ՓԱՌՔԸ ԵՒ ՍԷՐԸ ԼԻՈՒԼԻ ԱՊՐԱԾ

Ֆրանսական ձայնասփիւռը հաղորդեց երաժիշտ Միշել Լըկրանի մահուան լուրը, մանրամասնօրէն պատմեց անոր կեանքը, սակայն ոչ մէկ յիշատակում՝ անոր հայկական ծագումին մասին: Փոխարէնը Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը երաժիշտին մահուան օրը հետեւեալ գրառումը կատարեց դեսպանատան Ֆէյսպուքի էջին վրայ. «Այսօր Հայաստանի սրճարաններէն եւ տուներէն ներս Միշել Լըկրանի մեղեդիները կը յիշեցնեն, որ այստեղ ոչ ոք կ՚անտեսնէ այս բազմաբնոյթ արուեստագէտին հայկական ծագումը, եւ իւրաքանչիւրը կը հպարտանայ անոր համաշխարհային համբաւով»:

Ֆրանսահայ Լըկրանի յիշատակին ֆրանսական ձայնասփիւռէն սփռուեցան Լըկրանի անմեռ երգերը, որոնք հնչած են աւելի քանի երկու հարիւր շարժանկարի մէջ եւ համաշխարհային հռչակ բերած են հեղինակին: «Շերպուրկի հովանոցներ» շարժանկարին երաժշտութիւնը այդ երգերէն գլխաւորն էր, որ Լըկրանի մահուան օրը կրկին յիշեցին: Այդ երաժշտութիւնն էր, որ առաջին «Օսքար»ը բերաւ Լըկրանին: Ատկէ ետք ան երկու «Օսքար» եւս ստացած է, հինգ անգամ «Կրեմմի»ի մրցանակակիր եղած է, ստացած է «Ոսկէ կլոպուս», «Արմաւենիի ճիւղ», «Ոսկէ արծիւ» մրցանակները, «Պատուոյ լեգէոն» շքանշանը եւ արուեստի ու պետական ուրիշ մրցանակներ:

Իր ստացած մրցանակներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Միշել Լըկրան նշած է, որ իրեն համար մրցանակներուն շատ ըլլալը կարեւորութիւն չունի։ «Կարեւորը՝ մարդու ներքին աշխարհն ու սիրտն է, կարեւորը՝ քու սեփական գործիդ մէջ միշտ յառաջընթաց արձանագրելն է: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն հանգամանքը, որ անհրաժեշտ է աշխատիլ սիրով», ըսած է ան:

Համաշխարհային շրջագայութիւններու կարգին Լըկրանի համար յատուկ նշանակութիւն ունեցած են Հայաստան այցերը:

Շատեր տակաւին կը յիշեն այն անմոռանալի աշնանային օրը, երբ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Շարլ եւ ընկերները» խորագրով հիասքանչ համերգը: Աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հետ այդ օրը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հնչեցին նաեւ Հայաստան ժամանած ուրիշ աստղերու՝ Էլէն Սեկարայի, Նանա Մուսքուրիի, Իզապել Կուլէի, Տանի Պրիանի, Լիւ Ռեւոնի ձայները: Բեմին վրայ էր նաեւ ուրիշ հռչակաւոր հայ մը՝ Միշել Լըկրան: 2006 թուականի սեպտեմբերեան այդ օրը հանդիսատեսը իւրովի ճանչցաւ աստղերը, նաեւ՝ Միշել Լըկրանը: Լըկրան կը նուագէր եւ միաժամանակ կ՚երգէր իր այդ ժամանակուան երաժիշտ կնոջ հետ… Այս մէկը Լըկրանի միակ այցը չէր հայրենիք: Ան շատ անգամներ այցելած է Հայաստան, իսկ 2009 թուականին, Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարած Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ, մենահամերգ ունեցած է: Այդ ժամանակ ալ ան ստացած է Հայաստանի «Պատուոյ շքանշանը»: Ատկէ ետք Լըկրան Հայաստան եկած է նաեւ 2012 եւ 2017 թուականներուն: Վերջին այցին անոր հետ Հայաստան եկած էր նաեւ իտալացի նշանաւոր դերասանուհի Օրնելլա Մութի, որուն հետ մասնակցեցան Հայաստանի անկախութեան 26-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Միշել Լըկրան աստղերով շրջապատուած է, աշխարհահռչակ մարդոցմով, փառքով եւ ծափերով, մինչդեռ, իր մանկութեան տարիներուն եղած է մինակ՝ մայրական կողմէ մեծ հօր ընտանիքի երդիքին տակ ժամեր սպասելով, որ մայրը աշխատանքէն տուն դառնայ: Ծնողքը ամուսնալուծուած էր, եւ ինքն ու քոյրը կը բնակէին մեծ հօր՝ Սարգիս Տէր-Միքայէլեանի տան մէջ: Նկարագրելով իր մանկութիւնը՝ ան միշտ ըսած է, որ գորշ օրերու շրջան մը եղած է իր կեանքին մէջ:

