ՄԱՀ՝ ԿԱՐՕ ԱՅՎԱԶԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն եւ մեր գե­ղա­րուես­տա­կան կեան­քի ծա­նօթ ա­նուն­նե­րէն մին՝ Կա­րօ Այ­վազ։ Նա­խըն­թաց օր, եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թե­նէ մը վերջ ան մա­հա­ցած է՝ խոր ցաւ յա­ռա­ջաց­նե­լով իր սի­րե­լի­նե­րուն մօտ։

Կա­րօ Այ­վազ սե­րած է պա­տուա­կան ըն­տա­նի­քէ մը, ե­ղած է եր­բեմ­նի «Քու­լիս» ամ­սագ­րի հիմ­նա­դիր եւ թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ Յա­կոբ Այ­վա­զի որ­դին։ Մի­ջոց մը իր հօ­րը հետ ներգ­րա­ւուած է այդ աշ­խա­տան­քին, նաեւ գոր­ծած՝ հրա­տա­րակ­չա­կան բնա­գա­ւա­ռէ ներս։ Շրջան մը ե­ղած է տպա­րա­նի մը սե­փա­կա­նա­տէ­րը։

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան կո­չուած էր հանգս­տեան։

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան վայրն ու թուա­կա­նը ա­ռանձ­նա­պէս պի­տի յայ­տա­րա­րուի ըն­տա­նե­կան մա­հազ­դով։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք ող­բա­ցեա­լին ու կը ցա­ւակ­ցինք իր հա­րա­զատ­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015