ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԱՅԼԵՒՍ ՎԻԶԱ ՊԻՏԻ ՉՊԱՀԱՆՋԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԷՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որու հիման վրայ այլեւս այդ երկիր մուտք գործելու համար վիզա ստանալու անհրաժեշտութիւն պիտի չունենան Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները՝ ներառեալ բեռնատարներու վարորդները։ Փութինի կողմէ վիզաներու դադրեցման վերաբերեալ հրահանգը արդէն լոյս տեսած է ռուսական պաշտօնական պատկան համացանցի կայքէջին վրայ։ Նոյն ծիրին մէջ բաւ համարուած են նաեւ Ռուսաստանի կողմէ տնտեսական գետնի վրայ Թուրքիոյ դէմ գործադրուող շարք մը յատուկ միջոցները։

Այս բոլորը գործադրութեան մէջ դրուած էին 2015 թուականին, երբ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ թրքական կողմէն բացուած կրակի թիրախը դարձած էր ռուսական ռազմաօդանաւ մը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 7, 2019