Լըկրան ծնած է 1932 թուականին, Փարիզ: Կոտորածներու ընթացքին իր մեծ հայրը միայն ողջ կը մնայ ու կը փոխադրուի Ֆրանսա, ուր կը ծնի իր մայրը՝ Հայկուշ Մարսել Տէր-Միքայէլեանը, ապա հայութիւնը կը փոխանցուի իրեն եւ իր զաւակներուն։ Հայկուշ Մարսել նոյնպէս երաժշտութեամբ զբաղած է շրջան մը, դաշնակահար էր եւ իր զաւակներուն փոխանցած էր ոչ միայն հայութիւնը, այլեւ՝ երաժշտութեան հանդէպ սէրը:

Շատ կանուխէն բացայայտուած են Միշել Լըկրանի երաժշտական ունակութիւնները՝ երեք տարեկանին, երբ ան մեծ հօր տան մէջ ժամերով առանձին կը մնար հին դաշնամուրին հետ: Երաժշտութեան ճամբով ընթանալուն նպաստած է նաեւ մօրեղբօր՝ Ժագ Հելեանի երաժիշտ ըլլալը (վերջինս կրճատած է իր Տէր-Միքայէլեան մականունը՝ որդեգրելով Հելեան ձեւը)։ Յետագային Միշել Լըկրանի քոյրը՝ Քրիստիան Լըկրան «Ժագ Հելեան» երգչախումբին հետ պտըտած է աշխարհը եւ երգած է իր եղբօր երգերէն եւ ուրիշ երգեր: Միշել Լըկրանի հայրը՝ Ռէյմոն Լըկրան դարձեալ անուանի երգահան էր, սակայն հօրը մասին ան այնքան ալ լաւ չէր արտայայտուեր, հակառակ որ անոր հետ իբրեւ երաժիշտ աշխատած է յետագային:

Պզտիկ տարիքէն Միշել Լըկրան ուշադրութիւնը  գրաւած է նաեւ ֆրանսացի հռչակաւոր երգիչ եւ շարժանկարի աշխարհահռչակ աստղ Մորիս Շըվալիէի, որ գուշակած է տղուն փայլուն ապագան։

Միշել Լըկրան Փարիզի երաժշտանոց ընդունուած է տասնմէկ տարեկանին (1943-ին) եւ աւարտած՝ քսան տարեկանին (1952-ին)։ Անոր ուսուցիչներէն եղած է ֆրանսացի նշանաւոր դաշնակահարուհի Նատիա Պուլանժէն։ Ուսումնառութեան տարիներէն գրած է երգեր, սոնաթներ, քանթաթներ, այլ սեռի ստեղծագործութիւններ՝ դրսեւորուելով իբրեւ երգահան եւ դաշնակահար։

