ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՄԱՆԹԱՇԵԱՆՑԻ ԹԻՖԼԻԶԻ ՏՈՒՆԸ՝ ԾԱԽՈՒ

Թիֆլիզի մէջ Ալեքսանդր Մանթաշեանցի (Մանթաշով) տունը ծախու հանուած է: Բոլոր ժամանակներու հայ ամենամեծ բարերարին տունը՝ Թիֆլիզի կեդրոնը, պատմական արժէք կը նկատուի, անոր հետ կ՚առընչուին հայ նշանաւոր գործարարի կեանքին կարեւոր մանրամասնութիւնները. ուստի Մանթաշեանցի տան վաճառքը, ներկայ սեփականատէրերուն կողմէ, հայութեան մէջ մեծ աղմուկ հանած է, քանի որ հնարաւոր գնորդները արդէն յայտարարած են, որ կը պատրաստուին առեւտրային նպատակներով վերափոխել հրաշագեղ այդ կառոյցը: Մինչդեռ, այսօր Մանթաշեանցի տան մէջ ամէն ինչ պահպանուած է այնպէս, ինչպէս էր 19-րդ դարուն, երբ հոս կը բնակէին Մանթաշեանցները. փոխուած չեն ջահը, վարագոյրները, պատուհանները:

Մամուլի մէջ եւ հեռատեսիլէն այս առթիւ քննարկումներ սկսած են: Թիֆլիզի հայոց միութիւնը բաց նամակով դիմած է Հայաստանի իշխանութեան, որպէսզի գնէ տունը եւ զայն դարձնէ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան շէնք կամ՝ հայ-վրացական մշակութային կապերու կեդրոն մը:

Խորհրդային տարիներուն այդ շէնքին մէջ գործած է Վրաստանի արուեստի գործիչներուն կեդրոնը, այնուհետեւ մասնաւոր սեփականութիւն դարձած է եւ կը պատկանի ազգութեամբ հրեաներու: Անոնք վաճառքի հանած են տունը, իսկ այս պահուն յայտնուած գնորդները իրանցիներ, թուրքեր ու ատրպէյճանցիներ են: Անոնցմէ մէկը շէնքը դրամատուն դարձնելու, միւսը՝ խաղատուն, իսկ ատրպէյճանցիները պանդոկ բանալու ծրագիրներ ներկայացուցած են: Թիֆլիզի հայոց միութիւնը բանակցութիւններու մէջ է գնորդներուն հետ, որպէսզի քիչ մը ուշացնեն եւ հայ գնորդի մը առկայութեան պարագային անոր տան նախապատուութիւնը:

Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը այս առիթով արդէն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ։ «Հայաստանի նիւթական միջոցներուն համապատասխան՝ նպատակայարմար չէ առաջարկուող բարձր գումարը՝ շուրջ 10 միլիոն ամերիկեան տոլար, վճարել եւ գնել շէնքը, հակառակ անոր, որ դեսպանատունը մեծ հաճոյքով կը տեղափոխուէր Մանթաշեանցի տունը, քան՝ կը նախընտրէր մնալ ներկայ յարմարեցուած շէնքին մէջ», ըսած են անոնք: Դեսպանատունը միւս կողմէ յիշեցուցած է, որ Թիֆլիզի մէջ բազմաթիւ են հայութեան պատկանող պատմական արժէք ունեցող շէնքերը, որոնք ժամանակ առ ժամանակ վաճառքի կը հանուին եւ Մանթաշեանցի տունը անոնցմէ մէկն է:

Տարիներ առաջ, Թիֆլիզի մէջ օտար կազմակերպութեան մը վաճառուեցաւ Ներսիսեան դպրոցին շէնքը, որ նոյնպէս կառուցուած էր Մանթաշեանցի միջոցներով՝ Անիէն բերուած քարով: Առհասարակ, Թիֆլիզը անհնար է պատկերացնել առանց հայերու ներդրումին: Հոս բազմաթիւ են հայերուն կառուցած եւ հայերուն պատկանող նշանաւոր կառոյցները, որոնք այսօր ալ հին Թիֆլիզին միջավայրը կը յիշեցնեն: Ալեքսանդր Մանթաշեանց Թիֆլիզին ոչ միայն իր բնակած տունը ձգած է, այլեւ՝ բազմաթիւ գեղեցիկ առաձնատուներ, շէնքեր կառուցուած են անոր դրամական միջոցներով: Եւ պարզ է, որ գումար ունենալը չէ միայն, այլ Թիֆլիզի հանդէպ սէրն է, որ Մանթաշեանցը մղած է շինարարական ներդրումներ ունենալու քաղաքին մէջ: Այսօր պահպանուած են նաեւ Մանթաշեանցի առեւտրային տուները, որոնք զբօսաշրջային վայրեր են Թիֆլիզ այցելողներուն համար:

Խնդրոյ առարկայ ծախու շէնքը, ուր Մանթաշեանց իր ընտանիքին հետ բնակած է, կը գտնուի Թիֆլիզի Կերոնթի Քիքոծէ փողոցին վրայ՝ հայ մտաւորականներու կեդրոնատեղի համարուող Սոլոլակ թաղամասին մէջ: Տունը ճարտարապետական ճոխ ձեւաւորում ունի՝ պարոք ոճով կառուցուած աստիճաններ, սիւներ: Կառոյցը լաւ պահպանուած է, պատշգամի բազրիքներուն վրայ Մանթաշեանց քանդակել տուած է իր սիրելի կնոջ՝ Տարիայի դիմաքանդակը, որ այսօր ալ կը հիացնէ այդ փողոցէն քալողները: Այս տունը արժէքաւոր է անով նաեւ, որ հոս եղած են Խրիմեան Հայրիկ, Այվազովսկի, ժամանակակից այլ մեծեր:

Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ գործած եւ իր նիւթական ներդրումը ունեցած է Ալեքսանդր     Մանթաշեանց, սակայն Թիֆլիզը առանձնակի նշանակութիւն ունեցած է իրեն համար. նախ քանի որ Մանթաշեանց Թիֆլիզ ծնած է (1842 թուականին), նաեւ իր ժամանակին Թիֆլիզը նկատուած է Անդրկովկասի կեդրոնը, ժամանակի բոլոր երեւելիները մեծ ձգտում ունէին հոն բնակելու: Թիֆլիզի մէջ հասակ առած եւ հայկական մասնաւոր դպրոց յաճախած է Մանթաշեանց. հակառակ անոր որ յետագային իր հարստութեան առիւծի բաժինը ան կեդրոնացուցած է քարիւղի հանքահորերու կեդրոն Պաքուի մէջ, բայց նախընտրած է ապրիլ Թիֆլիզ:

Ըլլալով մեծ բարերար, Մանթաշեանց նաեւ կը քաջալերէր բարերարութիւնը ի նպաստ հայկական կեանքին: Ծանօթ է, որ Մանթաշեանց Կովկասի Հայկական բարեգործական միութեան հիմնադիրներէն էր: Անոր սահմանած աւանդոյթին համաձայն՝ ամէն տարի, մարտ ամսուն սկիզբը, միութեան անդամները Թիֆլիզի փողոցները կ՚ելլէին եւ կը քալէին ներկայ Ռուսթավելի պողոտայէն մինչեւ Մէյտան հրապարակը. քայլերթի ընթացքին բարերարութեան համար գումար կը հաւաքէին: Կովկասի հայկական բարեգործական միութիւնը սփիւռքի մէջ հայկական կրթութիւն ապահովելու համար մեծ աշխատանք կը տանէր, միութեան կից կը գործէր նաեւ ազգագրական բաժին մը, որ կը հաւաքէր հայկական ժառանգութեան առընչուող ամէն ինչ: Ինք՝ Մանթաշեանց կը հովանաւորէր ազգագրական արշաւները, որուն մասնակիցները Անդրկովկասի մէջ կը փընտռէին եւ կը գտնէին հայկական հետքեր: Թիֆլիզի մէջ այդ ժամանակ յայտնուած բոլոր հայերը այս կամ այն ձեւով առընչութիւն ունէին Կովկասի հայկական բարեգործական միութեան հետ:

Իր կեանքին ընթացքին, առեւտրային եւ բարեսիրական ծաւալուն գործեր կատարած Ալեքսանդր Մանթաշեանցի աշխարհայեացքը ձեւաւորուած է մանկութեան տարիներուն, երբ ան տեսած է իր հօրը կատարած գործերը եւ իր ընտանիքին՝ լուսաւորչական հաւատքով ապրելուն դաւանանքը: Անոր նախնիներուն մէջ քահանաներ եւ առեւտրականներ կային: Մանթաշեանցի կեանքը ուսումնասիրող մասնագէտները կը կարծեն, որ այս երկու իրողութիւնը մեծ նշանակութիւն ունեցած է անոր յետագայ կեանքին համար:

Ամբողջ աշխարհի տարածքին կը վաճառուէր անոր քարիւղը, քարիւղ տեղափոխող նաւերու եւ պահեստարաններու վրայ՝ Շանկհայէն մինչեւ Գահիրէ, Մանթաշեանցի ընկերութեան առեւտրանշանն էր՝ խաչը ուսին Աստուծոյ գառան պատկերը, որ կը խորհրդանշէր իր ժողովուրդին ու հաւատքին ծառայելու եւ զոհաբերուելու անոր որդեգրած սկզբունքը:

Լաւ դպրոցական ուսում ստացած է Մանթաշեանց՝ Գալուստ Քահանայ Փափազեանի մասնաւոր դպրոցին մէջ, ուսումնասիրելով եւ սերտելով հայերէն, վրացերէն, ռուսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ այլ առարկաներ ու ատիկա եղած է անոր միակ ուսումը:

Իր կեանքի յաջողութիւններուն ան հասած է խելքի, ճարպիկութեան, գթասրտութեան եւ այլ մարդկային առաքինի յատկանիշներու շնորհիւ:

Անոր հայրը՝ Յովհաննէս Մանթաշեանցը, բամպակի, հիւսուածեղէնի եւ սպառողական առարկաներու վաճառական էր: Ըլլալով ընտանիքին միակ որդին՝ մանուկ տարիքէն օգնած է հօրը: Հայրը աշխատանքի բերումով շատ կը ճամբորդէր, որդին ալ՝ հետը: Մանթաշեանցի հայրը կը գործէր հիմնականօրէն Թաւրիզի մէջ, ուր Ալեքսանդր անցուցած է մանկութեան տարիները: Ճամբորդած է նաեւ Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ: 1869 թուականին Ալեքսանդր կը տեղափոխուի Մենչըսթըր, որ այդ ժամանակ սպառողական առարկաներու մեծ կեդրոններէն մին էր: Հոնկէ ան իր հօրը գործուածքեղէն կը մատակարարէր:

Մենչըսթըրեան շրջանը կարեւոր դեր կը խաղայ երիտասարդ Մանթաշեանցի ձեւաւորման համար: Այստեղ կը ծանօթանայ սպառողական առարկաներու գնումի եւ վաճառքի այբուբենին, կը խորասուզուի եւրոպական գործարարութեան բարդութիւններուն մէջ: Կը վերադառնայ Թեհրան, ուր հայրը հաստատած էր գործը: Մանթաշեանց 1878 թուականին իրենց առեւտուրը կը տեղափոխէ Թիֆլիզ: Էրիվանեան հրապարակին վրայ գտնուող «Կովկաս» պանդոկի առաջին յարկին վրայ անոնք գործուածքեղէնի խանութ կը բանան, յետոյ՝ երկրորդը եւ կը սկսին զբաղիլ գործուածքեղէնի մեծածաւալ առեւտուրով:

1886 թուականին կը մահանայ Ալեքսանդրին մայրը, իսկ հայրը, խոր վիշտ ապրելով՝ մէկ տարի յետոյ նոյնպէս կը կնքէ մահկանացուն:

Հօր մահէն ետք, հօրմէն ստացած ժառանգութեամբ, Ալեքսանդր Մանթաշեանց, զգալով քարիւղի արդիւնաբերութեան եկամտաբեր հեռանկարը, կը տեղափոխուի Պաքու եւ կը սկսի զբաղիլ քարիւղի արդիւնահանումով՝ տարածելով իր առեւտրական տուները աշխարհի մէջ: Ան ունէր հանքեր, գործատուներ, կալուածներ, տուներ, պանդոկներ, ամարանոցներ ու շոգենաւեր։ Վաստկած էր «քարիւղի արքայ» պատուանունը: 1899 թուականէն մինչեւ 1909 թուականը իր ընկերութիւնը կը համարուէր ռուսական արդիւնաբերութեան պատմութեան ամենամեծը: Շինարարական ներդրումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի, Եւրոպայի մէջ, օժանդակելով եկեղեցական, մշակութային կառոյցներու հիմնումին: Մանթաշեանց նաեւ եղած է հայ մշակոյթի, գիտութեան, արուեստի եւ գրականութեան մեծ նուիրեալ եւ հովանաւոր։

Բազմանդամ ընտանիք մը ունեցած է Ալեքսանդր Մանթաշեանց. ընտանիք կազմելով՝ ան մտածած է ազգի շատացման, լաւ ու արժանի զաւակներ ունենալուն մասին: Ամուսնանալով Թիֆլիզի ծանօթ ընտանիքի դստեր՝ Տարիա Թամամշեանին հետ, Մանթաշեանց ութ երեխայ ունեցած է՝ չորսը աղջիկ եւ չորսը տղայ: Իր հարստութիւնը բաժնելով ութ զաւակներուն միջեւ, ընտանիքէն ներս անխախտ կանոն մը հաստատած էր՝ որդիները կը զրկուին ժառանգութեան իրաւունքէն, եթէ չամուսնանան հայ օրիորդներու հետ: Որդիները խառն ամուսնութիւններ ունեցան, սակայն անոր չորս դուստրերը ամուսնացան հայ անուանի մարդոց հետ:

Ատկէ զատ, կտակով ան իր ժառանգները զրկած էր անշարժ գոյքը վաճառելու իրաւունքէն, քանի որ այդ ամէնը պէտք էր ժառանգաբար անցնէր թոռներուն, որոնք կրնային ստացուածքին տէր դառնալ երեսուն տարեկանին: Այսինքն անոնք կապուած պէտք է ըլլային իրենց ծննդավայրին, անոր հող ու ջուրին:

Մանթաշեանցի հայրենասիրութեան վկայութիւնն էր նաեւ այն, որ ընտանիքի անդամները տան մէջ պարտաւոր էին խօսիլ միայն հայերէն: Ճակատագրի դառն հեգնանքով ինք ու կինը չտեսան իրենց զաւակներուն ապագան:

Մանթաշեանցի կինը, որ կը տառապէր շաքարախտէ, մահացաւ 1910 թուականին Ֆրանքֆուրթի մէջ: Մանթաշեանց կնոջ աճիւնը բերել տուաւ Թիֆլիզ եւ ամփոփեց իր իսկ նորոգած Վանքին եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։

Հոգեւոր մեծ կապուածութիւն ունենալով սիրելի կնոջ՝ Մանթաշեանց ծանր կը տանի կորուստը, կ՚ընկճուի, կը դառնայ մռայլ ու մենակեաց: Ան կը տառապէր նաեւ երիկամային հիւանդութենէ եւ ականջացաւէ: Քանի մը ամիս տեւող փարիզեան այցերուն ընթացքին միշտ բուժումի կ՚երթար: 1911 թուականին ան կը մեկնի Սեն Փեթերսպուրկ, որպէսզի հոնկէ անցնի Փարիզ, սակայն երիկամները կը դադրին գործելէ եւ Մանթաշեանց կը մահանայ ապրիլի 19-ին։ Անոր դին ապրիլի 24-ին կը տեղափոխեն Թիֆլիզ: Գնացքին ամէն մէկ կանգառին վրայ հաւաքուած հայազգի բազմութիւնը իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէր մեծ հայուն՝ ծաղկեպսակներով ու ծաղիկներով ծածկելով ազգի նուիրեալին աճիւնը: Իսկ յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ ապրիլի 30-ին: Միեւնոյն ժամանակ Ռուսաստանի, Կովկասի, եւրոպական քաղաքներու հայաշատ գաղութներուն հայկական եկեղեցիներէն ներս տեղի կ՚ունենային հոգեհանգիստի արարողութիւններ: Թիֆլիզի մէջ անոր յուղարկաւորութեան մասնակցած է բազմահազարանոց թափօր մը, քսանչորս քահանայ: Կառքերուն առջեւէն կը տանէին հարիւրեօթանասուն ծաղկեպսակ: Ըստ կտակին, անոր աճիւնը կ՚ամփոփուի Թիֆլիզի՝ հայկական Վանքի եկեղեցւոյ բակը, կնոջ քով: 1938 թուականին Լաւրենտի Փերոյի կարգադրութեամբ կը քանդուին, հողին կը հաւասարեցուին այդ եկեղեցին եւ Մանթաշեանցի ու հոն թաղուած հայ անուանի գործիչներուն գերեզմանները:

Ճակատագրի ուրիշ դառն հեգնանք մըն էր նաեւ անիկա, որ իր զաւակներուն կտակած ըլլալով մնալ եւ շարունակել շէնցնել ծննդավայր Թիֆլիզը, խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք սակայն, Ալեքսանդր Մանթաշեանցի բոլոր զաւակները կը վտարանդուին Ֆրանսա, ուր կը հաստատեն բնակութիւն:

Ալեքսանդր Մանթաշեանցի մասին շատ գրուած է: Մանթաշեանցի մահուան 20-ամեակին առթիւ Վիեննայի Մխիթարեան տպարանէն լոյս տեսած է հայ պատմաբան, հայագէտ Առաքել Սարուխանի «Աղեքսանդր Մանթաշեանց. Մեծ վաճառականն ու բարեգործը» գիրքը:

Առաքել Սարուխան Պոլսոյ Մխիթարեաններու վարժարանն աւարտած է, տիրապետած է քանի մը օտար լեզուներու, եղած է Վրաստանի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդներէն, իսկ 1894-1911 թուականներուն Ալեքսանդր Մանթաշեւ առեւտրային տան լիազօր ներկայացուցիչն ու վարիչը՝ Պաթումի, Պաքուի, Թիֆլիզի, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ: Այդ գիրքին մէջ մանրամասնօրէն կը քննուին Մանթաշեանցի կեանքը, գործունէութիւնը: Սարուխան, մօտէն ճանչցած ըլլալով Մանթաշեանցը, կը նկարագրէ անոր բնաւորութեան, խառնուածքի, նիստուկացի մանրամասնութիւնները, յուշերը, մահուան հանգամանքները: Սարուխան կը ներկայացնէ Մանթաշեանցի ամբողջ գործարար ներդրումները եւ բարեսիրական գործը:

Իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն Մանթաշեանց ապաւինած է հայերուն, եւ միշտ նախընտրած է, որ աշխատակիցները, ծառայողները, բժիշկները, զաւակներուն դաստիարակները հայեր ըլլան: Մանթաշեանցի` արդիւնաբերութիւն ոտք դնելուն, ինչպէս նաեւ հարստութիւն դիզելուն սկզբնապատճառը եղած է ծանօթ հայ վաճառական մը՝ Միքայէլ Արամեանցը: Մանթաշեանցի գլխաւոր խորհրդականը եւ ամենամտերիմ անձը նոյնպէս հայ էր՝ Դաւիթ Խարազեանը, անոր մօրեղբօրորդին ու քենեկալը, որ պատանի հասակէն եղած է Մանթաշեանցի հաւատարիմ պաշտօնեան: Մանթաշեանցի յաճախակի ու երկարատեւ բացակայութիւններուն ընթացքին, Խարազեան կը հանդիսանար անոր անձնական ու առեւտրային գործարքներուն լիազօրը:

Այս գիրքէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Մանթաշեանց շատ կը փափաքէր, որ իր նաւերուն պաշտօնեաները` նաւապետէն մինչեւ նաւաստին, հայեր ըլլային, բայց ինչպէս անոր մտերիմ ընկերը՝ գիրքին հեղինակը, կը փաստէ, թէ այդ տեսակէտէն քիչ յաջողութիւն ունեցաւ, քանի որ հայերը, ծովեզրեայ ժողովուրդ չըլլալով, նաւագնացութեան վարժ չէին:

Այնուամենայնիւ, Մանթաշեանց ունեցած է նաւագնացութեան գործի երկու հայ օգնական, մէկը` կովկասահայ, միւսը` թրքահայ, ինչպէս նաեւ պոլսեցի մեքենավար մը: Մէկ-երկու հայ ալ վարձած է որպէս սովորական նաւաստի:

Սարուխան գիրքին մէջ կը նկարագրէ նաեւ Մանթաշեանց առեւտրային տան անկումը՝ 1914 թուականի պատերազմէն կրելով լուրջ հարուածներ: Իր մահէն ետք Մանթաշեանց կը շարունակէր հայ իրականութեան մէջ մնալ իբրեւ քարիւղի եւ մեծահոգութեան արքայ: Անոր մասին կը պատմուին ուշագրաւ դրուագներ, որ կրկին տեղ գտած են իր կենսագիրին՝ Առաքել Սարուխանի գիրքին մէջ:

Մանթաշով չէր սիրեր ի ցոյց դնել իր հարստութիւնը եւ բաւական համեստ կեանք մը կը վարէր: Ծանօթ է, որ ան ոսկի չէր սիրեր եւ չէր ալ կրեր՝ ոչ մատին վրայ, ոչ ալ փողկապին վրայ զարդեր ունէր: Անոր միակ զարդը բաճկոնի գրպանին բնական ծաղիկն էր: Թիֆլիզի մէջ ան սեփական կառք իսկ չունէր, քանի որ կը սիրէր զբօսնել կամ շրջիլ հանրակառքով: Այդ զբօսանքներուն ընթացքին, Մանթաշով իր մօտ 20 ոսկեայ դրամ կը պահէր: Ամէն անգամ երբ Թիֆլիզի ռէալական քոլէճի մօտէն կ՚անցնէր, ան, իբր թէ պատահաբար, կը մօտենար կարիքաւոր աշակերտի մը եւ կ՚ըսէր. «Ինչպէ՞ս է հօրդ առողջութիւնը: Անպայման կը փոխանցես անոր իմ ողջոյնս», եւ անծանօթ աշակերտին գրպանը կը դնէր դրամը, բայց որպէսզի չվիրաւորէր անոր ինքնավստահութիւնը, ցոյց կու տար, թէ հայրը կը ճանչնայ եւ կը հետաքրքրուի հօրը առողջութեամբ: Ան միաժամանակ բաւական մարդամօտ, աշխոյժ եւ կատակասէր անձնաւորութիւն մըն էր: Անգամ մը, երբ ան կը վճարէ սափրիչին, վերջինս կ՚ըսէ. «Ձեր տղան սափրուելու համար երկու անգամ աւելին կու տայ»: Մանթաշով սապէս կը պատասխանէ. «Է՜, ան Մանթաշեանցի որդին է, իսկ ես ո՞վ եմ…»:

Երեւանի կեդրոնը, Աբովեան փողոցի վրայ, դրուած է Ալեքսանդր Մանթաշեանցի արձանը, որ բացուած է անոր թոռան՝ Ալեքսանդր Մանթաշեանցի ձեռամբ, իսկ կառավարութեան որոշումով, մարտի 3-ը՝ անոր ծննդեան օրը, կը նշուի իբրեւ գործարարի օր:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019