Թրքահայ համայնքի տարեմուտը...

Ամանորը բոլոր հարթութիւններու վրայ գնահատականներու, հաշուեկշիռներու եւ արժեւորումներու հանգրուան մըն է։ Նոր շրջանի մը վերաբերեալ ակնկալութիւնները բոլորի ուշադրութեան առարկայ կը դառնան, բնականաբար։ Այս տրամաբանութիւնով այսօր այժմէական է հետեւեալ հարցումը. թէ ի՞նչ օրակարգով կը դիմաւորէ թրքահայութիւնը նոր տարին։ Իրականութեան մէջ մեր համայնքը ունի բազում հրատապ խնդիրներ, սակայն առկայ վիճակով բոլորն ալ յետաձգուած վիճակի մէջ են։ Պատճառը այն է, որ առկախեալ ընտրութիւններու վերաբերեալ խնդիրները կը գերակշռեն մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Սա վերածուած է հրատապ հարցի մը, որ կը մաշեցնէ մեր համայնքը, տեղի կու տայ անոր ներուժի մսխուելուն եւ ընդհանուր տկարացում մը կ՚ահագնացնէ մեր իրականութենէն ներս։ Ընտրութիւնները, իրականութեան մէջ պէտք է ծառայեն ընդհանուր հարցերու լուծման որոնումներու ճանապարհին աշխուժութիւն մը ստեղծելու նպատակին՝ այսինքն, միջոց են, սակայն, մեր պարագային տարիներէ ի վեր անոնք վերածուած են ինքնին նպատակի մը, ինչ որ ստուեր կ՚ածէ թրքահայութեան կենսունակութեան վրայ։ Առկախեալ ընտրութիւններու հետեւանքով մեր համայնքային կեանքը կաթուածահար է առանց չափազանցութեան։ Համայնքային կեանքը փակուղիի մէջ է։ Թրքահայութիւնը կը դիմագրաւէ այնպիսի խցանում մը, որու հետեւանքները ծանր են եւ անշրջադարձելի։ Որքան որ ալ իրենց բնոյթով ըլլան լրջօրէն տարբեր, յաչս հանրութեան անորոշութեան հասարակաց յայտարարին վրայ այլեւս գրեթէ նոյնացած են պատրիարքական ընտրութեան եւ համայնքային մարմիններու մատակարար մարմիններու ընտրութեան հարցերը։ Այս հանգամանքն ալ անխուսափելի է, իր հերթին։

Առկախեալ ընտրութիւններու հարցը ներկայացուցչական լուրջ հարցերու ծնունդ տուած է մեր համայնքէն ներս։ Մեր ժողովուրդին կողմէ համայնքային հաստատութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը կը կացինահարուի ներկայ վիճակով։ Մարդիկ հետզհետէ կը սկսին մտածել, թէ իրենց զոհողութիւնները, ջանքերը բաւարար չեն մեր հաստատութիւններու համար։ Այդ հաստատութիւններու ճակատագրին նկատմամբ պատասխանատուութեան զգացումը կը տկարանայ։ Այսօր հարուածի տակ է մեր համայնքի վարչական դրութիւնը։

Եւս առաւել, այս համայնքի ներքին յարաբարութիւններու դրուածքը տակնուվրայ եղած է առկախեալ ընտրութիւններու հարցին բերումով։ Քմահաճ վարչայիններու սանձազերծուած ըմբոստութիւններ կը զուգորդուին սեփական ուժերու նկատմամբ համատարած թերահաւատութեամբ։ Անհանդուրժողութիւնը, մգլոտած վարչական մտայնութիւնները, անհեռատեսութիւնը, հունէ դուրս եկած յարաբերութիւնները, ծայրայեղութիւնները, հեղինակազրկուած կերպարները, այլեւս դդումի համ տուած լոզունգները, անսկզբունք հաշուեյարդարները գերեվարած են այս համայնքը ու գրաւի տակ առած անոր ապագան։

Կարճ խօսքով, իրավիճակի լրջութիւնը բնութագրելու համար անհրաժեշտ չէ առկայ զզուելի համայնապատկերի նկարագրութեան երկարապատումը։ Թրքահայութեան հաւաքական կամքի դրսեւորումը բախած է պատնէշի մը եւ շատեր միասնաբար աշխատելու, պատճառներուն ներթափանցելու եւ զայն յաղթահարելու փոխարէն կը ջանան տպաւորութիւն ստեղծել, թէ այդ պատնէշը անյաղթահարելի է։ Նոյնիսկ իրենց հոգը չէ, թէ մարդիկ այլեւս կ՚անդրադառնան, որ այդ պատնէշի ետին թաքնուած են նաեւ իրենք եւս։ Տօնական տրամադրութիւնը պատրուակելով չթաքցնենք ճշմարտութիւնը, իրերը կոչենք բուն անունով։

Հուսկ, թրքահայութեան 2019 թուականի վերաբերեալ հիմնական ակնկալութիւններն ու մաղթանքները կը վերաբերին առկախեալ ընտրութիւններու խնդրի լուծման։ Բարին ընդ մեզ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018