Ան իր առաջին ձայնասկաւառակը հրապարակ կ՚իջեցնէ քսաներկու տարեկանին, եւ անիկա կը հանդիսանայ ամենէն աւելի ծախուած ձայնասկաւառակներէն մին։ Մինչեւ 1960-ականներու ֆրանսական շարժանկարին Նոր ալիքին ի յայտ գալը, Լըկրան շարժանկարային ասպարէզին մէջ աշխատելու քանի մը ապարդիւն փորձ կը կատարէ, սակայն ի վերջոյ, անոր մուտքը այդ ասպարէզ, հնարաւոր կը դառնայ, շնորհիւ նորագոյն բեմադրիչներուն եւ Փարիզի շարժանկարային ասպարէզին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն: Յետագային շրջան մը աշխատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Հոլիվուտի համար: Ան գործակցած է բազմաթիւ ժամանակակից եւ անցեալի արուեստագէտներուն հետ, որոնց կարգին՝ Մորիս Շըվալիէ, Մայլզ Տէյվիս, Ռէյ Չարլզ, Քիրի տէ Քանաուա, Ճոնի Մաթիս, Նիլ Տայմընտ, Սարահ Վոյն, Արեթա Ֆրենքլին, Սթան Կէց, Ճէյմս Կալուէյ, Արթուրօ Սանտովալ, Պարպրա Սթրէյզնտ եւ այլք: Իսկ իր գործերը նուագած ու երգած են Հենրի Մանսինի, Ֆրանք Սինաթրա, Նինա Սիմոն, Ռոզմերի Քլունի եւ ուրշներ:

Հայաստան իր այցերուն մասին Լըկրան առանձնակի յուզմով կ՚արտայայտուի: Առաջին այցը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ երաժիշտին վրայ։ Այդ մասին աւելի ուշ Լըկրան ըսած է.

Ինծի համար շատ հետաքրքրական եւ յուզիչ էր արմատներուս հետ առընչուիլը։ Ես գտայ իմ ազգականներէս ոմանք։ Աշխարհի մէջ զարմանալի յառաջացնող բաներէն մէկը արմատներուն դպչիլն է։

Կ՚ուզեմ ձեռքերը սեղմել բոլոր այն հայերուն, որոնց հետ կապուած ենք անքակտելի կապերով։ Հայաստանը այնպիսի երկիր մըն է, որ զանազան տեսակի ճնշումի ենթարկուած է, զանազան տեսակի ողբերգութիւններ ապրած է, սակայն ուրախալի է, որ հիմա վերածնած է:

Երբ պզտիկ էի, մեծ հայրս միշտ կը պատմէր իմ հայրենիքիս մասին, եւ հիմա ես հոս եմ՝ Հայաստանի մէջ: Դժբախտաբար, ես շատ քիչ ապրած եմ մեծ հօրս հետ: Ան իսկական հայ մըն էր զգացմունքային, կրքոտ եւ մեծահոգի։ Կ՚ապրէր Փարիզի արուարձաններէն Ասնիրի իր տան մէջ, երբեմն ան կիրակի օրերը զիս իրեն հետ կը տանէր Ժան Կուժոնի հայկական եկեղեցին։ Ան պատմած է Հայաստանի մասին, գիտէր հետաքրքրական դէպքեր հայոց պատմութենէն: Ան կը նուագէր սազ, ուտ եւ դաշնամուր եւ ցոյց կու տար նոթաներու այն միացումները, որոնցմով կրնայի հայկական մեղեդիներ նուագել: Մեծ հայրս նաեւ ունէր կրամաֆոն ու շատ ձայնապնակներ եւ միշտ երաժշտութիւն կ՚ունկնդրէր:

Տասը տարեկան էի, երբ ան մահացաւ, բայց կը յիշեմ, որ միշտ կը խօսէր իր գիւղին, իր ընտանիքին մասին, որ մասնատուեցաւ, քայքայուեցաւ: Ան միշտ ներկայ եղած է մանկութեանս մէջ:

Մեծ հայրս ինծի ձգած էր հին ու մաշած դաշնամուր մը: Քոյրս արդէն դպրոցական էր, մայրս ալ ամէն օր աշխատանքի կ՚երթար: Ես տան մէջ մինակ կը մնայի մեծ մօրս հետ, որ ոչինչ կը հասկնար: Ատիկա այնքան ձանձրալի էր, որ ես ամբողջ օրը կ՚անցընէի դաշնամուրին դիմացը եւ ատիկա զիս կը փրկէր:

1960-ականներուն Լըկրան յանկարծ որոշեց երգել իր գրած երգերը: Կը զգար, որ բան մը կը պակսէր իր արուեստին մէջ եւ փնտռեց ու գտաւ իր ձայնը, որ նոյնպէս սիրելի դարձաւ, ինչպէս՝ իր երգերը: Այս առթիւ ան ըսած է.

Կ՚ուզէի փորձել ատիկա, ինչպէս նաեւ՝ յաղթահարել ամօթխածութիւնս։ Քանի մը տարի հանդիսատեսին կռնակով նստած նուագելէ յետոյ որոշեցի շրջիլ եւ հանդիսատեսին հանդիպիլ դէմքով։

Ես մեծ պարգեւ մը ունիմ ներսս, մեղեդին քովս կը ծնի առանց ջանք գործադրելու:

Որքան շատ կ՚ապրիմ, այնքան շատ կը սորվիմ: Որքան շատ սորվիմ, այնքան կը գիտակցիմ, որ իրականութեան մէջ շատ քիչ բան գիտեմ:

Ես իմ տարիքս չեմ զգար: Անիկա ինծի համար ծանրութիւն չէ:

Եթէ դուն կը զիջիս կեանքի մէջ բան մը շահելու համար, դուն ինքզինքդ կը դաւաճանես:

Իմ բոլոր ստեղծագործութիւններս ալ սիրելի են, տարբերութիւն չկայ եւ փոխհատուցում ալ չեմ սպասեր: «Օսքար»ը ընդամէնը գեղեցիկ արձանիկ մըն է ինծի համար:

ՍԷՐԸ

Մօտաւորապէս չորս տարի առաջ ֆրանսական եւ օտար լրատուամիջոցները սկսան Միշել Լըկրանի անունը հնչեցնել ոչ թէ անոր արուեստին առթիւ, այլեւ՝ մեծ երաժիշտին անձնական կեանքն էր լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին: 82-ամեայ երաժիշտը վերագտած էր իր երիտասարդ տարիներու սէրը եւ կ՚ամուսնանար անոր հետ: Հարսնացուն նոյնպէս ոչ պակաս ծանօթ անձնաւորութիւն մըն էր՝ դերասանուհի Մաշա Մերիլը՝ ծագումով ռուս իշխանական ընտանիքէ, որ ծնած եւ մեծցած էր Ֆրանսա եւ ուր ալ կերտած էր իր դերասանական հռչակը: Մաշա Մերիլ այդ ժամանակ 73 տարեկան էր, երկու տարի էր, որ բաժնուած էր վերջին ամուսինէն, վերջին կնոջմէն բաժնուած էր նաեւ Լըկրան: Արուեստագէտները խոստովանած են, որ հակառակ իրենց տարիքին՝ յարաբերութիւններու մէջ սէրն ու կիրքը կը գերիշխեն։ «Ամէն անգամ երբ հանդիպէինք, մեր սրտերը կը սկսէին արագ բաբախել, այժմ արդէն կարող ենք տրուիլ մեր կիրքերուն», ըսած է դերասանուհին:

Միշել Լըկրան եւ Մաշա Մերիլ ծանօթացած են 1964 թուականին: Լըկրան կայացած երաժիշտ էր, Հոլիվուտ կը մնար, եւ Հոլիվուտը հմայուած էր իրմով: Ֆրանսական պատուիրակութեան հետ ան Հոլիվուտէն կը մեկնի Պրազիլ՝ միջազգային շարժանկարային փառատօնին մասնակցելու, պատուիրակութեան մէջ էր նաեւ Մաշա Մերիլ, որ կը ներկայացնէր «Հիասքանչ սուտլիկը» շարժանկարը: Անոնք կը սիրահարուին, անմոռանալի օրեր կ՚անցընեն փառատօնի օրերուն, սակայն Լըկրան ամուսնացած էր, երեխաներ ունէր, իսկ Մաշա կը պատրաստուէր ամուսնանալ: Կը բաժնուին՝ որոշելով խեղդել իրենց զգացումները, չցաւցնել ընտանիքի անդամներուն սիրտերը: Յիսուն տարի շարունակ անոնք կը հետեւէին իրարու յաջողութիւններուն՝ հեռուէն հիանալով իրարմով եւ յիշելով անցեալի օրերը:

2013 թուականին կրկին կը հանդիպին, երկուքն ալ արդէն բաժնուած էին եւ կ՚որոշեն այլեւս չլքել զիրար: Պսակադրութիւնը կը կայանայ եկեղեցական ծէսով՝ ընկերներու, բարեկամներու, ընտանեկան անդամներու ներկայութեամբ: Միշել Լըկրան երեք երեխայ ու թոռներ ունէր, Մաշա Մերիլ պաշտօնապէս որդեգրած էր իր նախկին ամուսիններէն մէկուն զաւակը: Երիտասարդութեան տարիներուն հմայիչ եղած տաղանդաւոր դերասանուհին իր հմայքը պահած էր նաեւ 73 տարեկանին: Ան ըսած էր, որ նախկին իր բոլոր ամուսինները իրմէ երիտասարդ եղած են եւ Միշելը միակ ամուսինն է, որ իրմէ մեծ է: «Եթէ յիշենք այն ժամանակները, երբ առաջին անգամ հանդիպեցանք, Մաշան 24, իսկ ես 32 տարեկան էի։ Մենք շատ երիտասարդ էինք, սակայն չէինք հասկնար ատիկա: Չէինք հասկնար, որ կը քալէինք Գլխաւոր Սիրոյ կողքին։ Անցան տարիներ եւ տեսնելով Մաշան՝ յանկարծ հասկցայ, որ բոլոր անցած տարիներուն նախապատրաստուած էինք իրարու հետ հանդիպումին։ Մենք շարունակած ենք սիրել զիրար եւ մէկը վերէն մեզի հասկցուց, ցոյց տուաւ այն ճանապարհը, մեզ միաւորեց թատրոնի մէջ եւ զիս ստիպեց ըսել՝ Մաշա, ամուսնացիր ինծի հետ», իրենց հանդիպման մասին պատմած է Լըկրան, երբ թատրոնի մէջ, բեմին վրայ 2013 թուականին տեսած է Մաշան:

Իր կեանքի վերջին չորս տարին Միշել Լըկրան անցուց իր երիտասարդութեան սիրոյ կողքին, վայելեց ամէն մէկ օրը, անոնք նոյնիսկ օփերա գրեցին միասին. Մաշա Մերիլ գրեց բառերը, Լըկրան՝ երաժշտութիւնը:

Մերիլ նաեւ գիրքերու հեղինակ է, ֆրանսական հասարակութեան մէջ ծանօթ են անոր գիրքերը:

Մէկ ամիսէն՝ փետրուարի 24-ին, Լըկրան կը դառնար 87 տարեկան։ Ան մինչեւ վերջ ապրեցաւ սիրոյ եւ երաժշտութեան ելեւէջներուն մէջ եւ մինչեւ վերջին օրը տակաւին կը ստեղծագործէր: Ութսունին մօտեցող դերասանուհի Մաշա Մերիլ մանուկի պէս խնամեց իր երիտասարդութեան սէրը, իրենց հետեւողներուն ապացուցելով, որ ոչինչ յօրինուած է այդ մեծ սիրոյ մէջ: 

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

Մաէսթրօ Լըկրան համաշխարհային երաժշտութեան առասպելներէն է, մեծարանքի եւ հիացմունքի արժանացած արուեստագէտ: Անգնահատելի է անոր աւանդը ժամանակակից երաժշտութեան զարգացման ասպարէզէն ներս:

Անուրանալի է անոր ներդրումը հայ-ֆրանսական մշակութային կապերու ամրապնդման եւ ընդլայնման գործին մէջ: Մաէսթրոյին արուեստը սիրուած է Հայաստանի հանդիսատեսին կողմէ:

Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Միշել Լըկրանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ անոր երաժշտութեան բազմահազար երկրպագուներուն:

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

Մեծ տխրութեամբ ստացայ Միշել Լըկրանի մահուան լուրը։ Հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու մեծ զաւակը իր գլուխ-գործոցներով միշտ կը մնայ մեզի հետ, մեր սիրտերուն մէջ: Տասնամեակներ շարունակ հազարաւոր հայեր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ զմայլած են Լըկրանի հիասքանչ երաժշտութեամբ։ Ան մեզի սորվեցուցած է սիրել գեղեցիկն ու բարձրաճաշակը, անջնջելի հետք ձգած մեր արդի երաժշտական ճաշակի ձեւաւորման վրայ։

Կը ցաւակցիմ եւ իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ Միշել Լըկրանի բոլոր հարազատներուն եւ մտերիմներուն։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019