ՆՈՐ ՏԱՐԻ ՆՈՐ ՅՈՅՍԵՐ

2018 տարին արդէն թեւակոխեցինք եւ ազգովին ու անհատապէս մեր կեանքի պատմութեան էջերէն էջ մը եւս դարձուցինք: Էջ մը, որ լեցուն էր յաջողութիւններով ու ձախողութիւններով: Էջ մը, որ լեցուն էր յոյսերով եւ յուսախաբութիւններով: Էջ մը, որ լեցուն էր ուրախութիւններով եւ տխրութիւններով: Էջ մը, որ լեցուն էր վերելքներով եւ վայրէջքներով:

Իսկ հիմա, այս հանգրուանին երբ հինը արդէն իր աւարտին հասած է ու նորը սկիզբ պիտի առնէ, մարդկութիւնը կ՚ապրի արտասովոր եռուզեռ մը: Ոմանք խանդավառութեան մէջ են եւ չեն գիտեր ինչ ընեն կամ ինչ կերպով նոր տարին դիմաւորեն, նոր տարիին սկսին: Ուրիշներ, մտահոգութիւններու տարափի մը տակ են, թէ արդեօք գալիքը ի՞նչ կամ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ: Ուրիշներ, յոյսերով լեցուն կը սպասեն նորին՝ որու հետ ի՜նչ-ի՜նչ տեսլականներ ու երազանքներ կապած եմ: Ոմանք՝ ինչպէս անցնող տարիներուն, նոյն յուսահատութեան մէջ են, ո՛չ մէկ փոփոխութիւն ունին եւ ոչ մէկ սպասուող փոփոխութիւն կ՚ակնկալեն, եւ ինկած ըլլալով յուսահատութեան գիրկը՝ նոյն ձեւով կը նաւեն, առանց որեւէ ակնկալիքի: Իսկ ոմանք ալ, աշխարհի անարդարութեան զոհերը ըլլալով, յոյսով կը սպասեն նոր առաւօտի մը արշալոյսին, որով իրենց կեանքը պիտի սկսի ընթանալ դէպի բարին, լաւը, գեղեցիկը եւ կատարեալը:

Ինչպէս գիտենք, տարուան աւարտին ընկերութիւններ, հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ ու զանազան կառոյցներ հաշուետուութիւն կը կատարեն, գիտնալու համար, թէ անցնող օրերուն ի՛նչ իրագործումներ կատարած են, ի՛նչ յաջողութիւններու հասած են, ի՛նչ նորութիւններու տիրապետած են, եւ միաժամանակ, ի՛նչ ձախողութիւններ ունեցած են, որոնց վրայ աշխատելով պէտք է զանոնք սրբագրեն, որպէսզի յետագան աւելի պայծառ ու լաւ ըլլայ:

Մեր սեփական անձերը մէկ կողմ ձգելով, փորձենք յետադարձ հպանցիկ ակնարկ մը նետել մեր ազգային-հայրենական կեանքին մէջ անցնող տարուան կատարուած իրադարձութիւններուն վրայ: Այսպէս, ամենէն յատկանշականը այն էր, որ թէ՛ Հայրենիքի մէջ եւ թէ յատկապէս Սփիւռքի մէջ, բարձր շուքով նշուեցաւ մեր Հայրենիքի առաջին անկախացման 100-ամեակը, որ այնքան հաճելի կերպով զուգորդուեցաւ մերօրեայ անարդարութեան եւ զեղծարարութեան դէմ տարուած յաղթանակով, որ Նո՛ր Հայաստանի մը, հզօ՛ր, անկա՛խ, զարգացա՛ծ Հայաստանի մը տեսլականը ուրուագծեց մեր համազգային կեանքի հորիզոնին վրայ:

Արդարեւ, անցնող տարուան մարտ-ապրիլ ամիսներէն սկսած՝ Հայաստանի ներքին կեանքը փոթորկեցաւ: Սակայն փոթորիկ մը, որ ամբողջութեամբ տարբեր էր նախորդ փոթորիկներէն: Փոթորիկ մը, որ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր, որովհետեւ վնաս չպատճառելէն անդին եւ վեր, օգուտ եւ բարիք բերաւ Հայաստան աշխարհին: Փոթորիկ մը, որ Հայաստանի քաղաքացիներէն խլեց այն վախի զգացումներն ու ապրումները, որոնք անցնող 97 տարիներու ընթացքին արմատացած էին մարդոց սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Փոթորիկ մը, որ այդ վախի զգացումներուն եւ ապրումներուն փոխարէն, մարդոց տուաւ այն անուրանալի փաստը, թէ իրենք եւս կրնան բաց ճակատով կեանքին նայիլ եւ ըսել, որ՝ «մե՛նք եւս իրաւունք ունինք մարդավայել կերպով ապրելու, արարելու, ստեղծագործելու եւ ծաղկեցնելու մեր Հայրենիքը, յանուն պայծառ ապագայի, յանուն մեր զաւակներուն բարօրութեան եւ հզօր Հայաստանի մէջ ապրելու տեսլականին ու երազնքին»: Ի վերջոյ, փոթորիկ մը, որ սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտով սկսաւ եւ աւարտեցաւ, չնայած այն իրողութեան, որ երբեմն քամիներ փչեցին՝ նպատակ ունենալով կատաղեցնել փոթորիկը եւ իր հունէն հանել, սակայն ինչպէս կեանքի օրէնքն է, բարին, սէրն ու համերաշխութիւնը մի՛շտ ալ յաղթանակող են, ինչքան ալ ուշանայ այդ յաղթանակը:

Եւ մեր ժողովուրդը թէ՛ Հայրենիքի մէջ ապրող եւ թէ Սփիւռքի, յաղթեց: Յաղթեց, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր մեր փառաբանծ ժողովուրդին ձայնը լռած էր, աւելի ճիշդ ամէն կերպով աշխատած էին, որպէսզի ան լուռ մնայ: Բայց, հակառակ տարուած բարբարոսական փորձերուն, մեր ժողովուրդը իր համբերատարութեամբ, ի վերջոյ իր ձայնը բարձրացուց եւ իր ըսելիքը ըսաւ: Ըսաւ, որ այս երկիրը խումբ մը աւազակներու երկիրը չէ, որոնք միայն իրենց գրպանները լեցնելով զբաղուած են: Ըսաւ, որ այս երկիրը իւրաքանչիւր հայու տունն է եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը թէ՛ պարտաւորութիւններ եւ թէ պահանջներ ունի այդ տունէն: Ըսաւ, որ մեր յետագայ սերունդները իրաւունք ունին արժանապատիւ կերպով ապրելու եւ որպէս ազգ եւ պետութիւն՝ իրենց յարգալից տեղը ունենան այլ պետութիւններու եւ համաշխարհային ատեաններու մօտ: Ի վերջոյ, ըսաւ, որ դարեր շարունակ տարբեր-տարբեր ցեղասպաններու կողմէ ցեղասպանուած մեր ալեհեր ժողովուրդը հպարտութեամբ եւ միաժամանակ խոնարհութեամբ իրաւունք ունի ապրելու, շնչելու, արարելու եւ շարունակելու մարդավայել կերպով իր ներկայութիւնը արձանագրելու մարդկային պատմութեան մէջ:

Գալով մերօրեայ զարգացումներուն, այսօր երկար տարիներու սպասումներէ ետք, հայ ժողովուրդի զաւակներու հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ լոյս ծագած է, յոյսը ողողած է զանոնք յանուն պայծառ գալիքին: Բնականաբար, ինչպէս իւրաքանչիւր խորքային փոփոխութեան ժամանակ սխալներ եւ բացթողումներ անպայման որ կրնան պատահիլ: Սակայն, քաղաքակրթուած ժողովուրդները միշտ փաստած են, թէ նմանատիպ պարագաներու է, որ տուեալ որեւէ ժողովուրդ ինքզինք կայացման ճիշդ ճանապարհին կը դնէ: Եւ մենք, յաճախ կը պարծենանք, որ քաղաքակիրթ ժողովուրդ ենք: Եթէ այդպիսին ենք, յետագայ ընթացքը ցոյց պիտի տայ ատոր ճշմարտացիութիւնը:

Նոր տարուան այս շեմին նոր յոյսերով զինուած շարունակենք ընթանալ դէպի յառաջ: Առիթ տանք մեր նոր իշխանութիւններուն, որպէսզի մեր երկիրը հասցնեն այն ցանկալի վիճակին, զոր իւրաքանչիւր հայ միշտ երազած է: Առիթ տալու կողքին աջակցինք մեր նոր իշխանութիւններուն, որովհետեւ առանց ժողովուրդի աջակցութեան, իշխանութիւնները ոչի՛նչ իրագործելու ի զօրու են, ընդհակառակը, առանց ժողովուրդի աջակցութեան, այս իշխանութիւնները եւս նախորդ իշխանութիւններուն ճանապարհը պիտի բռնեն, այսինքն՝ թալանի, կեղեքումի եւ զեղծարարութեան: Այնպէս որ երբ սկսինք քննադատել, նախ մենք մեզ քննենք, ապա սկսինք ուրիշները, մեր իշխանութիւնները քննադատելու:

Ի վերջոյ, քաղաքական դաշտը ախոյեանը հանդիսացաւ վերաթարմանալու եւ զարթօնք ապրելու: Այսօր, սակայն, ըլլա՛յ Հայրենիքին, ըլլայ Սփիւռքին մէջ մեր ժողովուրդի ընկերային կեանքին մէջ տարբեր-տարբեր ոլորտներ կարիքն ունին վերանորոգման, թարմացումի, զարթօնքի, որուն համար յուսանք, որ այս նոր բացուող տարին այդ ոլորտներուն համար եւս ըլլայ նպաստաւոր, յանուն մեր ժողովուրդի, պետութեան, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի բարօրութեան եւ պայծառութեան:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

15 դեկտեմբեր 2018

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018