«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ 

Չարահոգութենէ հեռանալու համար առաջին միջոցը երկու ընդհանուր մոլորութիւններէ հեռանալն է.

ա) Երբեք չկարծել, թէ այն պակասութիւնները թեթեւ են, որոնք յառաջ կու գան մեր անձին վրայ իշխանութիւն չունենալէն, եւ ճանչնալ, որ նոյն պակասութիւններուն համար ո՛չ միայն մարդոց պատասխանատու ենք, այլեւ՝ Արդար Դատաւորին առջեւ ալ:

բ) Երբեք չկարծել, թէ չարահոգութիւնը միտքի բանական շարժում է եւ մենք զայն ուղղելու իշխանութիւն չունինք: Այս կարծիքը յանցանքէն աւելի յանցանք է: Այս կարծիքը միայն թուլամորթ մարդոցն է, որոնք կամք չունին իրենց անձը ուղղելու: Իրական է, որ կան բնութենէն ստացած գրգռիչ բնաւորութիւններ, հիւանդութիւններ, աշխարհային հոգացողութիւններ, որոնք մեր գեղեցիկ յատկութիւնները կը փոխեն. բայց մեզի համար նմանապէս կան բազմաթիւ միջոցներ չարահոգութեան յաղթելու. ինչպիսիք են՝ բանականութեան եւ կրօնի օգնութիւնը եւ առ Աստուած ապաւինութիւնը, որովհետեւ, ինչ որ մարդոց համար հնարաւոր չէ, Աստուծոյ համար հնարաւոր է:

Չարահոգութենէն հեռանալու երկրորդ միջոցը մեր անկանոն անձնասիրութեան յաղթելն է, որ չարահոգութեան գլխաւոր աղբիւրն է: Այս գեղեցիկ յաղթանականը տանելու համար պարտաւոր ենք համբերել պատահած նեղութիւններուն, հակառակութիւններուն եւ ձախողութիւններուն համար, եւ երբեք ուշադրութիւն չդարձնել չնչին գործերու վրայ, որոնք շատ անգամ չարահոգութիւն գրգռելու առիթ կ՚ըլլան: Մեծ եւ վսեմ պարապմունքով զբաղուած մարդիկ, երբեք չեն գրգռուիր եւ չեն բորբոքիր պատահած չնչին վնասներէն եւ հակառակութիւններէն: Երբ քրիստոնէական վսեմ կոչումով մեզի գլխաւոր պարտք կը համարենք ճշմարիտ եւ յաւիտենական բարին որոնել, յոյսով եւ հաւատքով երկրաւորէն երկնաւորին բարձրանալ, աղօթելով՝ Աստուծոյ հետ միանալ, միշտ Սուրբ Հոգիին ամենակարող օգնութիւնը խնդրել, անարժան բաներուն արժանաւորութիւն չտալ, մեր կեանքին մեծ նպատակը հասկնալ եւ ժամանակաւոր նեղութիւնները ոչինչ համարել, այնուհետեւ չարահոգութիւնը երբեք չի՛ մօտենար մեզի:

Պարտաւոր ենք իմանալ նաեւ, որ չարահոգութիւնը մեր մէջ մուտք կը գործէ այն ատեն, երբ կիրքերը կը դադրին, երբ աշխարհային վայելքները կը կորսնցնեն մեզի համար իրենց գեղեցկութիւնը եւ գրաւիչ յատկութիւնը, այն ատեն եւս հարկաւոր է զգուշանալ չարահոգութենէն, որովհետեւ ինչքան գերեզմանին մօտենանք, այնքան պարտաւոր ենք հաստատուն մնալ յաւիտենական փառքի եւ երջանկութեան իղձին մէջ: Ա՛յս է, որ մեր ծերութիւնը կրնայ մխիթարական եւ գեղեցիկ յոյսերով պսակել: Եթէ մենք պարտաւորուած ենք չարահոգի մարդոց հետ ապրիլ, եւ եթէ այդ մարդիկը մեր մեծաւորներն են, պէտք է անոնց չարութիւնը որպէս մրրիկ համարելով՝ համբերենք առանց գրգռուելու՝ թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ ալ գործով. պէտք է, որ մեր լռութեամբ եւ հնազանդութեամբ հանդարտեցնենք անոնց խռովայոյզ բնաւորութիւնները, ինչպէս որ Պետրոս առաքեալ կը պատուիրէ. «Ծառանե՛ր, ամենայն երկիւղածութեամբ հնազանդեցէք ձեր տէրերուն. ո՛չ միայն անոնց՝ որոնք ազնիւ են ու բարի, այլ նաեւ անոնց՝ որոնք անգութ են։ Որովհետեւ Աստուծոյ մէկ շնորհքն է, երբ Աստուծոյ կամքը գիտնալով՝ մարդ կը համբերէ անիրաւ տեղ կրած նեղութիւններուն։ Արդարեւ, ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք, եթէ ձեր գործած յանցանքներուն համար տանջուիք եւ համբերէք. մինչդեռ երբ բարիք գործելով չարչարուիք եւ համբերէք՝ Աստուծոյ քով շնորհք կը գտնէք» (Ա.Պտ 2.18-20): Եթէ չարահոգի մարդիկ աստիճանով հաւասար են մեզի հետ, պէտք է խոհեմութեամբ համբերել մինչեւ չարութիւնը անցնի, եւ ապա հեզութեամբ մեղմացնել, որով ամենէն կատաղի բնութիւններն [իմա՛ բնաւորութիւնները] անգամ կը փափկանան. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ՚իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ» (Առ 15.1): Իսկ եթէ մեզմէ ստոր մարդիկ են եւ մեզմէ կախում ունին, պէտք է յանդիմանել անոնց չարահոգութիւնը, ո՛չ թէ բարկութեան դէմ բարկանալով, այլ՝ քաղցրութեամբ խօսելով եւ գոռոզութիւնը ամօթահար ընելով: Անդորր եւ խաղաղ հոգին միշտ կրնայ սանձել կրքոտ անձերը:

Հաստատութիւնը հոգիի զօրութիւն է, որով կրնանք մեզի սպառնացած վտանգներուն եւ նեղութիւններուն մէջ աներկիւղ ըլլալ եւ համարձակ կերպով դիմել դէպի վտանգը, երբ մեր պարտաւորութիւնը կը պահանջէ: Հոգիի այս զօրութիւնը ըստ մեծամասնութեան կախում ունի մարդոց բնաւորութենէն, բայց մեր բարոյական եւ կրօնական զարգացմամբ եւս կրնանք ձեռք բերել այս զօրութիւնը եւ կատարելագործել: Այս հաստատութիւնը կրնայ մինչեւ այն աստիճան կատարելագործուիլ, որ մարդ նոյնիսկ մահէն չի՛ վախնայ: Մահուան մասին մտածելը շատերուն համար սարսափելի է, բայց կան հազարաւոր հանգամանքներ, որոնք միայն մահէն վախնալով կրնանք ճշմարտութիւնը վկայել եւ արդարութիւն գործել, երբ մեր մասնաւոր առաքինութիւնները բաւարար չեն մեզի: Պէտք է ունենալ հոգիի հաստատութիւն, որ աշխարհէն վեր կը նայի եւ մեր հաւատքին հետ մեր կեանքը վեր կը բարձրացնէ: Աւետարանը կը պատուիրէ մեզի մահէն չվախնալու չափ հոգիի հաստատութիւն ունենալ, եւ այստեղ է, ահա, անոր բարոյական զօրութիւնը: Երբ քրիստոնեան արդարութեան համար համոզուած է, այնուհետեւ մահը ո՛չ այլ ինչ է, եթէ ոչ կեանք եւ Աստուծոյ մերձեցում: Պարագաներ կան, որ մեր Փրկիչին ըսածին համեմատ, պարտաւոր ենք պատրաստ ըլլալու մեր ձեռքը կտրելու եւ կամ աչքը խլելու. «Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է, որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս։ Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է, որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս» (Մտ 5.29-30):

Մեծ դէպքերու եւ պատահարներու ընթացքին ի՞նչ կարելի է սպասել այն մարդէն, որ հոգիի հաստատութիւն չունի: Միայն սպառնալիքէն կը յաղթուի այդպիսի մարդը եւ հաստատամտութիւն չունենալով՝ խաղալիք կը դառնայ բոլոր դէպքերուն եւ հանգամանքներուն: Ի զուր կը յուսան Հաւատքն ու Հայրենիքը այդպիսի մարդուն վրայ, ի զուր կը նային անոր վրայ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը երկինքին բարձրութենէն՝ իրենց յաւիտենական բնակութենէն, ի զուր միջոց կու տայ Նախախնամութիւնը եւս այդպիսի մարդուն՝ իր կեանքը անմահացնելու: Անհաստատ մարդիկ աչք չունին, որ տեսնեն ու զննեն այսպիսի հանգամանքներու նշանակութիւնը: Մահուան երկիւղը ամէն բան կը ծածկէ անոնց աչքէն՝ մեծութիւն, կոչում եւ յաւիտենական նպատակ: Այս է պատճառը, որ Քրիստոս կը քաջալերէ Իր հետեւորդները՝ չվախնալ այն մարդոցմէ, որոնք միայն մարմինը կրնան սպաննել, իսկ հոգին՝ երբե՛ք: Մահէն չվախնալով միայն մարդ քաջ զինուոր, բարի քաղաքացի, արդար դատաւոր եւ արդար թագաւոր կ՚ըլլայ: Ճշմարիտ քրիստոնեան, կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ, սպառազինուած զինուոր է, որ դժուարութեան եւ նեղութեան վարժուած է, եւ մահէն երբե՛ք վախ չունի. «Իբրեւ Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ մէկ զինուորը, պատրաստ եղիր Իրեն պէս չարչարուելու» (Բ.Տմ 2.3). իսկ Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Բայց նոյնիսկ եթէ արդարութեան համար չարչարուիք, երանելի էք։ Յիշեցէ՛ք Մարգարէին խօսքը. «Անոնց ահէն մի՛ վախնաք եւ մի՛ խռովիք»» (Ա.Պտ 3.14): Հոգիի քրիստոնէական հաստատութիւնը օգտակար է, ինչպէս մարմնաւոր, այդպէս ալ հոգեւոր բարութեան: Ան օգտակար է մարմանւոր բարութեան, որովհետեւ ի բաց կը փարատէ երկիւղը, որ երբեմն փոքր վնասը կը մեծցնէ եւ սիրտի վրդովմունք կը պատճառէ: Երկչոտութեամբ կը նուազի մարդուն միտքին բնական զօրութիւնը, որ խիստ կարեւոր է մեզի՝ մեր անձը վտանգէ պաշտպանելու համար: Ան շատ անգամ վտանգը կը զօրացնէ եւ անխուսափելի կը դարձնէ, իսկ քաջութիւնը վտանգը այնպէս կը տեսնէ, ինչպէս որ է իսկապէս: Քաջութիւնը շատ անգամ վտանգը կը նախատեսէ եւ վնասին առաջքը կ՚առնէ իր հաստատ եւ համարձակ վճռահատութեամբ: Քաջութիւնը մեր հոգեւոր բարութեան օգտակար է, որովհտեւ մեր պակասութիւնները, մեծաւ մասամբ, մեր թուլութեան եւ վատասրտութեան ծնունդն են, երբ քաջութիւն չունինք, որ մեր կիրքերուն ընդդիմանանք, զօրութիւն չունինք, որ մեր վաղանցուկ հաճոյքներէն մեր անձը զրկենք եւ մեր վատ սովորութիւնները ձգենք. երբ քաջասրտութիւն չունինք, որ մեր մարմնապաշտ ընկերներուն դիմադրենք, եւ երբ վեհ հոգի չունինք, որ մարդահաճութիւնը մերժենք եւ ընդդիմանանք մեր մեծաւորներուն այն ապօրինի առաջարկութիւններուն, որոնք կը հրամայեն անիրաւութիւն գործել: Բազմաթիւ պարագաներ կան, ուր մեր պարտաւորութիւնը կը պահանջէ մահը ոչի՛նչ համարել: Մէկ խօսքով, կրնանք ըսել, որ հոգիի հաստատութիւնն է մեզ պահողն ու պաշտպանողը՝ մեր բոլոր առաքինութիւններուն մէջ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 30

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019