է անզիղջ մեղաւորներուն սրտերուն մէջ դնել մահուան եւ դժոխքի վախը, զիրենք առաջնորդելու համար ապաշխարութեան եւ փրկութեան։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կ՚ըսէ. «Իմ հոգիիս մէջ բեւեռէ մահուան սոսկալի օրը, դժոխքի սարսափը եւ արքայութեան սէրը, որպէսզի զղջամ իմ մեղքերուս համար եւ արդարութիւն գործեմ»։ Արդարեւ, երբ մտածենք թէ օր պիտի գայ երբ պիտի մեռնինք՝ այդ մտածումը կրնայ մեզ մեղանչումէ հեռու պահել։ Երբ խորհինք դժոխքի արհաւիրքներուն եւ պակուցումին մասին՝ այդ կրնայ մեզ ինքնասրբագրութեան առաջնորդել։ Իսկ երբ խորհրդածենք Յիսուսի սիրոյն մասին, այդ կրնայ մեր սիրտը փոխել, մեր հոգին սրբել եւ մեր համակ էութիւնը լեցնել խաղաղութեան գեղեցկագոյն զգացումով։

Մեր սրտերուն մէջ Յիսուսի սէրը աւելի՛ մեծ պէտք է ըլլայ, քան՝ դժոխքի վախը։ Դժոխքի ահը մեզ կրնայ անարդար գործերէ հեռու պահել, բայց չի՛ կրնար անարդարութեան ոգին արմատահան ընել մեր հոգիէն։ Դժոխքի վախը կրնայ մեզ պիղծ բաներէ հեռացնել, բայց չի՛ կրնար մեզ սրբել եւ սրբացնել։ Յիսուսի սէ՛րն է, որ մեզ կը սրբէ եւ կը սրբացնէ։ Յիսուսի սէ՛րն է, որ արդարութեան նկատմամբ սէ՛ր կը բորբոքէ մեր ներսիդին։ Յիսուսի սէ՛րն է, որ երկնքին հանդէպ կարօտի զօրաւոր զգացում կը դնէ մեր մէջ։

Այս բոլորը դժոխքի վախը չի՛ կրնար ընել։ Դժոխքի սարսափը մեզ աստուածասէր եւ աստուածամերձ չի՛ դարձներ, եթէ երբեք չխնդրենք եւ չվայելենք Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը մեր սրտերուն մէջ։ Սուրբ Հոգին պէտք է գործէ, որպէսզի սկսինք սիրել զԱստուած եւ մեր նմանը։ Ինչպէս վախէն քաջութիւն չի յառաջանար կամ խռովութենէն՝ խաղաղութիւն, այնպէս ալ մահուան եւ դժոխքի զարհուրելի տեսարաններուն մասին խոկալը՝ մեզ երբեք երկնքի Արքային զաւակները չի՛ դարձներ։ Անոնք կրնան մեզ դժոխքէն հեռացնել, բայց մեզ երկնքին մօտեցնողը Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է։

Սիրելի՛ ընթերցող, մենք ո՞ր խումբին մաս կը կազմենք, աջակողմեա՞ն խումբին, թէ՞ ձախակողմեան։ Աջակողմեանները անոնք են, որոնք «կեանքի բաժակ»էն ըմպած, իրենց նեղութիւններուն տոկացած եւ իրենց խաչը առած հաւատապիրկ քայլերով հետեւած են Քրիստոսի։ Իսկ ձախակողմեանները մեղքով շղթայազերծուած այն անձնաւորութիւններն են, որոնք հաճոյապաշտութեամբ, սնափառութեամբ եւ գնայուն արժէքներով իրենց կեանքը առաջնորդած են դէպի խորխորատ։ Բայց Քրիստոս Վերջին Դատաստանին դառնալով աջակողմեաններուն պիտի ըսէ. «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ 25.34)։ Ապա իր ձախ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. «Անիծեալնե՛ր, հեռացէ՛ք ինձմէ, գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ, որ Սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է» (Մտ 25.41)։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018