«ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ 1922-1972. ՆՈՅՆԷՆ ԱՅԼԸ»
Yerepuni.news լրատուական ցանցի կայքէջին վրայ, Յարութիւն Պէրպէրեանի ստորագրութեամբ, վերջերս լոյս տեսաւ յօդուած մը, ուր կ՚արժեւորուի սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանի աշխատանքը։ Այստեղ յատուկ ուշադրութիւն կը կեդրոնացուի Պըլտեանի «Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972. նոյնէն այլը» գիրքին վրայ։ Ստորեւ որոշ յապաւումներով կը ներկայացնենք այս նիւթը։
Սփիւռքահայ գրական կեանքին մէջ իրապէս հազուադէպ է տեսնել այսքան բծախնդրօրէն եւ մանրամասնօրէն պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը, ինչպիսին է Գրիգոր Պըլտեանի ֆրանսահայ գրականութեան կէսդարեայ վաստակին նուիրուած շուրջ 900 էջ հաշուող այս կոթողային աշխատանքը:
Գործը, տուեալ հրատարակութենէն շուրջ քսան տարի առաջ պատրաստուած, ֆրանսերէնով գրուած հեղինակին երկրորդ աւարտաճառն է, որ թարգմանուած է Արփի Թոթոյեանի եւ վերաշարադրուած Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ՝ ինչպէս գիրքի առաջին էջերուն վրայ կը կարդանք:
Թարգմանութիւն մը, նոյնիսկ հեղինակին կողմէ կատարուած, բազմաթիւ հարցեր կը ստեղծէ, մասնաւորաբար նման գիտական-մտածողական աշխատասիրութեան մը պարագային, որովհետեւ իր բնագիրին մէջ արտադրուած է այդ լեզուի մտածողութեամբ, բառապաշարով, եզրերով եւ աւարտաճառի մը պահանջած «օրէնք»ներով, մինչ երբ հայերէնի կը վերածուի, յաճախ համապատասխան բառերն իսկ կը պակսին զայն թարգմանելու: Այնպէս որ, գործը պարզ վերարտադրութիւնը չէ նախորդին, եւ հեղինակին իսկ հաստատումով՝ թէ՛ նոյնն է եւ թէ տարբեր:
(…) Պոլսոյ պարպումէն ետք ձեւաւորուած ֆրանսահայ գաղութի երիտասարդութիւնը 1922-էն 1972 տարիներուն ստեղծեց ուժական եւ ինքնատիպ գրականութիւն մը, որ իսկապէս իւրայատուկ է սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, եւ այս գործին մէջ ոչ միայն անոր պատճառները, փուլերը կը ներկայացուին, այլեւ՝ գրական խմբակները, գրական համայնք կազմելու ճիգերը, հանդէսներու պատմութիւնը, խմբակներուն ձգտումները, հանգանակ կազմելու փորձերը կը բացատրուին եւ կը վերլուծուին եւ այլն: Այս մէկը նաեւ նշեալ սերունդին կողմէ Արեւելքէն Արեւմուտք անցում մըն էր, որ զիրենք կը դնէր գերադաս մշակոյթի մը դիմաց, որուն ճիշդ է որ որոշ չափով ծանօթ էին Արեւմտահայ գրականութեան ճամբով, սակայն այլեւս անմիջականօրէն մաս կը կազմէր իրենց կենցաղին:
Սկիզբը՝ մեզի ծանօթ սահմանումով մը այդ «օտար»ը, որ հոս աւելի ճշգրիտ եզրով մը իբրեւ այլը կը ներկայացուի, իր երկդիմութեամբ թէ՛ գրաւիչ է, թէ՛ վախցնող, յաճախ մղող ենթակաները լրիւ իրենք իրենց մէջ քաշուելու, սակայն որոշ մտաւորականներու համար դէպի անոր բացուելու ազատագրութեան միջոց մը կը դառնայ: Աստիճանաբար, յաջորդ հանգրուանին ընթացքին, ինչպէս կը բնորոշէ Պըլտեան՝ «Նոյնը կ՚առընչուի Այլին», ներքին հակադրութիւններ կամ հակասութիւններ կը ստեղծուին: Հոս գլխագիր Նոյնը ինքնութեան տագնապն է, զայն աւանդական ձեւով պահելու տագնապը, որ լարուածութեան, բախումի մէջ է այս նոր, անծանօթ կամ օտար՝ Այլ շրջապատին հետ: Հետեւաբար, ընտրութեան մը հարցը կը ստեղծուի՝ կա՛մ շարունակ ետեւ, կորսուածին նայիլ, ինչ որ Նիկողոս Սարաֆեանի ստեղծած պատկերով պիտի ըլլար ետին դառնալ Ղովտի կնոջ պէս, քարանալ կամ վերանորոգուելով մոխիրներէն վերյառնել Փիւնիկին նման:
Շահեկան են ուսումնասիրողին յստակ մանրամասնութիւններ ճշդող եզրերը, օրինակ՝ երբ Մենքի խմբակը կը փորձէ համայնք մը ձեւաւորել, սակայն չի յաջողիր, ան եզր մը փոխ կ՚առնէ Պօլ Ռիկկէօրէն «որ ինքնութեան երկու կերպ կը զանազանէ. memete (նոյնութիւն) ipseite (ինքնութիւն). առաջինը կը յղէ ժամանակի մէջ շարունակականութիւն մը, իսկ երկրորդը՝ հաւատարմութեան խոստում նկատուած ինքնութիւն մը… Հայերէնի մէջ երկու երրորդ դէմքերու ներկայութիւնը՝ «ան» եւ «ինք», ճիշդ այս տարբերութիւնը կը նշէ» (էջ 228): Ինքնութեան մասին Քլոտ-Լեւի Սթրաուսի յղացքը եւս կարեւոր է, որ հեղինակին կողմէ կ՚օգտագործուի այլուր: Նման բաղդատականներ, բազմիցս մէջբերուած եւ օգտագործուած՝ յատկապէս տողատակի ընդարձակ յղումներուն մէջ, շատ աւելի լայն շրջագիծի մը ծիրին մէջ կը կատարեն քննարկումները:
Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ արդէն նախորոդող տասնամեակներուն պատրաստուած է ենթահողը այս աշխատանքին: Իր ընթերցումները Սարաֆեանի, Շահնուրի, Որբունիի եւ այս սերունդի կարգ մը այլ անդամներուն մասին իրեն թոյլ տուած են խոր կերպով հասկնալու այս գրականութիւնն ու անոր զարգացումը, նաեւ պէտք է նշել, որ վաթսունական թուականներու երկրորդ կէսին՝ Սարաֆեան, Որբունի, Կոստանդեան, Թօփալեան, Փօլատեան եւ կարգ մը այլ դէմքեր ողջ էին եւ հեղինակը սերտ կապեր ունէր գոնէ ասոնցմէ առաջին երկուքին հետ: Այս պարագան օգտակար է անշուշտ, սակայն հեղինակը հետեւողականօրէն ուսումնասիրած է ո՛չ միայն տուեալ յիսնամեակին ընթացքին ֆրանսահայ սերունդին ստեղծագործական կամ քննական գրութիւնները, այլեւ այս մասին կատարուած մամուլի, նամակագրական, յօդուածային եւ այլ բոլոր ձեւի արտայայտութիւնները, կատարուած ըլլան անոնք Ֆրանսայի մէջ, թէ այլուր:
Ուսումնասիրութիւնը չի կեդրոնանար ֆրանսահայ գրականութեան գլխաւոր դէմքերուն վրայ, այլեւ որոշ չափով երկրորդական, այսօր մոռցուած գրողներուն ու անոնց փորձերուն նաեւ: Հոս կ՚անդրադառնանք, սփիւռքեան գրականութեան մէջ իսկական նուաճում իրագործած ֆրանսահայ վէպին՝ Շահնուրէն մինչեւ Հրաչ Զարդարեան, Վ. Շուշանեանէն մինչեւ Զ. Որբունի, Ն. Պէշիկթաշլեանէն մինչեւ Ղեւոնդ Մելոյեան, Կ. Փօլատեան եւ բազմաթիւ այլ անուններ: Նոյնիսկ Ն. Սարաֆեան վիպական աշխատանքներ կը կատարէ: Հոն կը տեսնենք Նոր վէպը, վկայական վէպը, հրաշավէպը, երգիծավէպը, բանաստեղծական պատումը եւ այլն:
Յետեղեռնեան կացութենէն ծնած այս գրականութիւնը, որուն դերակատարներուն մեծ մասը աղէտին տագնապը կը կրէին, որուն լաւագոյն օրինակներէն մէկը Նարդունիի գլխաւորած Չափահաս Որբերու Միութիւնն է, նոր շրջապատին հետ համարկումի իր ճիգին մէջ պիտի ըմբոստանար հայրերուն դէմ, պիտի փորձէր մենք ըլլալ, եւ ամենակարեւորը՝ աւելի մեծ, ուժական ու արդիական գրականութեան մը հետ սերտօրէն շփուելով՝ պիտի ստեղծէր սփիւռքահայ գրականութեան ամենախոր ու արդիական էջերը, որուն լաւագոյն փաստը՝ Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնն ու Որբունիի վէպն է: