ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՃԱՇԱՐԱՆԸ
Մանուկ Մարզոյեանը՝ Մանուկ պէյ, Օսմանեան կայսրութեան օրերուն եղած էր մեծահարուստ գործարար: Անոր կը պատկանէին, շատ մը այլ հաստատութիւններու կողքին, նաեւ այս մեծ հողատարածքին վրայ 1808 թուականին կառուցուած կեդրոնը Պուքրէշի մէջ, Ռումանիա, որ այդ օրերուն եղած է վաճառականական մեծ կեդրոն: Բայց այն ինչ, որ կը կապուի յատկանշական այս կեդրոնին հետ, ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին կնքուած համաձայնութեան նախնական բանակցութիւններն են, որոնք տեղի ունեցած են այս վայրին մէջ: Եթէ մէկ կողմէ կայ կեդրոնին վաւերականութիւնը, բայց նաեւ՝ այդ օրերուն Մանուկ պէյին ազդեցիկ հեղինակութիւնը:
Յունուար 2019, Պուքրէշ, Ռումանիա: Կեցած եմ Մանուկ պէյին հիմնած այս գեղեցիկ կեդրոնին առջեւ, որ այսօր վերածուած է ճաշարան-իջեւանի: Բայց անպայմանօրէն ան այսօր կը կենայ որպէս պատմամշակութային ժառանգութիւն եւ զբօսաշրջիկներու համար այցելութեան գլխաւոր վայր: Անցնելով ու շրջագայելով վայրը՝ անոր գեղեցկութիւնը եւ պատմական արժէքը կը տեսնեմ ու կը սկսիմ քակել հայուն պատմութիւնը այս երկրին մէջ:
«Հին գաղութ է», խօսողը Վարուժան Ոսկանեանն է: Իսկ հի՞նը… «40 եկեղեցական առաջնորդ ունեցած ենք 1400 թուականներէն սկսած, եւ այս իմաստով ալ արմատացած գաղութ է: Թէեւ մաշած ենք դարերու ընթացքին, բայց կը փորձենք գոյատեւել»:
Վարուժան Ոսկանեանը ծանօթ անուն է ոչ միայն հայկական կեանքին մէջ, նաեւ՝ տեղական: Ան քաղաքական գործիչ է: Եղած է նախարար Ռումանիոյ կառավարութեան մէջ, իսկ ներկայիս՝ խորհրդարանի մէջ պատգամաւոր: Ան նաեւ գրող է եւ ունի հրատարակութիւններ ռումաներէնով, որ թարգմանուած է 22 լեզուներու, ներառեալ՝ հայերէնի: «Երբ նախարար էի, հայկական դրօշակը ռումանականին կողքին սեղանիս վրայ էր միշտ: Հայ ըլլալը պատուոյ տիտղոս է, եւ ռումանացիները կը յարգեն այս իրականութիւնը», ըսաւ Վարուժան:
Բայց Վարուժան Ոսկանեան իրապաշտ եւ գործնական մարդ է: «Գաղութին հինգ առ հարիւրը միայն հայերէն կը խօսի»: Իսկ գաղութին թի՞ւը: Նկատի ունենալով, որ հայկական ներկայութիւնը երկարած է դարերու վրայ ու նաեւ՝ եղեռնէն ետք, այսօր քանի մը հազարի շուրջ է, որ կը տարուբերի: «Հին հայերը ձուլուած են: Բայց կ՚անդրադառնան, որ իրենց արմատներուն մէջ կայ հայկական ինքնութիւն: Իսկ եղեռնէն ետք ժամանողները կը փորձեն պահել լեզուն», ըսաւ Վարուժան:
Հայկական եկեղեցին դարձեալ ունի հին պատմութիւն: Բայց յատկանշական իրականութիւնը այն է, որ եկեղեցին օծուած է 1915-ին, երբ հայը կ՚ապրէր արհաւիրքը, միւս կողմէ ալ կ՚օծէր եկեղեցի: Կեանքը պէտք էր շարունակուէր…
Կիրակիի պատարագը հոգեպարար էր եւ զգացական: Շարականները, խունկը, հաղորդութիւնը: Եւ կը նայէի իւրաքանչիւր հայու դէմքին… Ան, որ կը խօսի հայերէն, եւ ան, որ երեւի՝ ո՛չ… Բայց բոլորին համար հայուն քրիստոնէական հաւատքն էր, որ զիրենք ժողված էր եկեղեցիի յարկին տակ, ուր անոնք կը հաղորդուէին հաւատքին ու գոյատեւելու գիտակցութեանը մէջ: «Իմ մարմինս Ռումանիա ծնած է եւ այս իմաստով ռումանացի եմ: Իմ հոգիս հայ եկեղեցիին մէջ ծնած է, եւ հայ եմ», Վարուժան Փամպուքճեանն է, որ հայերէն կը խօսի, եւ ան երկրորդ հայ պատգամաւորն է Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ: Ան նաեւ ատենապետն է աւելի քան տասնութ փոքրամասնական համայնքներու, ներառեալ՝ հայկականը, որ պետութեան կողմէ ունի պաշտօնական ճանաչում: Վարուժանը չուշացաւ բաժնելու իր հպարտութիւնը ինծի հետ: «Մեծ ծնողներս Այնթապէն եկած են»:
Միքայէլ Ստեփան Գազազեանը ծնած է Ռումանիա: Ան խմբագիրն է եւ պատասխանատու տնօրէնը՝ «Նոր Կեանք» հայերէն-ռումաներէն ամսագիրին ու նաեւ «Արարատ» հաստատութեան, որ ունի հրատարակչական, տեղեկատուութեան եւ մշակութային բազմաթիւ գործունէութիւն: Ան որոշ ատեն մնացած է «հեռու» հայկական իրականութենէ, բայց «վերագտած» է իր ինքնութիւնը, երբ սկսած է իր ներկայ խմբագրական աշխատանքներուն: «Ուժեղ զգացում ունեցայ, որովհետեւ հայերու հետ կապի մէջ մտայ», ըսաւ ան: Բայց հետաքրքրական էր լսել Միքայէլին հայկական ինքնութիւնները… Հայրը ռումանացի է, իսկ մայրը՝ հայ: Ամուսնացած է եւ կողակցին հայրը հայ է, իսկ մայրը՝ տեղացի: Գազազեան. ան առած է իր մականունը իր կնոջ ինքնութենէն: Իսկ Ստեփա՞նը… ռումանացի հօր անունն է: «Ստեփան անունը հայերու կողմէ ալ կը գործածուի, այնպէս չէ՞», ըսաւ Միքայէլ պզտիկ ժպիտ մը դէմքին:
«Արարատ» հրատարակչատունը կը փորձէ հայուն պատմութիւնը եւ մշակոյթը ծանօթացնել ռումաներէն լեզուով տեղացի ժողովուրդին: Այս իմաստով անոնք հրատարակած են շատ մը գիրքեր: «Հայերը քիչ են, բայց շատ աղմուկ կը բարձրացնեն», ըսաւ Միքայէլ՝ դարձեալ ժպտալով: «Եւ որքան նուազի մեր թիւը, այդքան աւելի կը բարձրանայ մեր ձայնը: Միւս փոքրամասնութիւնները մեզմէ շատ աւելի են թիւով, բայց մեր ձայնը աւելի ուժեղ է», ըսաւ ան հաստատ ու վճռական:
Եւ այս հաստատ ու վճռական կեցուածքին ետին նաեւ կայ Միքայէլին համոզմունքը. «Այս բոլորը կ՚ուզեմ ընել, քանի որ հայ եմ: Ես ինքզինքս կը համարեմ զինուոր, որպէսզի այս մեր ժառանգութիւնը պահենք»:
Բայց այս բոլոր հայկական գործունէութիւններու ետին կայ Ռումանիոյ կառավարութեան նիւթական օժանդակութիւնը գաղութին՝ որպէս փոքրամասնութիւն-համայնք: Իսկ օժանդակութի՛ւնը… 1 միլիոն եւրօ՝ ամէն տարի:
«Հոս պատմութիւն կայ», ըսաւ Ժիրայր Պարոնեանը, երբ ներս մտայ հայոց գերեզմանատուն: Եւ իրապէս պատմութիւն… խաչքարեր եւ տապանաքարեր՝ 18-րդ դարէն սկսեալ: Շրջագայելով հայկական գերեզմանատան մէջ՝ սկսայ տեսնել հայկական պատմութեան մեծութիւնը եւ հարստութիւնը այս երկրին մէջ: Ռումանիա նաեւ եղած է ապաստան շատ մը յեղափոխական եւ կուսակցական գործիչներու: Եւ կը տեսնես նաեւ անոնց գերեզմանները… Հեռու հայկական հողէն, բայց՝ հայութեամբ շրջապատուած…
Ժիրայրը իր աչքի «բիբին» նման կը հոգայ գերեզմանատան մաքրութեան եւ շինարարական գործերուն: Կրցայ տեսնել հպարտութիւն մը իր մէջ՝ իր ըրած գործին նկատմամբ: Կրցայ նաեւ տեսնել, որ իր ըրածը առաքելութիւն է: «Հետս կրնամ տանիլ այս բոլորը», ըսաւ ան: Ժիրայրը Ռումանիա ծնած է: Ան արդէն հասած է 95 տարիքին… Երեւի կը զգայ, թէ մայրամուտը կը հասնի՞… Բայց այդ մայրամուտին մէջէն կայ Ժիրայրին ինքնութեան հպարտութիւնը: «Հայութիւնը ամէն ինչ է ինծի համար», ըսաւ ան:
Արսէն Արզումանեանը երիտասարդ եւ ուսումնատենչ հայն է, որ ինն տարի առաջ եկած է Հայաստանէն: Ան ձեռք ձգած է իր տոքթորական վկայականը՝ պաշտպանելով հայկական գաղութը Ռումանիոյ մէջ եւ ազգային-մշակութային ինքնութեան պահպանումի թեզը: Ան ուղեկցեցաւ ինծի՝ ծանօթացնելով հայկական կեանքը Պուքրէշի մէջ: «Հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը ունէինք, որ 1962-ին փակուեցաւ,- ըսաւ Արսէնը:- Վարժարան չունենալը գաղութին համար բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ»:
Կրցայ նաեւ տեսնել Արսէնին հայկական ուժը: «Հայերու հետքը շատ ուժեղ է հոս,- ըսաւ ան:- Այս ուժը նստած է հայերուն մէջ: Ապագան ինչ պիտի ըլլայ, շատ բարդ է: Կը փորձենք լաւատես ըլլալ»:
Իսկ լաւատեսութեան նշմարներէ՞ն…
«Կ՚ամչնայի, որ հայ եմ, քանի լաւ հայերէն չեմ խօսիր,- ըսաւ Արմիկ Ոսկանեան, որ 26 տարեկան երիտասարդուհի մըն է:- Հայկական ինքնութեանս գիտակցութիւնը ինծի համար եղաւ ճամբորդութիւն մը, մինչեւ որ հասայ անոր ու գտայ զայն»: Արմիկը մասնագիտացած է շարժարուեստի եւ թատրոնի մէջ: Ան ներկայիս իր ժամանակը տրամադրած է՝ պատրաստելով վաւերագրական ժապաւէն մը հայկական իրականութեան մասին, Ռումանիոյ մէջ:
Վահէ Յովակիմեանը եկեղեցւոյ դպիրն է: Երիտասարդ է եւ պատարագի ժամանակ կը զգայի, որ հայերէնին տիրապետած է: «Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը ուսանած եմ», ըսաւ Վահէն:
Սխալած չէի իմ գուշակութեանս մէջ: Դարձեալ մտորումներս եւ մտահոգութիւններս… Հայկական վարժարանի դաստիարակութիւնը եւ անոր ազդեցութի՛ւնը: Անոր առաքելութիւնը ու տակաւին ազգային մեր հաստատութիւններուն սփիւռքեան իրականութիւնները զիրար կամրջող եւ զիրար լիցքաւորող տրամադրութիւննե՞րը: Այս տեսիլք(ները) ինչպէ՞ս պիտի հաշուարկենք… Նիւթակա՞ն, թէ՞ ազգային եւ մշակութային արժէքներու պահպանումի նժարները աւելի պէտք է կշռէ…
Եւ Նարինէ Պոկտան-Կըո՞ւլը: Դարձեալ՝ Պուքրէշի երիտասարդուհիներէն: «Արեւմտահայերէն կը սորվեցնեմ շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ», ըսաւ ան: Ոչ թէ միայն հայերէն, այլեւ՝ արեւմտահայերէն: Իսկ մայրենիին իր ատակ ըլլա՞լը… Ան կ՚աշակերտէ Վենետիկի Մխիթարեաններուն կազմակերպած հայագիտական դասընթացքներուն: Դարձեալ՝ սփիւռքեան եւ համասփիւռքեան մեր կապուածութիւնները եւ աշխատանքային համադրումներու դրական գործօնը:
Տքթ. Սերկէյ Մինասեանը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն է Ռումանիոյ մօտ: Կիրակի ինք եւ իր երիտասարդ ընտանիքը եկած էին եկեղեցի: Պատարագէն ետք ան միացաւ ժողովուրդին, ուր ամէն կիրակի բոլորը միասին կը մէկտեղուին սրահին մէջ՝ հիւրասիրութեան եւ հաղորդակցութեան համար: Դեսպանը ինք ալ ժողովուրդին հետ էր եւ կը խօսէր բոլորին հետ: Չուշացաւ իր ակնարկութիւնը. «Այս հաղորդակցութիւնը կը սիրեմ: Գաղութը կ՚ապրեցնէ»:
Մաշո՞ղ գաղութ… Թերեւս: Բայց ապրած է տարիներու ընթացքին ու տակաւին ապրող է այսօր ու նաեւ՝ ապրեցնող… Եւ այս՝ պատմութեան ամբողջ ընթացքին:
Մանուկ պէյը ապրեցաւ իր ժամանակներու պատմութիւնը, եւ այդ պատմութիւնը կը շարունակուի: Եթէ Մանուկին ճաշարանով, բայց՝ հասնելու համար այսօրուան: Պատմութիւնը, որ կ՚ապրի եւ կը շարունակուի… Այս պատմութիւնը շարունակուող է, քանի «արմատացած» է… Իսկ արմատը հայուն ազգային ինքնութիւնը եւ մշակոյթն է…
Ասիկա այն ինքնութիւնն ու մշակոյթն է, որ հայը կ՚ապրեցնէ:
Մանուկին ճաշարանը… Հայուն սկսած պատմութիւնն է, որ կը շարունակուի: Եւ կը շարունակուի, քանի այս հայուն պատմութիւնը ապրուած է ու տակաւին կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ: Եւ կ՚ապրեցնէ վաղուան տեսիլքով ալ…
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