ՆԿԱՐԻՉ ՀՐԱՉ ՕՀԱՆՕՂԼՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նկարիչ Հրաչ Օհանօղլուի ցուցահանդէսի բացումը։ Հրաչ Օհանօղլու մեր համայնքէն ներս բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալած արուեստագէտ մըն է։ Ան Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավարն է եւ մենակատարներէն մին։ Հրաչ Օհանօղլուի գեղարուեստական գործունէութիւնը սահմանափակ չէ միայն նկարչութեամբ, որովհետեւ ան միեւնոյն ժամանակ Պետական օփերայէն ներս երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած է։ Ցայսօր շատ նուազ թիւով ցուցահանդէսներ բացած է Հրաչ Օհանօղլու, որու ստեղծագործութիւնները անցեալի մէջ յայտնի ընկերութիւններու կողմէ օգտագործուած են բացիկներու կամ քարտփոստալներու վրայ։

Շաբաթավերջին բացուած ցուցահանդէսի ժամանակ գեղարուեստասէրները ջերմօրէն շրջապատեցին Հրաչ Օհանօղլուն։ Անոնք ականատես եղան նկարիչի շարք մը ստեղծագործութիւններուն եւ առիթն ունեցան հերթական անգամ իրենց գնահատանքը եւ զօրակցութիւնը յայտնելու անոր ստեղծագործական աշխատանքին տեսակէտէ։

Հրաչ Օհանօղլուի կողմէ այս վերջին ցուցահանդէսին ժամանակ ներկայացուած ստեղծագործութիւնները կը վերաբերէին զանազան նիւթերու եւ ուշադրութիւն կը գրաւէին իրենց ճաշակով ու որակով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 11, 2019