2018 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹԵՐԸ

2018 թուականի դեկտեմբեր ամսուն, Հայաստանի «ՀայՓոստ» ընկերութիւնը թողարկեց տարուան վերջին դրոշմաթուղթերէն մին՝ «Լուսնային Նոր տարի» խորագրով, որ պատկերաւոր ձեւով կը ներկայացնէ լուսնային օրացոյցին 2019 թուականի խորհրդանիշը՝ խոզը: Արեւելեան աստղագուշակին համաձայն, 2019 թուականը «Դեղին խոզի» տարի է: Առասպելը կը վկայէ, որ կենդանիներէն խոզը վերջինն էր, որ մասնակցելու գացած էր Նոր տարուան տօնակատարութեան: Խոզի նշանով կ՚աւարտի Արեւելեան աստղագուշակին 12-ամեայ բոլորաշրջանը: Ահաւասիկ, «ՀայՓոստ»ը այս թողարկումով կը ներկայացնէ աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ արմատացած արեւելեան աստղագուշակի խորհրդաբանութիւնը:

Կաղանդի նիւթին նուիրուած գեղեցիկ դրոշմաթուղթ մըն է նաեւ նոյնպէս դեկտեմբեր ամսուն թողարկուած եւ շրջանառութեան դրուած «Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ» խորագրով ուրիշ դրոշմաթուղթ մը, որուն վրայ պատկերուած ամանորեայ ձիւնով լեցուն ապակեայ յուշանուէրին մէջ տեղադրուած է Հանրապետութեան հրապարակի ժամացոյցը: Այդ ժամացոյցը դարձած է հայաստանեան Կաղանդի խորհրդանիշներէն. շատ մարդիկ կը սիրեն Կաղանդի գիշերը դիմաւորել այդ ժամացոյցին տասներկու ղօղանջներուն ներքոյ:

Դեկտեմբերին «ՀայՓոստ»ը թողարկած է ուրիշ դրոշմաթուղթեր եւս, որոնցմէ մէկը մանկական դրոշմահաւաքութեան շարքին գեղեցիկ նմոյշ մըն է՝ նուիրուած Հայաստանի մէջ հանրածանօթ «Գտնուած երազ» մանկական շարժանկարին: Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է շարժանկարին պաստառը: Քունը կորսնցուցած եւ յետոյ գտած ծերունիին մասին, 1976 թուականին արտադրուած այս մանկական շարժուն պատկերը սիրելի է փոքրերուն եւ մեծերուն:

«ՀայՓոստ»ը ունի մանկական դրոշմահաւաքութեան շարք մը, որուն նիւթը մանկական շարժանկարներէ առնուած է: Հայկական շարժուն գծանկարներ նիւթին 2018 թուականին «ՀայՓոստ»ը նուիրած է նաեւ «Անահիտ» դրոշմաթուղթը: Ան կը ներկայացնէ հայ գրող Ղազարոս Աղայեանի «Անահիտ» հէքեաթին հիման վրայ 2014 թուականին «Սահակեանց սթիւտիոյի» կողմէ նկարահանուած շարժուն գծանկարը, որ ժամանակակից լոյսի տակ կը մեկնաբանէ Աղայեանի հէքեաթը:

Դեկտեմբերի վերջաւորութեան «ՀայՓոստ»ը շրջանառութեան մէջ դրաւ Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարի հիմնադրման 1400-ամեակին նուիրուած առաջին դրոշմաթուղթով գեղաթերթիկ մը:

Գեղաթերթիկի դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է 618 թուականին կառուցուած Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարը, իսկ գեղաթերթիկը կը ներկայացնէ Վաղարշապատի հին պարիսպին մէկ հատուածը: Էջմիածինի մէջ գտնուող Սուրբ Հռիփսիմէ վանքը ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։ Հալածանքներէն փախած եւ քրիստոնէութեան քարոզման նուիրուած Հռիփսիմէ կոյսի յիշատակին համար Կոմիտաս Ա. Աղցեցի Կաթողիկոսին կողմէ կառուցուած այս հրաշակերտ տաճարին 1400-ամեակը անցնող 2018-ին նշուեցաւ մեծ շուքով: Ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուած էր Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակութեան օրը, որ անցնող տարուան ընթացքին տօնախմբուեցաւ մայիսի 28-ին: 7-րդ դարուն հիմնուած տաճարը՝ Սուրբ Հռիփսիմէն, մշտական ուխտավայր մըն է բազմահազար հաւատացեալներու համար:

Դրոշմահաւաքորդներուն համար միշտ սպասուած են «ՀայՓոստ»ի՝ մարմնամարզի նուիրուած թողարկումները. ահաւասիկ, անցնող դեկտեմբերին մարմնամարզի նիւթով շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Մարզանք. Ֆութպոլի միջցամաքամասին բաժակ» խորագրով դրոշմաթուղթով գեղաթերթիկ մը:

Այս գեղաթերթիկը ունի 500 դրամ անուանական արժէք, գեղաթերթիկի դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է «Նասիոնալ» իտալական ֆութպոլի խումբը, իսկ գեղաթերթիկը կը ներկայացնէ Մոնթէվիտէոյի «Սենթրըլ փարք» մարզադաշտը:

Միջցամաքամասային բաժակը ֆութպոլի ամէնամեայ առաջնութիւն մըն է, որ տեղի ունեցած է 1960-էն մինչեւ 2004 թուականը՝ Ախոյեաններու լիկայի եւ Լիպերտաթորէսի բաժակը յաղթողներուն միջեւ, Եւրոպայի եւ Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի համադաշնութիւններուն հովանիին տակ: Ծանօթ է, որ 2005 թուականէն սկսեալ, Միջցամաքամասային բաժակին փոխարէն, տեղի կ՚ունենայ Աշխարհի ակումբային առաջնութիւնը: Ահաւասիկ, «ՀայՓոստ»ը, ֆութպոլի պատմութեան մէջ հանրայայտ այս ախոյենութեան նուիրուած թողարկումով կը համալրէ համաշխարհային մարմնամարզին նուիրուած հայկական դրոշմաթուղթերու շարքը եւ քանի որ «Նասիոնալ»ը երեք անգամ՝ 1971, 1980 եւ 1988 թուականներուն հռչակուած է Միջցամաքամասային բաժակի յաղթող, ապա դրոշմաթուղթին վրայ կայ իտալական այդ խումբին նկարը՝ Ուրուկուայի նշանաւոր մարզադաշտին մէջ:

Մարզանքի սիրահարները, մանաւանդ մարզական նիւթով դրոշմաթուղթերու հաւաքորդները, անցեալ տարի շարունակած են համալրել իրենց հաւաքածոները, որովհետեւ «ՀայՓոստ»ը այդ շարքէն թողարկած է «Մարզանք. 23-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղեր «Փհենչհան-2018» դրոշմաթուղթը, ուր պատկերուած է լեռնադահուկորդը հայկական եռագոյն դրօշով:

Մարզական նիւթով գեղեցիկ եւ խորհրդանշական դրոշմաթուղթ մըն է նաեւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 100-ամեակին նուիրուածը, որ կը ներկայացնէ հատուած մը՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կազմակերպած միջոցառումէ մը՝ սկաուտի պատկերով, դրոշմաթուղթին վրայ կայ նաեւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 100-ամեակի խորհրդանիշը:

Ֆութպոլի աշխարհի 2018 թուականի ախոյենութիւնը նոյնպէս տեղ գտած է «ՀայՓոստ»ի անցեալ տարուան թողարկումներուն մէջ. Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցած ախոյենութեան նուիրուած դրոշմաթուղթին վրայ կայ Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան բաժակը եւ Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ գտնուող Վասիլի Երանելիին տաճարը:

Հայկական «ԵրԱզ» անունով ինքնաշարժը, որ արտադրուած է 1966 թուականէն մինչեւ 1996 թուականը, պատմութեան գիրկը անցած յիշողութիւն մըն է, եւ պատկերուած է «ՀայՓոստ»ի հերթական դրոշմաթուղթին վրայ՝ փոխադրամիջոցներու շարքին: Հայերու նախագծած եւ Երեւանի ինքնաշարժներերու գործարանին մէջ երեսուն տարի շարունակ արտադրուած այս սահմանափակ թիւով ինքնաշարժ-բեռնասայլէն հազուագիւտ օրինակներու այսօր ալ կարելի է հանդիպիլ Հայաստանի փողոցներուն մէջ: Հակառակ երեսուն տարի շարունակ արտադրուած ըլլալուն, «ԵրԱԶ 762» անունով ինքնաշարժը, իր ոչ բարձր որակին պատճառով, հինգ տարի յետոյ դուրս կու գար շահագործումէ, այդ իսկ պատճառով շատ չեն պահպանուած հայկական արտադրութեան այս նմոյշներէն, սակայն հայերը միշտ հպարտութեամբ կը նշեն, որ հայկական արդիւնաբերութեան ծաղկուն շրջանին Հայաստանը ինքնաշարժ նոյնիսկ արտադրած է:

Յատկանշական է «ՀայՓոստ» ընկերութեան «Մեծանուն հայեր» շարքը, որուն թողարկումները նուիրուած կ՚ըլլան հայոց պատմութեան, գրականութեան, արուեստի մեր մեծերուն: 2018-ին «ՀայՓոստ»ը այդ շարքէն թողարկած է երեք դրոշմաթուղթ: «Մեծանուն հայեր»ու՝ 2018 թուականի առաջին դրոշմաթուղթը՝ ապրիլ ամսուն թողարկուած, նուիրուած էր հայ նշանաւոր դերասան Բաբգէն Ներսիսեանի ծննդեան 100-ամեակին: Թիֆլիզ ծնած, Թիֆլիզի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական թատրոնին մէջ դերասանական կեանքի ուղիին սկսած տաղանդաւոր դերասանը իր ստեղծագործական գործունէութիւնը շարունակած է Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ, մինչեւ մահկանացուն կնքելը։ Նշանաւոր դերասանին ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, 2018 թուականին, Երեւանի Աբովեան 21 հասցէին վրայ, բացուած է իր յուշասիւնը:

«Մեծանուն հայեր» շարքէն հայ տաղանդաւոր գեղանկարիչ Յովհաննէս Զարդարեանին «ՀայՓոստ»ը մէկ անգամէն երկու դրոշմաթուղթ նուիրած է: Կարս ծնած եւ Խորհրդային Միութեան մէջ գործած նշանաւոր նկարիչին 100-ամեակը լրացաւ անցեալ տարի եւ անոր յիշատակին թողարկուած դրոշմաթուղթերը կը ներկայացնեն մեծ նկարիչին արուեստը:

170 հայկական դրամի անուանական արժէքով մէկ դրոշմաթուղթի վրայ պատկերուած է Զարդարեանի «Գարուն» կտաւը, իսկ 230 հայկական դրամի անուանական արժէքով դրոշմաթուղթը կը ներկայացնէ Յովհաննէս Զարդարեանի լուսանկարը՝ իր «Ձմեռնային բնանկար» կտաւի խորապատկերին:

«Մեծանուն հայեր» շարքի դեկտեմբերին թողարկուած վերջին դրոշմաթուղթը նուիրուած է արեւմտահայ մեծ գրող Յակոբ Պարոնեանի ծննդեան 175-ամեակին: Գեղեցիկ ձեւաւորուած դրոշմաթուղթին վը-րայ Յակոբ Պարոնեանի լուսանկարը պատկերուած է իր ձեռագրերուն եւ հերոսներուն խորապատկերին հետ: Գնահատելի են «ՀայՓոստ»ի թողարկումները նուիրուած արեւմտահայ մշակոյթին: Այս առումով անցեալ տարուան նոյեմբերին «ՀայՓոստ»ը թողարկեց եւ շրջանառութեան մէջ դրաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին նուիրուած դրոշմաթուղթը: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիրներուն՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներուն լուսանկարով եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հին շէնքին եւ պատկերանիշին ձեւաւորմամբ դրոշմաթուղթը իր արժանաւոր տեղը գրաւեց «ՀայՓոստ»ի՝ մամուլին նուիրուած շարքին մէջ, դառնալով այդ շարքի առջինէկը: Ատկէ ետք, «ՀայՓոստ»ը դեկտեմբերին թողարկեց նաեւ դրոշմաթուղթ մը՝ նուիրուած «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան, որ 2018 թուականին նշեց իր հիմնադրման 100-ամեակը: «Արմէնփրէս»ին նուիրուած դրոշմաթուղթը «ՀայՓոստ»ը տեղաւորած է «Հայոց պետականութիւն» խորագրով շարքին մէջ, նկատի առնելով, որ 1918 թուականի դեկտեմբեր 18-ին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի որոշմամբ ստեղծուած է Հայկական հեռագրական գործակալութիւնը, իբրեւ նախադէպը չունեցող պետական լրատուական գործակալութիւն, որ, քանի մը անուանափոխութենէ ետք, 1972 թուականին վերանուանուած է «Արմէնփրէս»:

Այս դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է տպագրական մեքենայի վրայ աշխատող կնոջ մը ուրուագիծը: Դրոշմաթուղթը ձեւաւորուած է լոյսի եւ ստուերի համադրութեամբ՝ խորհրդանշելով լրատուական գործակալութեան մասնագէտներուն, պատերու ետին կատարուող շուրջօրեայ աշխատանքը, եւ այդ աշխատանքը կատարողներուն անունները միշտ չէ, որ կ՚երեւին: «Հայոց պետականութիւն» շարքէն «ՀայՓոստ»ը թողարկած է նաեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերուն 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթով գեղաթերթիկ մը:

«Հայոց պետականութիւն» խորագրով շարքին մէջ են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան եւ Հայաստանի անվտանգութեան մարմիններու կազմաւորման 100-ամեակները խորհրդանշող երեք անջատ դրոշմաթուղթեր: Անցեալ տարի՝ 2018-ին, այս կառոյցները նոյնպէս նշեցին իրենց հիմնադրութեան 100-ամեակները:

2018-ը հարուստ էր յոբելեաններով։ Յոբելենական շարքի թողարկումներէն էր Գէորգ Զ. Չէօրեքչեան Ամենայն Հայոց 129-րդ Կաթողիկոսի ծննդեան 150-ամեակը խորհրդանշող դրոշմաթուղթը: 1945-1954 թուականներուն գահակալած կաթողիկոսին լուսանկարը պատկերուած է դրոշմաթուղթին վրայ:

«ՀայՓոստ»ը յոբելենական թեմայով մէկ անգամէն չորս դրոշմաթուղթով գեղաթերթիկ մը նուիրած է Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին՝ անոնց վրայ պատկերելով Էրեբունի քաղաքի պեղուած յատակագիծը, Ամիրեան փողոցէն հատուած մը՝ լուսանկարուած 1920-ական թուականներուն, Երեւանի երկաթուղային կայարանի շէնքը եւ Օփերայի ու պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին շէնքը:

Իսկ գեղաթերթիկին վրայ ներկայացուած է հատուած մը մերօրեայ Երեւան քաղաքի գիշերային համայնապատկերէն՝ Արարատ լերան խորապատկերին:

Անցեալ տարի լրացաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային արժոյթի 25-ամեակը: Այդ նիւթով թողարկուած դրոշմաթուղթը միւս դրոշմաթուղթերէն կը տարբերի իր ձեւով: Ան կլոր է եւ ամբողջութեամբ ձեւաւորուած է ոսկեայ մետաղադրամի տեսքով:

«12-րդ նոյնատիպ թողարկում. Հայոց այբուբեն» նիւթով «ՀայՓոստ»ը ունի աւանդական շարք մը, որ 2012-ին սկիզբ առած է ու նուիրուած հայոց այբուբենին: 2018-ին թողարկուեցան այդ նիւթին նուիրուած վերջին 3 դրոշմաթուղթերը: Եւ, Օ, Ֆ տառերու պատկերներով դրոշմաթուղթերը հայոց այբուբենի հերթական փառաբանութիւնն են եւ կը համալրեն հայկական տառով դրոշմաթուղթերու հաւաքորդներուն հաւաքածոները:

«ՀայՓոստ»ի այս շարքը խորհրդանշական ձեւով կը ներկայացնէ Հայոց այբուբենը, իբրեւ աղօթք, որ կը սկսի զԱստուած խորհրդանշող «Ա» տառով եւ կ՚աւարտի Քրիստոսի անուան սկզբնատառով՝ «Ք» տառով: Ծանօթ է, որ սկզբնապէս հայոց այբուբենը բաղկացած էր 36 տառէ, իսկ աւելի ուշ՝ Միջնադարուն, աւելցած է երեք տառ եւս:

2018 թուականի յունիս ամսուն Հայաստանի մէջ շրջանառութեան դրուած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւն. «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրներ. Թոմ Քաթինա» դրոշմաթուղթը, որու վրայ պատկերուած է «Աւրորա» մրցանակի երկրորդ դափնեկիր բժիշկ Թոմ Քաթինան, որ փրկած է հազարաւոր կեանքեր՝ գտնուելով Սուտանի Նուպա լեռներուն մէջ եւ պատերազմէն ու սովէն քայքայուած Քարտոֆա նահանգի միակ վիրաբոյժը եղած է: Նշանաւոր կաթոլիկ միսիոնար ու բժիշկ Թոմ Քաթինային 2017-ին մրցանակը Երեւանի մէջ յանձնած էր Շարլ Ազնաւուր: Թղթատարական դրոշմաթուղթին հետ «ՀայՓոստ»ը թողարկած է նաեւ 150 հայկական դրամի արժողութեամբ նուիրատուութեան կտրոն մը, որուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը «ՀայՓոստ»ը կը փոխանցէ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան:

2018 թուականին կեանքէն հեռացած մեծանուն Ազնաւուր, բնականաբար, նոյնպէս դուրս չէ մնացած «ՀայՓոստ»ի ուշադրութենէն: Անոր նուիրուած է «Աշխարհահռչակ հայեր» շարքին անցած տարուան թողարկումը. 2018 թուականի հոկտեմբերի 11-ին, ի պատիւ աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրին, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովի ծիրէն ներս, Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կնքուեցաւ եւ շրջանառութեան դրուեցաւ դրոշմաթուղթով գեղաթերթիկ մը: Անոր վրայ պատկերուած է ֆրանսահայ առասպելական երգիչ, երգահան, դերասան, հասարակական գործիչ եւ Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրը՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանը: Գեղաթերթիկին վրայ կայ լուսանկար մըն ալ՝ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 2006 թուականի սեպտեմբերի 30-ին տեղի ունեցած անոր համերգէն: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն եւ աւելի քան 250 հազար հանդիսատեսի ներկայութեամբ տեղի ունեցած այդ անմոռանալի համերգը այսօր արդէն պատմական իրադարձութիւններու շարքին է: 2018 թուականի հոկտեմբերի 1-ին Ազնաւուր հեռացաւ կեանքէն՝ խոր վիշտի մէջ ձգելով իր արուեստի երկրպագուները:

Անցեալ տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն էր նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային գագաթաժողովը, որու ձեռնարկներու ծիրէն ներս, կրկին Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, կնքուեցաւ եւ շրջանառութեան դրուեցաւ դրոշմաթուղթով գեղաթերթիկ մը «Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը Երեւանի մէջ» նիւթով:

Դրոշմաթուղթը իր մէջ կը ներառնէ հատուած մը՝ գեղաթերթիկին վրայ պատկերուած ֆրանսահայ ականաւոր նկարիչ Ժան Գառզուի (Գառնիկ Զուլումեան) «Բեռնամբարձիչ նաւեր» (1983) եւ մեծանուն հայ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի «Հայաստան» (1923) կտաւներէն: Գեղաթերթիկին վրայ նաեւ պատկերուած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին խորհրդանիշն ու «Ապրիլ միասին» կարգախօսը՝ հայերէնով եւ ֆրանսերէնով:

Բնութեան տեսարանները, կենդանական եւ բուսական աշխարհը միշտ ալ եղած են դրոշմաթուղթերու նիւթերէն: «ՀայՓոստ»ը նախորդ բոլոր տարիներուն անպայման դրոշմաթուղթեր թողարկած է այս նիւթերով: Անցեալ տարի ալ ժամանակակից Հայաստանի բուսական եւ կենդանական աշխարհը ներկայացնելով՝ «ՀայՓոստ»ը թողարկած է նռնենի բոյսի եւ Սեւանի կողակ ձկան նկարներով դրոշմաթուղթերը:

Անդրադարձներ կան նաեւ հին աշխարհի բուսական եւ կենդանական աշխարհին. նոյնպէս անցեալ տարի պատրաստուած են հին աշխարհի կենդանիներէն «արգենտինոզաւր»ի նկարով եւ տապեժարա բոյսի պատկերով երկու դրոշմաթուղթեր:

Բնութեան նիւթով կը շարունակուի Շիկահողի արգելոցին նուիրուած դրոշմաթուղթով. 1958 թուականին Սիւնիքի մարզին մէջ հիմնուած այս արգելոցը յայտնի է լեռնային գետակներով, հանքային աղբիւրներով, ընտիր անտառային պտուղներով, հազուագիւտ մամուռներով, այստեղ կը գտնուին նաեւ Կարմիր գիրքին մէջ արձանագրուած բազմաթիւ կենդանիներ:

Անցած տարուայ ընթացքին «ՀայՓոստ»ը դրոշմաթուղթեր նուիրած է նաեւ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի պարերուն: Այս մէկը համատեղ թողարկում մըն է. առաջին դրոշմաթուղթին վրայ հայկական «Հով արէք» պարը կայ, իսկ երկրորդին վրայ՝ հնդկական «Մանիպուրի» պարը:

Միջազգային շարքէն թողարկուած է «Եւրոպա 2018. Կամուրջներ» խորագրով դրոշմաթուղթը, որու վրայ կայ Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Ծակքար գիւղին մէջ գտնուող բնական կամուրջը:

2018 թուականին ԱՊՀ-ի մշակութային մայրաքաղաք հռչակուած Գորիս քաղաքը նոյնպէս «ՀայՓոստ»ի թողարկումներուն մէջ է։ Անցած տարի մէկ տարիով մշակութային մայրաքաղաք եղած էր Գորիսը, ուր տեղի ունեցած էին բազում ձեռնարկներ։ Դրոշմաթուղթը կը ներկայացնէ ձորերու ու լեռներու գիրկին մէջ ծուարած Գորիս քաղաքի հրաշագեղ պատկերը:

Հարուստ եղած է «ՀայՓոստ»ի դրոշմաթուղթերու նիւթը՝ 2018 թուականին: Վստահ ենք, որ պաշտօնական դրոշամաթուղթերու մենաշնորհ ունեցող ընկերութիւնը նոյնքան հարուստ եւ բազմազան դրոշմանիշներ կը թողարկէ նաեւ 2019 թուականին:

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019