ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔ
Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին նախորդող երկուշաբթի օրէն կը սկսի Առաջաւորաց պահքը՝ որ յատուկ է միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, եւ կը տեւէ հինգ օր։
Այս տարի Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնը կը հանդիպի 16 փետրուարի եւ Առաջաւորաց Պահքն ալ կը սկսի 11 փետրուարին։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Խոր Վիրապէն ելլելէն յետոյ, հրաշքով դարձի եկած Տրդատ թագաւորին, հայոց մեծամեծներուն եւ աղբովջ ժողովուրդին, նախքան մկրտելը, 65 օր շարունակ կը քարոզէր Քրիստոսի վարդապետութիւնը՝ որմէ յետոյ պատուիրեց 5 օր ապաշխարհիլ պահեցողութեամբ։
Այդ հինգ օրերուն, ժողովուրդը իր թագաւորին հետ ո՛չ միայն ինքզինք զրկած էր կերակուրներէն, այն ինչպէս պէտք է, հոգեւոր խիստ պահեցողութեամբ մեծապէս կը զղջար իր նախկին հեթանոսական, ամբարոյ կեանքի բոլոր մեղքերուն համար, ամէն տեսակ օրինազանցութիւններու համար, մանաւանդ հայոց թագաւորը Տրդատ եւ մեծամեծները՝ որոնք Քրիստոսի հաւատքի պատճառով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը բազմաթիւ տանջանքներու, չարչարանքներու ենթարկելէ յետոյ օձերով լեցուն եւ մութ, խաւար խոր փոսը՝ վիրպն էին թողած, իսկ Հռիփսիմեան կոյսերը՝ չարչարելով սպաննած։
Ահաւասիկ, այս պայմաններու ներքեւ հաստատուեցաւ Առաջաւորաց Պահքը կամ Առաջաւորքը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին պահքը՝ որով եւ կը բացատրուի իր անունը՝ «Առաջաւորաց»։
Արդարեւ, պէտք է յատկապէս նշել, թէ հին ժամանակներուն «պահք» ըսելով կը հասկցուէր մեր այսօրուան ծոմը՝ այսինքն ընդհանրապէս ոչ մէկ բան կ՚ուտէին, ջուրի սակաւ գործածութեամբ միայն, կամ կ՚ուտէին միայն քիչ բանջարեղէն։ Բայց աւելի վերջի ժամանակներուն բանջարեղէնին աւելցուեցան բուսական ծագում ունեցող նաեւ ուրիշ կերակուրներ եւ մեղրը, եւ որպէս տարբերակ մտաւ պահքի եւ ծոմի միջեւ՝ ծոմը դարձնելով պահքի աւելի խիստ տեսակի։
Ուստի, այսօր Առաջաւորեց Պահքը պահելու կերպը՝ ծոմ թէ սովորական պահք, թողուած է հաւատացեալին կամքին։
Առաջաւորաց Պահքը կը հանդիպի Մեծ Պահքէն 3 եւ Սուրբ Զատկի տօնէն 10 շաբաթ առաջուան։ Առաջաւորաց Պահքը կը տեւէ 5 օր՝ երկուշաբթի օրէն մինչեւ ուրբաթ օր՝ ներառեալ, իսկ շաբաթ օրը Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնը։
Հոս պէտք է յատկապէս նշել, որ Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին պատճառով Առաջաւորաց Պահքը յաճախ կը կոչուի «Սուրբ Սարգիս Զօրավարի պահք»։ Սակայն նախընտրելի է գործածել պահքին բուն՝ իսկական անունը, քանի որ Առաջաւորաց Պահքը Սուրբ Սարգիսի տօնին հետ ոչ մէկ կապ ունի։ Ուստի Առաջաւորաց Պահքին հաստատման պատճառը բոլորովին տարբեր է, ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս։
Իսկ ինչո՞ւ 5 օր պահք կը պահուի։
Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը մի քանի բացատրութիւն կու տան այս հարցումին։
Ա) Ինչպէս արդէն ըսուեցաւ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կարգադրութեամբ ամբողջ արքունիքը եւ հայ ժողովուրդը ապաշխարութեան մէջ եղան ամբողջ 5 օր։
Բ) Քանի որ մարդը հինգ զգայարան ունի՝ տեսանելիք՝ աչքերը, լսելիք՝ ականջները, հոտոտելիք՝ քիթը, ճաշակելիք՝ բերանը եւ շօշափելիք՝ ձեռքերը եւ ոտքերը, որոնցմով կը մեղանչէ. ուստի այս պահքի հինգ օրերուն ընթացքին պիտի զղջայ այս հինգ զգայարաններով կատարած իր մեղքերուն համար, պիտի խոստովանի զանոնք Աստուծոյ եւ պիտի ջանայ այլեւս չկատարել զանոնք։
Գ) Ինչպէս յայտնի է, Աստուած աշխարհը եւ հոն եղած ամէն ինչ ստեղծեց 6 օրուան մէջ։ Վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը եւ, թէեւ մինչ այդ ստեղծած էր ամէն տեսակի կենդանիները, տուաւ անոնց աճելու եւ բազմանալու հրաման, սակայն ուտելու հրաման թերեւս չէր տուած։ Այդ հրամանը (ԾՆՆԴ. Ա 29-30) մարդուն եւ ամբողջ կենդանական աշխարհին տուաւ միա՛յն վեցերորդ օրը, այսինքն՝ 5 օրէն յետոյ։
Ուրեմն աշխարհի ստեղծման առաջին 5 օրը, կարելի է ըսել, պահքի կամ ծոմի օրեր էին, քանի որ ո՛չ ոք ո՛չ մէկ բան կ՚ուտէր։
Դ) Ըստ Եկեղեցիի՝ այս պահքը սահմանուած էր նաեւ Մովսէսէն առաջ եղած նահապետներու կողմէ։ Ըստ աւանդութեան՝ դրախտէն արտաքսուելէն յետոյ Ադամը 5 օր անօթի մնաց։ Ադամէն սորվելով՝ իր որդիներն ալ սկսան հնգօրեայ պահք պահել, օրինակ, Աբէլը՝ զոհ մատուցանելէ առաջ, կամ Սէթը, երբ իր հայր Ադամը մեռաւ։ Ենովքն ալ 5 օր պահք կը պահէր ամէն ամսամուտին, իսկ Նոյը այս պահքը պահած է տապան մտնելէն առաջ եւ այնտեղէն ելլելէն յետոյ։ Աբրահամը, Յակոբը եւ Յովսէփը նաեւ հնգօրեայ պահք են պահած։ Եւ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերու բացատրութեան՝ Առաջաւորաց Պահքի՝ նաեւ նահապետներէն սահմանուած ըլլալու պատճառով է, որ այս պահքի առաջին չորս օրերու ընթացքին՝ երկուշաբթիէն մինչեւ հինգշաբթի, Աստուածաշունչէն հատուածներ՝ ընթերցուածներ չեն կարդացուիր եկեղեցիին մէջ, քանի որ այս պահքը հաստատուեցաւ այն ժամանակ, երբ դեռ չէին գրուած ո՛չ Հին Կտակարանի, ոչ ալ առաւել եւս Նոր Կտակարանի գիրքերը։
Առաջաւորաց Պահքի վերջին՝ ուրբաթ օրը, Յովնան մարգարէի (Ն. Ք. 8-րդ դար) յիշատակի օրն է, եւ Եկեղեցին կը կարդայ անոր գիրքը, ուր նոյնպէս կը խօսուի պահքի եւ ապաշխարութեան մասին. «Թագաւորի եւ անոր մեծամեծներու կողմէ Նինուէի մէջ յայտարարուեցաւ, եւ ազդարարուեցաւ, թէ մարդ եւ անասուն, հօտ եւ արջառ թող ոչինչ չուտեն, չճարակեն եւ ջուր չխմեն։ Եւ մարդ եւ անասուն քուրձ հագած, ի սրտէ աղօթեցին Աստուծոյ, բոլորը ետ կանգնեցին իրենց չար ճանապարհներէն եւ անօրէնութիւններէն՝ որ իրենց ձեռքով կը կատարուէին…» (ՅՈՎՆ. Գ 7-8)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 30, 2019, Իսթանպուլ